Յօդուածներ

Արցախի Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ Քաղաքներուն Միջեւ Վերաստորագրուած Է Բարեկամութեան Հռչակագիր

Արցախի Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ Քաղաքներուն Միջեւ Վերաստորագրուած Է Բարեկամութեան Հռչակագիր

Սեպտեմբեր 25-ին Արցախ կը գտնուէր Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցին նպատակը Արցախի Հանրապետութեան Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ 2017 նոյեմբեր 20-ին տեսակապի միջոցով  նախաստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրի վերաստորագրումն էր: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 25-ին,  Բերձոր քաղաքի մէջ, որուն ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի...

Լիբանանահայ Արուեստագէտը Միջազգային Մրցանքի Դափնեկիր

Լիբանանահայ Արուեստագէտը Միջազգային Մրցանքի Դափնեկիր

21-31 օգոստոս Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցաւ 14-րդ աւանդական «Տանիւպ» նուագախմբային խմբավարութեան միջազգային մրցանքը, որուն կը մասնակցէին 16 խմբավարներ: Նշեալ միջազգային մրցանքի ընթացքին առաջին (Ֆըրսթ Փրայզ) եւ գլխաւոր (Կրանտ Փրայզ) մրցանակներուն տիրացաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի լարային անսամպլի խմբավար, երաժշտական տեսութեան ու ներդաշնագիտութեան ուսուցիչ, Լիբանանի սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավարներէն Կարօ Աւեսեանը: Լիբանանահայ արուեստագէտը մրցանքի գլխաւոր մրցանակին հիմամբ հրաւիրուած է...

Ակնարկ.  Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

Ակնարկ. Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

Լիբանանի կառավարազուրկ իրավիճակը կը թուի, որ երկիրը ընդհանուր անդամալուծման չէ առաջնորդած: Ընթացիկ հարցերու կառավարումը շարունակող նախարարներու խումբը նման կարգավիճակի մէջ թէկուզ սահմանափակ իրաւասութիւններով կը շարունակեն գործադիր իշխանութեան ընթացիկ գործունէութիւնը: Աշխուժութիւն ցոյց տուաւ խորհրդարանը, որ օրինագիծեր որդեգրելով անցում կատարեց նաեւ տնտեսութեան բարելաւման միտող օրակարգերու քննարկումին: Մինչ հանրապետութեան նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի համար Նիւ եորք կատարած իր այցելութեան շրջանակներուն մէջ միջնախագահական հանդիպումներու...

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

«Արիւնոտ Դրօշ»-Էն «Յաղթանակի Վարդեր» Ու Դաշնակցութեան Կարմիրը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդած հայաստանեան քաղաքական նոր հանգրուանի առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան ի դէմս քաղաքամայր Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն: Անկախ անոնց վերջնական արդիւնքէն եւ քաղաքական նոր դաշտի կազմաւորման իմաստով թելադրած անհրաժեշտ խորհրդածութենէն, կասկած չկայ, որ ընտրապայքարը ինքնին լուսարձակի տակ առնուելու առանձին երեւոյթ է: Անոր ամենաշատ աղմուկ հանած իրադարձութիւններէն մէկը եղաւ վարչապետ Փաշինեանի սատարած թեկնածուին՝ Հայկ Մարութեանի «սեւ-ու-սպիտակ» ելոյթը: Այդ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Դ. – Լուսանցքայնացուած Աւանդներ, Իրագործումներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ ալ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ու անոր ներկայացուցիչներուն կողմէ իրագործուած են այնպիսի քայլեր, որոնք անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն բիւրեղացած արժէքներուն մարմնաւորման ենթահողը կը կազմէին եւ, սակայն, միջազգային քաղաքական մրցակցութիւններու եւ խաղերու պատճառով, լուսանցքայնացուած են, մինչեւ իսկ մենք` այդ արժէքներուն տէրերս, որոշ կասկածով կամ անվստահութեամբ մօտեցած ենք անոնց կամ կը դիտենք զանոնք` ընդհանրապէս տարուելով նոյնինքն այլոց հաշիւներէն բխող...

Գրողի Անկիւն.  Լեղի Իրականութիւնը

Գրողի Անկիւն. Լեղի Իրականութիւնը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատ տարիներ առաջ, Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուելով ու այս երկիրը հաստատուելով, երեք եղբայրներով հազիւ տուն տեղ եղած էինք, երբ յանկարծ, ակամայ, պայմաններու բերումով, իրարմէ կը բաժնուէինք: Ամէն մէկս Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգներու մէջ կը սկսէինք շարունակել մեր կեանքը: Յուզումնախառն բաժանումի այդ օրերուն երեքով որոշած էինք գոնէ տարին անգամ մը եւ յատկապէս երկար շաբաթավերջի մը զուգադիպող արձակուրդին իրարու քով...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-Ի 100-Ամեակին Առիթով Յուշաքարի Բացում ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը զուգադիպեցաւ միութեան Քեսապի բանակավայրի վերանորոգումին եւ վերաբացումին: Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու, 12 օգոստոսին ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարեկան բանակումի խարուկահանդէսի նախօրեակին, Քեսապի բանակավայրին մէջ բացումը կատարուեցաւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշաքարին: ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային...

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. – Հերթական Հանդիպում. Դարձեալ Հերթապա՞հ

Մամուլում արդէն ազդարարուել է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առաջիկայ հանդիպման մասին, որը պէտք է տեղի ունենայ յաջորդ շաբաթ Նիւ Եորքում բացուող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի շրջանակներում: Շատերն են հարցնում` արժէ՞ այդ հանդիպումից ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ լուծումներ ակնկալել, առաւել եւս` ճեղքումային: Պատասխանն առաւել քան ակնյայտ է` ո՛չ: Յայտնի ճշմարտութիւն է` ամէն ինչ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Խոռոչատապ Sinusitis

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Խոռոչատապը քիթի խոռոչներու (sinuses ) բորբոքումն է: Այս խոռոչները կը գտնուին գլխուն որոշ վայրերուն մէջ, յատկապէս` քիթին շրջապատը, եւ անոնք  հաւաքաբար կը կոչուին քիթի խոռոչներ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի քիթի խոռոչներու չորս խմբաւորումներ, որոնք կ՛անուանուին` ըստ իրենց ձեւին  կամ իրենց գտնուած վայրին: Խոռոչներու չորս խմբաւորումներն են` Ծնօտային (maxillary) խոռոչներ, որոնք երկու հատ են եւ կը գտնուին քիթին աջ...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

Պաքուն Փորձում Է Քանդել Հակամարտութեան Կծիկը: Ինչպէ՞ս

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Թելի կծիկը, ինչպէս գիտենք, երկու ծայր ունի, մէկը գնդի ներսում է, միւսը` երեսին: Բնականաբար կծիկը քանդելու համար քաշում են թելի ոչ թէ ներսի, այլ երեսի ծայրից: Հակառակ դէպքում` կծիկը կը խճողուի, եւ այն քանդելու միակ միջոցը կը մնայ թրի մէկ հարուածով առաջացած «գորդեան հանգոյցը» երկու կէս անելու Մակեդոնացու միակ նախադէպը: Դատելով մեր տարածաշրջանում առկայ ռազմաքաղաքական լարուած...

Էրտողանին Նախապայմանը Յստակ Է

Էրտողանին Նախապայմանը Յստակ Է

Ա. Ա. Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Ցիւրիխեան փաստաթուղթը չեղեալ հռչակուելէն ի վեր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այսքան անկեղծ եւ յստակ յայտարարութիւն չէր կատարած: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին, որ նուիրուած էր Կովկասեան իսլամական բանակին կողմէ Պաքուի «ազատագրման» հարիւրամեակին, Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կենսական պայման մըն է, որպէսզի Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ Երեւանի հետ: Ան նաեւ...

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին.  Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-ամեակին Առիթով Տոհմիկ Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին. Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-ամեակին Առիթով Տոհմիկ Երեկոյ

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2018-ին արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր Այնճար հայաւանին մէջ: Արդարեւ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը կազմակերպած էր աւանդական տոհմիկ երեկոյ` «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ,  Մուսա Լերան 103-ամեակին նուիրուած: Այս աւանդական երեկոն կը հովանաւորէր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ, ՀՕՄ-ի...

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Ազդանշանը Տրուեցաւ Կրթական Դրութեան Բարեփոխման Եռամեայ Ծրագիրին

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Ազդանշանը Տրուեցաւ Կրթական Դրութեան Բարեփոխման Եռամեայ Ծրագիրին

Սեպտեմբեր 14-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմը գումարեց իր առաջին` վերամուտի ընդհանուր ժողովը, «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ: Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով: Մեկնելով կոյր մարդու բժշկութեան աւետարանական հրաշքի խորհուրդէն` ան անհրաժեշտ համարեց, որ մանկավարժները լաւապէս գիտակցին իրենց պաշտօնին, հասկնան աշակերտներուն կարիքները, գօտեպնդեն զանոնք ինքնավստահութեամբ, օգնեն բոլորին` ամրօրէն ոտքի մնալու գիտութեան ճամբուն վրայ եւ, ամենակարեւորը, արժանի ուշադրութիւն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Մեծ Թաղեր Գիւղին Մէջ Արցախեան Պատերազմի Զէնքերու Թանգարան Պիտի Բացուի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի Մշակոյթի տան մէջ պիտի բացուի արցախեան պատերազմի զէնքերու թանգարան: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին փոխվարչապետ, Արցախի հերոս, Արցախի նախագահի խորհրդական Արթուր Աղաբեկեանը: Անդրադառնալով Մեծ Թաղեր գիւղի Մշակոյթի տան պատմութեան` ան նշած է, որ անիկա` իբրեւ ծխական...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Վարագայ Վանքին Ժառանգաւորաց Վարժարանը Եւ «Արծուի Վասպուրական»-ը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Վարագայ վանքը Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան 1857 յունուարին ստանձնելով Վարագայ վանքին վանահայրութիւնը, սկսաւ բարեկարգութիւններ կատարել վանական կեանքէն ներս: Միաբանները սկիզբը ընդդիմացած էին անոր եւ փորձած էին հեռու պահել զայն, բայց ան անյիշաչար գտնուեցաւ բոլորին նկատմամբ: Մկրտիչ վարդապետ իր բարեհամբոյր եւ եղբայրական վերաբերմունքով շուտով բոլորին սիրոյն եւ համակրանքին արժանացաւ: Վանքին մէջ համերաշխ եւ...

Ակնարկ. Միջազգային Վարկի Ապահովման Դիտակէտով

Ակնարկ. Միջազգային Վարկի Ապահովման Դիտակէտով

Վարագոյրը իջաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վրայ: Ներհայաստանեան առումով տակաւին կը քննարկուի մասնակցութեան համեմատութիւնը. Ճշգրիտ տուեալներու հիման վրայ կը ներկայացուին քաղաքապետական նախորդ ընտրութիւններու մասնակցութեան քանակը, համապետական ընտրութիւններու եւ համայնքային ընտրութիւններու մասնակցութեան շարժառիթներու տարբերութիւնները եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի նախապէս ապահոված քուէներու չափն ու յետյեղափոխական իրավիճակին մէջ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ժողովրդային ընկալելիութեան խնդիրները: Անկախ ներքին հարթութեան վրայ տարատեսակ մեկնաբանութիւններէն, կայ մանաւանդ արդար ընտրութիւններու մասնակցած...

Արարատի Գագաթին Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ…  Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

Արարատի Գագաթին Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ… Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Ու կը շարունակենք հոգեպէս բարձրանալ արարատագնացներուն հետ. «Յուլիս 11 - Աւելի ցից ու ժայռոտ էր ճամբան, գրեթէ 5 ժամ քալեցինք ու  բարձրացանք 3200 մեթրէն մինչեւ մօտաւոր 4200 մ, օդը արեւոտ էր, կապոյտ երկինք,  քիչ մը աւելի ցուրտ: Հակառակ ցից ըլլալուն` աւելի դիւրին կրցանք բարձրանալ: Հասանք 2-րդ բանակավայրը, քիչ մը հանգիստ ըրինք, եւ հոն մեզի ըսուեցաւ, որ պէտք էր...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Բ. –  Ո՞վ Պիտի Տուժէ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Բ. – Ո՞վ Պիտի Տուժէ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցին գաղտնալսումը ապօրինի ու դատապարտելի է անտարակոյս: Անոր բովանդակութիւնը չ’արդարացներ կատարուած օրինախախտումը: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, դատական համակարգի անկախութիւնը խախտող մտահոգիչ երեւոյթ մը երեւան կը բերէ: Երեւոյթ մը, որ արդարանալի չէ Հայաստանի կառավարման համակարգը ժողովրդավարութեան հիմքին վրայ հաստատել փորձող կողմերու ճիգերուն մէջ: Համակարգը փոխելու համար նախ քաղաքական դաշտին մէջ գործող ուժերուն առարկայական...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Գ. – Արտաքին Հին-Նոր Վտանգներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութկեան 100-ամեակի նշումը եթէ առիթ է վերադառնալու անոր ստեղծած ու անկէ ժառանգ մնացած արժէքներուն, անժամանցելի աւանդներուն, նոյն ատեն հրաւէր է քաղաքական շրջահայեացութեան եւ իրազեկ ըլլալու այդ օրերէն ի վեր մեր հայրենիքը պաշարող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնք կապ ունին Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճակատագիրին, լինելութեան հետ: Հանրապետութեան արարման նախօրեակին, անոր կեանքի օրերուն թէ անկումէն ետք, շատ աւելի բացայայտ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  27-ամեայ «Այո՛»-ն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 27-ամեայ «Այո՛»-ն

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման 27-ամեակը կը տօնենք ժողովրդավարական հասունացման ճամբով եւ հայոց ազգային պետականութիւնը արմատական բարեկարգման առաջնորդելու եւ սեփական ուժերով հզօրացնելու ինքնավստահութեամբ: 21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցող Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան 95,5 առ հարիւրը, շուրջ` 2 միլիոն 57 հազար մարդ, մասնակցեցաւ անկախութեան հանրաքուէին. քուէարկողներուն շուրջ 2 միլիոն 43 հազարը (99,54 տոկոսը) «Այո՛» ըսաւ «Համաձա՞յն էք, որ...

Page 655 of 1111 1 … 654 655 656 … 1,111

Արխիւներ