ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Տիսքոթեք», կամ կրճատուած ձեւով` «Տիսքօ»:
Երիտասարդական պարելու վայր մը, որ Միջին Արեւելքի մէջ բոլորովին տարբեր իմաստ ունի: Կը նշանակէ ձայնապնակներ վաճառելու, կամ ձայներիզ` «քասեթ» արձանագրելու վայր:
Պուրճ Համուտի մէջ ամէն քայլափոխի կը հանդիպէինք այդ «տիսքոթեք»-ներուն:
Լիբանանի առաջին «տիսքոթեք»-ը կը գտնուէր Պուրճ Համուտի մայր պողոտային վրայ, որուն դիմացի փողոցէն կը սկսէր «Արաքս» նշանաւոր շուկան: Սեփականատէրը` Անդրանիկ Մարտիրոսեան, հանրածանօթ էր: Հազուագիւտ էին գէթ անունով զինք չճանչցողները:
Սկսած է որպէս ձայնասփիւռ նորոգող, իսկ աւելի ուշ իր արհեստանոցը վերածած է «տիսքոթեք»-ի: Իր մօտ կարելի էր գտնել հայկական աշուղական եւ ժողովրդային երգերու ձայնապնակներու ճոխ հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ` օգտագործուած երաժշտական ծախու գործիքներ:
Հայկական որեւէ ձեռնարկի բարձրախօսներու դասաւորումը կատարելու համար կը դիմէին իրեն:
Վաճառատունը խճողուած էր անգործածելի ձայնասփիւռներով եւ ձայնագրիչ մեքենաներով, ինչ որ կը դժուարացնէր այցելուի մը քայլերը:
Երկար տարիներ իր «տիսքոթեք»-ը եղած էր երաժիշտ-երգիչներու ժամադրավայր մը:
Մարտիրոսեանը մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի մէջ հայերէն էսդրատային երգի ծնունդին ու տարածման մէջ: Իր առաջարկով եւ միջնորդութեամբ է, որ ձայնապնակներու արտադրիչ Դանիէլ Տէր Սահակեանը ծանօթացած է Ատիս Հարմանտեանին, եւ այդպիսով ծնունդ առած է բոլորիս ծանօթ էսդրատային երգի աննախընթաց յաջողութիւնը:
1970-ականներուն սկիզբը տակաւին համացանց գոյութիւն չունէր: Հեռաձայնային կապերը Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հետ այնքան ալ դիւրին չէին: Արեւմտեան երկիրներէն լիբանանահայ երգիչ մը հրաւիրելու համար ներկայացուցիչ մը անձամբ կը ժամանէր Լիբանան եւ հայ երգիչներու հետ կապուելու եւ պայմանաւորուելու համար կը դիմէր Անդրանիկ Մարտիրոսեանին, որ ծանօթ էր բոլորին: Անոնց անպաշտօն «իմփրէզարիօ»-ն էր եւ այդ գործը կը կատարէր սիրայօժար` առանց միջնորդի նիւթական իր արդար իրաւունքը պահանջելու:
Համաձայնութիւնները կը կայանային իր քով, որ իրականութեան մէջ արուեստագէտներու «ակումբ» մը կարելի էր անուանել:
Շատ մը երգիչներ, իրենց ձայնագրութիւնը հազիւ աւարտած, նախքան ձայնապնակի մը վերածուիլը, կը դիմէին Մարտիրոսեանին, որպէսզի վերջինս, ունկնդրելէ ետք, իր կարծիքը տայ, թէ որեւէ փոփոխութեան կարիքը կա՞յ: Երաժիշտի մը չափ գիտելիքներ ունէր եւ ուշադիր ունկնդրելէ ետք, քանի մը «դիտողութիւններ»-ով կը յանձնարարէր, որ դարձեալ ձայնագրուի այդ երգը: Յաճախ ներկայ կ՛ըլլար հայկական երգերու ձայնագրութիւններուն եւ սթիւտիոյի մէջ, տեղւոյն վրայ կը մատնանշէր կարգ մը վրիպումներ:
Քանի մը ամիս առաջ, բաւական յառաջացած տարիքին, մեզմէ յաւերժ բաժնուեցաւ հայկական «տիսքոթեք»-ներու ռահվիրան: Այդ կենսուրախ մարդը իր կեանքին վերջին տարիներուն ունեցաւ դժբախտ կեանք մը: Կորսնցուց իր դուստրը` երիտասարդ տարիքին, անբուժելի հիւանդութեան մը պատճառով, իսկ աւելի ուշ, Քանատայի մէջ նոյնպէս երիտասարդ տարիքին արկածի մը զոհը գնաց իր տղան` Արա Մարտիրոսեանը:
Արան, նախքան Քանատա գաղթելը, երկար տարիներ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին ձայներու եւ լոյսերու պատասխանատուն եղած էր: Ընկերային էր ու ծառայասէր: Թատրոնի եւ երաժշտութեան նուիրեալներուն սիրելին էր Արան:
***
Մար Մխայէլի վերջաւորութեան, Նոր Հաճըն թաղամասի մուտքին, Երկաթէ կամուրջին ճիշդ տակը կը գտնուէր V.O.S. (Voice of Stars) «տիսքոթեք»-ը, որ աւելի հանրածանօթ էր որպէս ձայնապնակներու արտադրիչ:
Սեփականատէրը` Դանիէլ Տէր Սահակեան, երկար տարիներ արաբերէն ձայնապնակներու արտադրիչ եղած էր, եւ իր առաջին հայերէ՛ն ձայնապնակներու արտադրութիւնը եղաւ Ատիս Հարմանտեանին «Ծաղիկներ»-ը: Քաջալերուած աննախընթաց յաջողութենէն` դադրեցաւ օտար երգեր արտադրելէ եւ երկար ժամանակ եղաւ արտադրիչը զանազան հայ երգիչներու, որոնցմէ կարելի է յիշել` Ատիս Հարմանտեանը, Արա Կիրակոսեանը, Արա Քեքեճեանը, «Five Fingers», Վաչէ Երամեանը եւ շատ ուրիշներ: Աւելի ուշ սկսաւ ձայնապնակներ արտադրել հայրենիքի նշանաւոր արուեստագէտներու եւ, այսպիսով, անոնց երգերը սկսան տարածուիլ նաեւ սփիւռքի մէջ:
Իր մօտ յաճախ կը հանդիպէինք Ատիսին, Արա Քեքեճեանին եւ Արա Կիրակոսեանին, ինչպէս նաեւ` Վաչէ Երամեանին, որ իր ձայնագրութիւններուն համար Հալէպէն քանի մը օրուան համար կ՛այցելէր Լիբանան:
***
Դանիէլ Տէր Սահակեանէն… Դանիէլ Մածունեանի Ամանոս թաղամասի մէջ գտնուող «Pholidisc» հաստատութիւնը: (Pholidisc կրճատումն է 3 տարբեր մասնաճիւղերու: Photo-Librairie-Discothèque):
Երկու Դանիէլները իրարու հակապատկերներ էին: Տէր Սահակեանը` ճարպիկ վաճառական մը, իսկ Մածունեանը վաճառականութենէ շատ հեռու էր: Իրեն համար նիւթականը եղած է երկրորդական: Կը փորձէր իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալ հայ արուեստին: Տէր Սահակեանին եւ Մածունեանին շատ բան կը պարտինք: Առաջինին միջոցով է, որ տարածուեցաւ հայերէն էսդրատային երգը, իսկ Մածունեանին ամենագնահատելի գործը եղաւ երգահանդէսներու եւ հանդիսութիւններու ձայնագրութիւնները, զոր կը կատարէր մեծ հաճոյքով, յաճախ անվճար, մինչ Տէր Սահակեանը իր գործը կ՛ընէր` որպէս շահի աղբիւր, ինչ որ իր արդար իրաւունքն էր: Մէկը իբրեւ շահի աղբիւր, միւսը` որպէս ազգային պարտականութիւն:
«Pholidisc»-ը թատերասէր, երաժշտասէր, գրականասէր արուեստագէտներու ժամադրավայր մըն էր: Իր քով յաճախ կը հանդիպէինք զանազան երգիչներու, թատերասէրներու, դերասաններու եւ բեմադրիչներու, ինչպէս` Վարուժան Խտըշեան, որուն թատերախումբին շրջան մը մաս կազմած է Դանիէլը: Հոն կը հանդիպէինք նաեւ հանրածանօթ դէմքի մը, որ ո՛չ երաժիշտ էր, ո՛չ երգիչ, ո՛չ ալ դերասան: Այդ անձը յայտնի մտաւորական, կուսակցական գործիչ եւ հռետոր բժիշկ Բաբգէն Փափազեանն էր, որուն դարմանատունը կը գտնուէր «Pholidisc»-ին դէմը: Սիրելի բժիշկը կը խօսէր արտագաղթի մասին, որուն այնքա՜ն դէմ էր եւ հաճելի խօսակցութեամբ կը գրաւէր բոլորիս սրտերը:
Այդ տարիներուն ներկայ օրերու նման բջիջային հեռաձայններ գոյութիւն չունէին, որպէսզի ամէն քայլափոխ կարենայինք նկարել: Փոխարէնը` ունէինք Դանիէլին նման հարազատ ընկեր մը, որուն անբաժան մասնիկն էր լուսանկարչական գործիքը, եւ շատ յաճախ ան կը յաւերժացնէր յիշատակելի պահեր, երբ խմբովին հաւաքուած ըլլայինք իր «ակումբին» մէջ: Քանի մը օր ետք մեզի կը յանձնէր այնպիսի նկարներ, որոնց արժէքը ներկայիս շատ աւելի կը գնահատենք, քան` անցեալին:
Դանիէլը արուեստագէտ էր բառին իսկական առումով: Արուեստագէտը միայն երաժիշտը, երգիչը կամ գեղանկարիչը չէ: Արուեստագէտ է նաեւ այն անձը, որ իր գործը հաւատալով կը կատարէ: Քանի մը յաճախորդ ճամբելուն ներկայ գտնուած եմ, որոնք եկած են անորակ կամ թրքաբարոյ երգեր արձանագրել տալու: Նախ կը համոզէր, որ հրաժարին նման երգեր ունկնդրելէ, իսկ երբ այդ անձը հաստատ մնար իր որոշումին վրայ, Դանիէլ դողդողացող ձայնով կ՛ըսէր. «Անորակ երգեր արձանագրելով, քանի մը լիբանանեան ոսկի ապահովելու համար, ինքզինքս չեմ նուաստացներ: Հրամէ», եւ ցոյց կու տար խանութին դուռը:
Դանիէլ Մածունեանը հեռացած է այս աշխարհէն: Վերջերս, յուզումով հետեւեալ գրութիւնը կարդացի «Ազդակ»-ի մէջ.
Դանիէլ Մածունեան ներկայ գտնուած եւ արձանագրած է իր ժամանակի գլխաւոր բոլոր ձեռնարկներն ու հանդիսութիւնները, որոնք արխիւային հարուստ շտեմարան մը կը կազմեն գաղութին պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար: Այդ արխիւին մաս կը կազմեն 1960-ական, բայց մանաւանդ 1970-ական եւ 1980-ական տարիներուն լիբանանահայութեան ապրիլ 24-ի, մայիս 28-ի, ՀՅ Դաշնակցութեան օրուան եւ ազգային այլ ձեռնարկներու լրիւ արձանագրութիւնները, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի զանազան ձեռնարկներու ամբողջական ելոյթները, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական բազմաթիւ արարողութիւններու եւ դասախօսական շարքերու ձայներիզներն ու տեսերիզները:
Այս բոլորը, աւելի քան 330 ձայներիզ, տեսերիզ եւ տեսանիւթ, Դանիէլ Մածունեանին ընտանիքը ողջունելի քայլով մը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` Դանիէլ Մածունեանի յիշատակը յաւերժացնելու եւ արխիւային նման նիւթերով կեդրոն մը ստեղծելու իբրեւ առաջին քայլ:
Երկար տարիներու վաստակդ չկորսուեցաւ, սիրելի՛ Դանիէլ: Քեզ լաւ հասկցող կինդ եւ զաւակներդ գիտցան կորուստէ փրկել երկար տարիներու աշխատանքդ:
***
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մօտ, առեւտրական կեդրոնին մէջ կը գտնուէր Արա Քեքեճեանին «Music Center»-ը, որ սկսած է որպէս «տիսքոթեք», իսկ աւելի ուշ դարձած է ո՛չ միայն Պուրճ Համուտի, նաեւ Լիբանանի առաջին հաստատութիւնը, ուրկէ մարդիկ քանի մը օրով վարձու կ՛առնէին իրենց նախընտրած տեսերիզները ու քանի մը օր ետք կը վերադարձնէին տարբեր ժապաւէն մը վարձելու համար: Այդ տարիներուն չկար օրական 24 ժամուան հեռատեսիլի յայտագիրներ: Պատերազմ էր, եւ մարդիկ մեծ մասամբ անգործ տունը նստած, զբաղումի լաւագոյն միջոցն էր, եթէ անշուշտ ելեկտրական հոսանք ունենային:
«Գլուխ քերելու ժամանակ չունէր» Արան: Երբ առիթներով հանդիպէի իր մօտ, հազիւ քանի մը բառ փոխանակած` կը մեկնէի քովէն: Ընկեր-բարեկամի հետ խօսիլը իրեն համար ժամանակի կորուստ էր:
Արան եւս մաս կը կազմէ «հեռացած ընկերներ»-ու փաղանգին:
***
Արա Քեքեճեանի եղբօրորդիին` Խաժակ Քեքեճեանի «Բագին»-ը (ոչ մէկ կապ` համանուն գրական ամսագրին հետ) կը գտնուէր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի մուտքին: Խաժակ իր հօրեղբօր` Արային նման քասեթներ կ՛արձանագրէր, իսկ աւելի ուշ ինք եւս սկսաւ տեսերիզներ վարձու տալ:
Խաժակին հետ բարեկամներ եղած ենք, սակայն իր քով բարեկամական այցելութիւններ բնաւ տեղի չէին ունենար: «Գործի ժամանակ` գործ»: Այս էր Արային եւ Խաժակին նշանաբանը:
Իր մօտէն կարելի էր նախապէս ապահովել «Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահի մէջ կայանալիք ձեռնարկի մը տոմսերը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Խաժակ գաղթեց Լոս Անճելըս, ուր քանի մը առիթներով տեսնուեցանք: Յաւիտենական դժգոհ մըն էր: Երկար տարիներ մնաց «Հրեշտակներու» քաղաքը, բայց բնաւ չհաշտուեցաւ այդտեղի կենցաղին, եւ իր իսկ խօսքերով, նախընտրելով Պուրճ Համուտի նեղ ու աղմկոտ փողոցները, վերջնականապէս վերադարձաւ Լիբանան:
***
«Սանթրալ» շարժապատկերի սրահին ճի՛շդ դէմը կը գտնուէր Ատիս Հարմանտեանին «տիսքոթեք»-ը` Adisc: Ատիս իր հօր անուշավաճառի գործը յանձն առած էր, սակայն իր շատ արագ յաջողութենէն ետք, որպէս հայերէն էսդրատային երգիչ, բնականաբար չշարունակեց անուշավաճառի ընտանեկան գործը եւ վերածեց «տիսքոթեք»-ի:
Ատիսի փառքի տարիներն էին եւ շատ յաճախ կը ճամբորդէր` «տիսքոթեք»-ը վստահելով իր եղբայրներուն: Բաւական ընդարձակ էր «տիսքոթեք»-ը, եւ ետեւի մասը տրամադրած էր իր նուագախումբի փորձերուն:
***
Թրատ թաղի մէկ աննշան անկիւնը կը գտնուէր Ճօ Թաշճեանի փոքր, շատ փոքր «տիսքոթեք»-ը: Փոքրիկ կրպակ մըն էր, սակայն կրնամ վստահեցնել, որ ամենաբծախնդիր արձանագրողներէն մէկն էր Ճօ: Իւրաքանչիւր ձայնագրուած քասեթ, նախքան յաճախորդին յանձնելը, դարձեալ ունկնդրելով` կը վերստուգէր, քանի որ շատ յաճախ ելեկտրականութիւնը «կը խաղար» եւ կ՛ազդէր ձայնագրութեան որակին վրայ:
Շրջանի բոլոր «տիսքոթեք»-ները հայկական հին անգտանելի երգի մը համար կը դիմէին իրեն: Իր քով կարելի էր գտնել հայերէն երգերու ամենաճոխ հաւաքածոն:
Շրջան մը աշխատակցած է «Վանայ Ձայն»-ին հետ` յայտնաբերելու, թէ երգիչի մը ո՛ր երգը առնուած է թրքերէն եղանակէ մը, եւ երբ փաստէր, որ այդ եղանակին բնագիրը թրքերէն է, սոյն երգն ու մեկնաբանողը անմիջապէս կ՛անցնէին «Վանայ Ձայն»-ի «սեւ ցանկին» վրայ:
***
Կարճ ժամանակի մը համար ես ալ ունեցած եմ իմ անձնական «տիսքոթեք»-ս` «Disco Paul», որ կը գտնուէր Թրատ թաղին մէջ, կուրանոցին մօտերը:
Նապաայի անկումէն եւ Պուրճ Համուտի իսլամներու գաղթէն ետք, անոնց խանութները լքուած էին եւ ոչ հայերու կողմէ չգրաւուելու միտումով, այդ դատարկ խանութները հայկական ակումբներու կողմէ, «բաժնուեցան» հայ զինեալ տղոց:
Որպէս հայկական թաղերը պաշտպանող նախկին զինեալի` ինծի եւս բաժին ինկաւ այդ խանութներէն մէկը, եւ նկատի ունենալով երաժշտութեան սէրս` յարմար նկատեցի վերածել «տիսքոթեք»-ի:
Կը բանայի օրական քանի մը ժամ միայն: Ամէնօրեայ գործէս չէի հրաժարած: Եղած էր բարեկամներու ժամադրավայր մը:
Ներկայիս վերը յիշուած «տիսքոթեք»-ներէն եւ ո՛չ մէկը գոյութիւն ունի` բացի «Ճէ-Քա»-էն, որ տակաւին կը գտնուի նախկին «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճին մօտ: Օրերը փոխուած են քասեթները թանգարաններու մէջ միայն կարելի է գտնել, իսկ խտասկաւառակներու գործածութիւնը զգալաբար նուազած է: Շատ հաւանաբար անոնք եւս վերցուին հրապարակէն, սակայն ուրախ եմ, որ գէթ մէկ նմուշ մնացած է Պուրճ Համուտի պանծալի օրերը յիշեցնող «տիսքոթեք»-ներէն:
Պուրճ Համուտի մէջ ամէն քայլափոխի կարելի էր հանդիպիլ հայկական «տիսքոթեք»-ի մը: Հայերէն երգը կը տարածէին, սակայն կային որոշ թիւով հայեր, որոնք տակաւին կը սիրէին ցեղասպան թուրքին երգերը ունկնդրել: Հայկական ակումբները խստիւ արգիլած էին թրքերէն քասեթներու արձանագրութիւնը: Կային քանի մը գաղտնօրէն թրքերէն երգեր արձանագրողներ: «Հայ գաղտնի ոստիկաններ», որպէս «յաճախորդ», կը ներկայանային եւ կ՛առաջարկէին թրքերէն քասեթի մը արձանագրութիւնը: Վա՜յ անոր, որ իյնար թակարդը: Նախ` կ՛ազդարարուէր, որպէսզի չկրկնէ այդ սխալը, իսկ կրկին յանցանքի վրայ բռնուողները կը ստանային իրենց արդար պատիժը: Մեր արթուն պահակներն են հայկական ակումբները:
Թող չփորձեն «կրակի հետ խաղալ»:
Հայկականութիւն կը բուրէ Պուրճ Համուտը` իր դպրոցներով, եկեղեցիներով եւ ակումբներով: Անցեալին` նաեւ իր «տիսքոթեք»-ներով, որոնք բարձրախօսներէն հայերէն երգեր կը սփռէին ամէնուրեք: Փողոցներէն անցած ժամանակ ականջներուդ կը հասնէր Ատիս` իր «Ծաղիկներով» ու «Բարտիներով»: Քանի մը քայլ անդին Գաթրճեանին «Տլէ եաման»-ն ու «Արմէնեան հողը» կը լեցնէին մթնոլորտը, իսկ տարբեր փողոցներէ Մանուէլ, Յարութ, Մաքսիմ եւ Փոլ կը լսէինք: Իսկական Հայաստան մըն էր Պուրճ Համուտը, ուր շարժապատկերի սրահներն անգամ հայկական անուններ կը կրէին:
Այսօր Պուրճ Համուտի մէջ ո՛չ շարժապատկերի սրահ մնացած է, ո՛չ ալ «տիսքոթեք», սակայն իր մշակութային կեդրոններով, հայ մամուլով, ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս Պուրճ Համուտը կը մնայ լիբանանահայութեան բաբախող սիրտը:
Լոս Անճելըս, 2018
Ուրախ եւ տխուր յուշեր արթնցան մէջս երբ կարդացի այս յօդուածը, համարեայ բոլոր նշուած «տիսքոդեքերը» եղած եմ սակայն ինձ համար նշանակալից եղած են անոնցմէ երկուքը (Pholidisc)-ը եւ Jeka-ն․ Երբեք չեմ մոռանար իմ աշակերտական տարիները լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան (college)-էն ներս (mathematics)-ի դասատուն պարոն Հրաչ Պոյաճեանն էր որի նկարը կայ յօդուածի բաժինի մէջ, ախորժակով կը բացատրեր օրուայ դասը սակայն (jeka)-էն եկած Փոլ Պաղտատլեանի երգը «Մէջս կեանք չմնաց հալուեց մաշուեց գնաց․․․» աւելի խանդավառ էր եւ պարոն հրաչը կաւիճը վառ դնելով երկար լսեց երգը մեր բոլորին հետ միասին․․․
Իսկ Ընկեր Դանիէլ Մածունեանի մօտ եթէ ոչ ամենօրեայ ապա նուազագոյնը շաբաթական երեք չորս անգամ պիտի ներկայ ըլլայի եւ լսէի Ընկեր Բաբգէն փափազեանի խօսքերը, Ընկեր Դանիէլին պիտի օգնականը ըլլայի երբ նկարելու կամ ձայնագրելու երթար իր (renault)12 ինքնաշարժով բացի նշուած միջոցառումներու արձանագրութիւններէն Ընկեր Դանիէլը կամաւոր կը նկարահանէր եւ ձայնագրէր Հայ Նահատակներու, զոհուածներու, սպաննուածներու յուղարկաւորութիւնները․․․
Պատերազմական դժուար տարիներ էին սակայն Պուրճ Համուտը Հայկական ամրոց մըն էր իսկական․․․
Գեղեցիկ են յիշատակները։
Աւելի կ’արժէքաւորուին երբ միանան դերակատարները,
միասին վերապրելու, նոր շունչով, այդ գեղեցիկ արարները,
եթէ նոյնիսկ եղանակները վերածուած են զջումներու կրկներգներու.
Կէս կատար մնացած, քանդուած բեմէն հեռացած, կեանքէն շեղած,
անթառամ մնացած յիշատակներու ցաւերով։
Վիգէն Դարբինեան
Փարիզ