ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Պետութեան մը համար մտաւորական գործնապաշտութեան տեսլական ներշնչելը ազգային դաստիարակութեան մաս կազմող պարտաւորութիւններէն է:
Տեսլականները երբեմն ինքնակոչ բնոյթ կ՛ունենան, բայց միշտ ալ գաղափարական չեն. կան նաեւ լիարժէքօրէն ընկերայինները, որոնց կարգին իմ հասկացողութեամբ անոնց մէջ առաջնակարգ բաժին կ՛ունենայ երկրի մը կառավարման ու ընկերակենցաղային համակարգի բարելաւման ու բարգաւաճման խիղճն ու հասունութիւնը կազմող ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնը, որուն մասին պիտի գրեմ այսօր, Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան 27-րդ տարեդարձին զուգադիպող բարեպատեհ առիթով:
Կ՛ըսեմ` երկրորդ հանրապետութիւն եւ հոն ալ կը մնամ: Ոմանք անհասկնալի վերլուծաբանութիւններով կը խօսին երրորդ հանրապետութեան մասին, իսկ Երեւանի մէջ 2018-ի մայիս-յունիս ամիսներուն գումարուած Լրագրողներու 9-րդ համագումարին ընթացքին լսեցի զարմանահրաշ Չորրորդ Հանրապետութեան մը մասին ալ` տիրող խաբկանքներու շփոթը բազմապատկելով:
Կը թուի, որ հանրապետութիւնները չնաշխարհիկ սունկերու պէս անսանձօրէն կը բուսնին: Մտաբերենք պահ մը միայն, որ մէկ հանրապետութիւնը միւսէն որքա՜ն մօտ, նոյնքան մըն ալ որքա՜ն հեռու, երկար եւ տարբեր է միւսէն` ժամանակով, ծաւալով, քանակով, որակով, ռազմավարական թիրախներով:
Վերադառնանք, սակայն, այսօրուան մեր բուն նիւթին, որն է ժողովրդավարութիւնը` իբրեւ մտապատկերային կառավարելաձեւ ու առօրեայ ապրելակերպ, մարդաբանական վերաբերում, ուսում-կրթութիւն-դաստիարակութիւն, ընկերաբանական հաւաքական մակարդակ, արուեստ ու քաղաքակրթութիւն, մտածողութեան ուժ ու յաճախականութիւն եւ ասոնց առընթեր բազմահնար մարտահրաւէրներ, որոնք ոճաւոր կեանքի արժէքային առաջնահերթութիւնները կը հանդիսադրեն մեր ժամանակին մէջ ապրող սերունդներու տագնապներով ու յուսախաբութիւններով:
Վերլուծա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ ձեւով ժողովրդավարական տրամաբանութիւնը մասնակից կը դառնայ հայ կեանքին մէջ, քանի քաղաքացին միշտ ալ իր բազմապատկուող պահանջները պիտի ունենայ:
Հասկցած ենք անշուշտ, որ երկրի մը մէջ որքան կը զօրանայ ժողովրդավարութիւնը, այնքան կը նահանջէ անձնակեդրոն մենիշխանութիւնը, քաղաքական կամայապաշտութիւնը, զանազան պատկերացումներով դրսեւորուող, կամ չդրսեւորուող տարբեր դիմագիծներու ետին քողարկուող բռնատիրութիւնը:
Հայաստանի մէջ 100 տարիէ ի վեր ժողովրդավարութիւնը վտանգի ենթակայ է. անկէ առաջ ալ պատկերը այնքան խրախուսական չէր, տրուած ըլլալով, որ մեր ժողովուրդը ապրած է ռուսական, պարսկական, արաբական, բիւզանդական, օսմանեան, թրքական ու խորհրդային գերիշխանութիւններու տիրապետութեան տակ: Մեր այսօրուան վիճակին համար, հիմա, չե՛նք ուզեր գիտնալ, թէ ո՛վ աւելի յանցաւոր է նախորդներէն: Հարցը դէմքերու եւ կառոյցներու կը վերաբերի ամենեւին, եւ մենք հոս չենք ուզեր տարամերժ տարբերակներու խաղին զոհը դառնալ: Գիտենք սակայն, որ կիզող երկաթը մերկ ձեռքով միայն միամիտներն ու անգէտները կը գրկեն:
Հայաստանը հայրենիք է, եկէք` պարզ տարածքի չվերածենք եւ իր ազգային ու քաղաքական դերակատարութենէն չշեղինք` զայն փոքրացնելով:
Պնդողներ կան, որ բռնատիրական վարչակարգերը, եւ աւելի լայն իմաստով ալ` բռնատիրական ըմբռնումները, վերջին տասնամեակներուն ընթացքին հետզհետէ կը մեղմանան, կը նուազին, կը հակակշռուին:
Անկեղծ ըսած` կը դժուարանամ այս տեսակէտին լիովին պաշտպան կանգնելու, քանի որքան բռնատիրութիւնը, նոյնքան մըն ալ ժողովրդավարութիւնը խաբող ու խաբուսիկ տարբեր ու տարբեր դիմապատկերներով կը ներկայանան նաե՛ւ հայ կեանքին մէջ, սա տարբերութեամբ միայն, որ խաբկանքներու շրջանը քիչ մը երկար տեւած է ու կը տեւէ:
Ժողովրդավարութիւնը հունաւորուած քաղաքակրթութեան զէն ու զրահի վերջին հաստատ վահանն է, եւ հիմնականօրէն կառչած կ՛ըլլայ պետութիւն-քաղաքացի փոխադարձ վստահութեան գրաւականին վրայ: Այս իմաստով ալ զայն կը համարեմ ժողովրդավարական ապաստանարանի վերջին բերդը. կը բաւէ միայն, որ պատմութեան մէջ ուզենք էջ մը աւելցնել` մենք մեր միջեւ երկար խօսելէ եւ լաւ հասկցուելէ ետք:
Եկէք` մենք մեզի հետ քիչ մը անկեղծ ըլլանք. դուք այդպիսի բան կը տեսնէ՞ք հայ կեանքին մէջ, երբ այդ կեանքին ընթացքը վերածուած է մէկը միւսէն աւելի բարդ, յաջորդող տագնապներու ու առօրեայ ոդիսականի արկածախնդիր զառիվերի մը նկարագրականին:
Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը մեր անկախութիւններէն ասդին բացարձակ մշակոյթ ստեղծած չէ: Մեր շարժուն թէ անշարժ կեանքը յեղափոխական օրեր չ՛ապրիր:
Ստեղծագործելու տրամադրութիւն եւ նախապայմաններ կը տրամադրէ՞. պատուհանները բանալու եւ սենեակը մաքուր օդով լեցնելու տրամադրութիւն ունի՞: Իր ներքին վախերը յաղթահարելու ուժը պիտի գտնէ՞: Սափորը շատ անգամ աղբիւր կ՛երթայ, բայց մէկ անգամ կը կոտրի:
Հայաստանի մէջ 1989 թուականէն ի վեր ծնած սերունդը, երբ կը տապալէր Պերլինի պատը եւ անոր յարակից տապալող կարգ մը այլ բաներ` Արեւելեան Եւրոպայի մէջ 30 տարեկան կ՛ըլլայ, ինչ որ ի վիճակի է որոշ յստակատեսութեամբ դիմագրաւելու ե՛ւ Գերմանիոյ, ե՛ւ Խորհրդային Միութեան, ե՛ւ անմիջականօրէն իրեն ենթակայ Խորհրդային Հայաստանի պատմական հետագայ զարգացման իրադարձութիւններու յաջորդականութեան յարակցութիւնները:
Հանդուրժողութեամբ համաձայն ըլլալն ալ յանցանքի բաժին կը կրէ իր մէջ:
Այսօր կ՛ապրինք «գոյապաշտական ընկերվարութեան» ծնունդ տուած նոր սերունդի մը հայեցակէտային խարխափող իրականութիւնը, որ մեծ ճիգով կը փորձէ իր վրայէն թօթափել դժխեմ ժամանակներու հեռաւորութիւնը, քանի «գոյապաշտական ընկերվարութիւնը» այսօր որոշ պատմագէտներու, տեսաբաններու, քաղաքական վերլուծաբաններու եւ միջազգայնագէտներու կողմէ կը համարուի «գոյապաշտական տագնապ» մը` անցեալի ու ներկայի իր հետեւանքներու պատասխանատուութեանց համեմատական չափանիշներով: Ձախը` իր առաջնահերթութիւններով, աջը` իր նախընտրութիւններով: Ամէն ինչի մէջ երկու ընտրանք պիտի ըլլայ:
Հոս պիտի արժէր թերեւս մէջբերել նոյնինքն Ուինսթըն Չըրչիլի մէկ նախադասութիւնը, որ խորհրդային համակարգը բնորոշած էր` «Առեղծուած մը` փաթաթուած առեղծուածի մը մէջ, որ իր կարգին քողարկուած է հանելուկի մը մէջ»…
Ինչպէ՞ս կ՛ընդունինք այսօր անկախութեան մեր ժառանգած պատգամները: Անոնք կ՛արտացոլա՞ն մեր կարօտն ու ակնկալութիւնները…
***
Դարեր առաջ, երբ հին ու դասական Աթէնքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ստեղծուեցաւ «տիմոքրաթիա»-ն (ժողովրդավարութիւնը), օրուան բեմերուն եւ հասարակական ամպիոններուն վրայ յայտնուեցան կեանքի ընկերային հրապարակը հարստացնող հռետորներ, ճառախօսներ, որոնք հիմնականօրէն ժողովրդավարութիւնն ու անոր բարիքները անսանձօրէն գովաբանելու ու ժողովուրդը տուեալ արժէքներով կրթելու պատմական նոր էջ մը բացին: Անոնց կողքին յայտնուեցան նաեւ «սկեպտիկիստներ» ու «տիմակոկներ», որոնք իրենց նոյնքան ճաճանչամիտ փիլիսոփայութիւնը կը հիմնէին շեշտակիօրէն այլակարծիք ըլլալու բազմազանութեան վրայ եւ ճարտար ատենախօսութեանց հրապարակումներու ոճով ժողովուրդի կիրքերը հրահրելու հայրենասիրական, ռազմական, ընկերային ու ժողովրդային հարցերու արծարծումով տարբերակուած համոզումներ կը դրսեւորէին, թէկուզ` հրահրուած խորքով ու վերլուծումներով, անհաշտ միջավայր մը ստեղծելով աթենական կեանքին մէջ: Հակառակ ասոր` աթենական ժողովրդավարութիւնը հազիւ 70-80 տարիներու հիմնադրութիւն մը ունեցաւ, բայց անոր տեւողութիւնն ու խորհրդանշական տեւականացումը` իբրեւ գաղափար, իբրեւ իմաստ, իբրեւ ժողովրդավար կառավարելաձեւ, փիլիսոփայութիւն ու խորհրդանիշ` կը գոյատեւէ դարերու խորքին մէջ, ամէն օր ու ամէն վայրկեան ինքզինք սրբագրելու եւ բարելաւելու ակնկալութեամբ, յարաբերաբար պատշաճելով դարերու պարտադրած ժամանակակից հոլովոյթի ըմբռնումներուն, անկախ տիրող ու ուռճացող գաղափարաբանական շփոթներէն: Զգուշ ըլլանք. ծափահարութիւններ կան, որոնք թիւրիմացութիւններ կը ստեղծեն:
20-21-րդ դարերու ժամանակները գլխիվայր շրջափոխուած են: Այսօր ժողովրդավարութիւնը զոհն ըլլալով համաշխարհայնացման անգութ ու հարթող գլանին` այնքան ալ գրաւիչ ու ժողովրդավար ըլլալ չի յաւակնիր, քաջ գիտնալով, որ չի ներշնչեր իր ժամանակին մէջ ապրող բազմազգ քաղաքացիները: Ալ ո՜ւր մնաց` աշխարհի իշխանութիւնները: Ժողովրդավարութիւնը դեռ իր իրական դիմագիծը ցոյց տուած չէ:
Ժողովրդավարութեան օրրան համարուող «ծեր ցամաքամասը»` Եւրոպան, իր յարափոփոխ ու լուսամիտ գաղափարներով պարզապէս քիչ մը աւելի յառաջադէմ կրնայ համարուիլ ժողովրդավարական հարցերուն մէջ մեր գիտցած Ասիայէն, Ռուսիայէն, Չինաստանէն, Թուրքիայէն, Ազրպէյճանէն, արաբական աշխարհէն, Կովկասէն:
Եւրոպական Միութեան միացման գաղափարի ճարտարապետներէն Ժան Մոնէ իր մահէն առաջ (1979), անդրադառնալով եւրոպական գաղափարախօսական հեռազգայնութիւններու մասին, մտահոգութիւն յայտնած էր` ըսելով. «Սխալ ըրինք, որ Եւրոպական Միութիւնը ստեղծեցինք. նախապէս պէտք էր ժողովրդավարութիւնը ստեղծէինք, վերջը` Եւրոպական Միութիւնը»:
Այս կը նշանակէ՞ արդեօք, որ քաղաքակրթուածօրէն յղկուած հասկացողութիւններով ժողովրդավարութեան գերգնահատուած իմաստ տուինք:
Եւրոպայի պարագային եւս, գիտենք, որ բոլոր ժողովուրդներուն ըմբռնումը ժողովրդավարական արժէքներու չափանիշներու մակարդակին նկատմամբ համազօր չեն եւ տրամաբանօրէն ալ համազօր ու համաչափ չեն կրնար ըլլալ:
Այս իմաստով հարց կը ծագի, թէ տրամաբանութիւնը քաղաքականութեան մէջ տեղ ունի՞. փաստօրէն` ի՞նչ տեղ կը վերապահուի իրեն:
2012-ին մահացած Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան տեսաբան, տնտեսագէտ, գրագէտ ու փիլիսոփայ Ռոժէ Կարոտին, Եւրոպայի անփառունակ իրավիճակներու անդրադարձող դիւանակալութեան մասին դիտել կու տար, որ` «Անցեալին ամէն ինչ քաղաքակրթութիւն էր, այսօր ամէն ինչ տնտեսութիւն է. հիմա քաղաքակրթութիւնը պիտի պատշաճեցնենք շուկաներուն»: Իսկ նոր ըմբռնողութեամբ ալ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէկ մասը իր երկրին ղեկավարութիւնը կը համարէ Պրիւքսելէն հեռաձայնով հրահանգ ստացող գործակատարի, որ կոչուած է կեդրոնի ու իր քաղաքականութեան որոշումները կամ քաղաքականութիւնը անվերապահօրէն կիրարկելու:
Ժողովրդավարութիւնը դիւրին-դիւրին ափսէի մէջ չի հրամցուիր:
Լուր առա՞ծ ենք, որ մեր օրերուն իմաստութիւնը բնորոշող նոր տեսակէտներ սկսած են յայտնաբերուիլ: Չէ՞ որ նոր տեսակէտները տեսակաւոր բազմազանութիւն կը ստեղծեն եւ խտացած իմաստները աւելի կը խտացնեն:
Այսօր ո՞ր երկիրը քաղաքակրթութիւն կ՛արտադրէ, այն իմաստով, որ դասականօրէն մտածող մարդիկ քաղաքակրթութիւնը կ՛ըմբռնեն եւ ժամանակներն ու իմաստները իրար կը խաչաձեւեն:
Բրիտանացի պատմագէտ տոքթ. Ռոպերթ Ֆոքս, որ շօշափած է 18-րդ դարէն սկսեալ քաղաքակրթական հարցեր, կ՛ըսէր, որ` «Անցեալին քաղաքակրթութիւնը անցագիր էր պետական գործի մէջ ընդունուելու համար, հիմա անգործութեան ցուցանիշի վերածուած է»:
Քաղաքակրթութեան համար քանի՞ հոմանիշ բառեր ունինք հայոց լեզուին մէջ: Վախնամ, որ սերունդ մը եւս պիտի կորսնցնենք այդ հոմանիշներու փնտռտուքի վազքին մէջ: Այնուամենայնիւ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց, որոնք հոմանիշներով զբաղեցան ու զարգացուցին զանոնք:
***
Հայաստան-Արցախ-սփիւռք, ներկայ ժամանակներու պահանջներէն բխող առաջնահերթ հրամայականներու զուգահեռ, առիթ ստեղծա՞ծ ենք խօսելու, քննելու, գործակցութեան կամուրջներ նետելու հանրապետութեանց վերաբերող ժողովրդավարական կենսափորձի հարցերու շուրջ: Կարծեմ, աւելի ճիշդ` վստահ եմ, որ ո՛չ: Բայց Հայաստանը առաջուան կարեւորութիւնը ունի՞ հայերուն համար: Արդեօ՞ք կորսնցուցինք մեր հայրենասիրութեան աւանդական «մոլեռանդութիւնը»: Հաւատարմօրէն կը ծառայե՞նք հայրենիքին: Քննենք պատճառները, ո՛չ առիթները:
Անցնող 27 տարիներուն ընթացքին, զանազան առիթներով Հայաստանի, Յունաստանի ու եւրոպական երկիրներու մէջ` Հայաստանի ու Արցախի նախագահներու, վարչապետներու, Ազգային ժողովի նախագահներու, նախարարներու, պատգամաւորներու, կուսակցապետներու եւ զինուորական բարձրաստիճան զինուորականներու հետ արծարծած եմ հայրենիքին մէջ ժողովրդավարութեան հետ անմիջականօրէն առնչուած հարցերու գործադրութեան տեսակէտներ: Խոստովանիմ, որ ո՛չ իսկ մէկ հոգի սա կամ նա ձեւով հակազդած է ըսուածներուն: Ընդհակառակը, բոլորն ալ բաւականացած են յայտնելով, որ` «պիտի սորվինք», «ատոր կարգն ալ պիտի գայ», «հազիւ դիմագրաւուին որոշ առաջնահերթութիւններ, ատոնցմով ալ պիտի զբաղինք»: Բացի մէկ պարագայէ, որ չեմ կրնար չնշել, երբ գաղութային հաւաքի մը ընթացքին նախարար մը կատարուած մատնանշումի մը դիմաց հեգնանքով հակադարձեց. «Դուք մեզ այնքա՛ն միամիտ կը կարծէք»…
Քաղաքական մարդոց աներկմիտ ու կեղծաւոր այս պատասխաններուն պատճառով մինչեւ այսօր թերահաւատ մնացած եմ. դժբախտաբար ալ սխալած չեմ: Ամէն գաղափար տեւողութիւն մը կրնայ ունենալ. ատոր ժամանակը վերջացած է:
Բայց տեսէ՛ք, ո՞վ կը շահագրգռուի այսօր ժողովրդավարութեամբ: Անկեալ նախագահ Սերժ Սարգսեան հազիւ վերջին երկու տարիներուն այդ բառը իր խօսքերուն մէջ որոշ պարագաներու աննկատ կերպով կը սպրդեցնէր: Եւ` այսքա՜ն… Իր երկու նախորդներուն բերնէն այդ բառը երբեք չէր արտասանուեր. ալ ո՜ւր մնաց` անոր իմաստը: Ժողովրդավարութիւնը կենդանի զոհն էր Խորհրդային Միութեան 7 տասնամեակներու ամբողջատիրական վարչակարգին: Մէկ օրէն միւսը կոլխոզէն ու սովխոզէն ձերբազատիլն ու փերեսթրոյքային ու կլասնոսթին ապաւինիլը այնքան ալ դիւրին գործ չէր նոյնինքն պատմական գիտութեան ու իրաւական հարթակի մշակոյթին համար: Այդ իմաստով ալ այդ արդարացումները գաղափարական որեւէ հեղինակութեան չարժանացան, որովհետեւ աւանդականօրէն գաղափարական արմատներ չունէին:
Մեր քաղաքականութիւնը միշտ ալ թերագնահատուած եղած է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ազգային ու քաղաքական կառոյցներուն հետ բնաւ ալ լաւ կապեր ունեցած չէ: Մեր փորձառութիւնն ալ մեզի սորվեցուցած է, որ մեր քաղաքական ղեկավարութիւնները դժուար համոզած են ժողովուրդը` իրենց բոլորովին զուտ ազգաշահ դիտաւորութիւններուն համար: Խնդիրը նոր էջ բանալ եւ ամէն բան իր տեղը գտնելու մտահոգութեան մէջ կը կայանայ:
Բացառիկ յատկութիւն չէ իմանալը, որ ժողովրդավարութիւնը ազնուագոյն մշակոյթ է, դաստիարակութիւն է, ապրելակերպ է, նոր իմաստներու պատշաճելու արուեստ է, ու շա՜տ ու շա՛տ մը այլ բաներ, առանձին թէ զուգահեռաբար միաժամանակ: Ժողովուրդին բացատրել պէտք է այս բոլորին առաւելութիւններն ու բարեմասնութիւնները, եւ մշակոյթի տեսլականներ ներշնչել` ազգային կազմաւորուած անհատականութեան նկարագրի մը տիրանալու համար:
Քիչ չեն երկիրներն ու ժողովուրդները, որոնք ժողովրդավարութեան ու այլեւայլ վարչակարգերու տարբերութիւնները ճիշդ զանազանել չեն յաջողիր: Հարցը լուրջ է, բայց իմաստ ալ չունի` ասոր ճիշդ համեմատութիւնները ստուգաբանելու համար հետախուզող վիճակագրութեան մը ձեռնարկելու իմաստով: Ժողովրդավարութիւնը մեր կեանքի երկրորդ դէմքն է: Երբեմն անգոյ:
Ժողովրդավարութիւնը անցողակի խորհրդանշական բան մը չէ, բայց մեր պարագային, խոստովանինք, որ կորսնցուցած է իր մրցունակութեան թռիչքը եւ վերածուած է ժողովուրդը բռնազբօսիկ վիճակներու ընդմէջէն դէպի հիասթափութիւն առաջնորդող հարկադրող վիճակի մը:
Այսօր ո՞ւր կը գտնուինք: Ոմանք կը գնահատեն, որ լաւ ճամբու մէջ կը գտնուինք: Ուրիշներ ալ, աւելի իրապաշտները կը պնդեն ճիշդ հակառակին համար: Երկուքի պարագային ալ ժողովրդավարութեան չհասունցած «առասպելը» Հայաստանին համար ե՛ւ ազգային է, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ընկերային արդարութեան վերաբերող, մանաւանդ որ հայկական պատմական յիշողութեան ու սարսափի օրերու յիշատակներ կ՛արթնցնէ: Այդ յուշը պէտք է ապրի, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը կը համարձակի ապրիլ ու գոյատեւել իր անձի մենակատարութեամբ:
Ուղղախօսօրէն` ժողովրդավարութեան ապագային շուրջ թարմացած ըմբռնողութիւն մը պէտք է զարգանայ, առանց հայու պատմախօսական իրապաշտութիւնը անտեսելու եւ առանց գաղափարական կեդրոնացումի անցեալի զոհը դառնալու, այլապէս պիտի շարունակենք վճարել անցողակի վնասներու գերակայ փրկագինը եւ պիտի խօսինք երեւակայական նուաճումներու մասին:
Պատրանքներով չապրինք. ջայլամը որքան ալ իր գլուխը աւազին մէջ մխրճէ, որսորդին փամփուշտէն պիտի չազատի…
Անբարդոյթ տրամադրութեամբ հաստատենք. հայ ժողովուրդը ֆիզիքական ու հոգեկան խոշոր վէրքեր ստացած է ժողովրդավարութեան պակասէն: Մինչեւ այսօր փորձ կը կատարուի հայրենիքի ներքին մթնոլորտը բարելաւելու` նոր հայու ինքնութեան մը կերտումով, այնպիսի բարեկարգուած միջավայրի մը մէջ, ուր հայրենասիրական տրամաբանութիւնը ամէնէն զարմանալի կաշառակերութեան դէպքերուն դիմաց պատասխան մը չի կրնար գտնել:
Մեր պատմութիւնը մեր հազարամեակներու պատմութեան անխուսափելի ու անառարկելի շարունակութեան հետեւանքն է` իբրեւ իրադարձութիւններու խաչմերուկ ունենալով անկիւնադարձային թուականներ` 1915, 1918, Բ. Համաշխարհային պատերազմը եւ այդ տարիներու իր տուած բազմահազար զոհերով, Արցախի ազատագրումը, 1991-ի Հայաստանի հանրապետականացումը: Ասոնք քով-քովի կը շարենք, որովհետեւ առանց այս թուականներուն` մեր պատմութիւնը պակասաւոր կ՛ըլլայ: Ասոնցմով ալ ատոնց առաջնահերթութիւններու մրցունակութիւնն ալ կը տժգունի, քանի մրցակցական քաղաքականութիւնը շատ դժուար բան եղած է: Բայց պէտք է այդ մասին գրել, քանի անոր յուշը մեր պատմութեան մասունքներուն կը պատկանի իր յայտնի թէ անյայտ հեռանկարներով:
Հայաստանի ապագան ձեւով մը ծանօթ է, մասամբ ալ` անծանօթ:
Գիտէ՞ք, թէ որքա՜ն մեծ շփոթ կը տիրէ ասկէ-անկէ անցեալին հրապարակուած ու ներկայիս հրապարակուող քաղաքական անհիմն ու վիճայարոյց վերլուծումներու, մեկնաբանութիւններու, զանազան հարցերու շուրջ կատարուող գնահատումներու պատճառով, որոնք մասնաւորաբար սխալ ուղղութիւններով կ՛առաջնորդեն մեր սերունդներու բարոյական ընտրանքները: Այս շփոթները մտահոգիչ են, որովհետեւ գին չունին: Դժուար է երիտասարդ ըլլալ այսպիսի միակտուր շրջապատի ու միջավայրի մը մէջ, ուր աւելի մեծերը կը պատսպարուին անցեալի գաղափարական թղթապանակներու, իսկ աւելի նորերն ալ կը պահուըտին ներկայի յստակ-անյստակ ըսածներու եւ ըրածներու վարագոյրի ետին:
Մեր ազգային ռազմավարութեան ընտրանքները պարզ ու հասկնալի բառերով պիտի բացատրուի՞ն երիտասարդներուն: Մեր ազգային մարտավարութիւնն ու դիմադրականութիւնը ծերացած է կարծես:
Ընտրութեան առիթ կը տրուի՞: Նախընտրութեան իրաւունք ունի՞նք Հայաստանի մը հաշուոյն, որ կամաց-կամաց եւ անխուսափելիօրէն չափահաս կը դառնայ: Ժամանակը եկած չէ՞ քիչ մը աւելի լուրջ բաներու մասին խօսելու, քանի հայրենասիրութիւնն ալ քիչերու համար մնացած է` ամէն բանի յարմարող պատեհ սնոտիապաշտութեամբ:
Հայրենասիրութիւնը հակակշռելի՞ է:
Իրապաշտ մօտեցումով, եկէք, մենք մեզի հարց տանք: Մեր ազգային ու գաղափարական մարտահրաւէրները ինչպէ՞ս ժողովրդավարական համարել, երբ անոնք չեն բազմապատկուիր որակային անհրաժեշտ յանդգնութեամբ, երբ գաղափարական «շահերը» իրարու հետ չեն ներդաշնակուիր:
Ժամանակները զիրար կը կրկնեն եւ կը վերապրին իրենց ձախողութիւններուն տագնապը: Զգացական տարբերութիւններէ բխող վտանգները միշտ առկայ պիտի ըլլան` յիշեցնելով անհեթեթի թատրոնը:
Առակագիր Եզովբոս միտք մարզող ոճով կը թելադրէր որեւէ գէշ բանի առաջքը առնել առաջին վայրկեանէն, այլապէս, երբ ուշանայ ու մեծնայ, աւելի դժուար կ՛ըլլայ անոր դիմագրաւումը:
Փաստ է, որ հայ կեանքին մէջ ազգային սխալներ օգտագործուեցան ճիշդ թէ սխալ մարդոց կողմէ, ճիշդ թէ սխալ պարագաներու, տարբեր որակներու ընտրանքը խափանելով:
Եզրակացնենք. պատմական հաշիւներ ունինք բանալիք ու փակելիք. բանա՜նք, փակե՜նք. հասնինք մինչեւ վերջ, այլապէս, գացող-եկող ղեկավարութիւնները պիտի գան ու երթան` առանց որեւէ կնիք ձգելու իրենց անցքին վրայ, ապրելով ու ապրեցնելով մեր հնամենի պատմական ողբերգութեան անէծքը: Հարց է արդէն, թէ ղեկավարութիւնները ազգային ո՛ր հարցերուն երաշխաւորութիւն կու տան:
Ինչ որ կը մսխենք, լաւագոյնը չէ, անհրաժե՛շտն է: Անհրաժեշտը լաւագոյնի կրնանք վերածել: Առարկայական դատողութիւնը համապատասխան է իր որակին ու արժէքին, երբ մանաւանդ պառակտումին չափը անծանօթ կը մնայ:
Ուստի պէտք է յստակ գիտնանք, թէ ի՛նչ կը տօնենք այսօր: Այս մէկը քաղաքականութեան հարց է: Տեսլականներով սերունդներ կը զարգանա՞ն, թէ՞ երիտասարդութեան բացակայութիւն կայ: Երիտասարդներուն կէսը պատմութիւն գիտէ, մնացեալ կէսը անտեղեակ է: Պատմութիւնը կը սորվեցնէ այն, ինչ որ ուրիշներ չեն դասաւանդեր: Բայց մեր պատմութիւնը վտանգի ենթակայ է:
Բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են:
Ժողովրդավարութիւնը իր նկարագիրը կը փնտռէ մեր հանրապետութեան մէջ: Ժամանակ տանք, որ բարգաւաճի: Բռնատիրական վարչակարգերը տեւական կեանք չեն ունենար եւ կը վերարժեւորեն իրենց դերը ժամանակին մէջ:
Կովկասի մէջ, Հայաստանէն զատ, մնացեալ երկիրները «եւրոպական» չեն համարուիր արդէն:
Մտքի ու զգացումներու մսխումի ժամը անցած է. մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր շարունակութիւնը. փոխենք մեր հռետորականութիւնը. կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր ժողովրդավարութիւնը կը մսխէ իր առաքինութիւնն ու առաքելութիւնը:
Հայերը կ՛երթան, բայց Հայաստանը կը մնայ:
Անորոշութի՞ւնը, թէ՞ հանդուրժողականութիւնը պիտի ընտրենք իբրեւ հեռանկար:
Աթէնք