Անդրադարձ. Երկու Խեղաթիւրումներ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, թէ Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով ենթայանձնախումբի նախագահ Աննա Ֆոթիկան (Լեհաստան) Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին յղած է դիմում մը` նշելով, որ եւրոպական երկիրներու քաղաքացիները սկսած են աւելի յաճախ այցելել Արցախ, եւ այդ պատճառով ալ անոնք կը յայտնուին Ազրպէյճանի «անբաղձալի անձերու» ցուցակին վրայ: Ֆոթիկա Մոկերինիին կոչ ուղղած է...




















