Մեսրոպեանը Ամբողջ Մէկ Շաբաթ Շնչեց Ու Ապրեցաւ Սուրբ Ծննդեան Խորհուրդներով
Սուրբ տօներուն նախորդած շաբթուան ընթացքին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքը աշակերտներով, ուսուցիչներով եւ ծնողներով մասնակիցը դարձաւ շարք մը ձեռնարկներու, որոնք յագեցած էին ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի ապրումներով, որ մեծ աւետիսը կը պարգեւէ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն: Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի մեր փոքրիկներուն համար այդ շաբաթը եղաւ ժամանակը` Սուրբ Ծննդեան թեմաներով աշխատանքներ կատարելու, երգեր սորվելու, գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ, անշուշտ,...


















