Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկար տարիներ լռելէ եւ հարցազրոյցի առաջարկները մերժելէ ետք, Քայիտայի ղեկավար Ուսամա պըն Լատենի մայրը ի վերջոյ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին տուած է հարցազրոյց մը, որ վարած է Մարթին Չուլովը: Կը ներկայացնենք կրճատումներով:
Ն.

Ընդարձակ սենեակի անկիւնի բազմոցին մէջ, վառ գոյնով զարդարուն պատմուճան մը հագած կին մը ակնդէտ նստած է: Կարմիր հիճապը, որ ծածկած է իր մազերը, կ՛արտացոլայ ապակեպատ առանձնարանի ճակատի ապակիին մէջ: Ներսը, իր անդրանիկ որդիին շրջանակուած լուսանկարը կը հպարտանայ ընտանեկան ժառանգական եւ արժէքաւոր իրերուն միջեւ: Ժպտացող, մօրուքաւոր կերպար մը, զինուորական բաճկոն հագած` ան սենեակին մէջ գտնուող լուսանկարներուն մէջ կ՛առանձնանայ: Սէուտական ընթրիք մը, մեզէ, տարածուած է փայտէ խոշոր սեղանին վրայ:
Ալիա Ղանեմ Ուսամա պըն Լատենի մայրն է, եւ ան կը պահանջէ սենեակին մէջ բոլորին ուշադրութիւնը: Մօտը գտնուող աթոռներուն վրայ նստած են իր փրկուած երկու որդիները` Ահմետը եւ Հասանը եւ իր երկրորդ ամուսինը` Մոհամետ Աթասը, որ երեք եղբայրները խնամեց:
Ընտանիքին մէջ բոլորը ունին իրենց սեփական պատմութիւնը` այն մարդուն մասին, որ կ՛առնչուի համաշխարհային ահաբեկչութեան աճին: Բայց Ղանեմը այսօր գրաւած է դաշտը եւ կը նկարագրէ մարդ մը, որ անոր համար տակաւին սիրելի զաւակ մըն է, որ ձեւով մը շեղած է իր ճամբէն:
«Իմ կեանքս շատ դժուար էր, քանի որ ան այնքան հեռու էր ինձմէ», կ՛ըսէ ան ինքնավստահ: «Ուսամա շատ լաւ երեխայ էր, եւ ան զիս շատ կը սիրէր»: Այժմ 75-ամեայ Ղանեմ, փոփոխական առողջութեամբ, ցոյց կու տայ Աթթասը` նիհար, առողջ մարդ մը, իր երկու որդիներուն նման, արաբական սպիտակ զգեստ հագած: «Ան խնամեց, մեծցուց Ուսաման երեք տարեկանէն: Ան լաւ մարդ է եւ լաւ վարուեցաւ Ուսամայի հետ»:
Ընտանիքը հաւաքուած է իրենց տան դահլիճին մէկ անկիւնը: Տունը կը գտնուի Ժետտայի մէջ, Սէուտական Արաբիոյ այն քաղաքը, որ Պըն Լատեն քլանի իրերայաջորդ սերունդներու բնակավայրն է: Անոնք կը շարունակեն մնալ թագաւորութեան ամէնէն հարուստ ընտանիքներէն մէկը. անոնց գերդաստանական շինարարական կայսրութիւնը կառուցած է արդի Սէուտական Արաբիոյ մեծամասնութիւնը եւ խորապէս հիւսուած է երկրի կառոյցին:
Պըն Լատենի տունը կ՛արտացոլացնէ իրենց հարստութիւնը եւ ազդեցութիւնը` ներքին եւ արտաքին յարդարումներով: Մեծ դղեակներ կը գտնուին փողոցին մէջ: Ասիկա Ժետտայի ամէնէն հարուստ հատուածն է: Թէեւ ոչ մէկ պահակ կայ դուրսը, իսկ Պըն Լատենները շրջանի ամէնէն յայտնի բնակիչներն են:
Տարիներ շարունակ Ղանեմ եւ իր մեծ ընտանիքը մերժած են խօսիլ Ուսամայի մասին: Որպէս Քայիտայի առաջնորդ, երկու տասնամեակ իր ղեկավարութեան ժամանակամիջոցին, տեղի ունեցան Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի յարձակումները: Ան մահացաւ դէպքերէն 9 տարի ետք, Փաքիստանի մէջ:
Այժմ, Սէուտական Արաբիոյ նոր ղեկավարութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ յաւակնոտ 32-ամեայ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը, ընդառաջեց ընտանիքին հետ խօսելու իմ խնդրանքիս: (Որպէս երկրի ամէնէն ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկը` անոնց շարժումները եւ գործունէութիւնը միշտ կը հսկուին):
Ուսամային աւանդը ծանր հարուած մըն է ե՛ւ թագաւորութեան ե՛ւ ընտանիքին վրայ: Բարձրաստիճան պաշտօնատարները կը խորհին, թէ արտօնելով ընտանիքին պատմելու իրենց պատմութիւնը` իշխանութիւնը կրնայ ցոյց տալ, որ 11 սեպտեմբերի պատասխանատուն վտարանդի մըն էր, այլ ոչ թէ` սէուտական գործակալ մը: Սէուտական Արաբիան քննադատողները շատոնց կը պնդեն, որ Ուսաման պետական աջակցութիւն ունեցած է, եւ զոհերու ընտանիքներէն ոմանք (ցարդ անյաջող) իրաւական քայլերու ձեռնարկած են թագաւորութեան դէմ: 19 առեւանգիչներէն 15-ը եկած էին Ս. Արաբիայէն:
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Ուսամա պըն Լատենի ընտանիքը զգուշ էր մեր նախնական բանակցութիւններուն մէջ: Անոնք համոզուած չեն. արդեօք հին վէրքերը բանալը կրնա՞յ բուժիչ ըլլալ, թէ՞ վնասակար: Բայց քանի մը օրուան քննարկումներէ ետք անոնք պատրաստ եղան խօսելու: Յունիսի սկիզբը երբ մենք հանդիպեցանք, սենեակին մէջ նստած էր սէուտական պետութենէն ներկայացուցիչ մը, թէեւ ան խօսակցութեան վրայ ազդելու փորձ չէր ըներ: Մեզի նոյնպէս միացած էր թարգմանիչ մը:
«Ան հանդիպած է քանի մը մարդոց, որոնք բաւական շատ անոր ուղեղը լուացած են տակաւին քսան տարեկանին: Դուք կրնաք ատիկա անուանել աղանդ», ըսաւ Ղանեմ` աւելցնելով, որ իր անդրանիկ որդին ամչկոտ տղայ մըն էր, որ ընդունակ աշակերտ էր դպրոցին մէջ: Ան քսան տարեկանին դարձաւ ուժգին մղումով բարեպաշտ անձ մը, երբ տնտեսագիտութիւն կ՛ուսանէր Ժետտայի Ապտուլազիզ Թագաւոր համալսարանին մէջ, ուր զինք նոյնպէս արմատականացուցին:
«Համալսարանի մարդիկը փոխեցին զայն: Ան այլ մարդ դարձաւ: Համալսարանին մէջ հանդիպած մարդոցմէ մէկը` Ապտուլլա Ազզամն էր, «Իսլամ եղբայրներու» անդամ, որ հետագային արտաքսուեցաւ Սէուտական Արաբիայէն եւ դարձաւ Ուսամային հոգեւոր խորհրդականը: Ուսաման շատ լաւ երեխայ էր, մինչեւ որ հանդիպեցաւ կարգ մը մարդոց, որոնք 20 տարեկանին բաւական շատ լուացին անոր ուղեղը: Ատիկա աղանդ մըն է: Այդ մարդիկը գումարներ ստացած իրենց գործին համար: Ես միշտ կ՛ըսէի, որ հեռու կեցի՛ր անոնցմէ, բայց ան բնաւ չէր ըսեր ինծի, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, որովհետեւ ան զիս շատ կը սիրէր»:
1980-ականներու սկիզբը Ուսաման Աֆղանիստան գնաց ռուսական արշաւի դէմ պայքարելու համար:
«Ով որ առաջին անգամ հանդիպեցաւ անոր, յարգեց զայն: Սկիզբը մենք շատ հպարտացանք անով: Նոյնիսկ սէուտական կառավարութիւնը անոր հետ շատ ազնիւ, յարգալից ձեւով վարուեցաւ: Յետոյ եկաւ Ուսամա մուժահիտը», ըսաւ կրտսեր եղբայրը` Հասան:

Երկար, անհանգիստ լռութենէ ետք Հասան կը դժուարանար բացատրելու. «Ես շատ հպարտ եմ անով, որ իմ մեծ եղբայրս է: Ան ինծի շատ բան սորվեցուց: Բայց ես չեմ կարծեր, որ ես շատ հպարտ եմ անով` որպէս մարդու: Ան համաշխարհային բեմին վրայ հասաւ գերաստղի մակարդակին, եւ ատիկա` ոչինչի համար», աւելցուց Հասան:
Ղանեմ ուշադիր կ՛ունկնդրէ, աւելի կ՛ոգեւորուի, երբ խօսքը կը վերադառնայ Ուսամայի կազմաւորման տարիներուն: «Ան շատ ուղիղ էր: Շատ լաւ էր դպրոցին մէջ: Ան շատ կը սիրէր սորվիլ: Աֆղանիստանի վրայ ծախսեց իր ամբողջ դրամը: Ան կրնար սպրդիլ ընտանեկան առեւտուրի գործով ծպտուած: Իմ միտքէս բնաւ չանցաւ, որ ան ժիհատական եղած է: Երբ գիտցանք, շատ անհանգստացանք: Ես չէի ուզեր, որ ասոնցմէ որեւէ մէկը պատահի: Ինչո՞ւ ան ատոնք բոլորը այդպէս նետեց»:
Ընտանիքը կ՛ըսէ, որ վերջին անգամ տեսած է Ուսաման Աֆղանիստանի մէջ, 1999 թուականին, այն տարին, երբ անոնք այցելեցին անոր երկու անգամ, Քանտահարէն դուրս գտնուող անոր խարիսխին մէջ: «Ատիկա մօտ էր օդակայանին, որ ռուսերը գրաւած էին: Ան շատ ուրախ էր մեզ ընդունելով: Ան մեզ ամէն օր կը պտտցնէր: Ուսամա անասուն մը մորթեց, եւ մենք խնճոյք ըրինք: Ան բոլորը հրաւիրեց», կ՛ըսէ մայրը:
Ղանեմ կը սկսի հանգստանալ եւ կը խօսի իր մանկութեան մասին, Լաթաքիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ, ուր ան մեծցած է ալեւի ընտանիքի մը մէջ: Ղանեմ 1950-ականներու կէսերուն տեղափոխուած է Սէուտական Արաբիա, իսկ Ուսամա ծնած է 1957 թուականին, Ռիատի մէջ:
Ղանեմ Ուսամայի ծնելէն երեք տարի ետք ամուսնալուծուած է եւ ամուսնացած` Աթթասի հետ, որ վարչական պատասխանատուն էր Պըն Լատեն բարգաւաճող կայսրութեան, 1960-ականներու սկիզբը: Ուսամայի հայրը յետոյ 54 զաւակներ ունեցաւ առնուազն 11 կիներէ:
Երբ Ղանեմ գնաց մօտակայ սենեակ մը հանգչելու, Ուսամայի խորթ եղբայրները շարունակեցին զրոյցը: Անոնք ըսին, թէ կարեւոր է յիշել, որ մայր մը հազուադէպ առարկայական վկայ է: «Արդէն 17 տարի անցած է 11 սեպտեմբերէն, եւ ան տակաւին կը ժխտէ: Ան շատ կը սիրէր Ուսաման եւ կը հրաժարի մեղադրել զայն: Փոխարէնը` ան կը մեղադրէ Ուսաման շրջապատողները: Ան միայն գիտէ լաւ տղուն կողմը, մենք բոլորս կը տեսնենք այն կողմը: Ան երբեք չի գիտնար ժիհատի կողմը», կ՛ըսէ Ահմետ:
Ան կ՛աւելցնէ. «Ես ցնցուած էի, ապշած, Նիւ Եորքի առաջին լուրերէն: Ատիկա շատ տարօրինակ զգացում մըն էր: Մենք սկիզէն իսկ գիտէինք, որ Ուսաման էր: Մենք բոլորս ամչցանք: Մենք գիտցանք, որ բոլորս ալ սարսափելի հետեւանքներ պիտի դիմակալենք: Արտասահմանի մէջ ապրող մեր ընտանիքը վերադարձած է Սէուտական Արաբիա: Անոնք տարածուած էին Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Եւրոպայի մէջ: Սէուտական Արաբիոյ մէջ ճամբորդութիւն արգիլուեցաւ: Անոնք փորձեցին, որքան կրնային, հսկել ընտանիքը»:
Ընտանիքը կ՛ըսէ, որ բոլորը հարցաքննուած են իշխանութիւններուն կողմէ, եւ ժամանակ մը անոնց արգիլուած է երկրէն հեռանալ: Գրեթէ երկու տասնամեակ ետք անոնք կրնան համեմատաբար ազատ շրջագայիլ թագաւորութենէն ներս եւ դուրս:

Պըն Լատեն կը շարունակէ մնալ ժողովրդական կերպար մը` թագաւորութեան որոշ շրջաններուն մէջ, գնահատուելով անոնց կողմէ, որոնք կը հաւատան, որ ան Աստուծոյ գործը ըրած է: Սակայն աջակցութեան խորութիւնը դժուար է չափել: Մինչ այդ, ինչ որ կը մնայ անոր անմիջական ընտանիքէն, անոնց արտօնած են վերադառնալ Սէուտական Արաբիա: Ուսամայի առնուազն երկու կիները (որոնցմէ մէկը հետն էր, երբ սպաննուեցաւ) եւ անոնց երեխաները այժմ կ՛ապրին Ժետտայի մէջ:
Այն պահուն, երբ սպասուհի մը կը սարքէ ընթրիքի սեղանը, Ահմետ ինծի կ՛ըսէ. «Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունէինք Մոհամետ պըն Նայեֆ իշխանին հետ (նախկին գահաժառանգը): Ան արտօնեց, որ կիները եւ երեխաները վերադառնան: Սակայն, թէեւ անոնք ազատ են շրջագայելու քաղաքին մէջ, չեն կրնար երկրէն հեռանալ»:
Ուսամային տղան` Համզա, կրնայ ամպոտել իրենց անցեալը թօթափելու ընտանիքի փորձերը:
Ուսամային մայրը կը միանայ զրոյցին. «Ես ամէն շաբաթ կը խօսիմ անոր հարեմին (կանանոց) հետ: Անոնք մօտակայքը կ՛ապրին»:
Ուսամայի խորթ քոյրը` Ֆաթիմա Աթաս ներկայ չէր մեր հանդիպման: Փարիզ գտնուող իր տունէն ան հետագային նամակ ուղարկեց` ըսելով, որ ինք կտրականապէս դէմ է, որ իր մայրը հարցազրոյց տայ, խնդրելով, որ այդ հարցազրոյցը իր միջոցով վերադասաւորուի: Հակառակ անոր որ իր եղբայրները եւ խորթ եղբայրները ընդունած էին հարցազրոյցը` Ֆաթիմա Աթաս կը կարծէր, որ մօրը վրայ ճնշում բանեցուած է: Ղանեմ սակայն պնդեց, թէ ուրախ է խօսելով եւ կրնար խօսիլ աւելի երկար:
Ասիկա հաւանաբար ընտանիքի բարդ իրավիճակին նշանն է թագաւորութեան մէջ, ուր նման լարուածութիւն գոյութիւն ունի:
Ես ընտանիքին հարցուցի պըն Լատենի ամէնէն մեծ տղուն` 29-ամեայ Համզայի մասին, որ կ՛ենթադրուի, թէ Աֆղանիստան կը գտնուի: Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ան պաշտօնապէս անուանուած է «համաշխարհային ահաբեկիչ» եւ կարծես թէ իր ուսերուն անցուցած է իր հօր պատմուճանը` Քայիտայի նոր առաջնորդ եւ Ուսամայի նախկին տեղակալ Այման Զաուահիրիի հովանիին ներքեւ:
Անոր հօրեղբայրները կը ճօճեն իրենց գլուխները: «Մենք կը մտածէինք, որ ամէն բան աւարտած է: Այն ժամանակ, երբ ես գիտէի, Համզան կ՛ըսէր, որ ինք իր հօրը վրէժը պիտի լուծէ: Ես չեմ ուզեր կրկին ատիկա յիշել: Եթէ Համազա իմ դիմացս գտնուէր, ես կ՛ըսէի, որ Աստուած կ՛առաջնորդէ ձեզ: Կրկնակի մտածեցէք, թէ ի՛նչ կ՛ընէք: Մի՛ հետեւիք ձեր հօրը քայլերուն: Դուք ձեր հոգիներուն սարսափելի մասերը կը մտնէք», կ՛ըսէ Հասան:
Համազա պըն Լատենի անուան տարածումը կրնայ ամպոտել իրենց անցեալը թօթափելու ընտանիքին փորձերը: Ատիկա կրնայ նոյնպէս խոչընդոտել գահաժառանգ իշխանին ջանքերը` ձեւաւորելու նոր դարաշրջան, ուր Ուսամա պըն Լատեն կը նկատուի որպէս այդ սերունդին մոլորածը, եւ ուր խիստ սկզբունքները, վարդապետութիւնները, որոնք ժամանակին արգիլուած էին թագաւորութեան կողմէ, այլեւս օրինականութիւն չեն տրամադրեր ծայրայեղականութեան:
Մինչ Սէուտական Արաբիոյ մէջ նախապէս փոփոխութեան փորձ եղած է, սակայն ներկայ բարեփոխումներու չափ բաւականին ընդգրկուն չէ եղած: Մոհամետ պըն Սալման իշխան բարեփոխումները որքա՞ն կրնայ առաջ մղել պահպանողական աշխարհահայեացք ունեցոշ անզիջող հասարակութեան դէմ: Ասիկա առայժմ կը շարունակէ մնալ անպատասխան հարցում մը:
Սէուտական Արաբիոյ դաշնակիցները լաւատես են, սակայն` զգուշաւոր: Բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցը, որուն հետ ես խօսեցայ, ըսաւ. «Եթէ Սալման չյաջողի, աւելի շատ Ուսամաներ պիտի ըլլան: Եւ ես վստահ չեմ, որ անոնք կրնան թօթափել այդ անէծքը»: