ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ապագայ լրագրող
1918-ին, գրաւուած Հայաստանն ու ստրկացած հայութիւնը, 800 տարուան ընկճուածութենէ ետք, տիրացան անկախութեան: Անկախութիւնը անոնց չհրամցուեցաւ, այլ անոնք իրենց բազուկներով տիրացան անոր:
Ի՞նչ է կեանքը թռչունի մը, որ բանտարկուած է վանդակի մը մէջ: Ան լոյս աշխարհ եկած է ազատ թռչելու համար, ճախրելու համար անծայրածիր կատարներու վրայ: Կարելի չէ զայն կաշկանդել նոյնիսկ ամէնէն լաւ պայմաններուն մէջ, որովհետեւ անոր բնազդը թռչիլ կը պահանջէ:
Նոյնն է պարագան մարդ արարածին:
Ազատատենչ Միքայէլ Նալպանտեան կը գրէ.
«Մինչ գիշերը անհանգիստ
Օրօրոցում կապկապած
Լալիս էի անդադար,
Մօրս քունը խանգարած,
Խնդրում էի նրանից
Բազուկներս արձակել.
Ես այն օրից ուխտեցի
Ազատութիւնը սիրել»:
Սա կը նշանակէ, որ անգիտակից մանուկը նոյնիսկ ի բնէ ու ի ծնէ կը պաշտէ ազատութիւն եւ անկախութիւն: Եթէ մանուկը կը պահանջէ ազատութիւն, ապա ինչպէ՞ս կարելի է կաշկանդել չափահաս ու գիտակից անձ մը, կամ ինչպէ՞ս կարելի է կաշկանդել ու ազատազրկել ազգ մը ամբողջութեամբ:
Պատմութեան մէջ գրեթէ բոլոր պատերազմները մղուած են վասն ազատութեան: Ազատութիւն` երկրի, կրօնի ու գաղափարի: Ազատութիւն` մտքի ու հոգիի: Հոգիի, որովհետեւ երբ միտքը ընկճուած է, հոգին կ՛ընկճուի, եւ երբ հոգին ընկճուի, մարդ արարածը կը դառնայ յուսահատ ու ենթարկուող:
Ու Միքայէլ Նալպանտեան անդրադառնալով ճակատագիրի հետ իր երկխօսութեան` կը գրէ.
«Ազատութի՞ւն,- ինձ կրկնեց
Ճակատագիրը վերեւից.-
Ազատութեա՞ն դու զինուոր
Կամիս գրուիլ այս օրից:
Ո՜հ, փշոտ է ճանապարհդ,
Քեզ շատ փորձանք կը սպասէ.
Ազատութիւն սիրողին
Այս աշխարհը խիստ նեղ է»:
Այո՛, ազատութեան տիրանալը դիւրին չէ՛, ազատութեան ճանապարհը իսկապէ՛ս փշոտ է. ազատութեան տիրացողը անսակարկ հերո՛ս է: Սակայն հերոսութիւնը ազատութիւնը պահելուն մէջ է: Մենք, երբ տիրացանք ազատութեան, երբ հռչակեցինք անկախ հանրապետութիւն, տուինք հազարաւոր զոհեր, որոնք թափեցին արիւն, սակայն մեռան ազա՛տ` վասն ազատութեան, վասն անկախութեան: 1918-ի նորահռչակ հանրապետութեան անկախութիւնը երկար չտեւեց: Քանի մը տարի ետք մենք ինկանք ռուսական ժանիքներու մէջ: Այս շրջանին արեւելահայ ժողովուրդը զետեղուեցաւ ռուսական կաղապարի մէջ: Սակայն 21 սեպտեմբեր 1991-ին ռուսական կաղապարը կոտրուեցաւ, եւ Հայաստանն ու հայութիւնը 70 տարի ետք վերանկախացան:
Ուստի, ըլլալով տանջուած ազգ` վասն հայրենեաց անկախութեան, պարտինք զայն փայփայել ու խնամել մանուկի մը պէս: Ակնթարթով մը չէ՛, որ ունեցանք զայն: Գիտնա՛նք անոր արժէքը, ապրի՛նք անոր խորհուրդով: Երկրին ղեկը յանձնենք վստահելի, պատուախնդիր, ազգային ու հայրենասէր անձերու… սակայն կուրօրէն չպաշտենք զանոնք, որպէսզի յանկարծ անդունդ չառաջնորդուինք: Հաւատա՛նք, որ մենք ծնած ենք անկախ ու գործենք այնպիսի հեռատեսութեամբ, որ յանկարծ զայն չենթարկենք վտանգի: Արեւելահայերէնը մաքրենք ռուսերէն աղաւաղիչ արտայայտութիւններէ, իսկ արեւմտահայերէնը դարձնենք, արեւելահայերէնի կողքին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզու, որովհետեւ, ի վերջոյ, Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է, իսկ արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալու հարցը` բոլորիս մտահոգութիւնը: Մեր զաւակներուն աղօթքի պէս սորվեցնենք Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն»-ը, որ ի պահանջել հարկին` կեանքի գնով գոչեն.
«Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին,
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ կրկնեմ
Անդադար. ազատութի՜ւն»:



