Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Բանաստեղծ Եւ Մտաւորական Ժաք Ս. Յակոբեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
27 յուլիսին Ազգային առաջնորդարան այցելեց բանաստեղծ եւ մտաւորական Ժաք Ս. Յակոբեանը եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ:
Նկատի ունենալով, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար Լիզպոնի հինգ հերոսներու նահատակութեան 35-րդ տարելիցին օրը, զրոյցը իբրեւ մեկնակէտ ունեցաւ այդ սխրանքին նուիրուած` հեղինակին բանաստեղծութիւնը, որ նոյն օրը լոյս տեսած էր մամուլին մէջ:
Հանդիպումին արծարծուեցան նաեւ Ժաք Ս. Յակոբեանի գրական աշխատանքներն ու հրատարակչական ծրագիրները:
Յայտնենք, որ Ազգային առաջնորդարանը լոյս ընծայած է բանաստեղծին շուրջ տասնեակ մը գործերը:
Առաջնորդ սրբազանը բանաստեղծին նուիրեց աղօթագիրքեր եւ յուշանուէր մը, իսկ մեկնումէն առաջ, ընդառաջելով անոր փափաքին, օրհնութեան աղօթք մը կատարեց` Աստուծմէ խնդրելով, որ առողջութիւն, երկար կեանք ու կենսունակութիւն պարգեւէ բանաստեղծին, որ քանի մը օրէն պիտի տօնէ ծննդեան 101-րդ տարեդարձը:
Քոնկրեսական Չու Մեծարեց ՀՕՄ-ի Փասատինայի «Սօսէ» Մասնաճիւղը
28 յուլիսին Ներկայացուցիչներու տունին մէջ Քալիֆորնիոյ 27-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկրեսական Ճուտի Չու իր գրասենեակին կազմակերպած տարեկան 9-րդ մեծարման ձեռնարկին ընթացքին մեծարեց շրջանին մէջ յատկանշական իրագործումներու հասած գործարարներ, կամաւորներ, դաստիարակներ եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ:
Այս տարուան մեծարեալներէն էր ՀՕՄ-ի Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղը, որ ստացաւ «Տարուան ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւնը» մրցանակը:
Այս առիթով քոնկրեսական Չու շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղին եւ անոր անդամներուն անձնուէր մարդասիրական գործունէութեան համար, որմէ մեծապէս կ՛օգտուի համայնքը, մատնանշելով, որ մասնաճիւղը նաեւ գործնականօրէն նեցուկ կանգնած է իր գրասենեակին իրականացուցած բարեսիրական մէկ ծրագիրին:
Մրցանակը մասնաճիւղին անունով ընդունեց ՀՕՄ-ի Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղի փոխատենապետ դոկտ. Էմմա Օշականը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղին նուիրեալ անդամներուն, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղին անունը առաջադրած` Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբին:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ վերջերս քոնկրեսական Ճուտի Չուի գրասենեակին մէջ վարժողական ծրագիր մը ամբողջացուցած ուսանողուհի Թամար Եփրեմեանը:
Նշենք, որ քոնկրեսական Չուն նեցուկ կանգնած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տունի շարք մը բանաձեւերուն եւ միշտ զօրակից է հայանպաստ քայլերուն:
Արեւմտեան Թեմէն Երիտասարդներ Կը Մասնակցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքին
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 30 յուլիսէն 11 օգոստոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական երկշաբաթեայ յատուկ խտացեալ դասընթացք մը` մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերէն երիտասարդներու:
Արեւմտեան թեմէն պիտի մասնակցին չորս երիտասարդներ` ուրարակիրներ Կերի Մարգարեանը` Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցի, Վարդան Պալթայեանը` Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի, Հրակ Հարպոյեանը` Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցի եւ Մինաս Արիսեանը` Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցի:
Անթիլիաս մեկնելէ առաջ անոնք այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին ու առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին կողմէ: Առաջնորդն ու առաջնորդական փոխանորդը որոշ ծանօթութիւններ տուին ծրագրի բնոյթին մասին, նաեւ որոշ ցուցմունքներ` յաջողութիւն մաղթելով անոնց առաքելութեան:
Նշենք, որ դասընթացքը պիտի ընդգրկէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, հաւատքի, ծէսի, միջկրօնական յարաբերութեան եւ երկխօսութեան առնչուած նիւթեր: Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան հանդիպում ունենալու կաթողիկոսին ու հոգեւոր հայրերու հետ, ինչպէս նաեւ` այցելելու հոգեւոր ու ազգային կեդրոններ:
ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի Յիսնամեակի Տօնակատարութեանց Մեկնարկը
15 յուլիսին յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի յիսնամեակի տօնակատարութիւններուն մեկնարկը: Սոյն հաւաքի հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին մասնաճիւղի երկարամեայ անդամներէն Մհեր եւ Սօսի Դաւիթեան ամոլը:
Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀՄԸՄ-ի անդրանիկը հանդիսացող Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը հաստատուած է քաղաքի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ եւ կը հանդիսանայ սկաուտական եւ մարզական ամենաաշխուժ գործունէութիւնը մշակող ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերէն մէկը:
Մասնաճիւղի վարչութեան անդամները բարի գալուստ մաղթեցին հիւրերուն եւ ներկայացուցին իր ոսկեայ տարեդարձը տօնող մասնաճիւղի ապագայ տեսլականը:
Յիսնամեակի յանձնախումբը, ատենապետութեամբ Սթիւ Արթինեանի, ներկայացուց յիսնամեակի տօնակատարութեան ծրագիրները` կեդրոնանալով յատկապէս 8 սեպտեմբերին կայանալիք ճաշկերոյթին վրայ, որ տեղի պիտի ունենայ Սթուտիօ Սիթիի «Սի. Պի. Էս. սթուտիօ սենթըր»-ի սրահին մէջ:
Ընդունելութիւնը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին ամենատարեց անդամը` 101-ամեայ Ցոլակ Յովսէփեանը, ոսկեայ շքանշանը յանձնեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Օննիկ Պէրպէրեանը` միաժամանակ դրուատելով Յովսէփեանին լուսանկարչական եւ համայնքային աշխուժ գործունէութիւնը:
Աւստրիա
Հայ Պատանիներու Բացառիկ Համերգը` Վիեննայի Եւ Պերլինի Մէջ
Երեւան-Էրեբունի 2800-ամեակին առիթով, աջակցութեամբ Սերգէյ Աւետիսեանի (Վիեննա), Աբրահամ Կոստանեանի, «Երեւան» ճաշարանի եւ Արտակ Կիրակոսեանի (Պերլին), հովանաւորութեամբ Հայ եւ եւրոպացի փորձագէտներու ընկերակցութեան, 27 յունիսին Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարին մէջ եւ 1 յուլիսին Պերլինի Փոլ Կերհարտ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ Երեւանի «Ալեքսէյ Հեքիմեան» երաժշտական դպրոցի ուսանողներուն, որոնց միջին տարիքը 14 է: Խումբի ղեկավար երգչուհին էր Լուսինէ Առաքելեանը:
Ձեռնարկներուն նպատակն էր գերմանացի եւ հայ երիտասարդ սերունդներուն միջեւ մշակութային կամուրջ մը հաստատելը` անոնց գեղարուեստական կատարողական փորձառութիւն ապահովելու համար:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայ եւ եւրոպական ձայնային ու գործիքային երաժշտութիւն: Մենակատարներն էին` Իզապելլա Բրուտեանը, Քրիսթինա Զաքարեանը, Վիվիան Ղարիպեանը, Քրիսթինա Աւետիսեանը եւ Նարեկ Սահակեանը: Ներկայացուած կտորներուն մաս կը կազմէին նաեւ Կոմիտասի գեղջկական մեղեդիները:
Գործիքային մենակատարումներով ելոյթ ունեցան դաշնակահարներ` Աննա Նազարեանը, Յասմիկ Մանուկեանը եւ Գառնիկ Հայրապետեանը, իսկ հայկական աւանդական գործիքներով Մերի Միքայէլեանը` քանոն, իսկ Ծովակ Համբարձումեանը եւ Աշոտ Սաթեանը` սանթուր:
Կիպրոս
Սփիւռքի Նախարարին Տեսակցութիւնը Կիպրոսի Նախագահին Հետ
Կիպրոս կատարած պաշտօնական իր այցելութեան ընթացքին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը Նիկոսիոյ մէջ տեսակցեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անասթաիատեսի հետ: Տեսակցութեան մասնակցեցան նաեւ Կիպրոսի նախագահի Արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերու յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուն, Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Տերենս-Նիկոլաոս Քուիք, Եգիպտոսի ներգաղթի նախարար Նապիլա Մաքրամ: Նախարարը Կիպրոսէն պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ:
Արժանթին
Մեծարանք` Լիզպոնի Հերոսներուն
Շաբաթ, 28 յուլիս 2018-ին Արժանթինի «Արմենիա» մշակութային ընկերակցութեան «Է. Սէֆէրեան» ակումբին մէջ մեծարանքի ձեռնարկ կատարուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 35-ամեակին առիթով:
ՀՅԴ Արժանթինի երիտասարդական միութեան պատգամը փոխանցեց Շրջանային վարչութեան անդամ Կարօ Սէֆէրեան, որ ըսաւ. «35 տարիներ անցած են 27 յուլիս 1983-էն, երբ 5 անձնուրաց երիտասարդներ մտադրեցին յառաջ տանիլ, զարթնեցնել «մոռցուած» Հայ դատը եւ բարձրացնել հայ ժողովուրդին արդարութեան պահանջատիրութեան ձայնը` հասցնելով Հայոց ցեղասպանութեան հարցը նոր հանգրուաններու` իրենց անձնազոհութեան շնորհիւ: Այս գործողութիւնը նախադէպ, շարժառիթ հանդիսացաւ Արցախի ազատագրական ազգային շարժման, որ կազմուեցաւ հինգ տարի վերջ եւ հայոց պատմութեան մէջ շրջադարձային հանգրուան մը եղաւ: Նաեւ վերածնաւ «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանը: Սեդրակ Աճէմեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սիմոն Եահնէեանի եւ Արա Գըրճլեանի տիպարները օրինակ դարձան հայ երիտասարդներուն, որոնք կամաւոր մարտիկներ եղան եւ պայքարեցան յանուն Արցախի ազատագրութեան»:
Ձեռնարկին աւարտին հրաւիրուեցան երէց ընկերներ, որոնք այս առիթին պատշաճ յուշատախտակի բացումը կատարեցին: Թէեւ նախապէս յուշատախտակ մը նուիրուած էր Լիզպոնի հինգին, սակայն այս մէկը 35-ամեակինն էր: Բացումը կատարուեցաւ ակումբի երկրորդ յարկին վրայ, ուր ՀՅԴ-ի յարակից կազմակերպութիւնները կը գումարեն իրենց ժողովներն ու աշխատանքները:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ Արամ Մանուկեան կոմիտէի անդամ Ակուսթին Անանեանի «Լիզպոնի հինգին» երգին կատարողութեամբ եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ:
Իրաք
Իրաքի Սիմֆոնիք Նուագախումբի Հիմնադիրներէն Նուպար Պաշտիկեանը Կնքեց Իր Մահկանացուն
Վերջերս Իրաքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հանրայայտ հայազգի երաժիշտ Նուպար Պաշտիկեանը, որ 60 տարի առաջ իր մասնակցութիւնը բերած էր Իրաքի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի հիմնադրութեան գործին մէջ: Անոր մահով Իրաքի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը մեծ կորուստ մը կրեց:
Իրաքահայ ջութակահար Նուպար Պաշտիկեանը մեծ նպաստ ունեցած է 1948-ին սիմֆոնիք նուագախումբի հիմնադրութեան գործին մէջ: Առաջին հերթին հաստատուեցաւ Պաղտատի ֆիլհարմոնիք միութիւնը, իսկ աւելի ուշ` 1959-ին, նախագահ Քասիմի օրով նուագախումբը պետականացուելով` դարձաւ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբ:
Նշենք, որ Իրաքի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը տարածաշրջանին մէջ լաւագոյնը նկատուած է այդ օրերուն:
Վրաստան
Վրաստանի Կրօնի Գործակալութեան Ֆինանսական Եւ Գոյքային Հարցերու Ուսումնասիրման Յանձնաժողովի Նիստ
25 յուլիսին Վրաստանի կառավարութեան վարչական շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի Կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան առընթեր գործող կրօնական միաւորումներու գոյքային եւ ֆինանսական հարցերը ուսումնասիրող յանձնաժողովի ընթացիկ տարուան երրորդ նիստը:
Յանձնաժողովի քննարկման ներկայացուած էին Վրաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ Վրաստանի աւետարանական-բողոքական, աւետարանական-լութերական եկեղեցիներու կողմէ հարցեր: Վիրահայոց թեմը ներկայացուցած էր չորս հարց. ա) Ախալքալաքի շրջանի Կորխի եկեղեցւոյ գրանցումը պետական հաշուեկշիռին վրայ եւ հետագայ վերանորոգութեան աշխատանքներու իրականացումը, բ) Ախալքալաքի շրջանի Գոման գիւղին մէջ գտնուող նախկին դպրոցական շէնքի տարածքի ձեռքբերումը, նաեւ` եկեղեցի եւ մանկապարտէզ կառուցելու եւ զբօսայգի հիմնելու հարցը, գ) Թիֆլիսի Իսանի շրջանային վարչութենէն ֆինանսական աջակցութեան դիմումը` վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի վերանորոգութեան նպատակով, դ) Կրծանիսի շրջանային վարչութենէն ֆինանսական աջակցութեան դիմումը` Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մուտքի շինութեան մէջ համայնքային սրահ հիմնելու նպատակով:
Սոյն 4 հարցերէն միայն առաջինը ստացաւ դրական լուծում, երկրորդ հարցին լուծումը յետաձգուեցաւ առաւել եւս ուսումնասիրութեան համար, իսկ վերջին երկու հարցերը մերժուեցան: