Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

4 Միլիոն Տոլար Կը Հանգանակուի Ի Նպաստ Հայաստանի Գիւղերուն

December 25, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի (COAF) 15-րդ տարեկան ընթրիքին  ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 դեկտեմբերին, հանգանակուեցաւ շուրջ 4 միլիոն տոլար, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է կազմակերպութեան համար, որ 2003-էն ի վեր կրցած է 44 միլիոն տոլար հաւաքել ի նպաստ Հայաստանի 44 գիւղերու մէջ ապրող մօտաւորապէս 75.000 քաղաքացիներու:

Երեկոյթին ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը այս տարի եւս պիտի յատկացուի գիւղական շրջաններու մէջ հիմնադրամին ձեռնարկած կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման: Առանձին ուշադրութեան պիտի արժանանայ նորարար SMART նախաձեռնութեան ամբողջացման ապահովումը: Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը վերջերս այցելած էր SMART նախաձեռնութեան կեդրոնատեղին:

SMART նախաձեռնութիւնը կ՛առաջադրէ թուային արհեստագիտութեան կրթութիւն ջամբել գիւղական շրջաններու երեխաներուն:

«Տպաւորիչ երեկոյ էր, եւ մենք անսահմանօրէն ոգեւորուած ենք սփիւռքի եւ մեր համաշխարհային ընտանիքին աջակցութեամբ, մարդոց, որոնք 15 տարի շարունակ խորապէս հաւատացած ու նուիրաբերած են կազմակերպութեան առաքելութեան: Ձեռնարկը առիթ պիտի տայ ընդարձակելու մեր գործունէութիւնը` ծառայելու 100 համայնքներու 150.000 բնակիչի: Աւելի՛ն. այս ապրիլին տեղի ունեցած խաղաղ յեղափոխութիւնը առաւել ցայտուն կերպով կ՛ընդգծէ կազմակերպութեան հիմնարար արժէքները` ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն սերմանելով, որ քաղաքացին ինք սահմանէ իր ապագան», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն տոքթ. Կարօ Արմէնը:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ամերիկահայ դերասանուհի Անտրէա Մարթինը, իսկ ներկաներուն մէջ կային` Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեանը, արուեստի աշխարհի հեղինակաւոր դէմքերէն պարսկահայ Թոնի Շաֆրազին, «Էմի» մրցանակի թեկնածու դերասան Վիքթոր Կարպըրը եւ «Կրեմի» մրցանակի թեկնածու երգչուհի Մելոտի Կարտոն:

Երեկոյթին ընթացքին կազմակերպութեան «Մարդասիրական մրցանակ»-ը շնորհուեցաւ «Քառնըկի» հիմնարկութեան նախագահ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանին եւ անոր հանգուցեալ կնոջ` Քլերին, որ կազմակերպութեան հիմնադիր խորհուրդի կազմի անդամ էր, իսկ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանը իբրեւ խորհրդատու կը ծառայէ այդ կազմին: Հայաստանի համալսարաններու 9 ուսանողներ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամին միջոցով Քլեր Գրիգորեանի յիշատակի կրթաթոշակներ կը ստանան:

Ձեռնարկին ընթացքին ոգեւորող ելոյթով հանդէս եկաւ եւ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամին աջակցութեամբ ներկայիս Քոլորատոյի մէջ ուսանող Մարինա Միրզոյեանը, որ Արմաւիրի մարզի Հացիկ գիւղէն է:

Երեկոյի մշակութային մասով հանդէս եկան Հայաստանէն դաշնակահար Արմէն Պուչինեանը եւ սաքսոֆոնահար Արմէն Դաղենցը:

Նաեւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին:

Նշենք, որ կազմակերպութեան SMART կեդրոնները պիտի հանդիսանան գիւղական շրջաններու երեխաներուն կրթական արդի ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններ, ուր պիտի տրամադրուին անգլերէնի, արհեստագիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, առողջապահութեան, մարմնամարզի եւ արդի հողագործութեան դասընթացքներ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Ապրէ՛ք Եւ Ապրեցրէ՛ք. ՀՕՄ-ի Ամանորեայ Խնճոյքը Հայրենիքի Պաշտպանների Հետ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.