ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Արծուաբոյն Զէյթունն Ու Անոր Երգիչը
1862 օգոստոսին օսմանեան մայրաքաղաքը ցնցուեցաւ Կիլիկիոյ կողմերէն հասած մտահոգիչ լուրերով:
Բարձրադիր ժայռաքարերու վրայ կառուցուած Զէյթո՛ւնն է, որ կը խօսեցնէր իր մասին` ապստամբութեան դրօշ պարզելով պետութեան դէմ:
18 հազարի չափ հայութիւն կ՛ապրէր հոն այդ շրջանին: Անոնք 1620-ական թուականներէն ի վեր կիսանկախ կարգավիճակ մը ունէին օրինաւորապէս` շնորհիւ այն հռչակաւոր հրովարտակին, որով սուլթան Մուրատ Դ. զէյթունցիները զերծ կը կացուցէր գլխահարկի տուրքէն, պայմանաւ որ անոնք տարեկան 15.000 դահեկան «իբրեւ նուէր» վճարէին Պոլսոյ Այա Սոֆիայի մզկիթին, որպէսզի անոր կանթեղներուն ձէթը չսպառի… Սուլթանական հրովարտակը կ՛արգիլէր Զէյթունի վրայ արտաքին ամէն միջամտութիւն: Փաստօրէն անիկա անառիկ ամրոցի մը վերածուեր էր:
Այնուհանդերձ, յաջորդող տասնամեակներուն թուրք իշխանութիւնները բնաւ առիթ չէին փախցուցած նեղելու Զէյթունը, մանաւանդ` տուրքեր հաւաքելու պատճառաբանութեամբ: Զայն ճնշելու կամ ծունկի բերելու փորձեր կը կատարէին մասնաւորաբար մօտակայ Մարաշի կառավարիչները` մերթ ընդ մերթ իրենց զօրաբանակները քալեցնելով անոր վրայ: Այդպէս պատահեր էր 1780-ին, 1808-ին, 1819-ին, 1831-ին, 1835-ին եւ 1860-ին: Ամէն անգամուն ալ յարձակողները ամօթալի փախուստի դիմեր էին…
1862-ին իր բախտը ուզեր էր փորձել նաեւ Մարաշի նոր կառավարիչ Ազիզ փաշան: Ան պահանջեր էր որ զէյթունցիք իրեն յանձնեն մօտակայ գիւղէ մը հոն ապաստանած 70 «յանցագործ» հայեր, որոնք թուրքի մը դիակին շուրջ ծագած վէճի մը մասնակցեր էին: Զէյթունի հայ իշխանները մերժեր էին կառավարիչին պահանջը` սա ցնցիչ պատասխանը յղելով անոր. «Մենք քեզի ո՛չ թէ 70 հայ, այլ 70 հաւ իսկ չենք տար…»:
Այսպէս է, որ սկսեր էր Զէյթունի ապստամբութիւնը այդ տարուան ամրան:
Ազիզ փաշան 12.000 կանոնաւոր բանակով ու նոյնքան ալ կամաւոր չերքեզներու օժանդակութեամբ գրոհի ձեռնարկեր էր պատմական Ուլնիոյ (Զէյթունի հին անունն է) վրայ: Պաշարման օղակի մէջ առնուեր էր գիւղաքաղաքը, կոտորածի, աւերի ու թալանի ենթարկուեր էին մերձակայ հայաբնակ գիւղերէն ոմանք: Կային հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ…
Բուն ճակատագրական դէպքը տեղի պիտի ունենար, սակայն, օգոստոս 2-ին:
Ազիզ փաշային զօրաբանակը պիտի իյնար զէյթունցիներու լարած թակարդին մէջ ու անփառունակ պարտութեան մատնուելով` ստիպուած պիտի ըլլար նահանջել, կռիւի դաշտին վրայ ձգելով իր երկու թնդանօթները, ձիեր, բաւական զէնք ու պարէն եւ շուրջ 2000 սպաննուած:
Լուրը ցնցած էր օսմանեան մայրաքաղաքը: Ու հիմա, Բարձրագոյն դուռը կը պատրաստուէր «վերջնական հաշուեյարդար»-ի ենթարկել այդ ըմբոստ լեռնցիները…
Ժամանակաշրջան մըն էր ասիկա, երբ պոլսահայութիւնը կը բոլորէր իր Զարթօնքի շրջանին ամէնէն գագաթային եւ զգայուն մէկ փուլը: Դեռ ազգային մարմիններու օրակարգին վրայ էր տարիներէ ի վեր այնքա՜ն փայփայուած Ազգ. սահմանադրութիւնը, մինչ ահա՛ դղրդացնող ձայներ կը հնչէին գաւառէն:
Շարժած էր նաեւ պոլսահայոց խղճմտանքը: Մանաւանդ երբ պաշարման օղակը ճեղքելով գաղտնօրէն մայրաքաղաք կրցեր էին գալ քանի մը զէյթունցի պատուիրակներ (Յակոբ քհնյ. Տէլիքէշիշեան, Մնացական էֆ. Սեմերճեան, Գրիգորիս վրդ. Աբարդեան)` իրենց ցաւը պատմելու համար պոլսեցիներուն:
Ազգային հրատապ խնդրի մը վերածուեր էր Զէյթունը: Հարցին առնչութեամբ խնդրագրեր ներկայացուեր էին Պոլսոյ օտար դեսպաններուն: Նոյնիսկ, ո՜վ զարմանք, Ֆրանսայի Նափոլէոն Գ. կայսրը անձամբ հետաքրքրուեր էր իրադարձութիւններով եւ միջամտեր էր Բ. դրան մօտ…
Ի վերջոյ պետութիւնը ետքայլ մը ընել պարտաւորուեր էր: Փոխադարձաբար ալ, զէյթունցիք կը խոստանային վճարել պետական տուրքերը եւ ընդունիլ կառավարութեան կողմէ նշանակուած գաւառապետը: Ընդհանուր առմամբ, սակայն, գաւառը կը շարունակէր մնալ կիսանկախ:
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, որ այդ շրջանին հանրային բեմերու վրայ շատ եռանդուն գործիչ մըն էր, կրնա՞ր հեռու մնալ Զէյթունի առթած ոգեւորութենէն կամ տագնապներէն:
Պէշիկթաշլեան կարծէք կոչուած էր ըլլալ Զէյթունի երգիչը:
Պէշիկթաշլեանի ամբողջ գրականութեան մէջ բացառիկ տեղ մը կը գրաւեն այն չորս բանաստեղծութիւնները, որոնք Զէյթունի հերոսական խոյանքին ձօնուած էին, եւ որոնք շուրթէ շուրթ պիտի պտտէին տարիներ շարունակ: Այդ չորս քերթուածներն էին` «Հայ քաջորդի», «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն» եւ «Հայ քաջուհին»:
Ոմանք հաստատած են, որ ասոնք գրի առնուեր են օտարալեզու քերթուածներու պատկերային որոշ հետեւողութեամբ կամ նմանողութեամբ: Կրնա՛յ ըլլալ. մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Պէշիկթաշլեանի լեզուագիտութիւնը, որ առիթ կ՛ընձեռէր իրեն` բնագրէն կարդալու ֆրանսական ու եւրոպական դասական գրականութիւնը առատօրէն, ներշնչուելով ատոնցմէ: Անուրանալի է սակայն, որ մեր բանաստեղծը իր անձնական դրոշմով ու ոճով գունազարդեր է զանոնք, ինքնատպութիւն շահեցուցեր է անոնց: Չօպանեան ուզած է վերջակէտ դնել այս առթիւ ստեղծուած վիճաբանութիւններուն` գրելով. «Մեզի համար անոնք ստեղծագործութիւններ են` հետեւողութեան մէջ. Պէշիկթաշլեան հայացուցած եւ իւրացուցած է իր բնատիպարները. այդ նմանողութեանց մէջ ամէն բառ իր կնիքը կը կրէ. փոխ առնուածը կը հալի իր խանդոտ մտքին քուրային մէջ, ուսկից դուրս կու գայ` նորոգուած, ուրոյն փայլ մը եւ շեշտ մը ստացած, ու կը ճոխանայ նոր, անձնական տարրերով» (տե՛ս «Անահիտ», 1907, թիւ 1-2):
Մենք 150 տարի ետք դեռ հաճոյքով եւ յուզումով կը կարդանք այս պատկերալից բանաստեղծութիւնները, ու կարծէք անոնց ընդմէջէն վերաքաղը ըրած կ՛ըլլանք Զէյթունի ապստամբութեան դէպքերուն կամ մթնոլորտին:
Պէշիկթաշլեան, որ ընդհանրապէս կը նախընտրէր գրաբար շարադրել իր տաղերը, Զէյթունի այս շարքը գրի առած է աշխարհաբարով, աւելի ճիշդ` գրաբարախառն աշխարհաբարով մը, որ շատ թովիչ կը թուի այսօր ալ, անուշ կը հնչէ մեր ականջին, կը հմայէ մեզ իր երաժշտականութեամբ: Ճիշդ ատոր համար ալ Չօպանեան կ՛ըսէ, որ «քաղցրադաշնակ զգացմանց եւ նուագաւոր հայերէնի» վարպետ մըն էր Պէշիկթաշլեան:
Բայց ինչպէ՞ս գրուեցան այդ տաղերը:
Իրազեկներ կը պատմեն, որ ան ստէպ կ՛այցելէր Զէյթունէն Պոլիս եկող պատուիրակներուն, ժամերով ունկնդիր կ՛ըլլար անոնց պատմածներուն, կը յուզուէր, կը սրտապնդէր զանոնք, կը խանդավառուէր անոնցմով:
Այս մասին թանկագին վկայութիւն մը ունի կրթական գործիչ Սրբուհի Երիցեանը (1847-1917, արեւելահայ թերթերու ծանօթ աշխատակից Աղեքսանդր Երիցեանին կողակիցը), որ Թիֆլիսի «Փորձ» հանդէսի 4-րդ թիւին մէջ (1877) կը պատմէ.
– 1862 թուականի վերջերը, Զէյթունի անցքերից անմիջապէս յետոյ, այդ երկրի նշանաւոր տէր Մովսէս քահանան, որ երեսփոխանութեան պաշտօնով Պոլիս էր եկած, մեր տանը հիւր եղաւ. դորա սրտաշարժ պատմութիւնները լսելու համար մեզ մօտ յաճախող երիտասարդների թիւը օրից օր շատանում էր: Սովորականից ստէպ յաճախողը եւ ժամերով տէր Մովսէսի մօտ նստողը Պէշիկթաշլեանն էր: Մի սրտաշարժ տեսարան էր հայ մարդու համար, երբ տէր Մովսէսի արած զէյթունցոց նկարագրութիւնը Պէշիկթաշլեանի խոշոր աչքերը արտասուք կը լեցնէին եւ, հետեւաբար, այդ երկու հայասէր անձանց հոգւոյն կրքերը կը գրգռէին: 1963-ի սկզբում ձմեռնային մի ցուրտ երեկոյ էր: Տէր Մովսէսի հետաքրքրական վէպերը գրաւած էին չորս կողմը խմբուած երիտասարդների հետաքրքրութիւնը. նա պատմում էր մի սիրտ ճմլող անցք, թէ ինչպէ՛ս մի յուսահատ մայր, մի խեղճուկ հայ կին, գիշերային լռութեան մէջ, պատերազմի դաշտին վրայ փնտռում էր իր միակ որդւոյն դիակը, որ մի օր առաջ մեծ ջարդ տուած էր հայրենեաց թշնամեաց: Խորին լռութեամբ եւ մորմոքած սրտերով լսում էին այդ պատմութիւնը. տպաւորութիւնը շատ մեծ էր…
Այդ նոյն գիշերն իսկ, իր կրած թարմ տպաւորութիւններուն ազդեցութեան տակ, Պէշիկթաշլեան կը գրէր «Մահ քաջորդւոյն»-ը` զէյթունցի տէրտէրէն լսած պատմութիւնը վերածելով չափածոյ զմայլելի տողերու.
«Դու զո՞վ խնդրես, մա՛յր իմ անուշ,
Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցի՛ր հոս
Անլաց աչօք դիտէ զորդիդ
Ու իր վէրքերն արիւնահոս:
Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:
Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք,
(«ծափ զարկին մեր հայրերուն ոսկորները»)
Զի չէ մեռած հայոց կրակ,
Ու ցնծացին այնչափ զոհեր,
Զի լուծաւ վրէժ յարեան վտակ:
Խնդաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:
Վերջին համբոյր տամ քեզ, մայրի՛կ,
Հատուցանես զայս սիրուհւոյս,
Վերջին անգամ գրկեմ մեր հող,
Ուր արդ կ՛իջնեմ ի ծոցն անյոյս.
Խաչ մը տնկէ վրաս ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն»:
Խրիմեանի «Երկաթի շերեփ»-ի պատգամէն ու մեր բոլո՜ր յեղափոխական երգերէն շատ աւելի առաջ` Պոլսոյ թաղերուն մէջ կ՛արձագանգէր Պէշիկթաշլեանի նշանաւոր «Հայ քաջորդի»-ին աղերսանքը.
Կ՛ուզեմ վառօդ եւ գնդակներ…»:
(Շար. 6)