ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այսօր համայն hայութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակը:
Այս տարի, սակայն, վերանկախացման տօնակատարութիւնը կը տարբերի նախկիններէն: Կը տարբերի այն իմաստով, որ Հայաստանը կ՛ապրի տարբեր ազգային, շրջանային եւ ընկերային-տնտեսական մթնոլորտի մը մէջ: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր մէկ բռունցք դարձած է եւ հաւաքած է իր մտային ու ֆիզիքական ուժերը` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճման:
Տասնամեակներ շարունակ զրկուելով ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան օդը շնչելէ` 21 սեպտեմբեր 1991-ը հայութեան վերընծայեց Արամ Մանուկեաններու, Սիմոն Վրացեաններու եւ Լեւոն Շանթերու պատկերացուցած Հայաստանը: Հայաստան մը, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի ունի խօսքի, մամուլի եւ խղճի ազատութիւն, եւ ուր ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքին առջեւ` առանց ցեղի, սեռի կամ դաւանական-կրօնական խտրութեան:
Տասնամեակներ շարունակ եռագոյնն ու «Մեր հայրենիք»-ը տարագիր դարձած էին, սակայն Վրացեաններու, Լեւոն Շանթերու, Նիկոլ Աղբալեաններու եւ ազատասէր մարդոց դաստիարակութեան ոգիով է, որ ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանը ապրեցաւ սերունդներուն մէջ: Սերունդներ, որոնք Հայաստանի վերանկախացումը չտեսան, բայց անոնց շուրթերը արտասանեցին «Մեր հայրենիք»-ը, անոնց ձեռքերը բարձրացուցին եռագոյնը, աչքերը կարդացին Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ն ու Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», եւ անոնց յիշողութիւնը տարեկան աւանդութիւն դարձուց Փետրուարեան ապստամբութեան յիշատակումը` յոյսով, որ օր մը նոր Համազասպներ պիտի ծնին եւ իրականացնեն 1921-ի փետրուարին ինկած ազատամարտիկներուն երազը:
Եւ ահա եկաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ը, եւ վերանկախացաւ Հայաստանը: Ցնծաց համայն հայութիւնը, մանաւանդ անոնք, որոնք երկար պայքարեցան, որպէսզի հայրենիքը տեսնեն ազատ,անկախ ու ժողովրդավար, եւ այդ թուականէն սկսեալ հայութիւնը վերստին իր ուժը սկսաւ ներդրելու յանուն իր հայրենիքին զարգացման:
Բայց եւ այնպէս հարցադրումներ կը ծագին մեր մտքին մէջ: Արդեօք վերանկախացումը իրեն հետ բերա՞ւ Արամ Մանուկեաններու, Նիկոլ Աղբալեաններու, Սիմոն Վրացեաններու եւ այլոց ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան արժէքները. արդեօք վերանկախացումը կերտե՞ց մտածումով անկախ հայուն տունը. արդեօք իւրաքանչիւր ազատ հայ զգա՞ց, որ նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները իր ձայնը պիտի լսեն. արդեօք նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները դարձա՞ն սերունդներու ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սիրոյն պայքարողներու իշխանութիւններ. արդեօք նորանկախ Հայաստանը նոյն Վրացեաններու, Աղբալեաններու եւ Շանթերու իտէալներով պատկերացուած Հայաստա՞նն էր:
Դժբախտաբար «Ո՛չ» պիտի ըլլայ պատասխանը:
Բայց «Ոչ» պիտի ըլլայ ոչ թէ այն իմաստով, որ իշխանութիւնները քննադատելը կը նշանակէ հայրենիքին դէմ ըլլալ, այլ ճիշդ հակառակը` քննադատել իշխանութիւնները` հայրենեաց սիրոյն համար: Սիրելով հայրենիքը` ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար հայրենիքը: Ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար հայու հայրենիքը:
Բոլորիս յիշողութեան մէջ արմատացած են վերանկախացման շրջանի առաջին թուականները: Դժբախտաբար` մութ թուականներ, երբ կը փակուէին թերթեր, որոնք կը քննադատէին իշխանութիւնները, երբ կը բանտարկուէին ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ կ՛արգիլուէին կուսակցութիւններ, որոնց գաղափարական շունչով էր, որ վերանկախացաւ Հայաստանը:
Անոնք չէին քննադատեր քննադատութեան սիրոյն, այլ` հայրենիքի սիրոյն: Կը քննադատէին սանձարձակ սեփականաշնորհումները, որոնք պատճառ դարձան լայնածաւալ անգործութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթի: Կը քննադատէին մենատիրութիւնը, որուն հաստատումը ժողովրդավարութեան համար տասնամեակներու պայքարի դաւաճանութիւնն էր:
Պոլշեւիկեան միակուսակցական եւ բռնատիրական կարգերուն յաջորդեցին սակաւապետական եւ մենատիրական կարգերը:
Ո՛չ, սակաւապետութիւնն ու մենատիրութիւնը չէին Վրացեաններու, Շանթերու եւ Աղբալեաններու երազները:
Անոնց երազը ազատ, ժողովրդավար եւ ընկերային արդար կարգերով օժտուած Հայաստանի երազն էր:
Այդ երազը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ, եւ անոր իրականացումը անցնելիք երկար ճամբայ ունի:
Ներկայիս ճակատագրական պահեր են Հայաստանի համար: Ճակատագրական` այն իմաստով, որ զարկ տանք հայրենիքի ժողովրդավարացման, քաղաքացիական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ամրապնդման, ընկերային եւ տնտեսական արդար կարգերով հայրենիքի մը կերտման: Յիշեալ կէտերը իրականացնելով է, որ կ՛իրականացնենք ազատ հայու երազը` ազատ հայրենիքի մէջ:
Շնորհակալութի՛ւն` բոլոր անոնց, որոնք Խորհրդային Միութեան խաւար օրերուն վառ պահեցին ազատութեան ջահը հայկական ընկերութեան մէջ: Առանց ձեր ազատասիրութեան կամքին` մեր նախորդ սերունդը մեզ պիտի չկարենար փոխանցել անկախութեան ջահը, եւ մենք չէինք կրնար նոյնիսկ ազատութեան իտէալներ գտնել: