Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Դեկտեմբեր 27, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը Այցելեց Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը 12 դեկտեմբերին այցելեց Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի նորընտիր առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանին եւ առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներուն հետ:

Առաջնորդին կ՛ընկերանար Արեւմտեան թեմի բարերարներէն Ֆիլիփ եւ Ֆլորընս Փառնակեան ամոլը:

Առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց Անուշաւան արք. Դանիէլեանը` որպէս առաջնորդ իր ընտրութեան առիթով ու բարի երթ մաղթեց անոր` ծառայական իր առաքելութեան մէջ:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու երկու թեմերուն միջեւ գործակցութիւնը առաւել եւս զարգացնելու միջոցներու ու ծրագիրներու շուրջ:

Գլխաւոր Հիւպատոսը Կը Հանդիպի Նահանգային Ծերակուտականներու

17 դեկտեմբերին ծերակուտական Փորթանթինոյի գրասենեակին մէջ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը հանդիպում ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Էնթընի Փորթանթինոյի, Հենրի Սթերնի, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի եւ Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանի հետ:

Բայբուրդեանը ներկայացուց Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան արդիւնքները եւ երկրի քաղաքական ու տնտեսական զարգացման հեռանկարները: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական, առեւտրային, կրթամշակութային կապերու խթանման միտուած գործնական ծրագիրներ եւ երկկողմ կապերուն համակարգուած բնոյթ հաղորդելու քայլեր:

Երկու կողմերը պայմանաւորուեցան պարբերական հանդիպումներով հետամուտ ըլլալ Հայաստան-Քալիֆորնիա գործակցութեան օրակարգի իրագործման եւ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին հետ երկկողմ համագործակցութեան` նշեալ հարցերու արծարծման:

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին Ի Նպաստ Հաւաք Ֆրեզնոյի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնօ հաստատուած եւ Երեւանի մէջ գրասենեակներ ունեցող հողագործական արհեստագիտութեան «Ակրեան» ընկերութեան, 7 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ հաւաք մը` զօրակցելու համար Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին:

«Ակրեան» ընկերութեան սեփականատէրեր Նշան եւ Ատրիանա Մաճարեաններ 2004-էն ի վեր կը գործակցին համալսարանին հետ, որուն շրջանաւարտներէն շատեր դարձած են ընկերութեան պաշտօնեաները` թէ՛ Քալիֆորնիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Շրջանաւարտներ Անտրէ եւ Արփի Գասպար ամոլը ձեռնարկի ընթացքին վկայութիւններ տուաւ իր փորձառութիւններուն մասին:

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանը խօսեցաւ համալսարանի հիմնադրութեան եւ անոր շարք մը նախաձեռնութիւններուն ու աջակցելու կարելիութիւններուն մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մաճարեաններուն ցուցաբերած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ` Քաշեան ընտանիքի հիմնարկութեան, որուն տրամադրած կրթանպաստին շնորհիւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն ուսանողներ կիսամեակ մը Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանելու առիթը կ՛ունենան: Այս առիթով ան յուշանուէր մը յանձնեց Քաշեան ընտանիքի հիմնարկութեան նախագահ Ճորճիէն Ուայթին եւ փոխնախագահ Թրէյսի Քաշեանին: Սոյն կրթանպաստներուն արժանացած երեք ուսանողներ` Սթեֆըն Կոնզալես, Երուանդ Պոյաճեան եւ Աւետիս Խաչատուրեան տուին իրենց վկայութիւնները:

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Լերի Փիցը ելոյթ ունենալով` շեշտեց, որ կրթական մարզին մէջ ներդրումներ կատարելը լաւագոյն միջոցն է սատարելու Հայաստանի զարգացման, աւելցնելով, որ արեւմտեան մակարդակով ուսում, ազատ երկխօսութեան առիթներ եւ թափանցիկութիւն ապահովելու համալսարանին հիմնադիրներուն նպատակները իրականացած են, եւ համալսարանի շրջանաւատները նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած են երկրին խաղաղ իշխանափոխութեան մէջ:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ լուռ աճուրդով եւ Մաճարեանները 6000 ամերիկեան տոլարով կրցան սեփականացնել Ուիլիըմ Սարոյեանի ջրաներկ ստեղծագործութիւններէն մէկը, որ գծուած էր Ֆրեզնոյի մէջ: Գործը համալսարանին նուիրուած էր Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան հիմնարկութեան կողմէ:

Շրջանի Հայ Ուսանողները Մասնակցեցան Քաղաքական Աշխուժութեան Նուիրուած ՀԵԴ-ի Կլէնտէյլի «Ռուբէն» Ուխտի Հաւաքին

Կազմակերպութեամբ ՀԵԴ-ի Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտին, 10 դեկեմբերին «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  «Յաւելեալ վարկանիշի երեկոյ» խորագիրը կրող ձեռնարկ` շրջանի հայ ուսանողներուն համար, որուն նպատակն էր զանոնք երկրին քաղաքական կեանքին աւելի աշխուժ մասնակիցներ դարձնել: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի հովանիին տակ գործող հանրային երկրորդական վարժարաններէ եւ Փոքրիկ Հայաստանի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի աշակերտներ:

Ձեռնարկին մասնակցող աշակերտները մօտէն ծանօթացան ամերիկեան քաղաքական կեանքին եւ ընտրութիւններու ծալքերուն, նաեւ համապատասխան վարկանիշ ստացան, շնորհիւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան եւ «Փիլիպոս»-ի տնօրէնութեան հետ գոյացած համակարգումին:

Հաւաքին քննարկումները առաջնորդեցին շրջանէն գործիչներ` Գեւ Իսքաճեանը, Ճոզըֆ Քասքանեանը եւ Ռազմիկ Սարգիսեանը, որոնք մանրամասն տեղեկութիւններ տուին եւ նկարագրեցին, թէ աշակերտները ի՛նչ միջոցներով կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել երկրին քաղաքական կեանքին, աւելցնելով, որ նոր սերունդը կրնայ ազդեցիկ ներդրում ունենալ ժողովրդավարական գործընթացին մէջ:

Ներկայացումներէն ետք տեղի ունեցաւ կարծիքներու քննարկում:

Յունաստան

Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

Նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ Յունաստանի մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Միրսինի Զոպիայի, կազմակերպութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, 3 դեկտեմբերին Քոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աթէնքի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին ելոյթը, որ  Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին վերջինն էր:

Ազգային վարչութեան անունով Արաքսի Աբէլեանը բացատրեց օրուան ելոյթին առիթն ու նպատակը:

Այնուհետեւ 16 հոգինոց Աթէնքի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Նիքոս Խալիասասի եւ մենակատարութեամբ յօրինող ու թաւջութակահար Տիմիթրիս Ղուզիոսի, մեկնաբանեց  բիւզանդական ու հայկական դասական երաժշտութիւն: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սելանիկէն հրաւիրուած օփերայի երգչուհի սոփրանօ Սիրանուշ Չալիքեանը, որ Յունաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով մենակատարութեամբ մեկնաբանեց Առնօ Բաբաջանեանի «Վոքալիզ»-ը:

Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարին` Ազգային վարչութեան առաջարկին ընդառաջման ու սերտ գործակցութեան համար, ապա գնահատեց պետական սեմֆոնիք նուագախումբին ղեկավարը, անդամները, մենակատար թաւջութակահարն ու երգչուհին` մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւն: Ան բարձր գնահատեց յոյն պետութեան ու ժողովուրդին` երկար տասնամեակներ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին հանդէպ ցուցաբերած իրենց բարի տրամադրութեան, աջակցութեան ու գործակցութեան ոգիին համար:

Թաւրիզ

Ատրպատականի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողով

Նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 14 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ  տեղի ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի 21-րդ նստաշրջանի երրորդ նիստը:

Պատգամաւորական ժողովի Ա. ատենապետ Արմինէ Վահրամեանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ժողովներու կանոնաւորապէս գումարուելուն համար:

Նախորդ նիստի ատենագրութեան ընթերցումէն եւ վաւերացումէն ետք խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, որ գնահատեց բոլորին նախանձախնդրութիւնը` թեմի յառաջընթացին համար: Ան յայտարարեց, որ թեմի հովանաւորութեամբ եւ տեղական բարձրամակարդակ շարժապատկերի արտադրութիւն ունեցող հիմնարկութեան աշխատանքով իրականացուած է Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքի վաւերագրական ժապաւէնը եւ առաջին օրինակները յանձնեց Թեհրանէն ժամանած Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ Թովմաս Թովմասեանին եւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Կարէն Խանլարեանը, որ միշտ հիւսիսային իրանահայութեան թեմը հանդիսացող Ատրպատականին զօրավիգ կանգնելով` իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ թեմի հայութեան կարիքներուն համար: Ան գնահատելով թեմին մէջ տարուող աշխատանքները, ժողովականներուն իրազեկ դարձուց երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընդհանրապէս շրջանային իրավիճակին մասին:

Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թովմաս Թովմասեանը լուսարձակի տակ առաւ թեմին կազմակերպուածութիւնը եւ վեհափառ հայրապետի թելադրանքին համաձայն, հինգ տարուան աշխատանքային ծրագրաւորում կատարելու պարտաճանաչութիւնը գնահատանքի արժանի համարեց` միաժամանակ վերստին շեշտելով թեմերու վերակազմակերպման անհրաժեշտ հրամայականը:

Այնուհետեւ դիւանը իր որոշած օրակարգին հիմամբ վարեց ժողովը:

Ֆրանսա

Աւելի Քան 25 Հազար Եւրօ Վալանսի Ամէնօրեայ Վարժարանին Համար

8 դեկտեմբերին Ռոմանի եւ շրջանի Հայոց բարեկամական ընկերակցութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` ի նպաստ Վալանսի ֆրանսահայկական ամէնօրեայ դպրոցի շինութեան:

Վալանսի Ֆրանսահայկական մշակութային կեդրոնի փոխնախագահ Անտրէ Հացպանեանը ներկայացուց դպրոցական համալիրին նախագիծը`ընդգծելով որ այդ կառոյցէն պիտի օգտուին նաեւ Ռոմանի երեխաները:

Վալանսի Ֆրանսահայկական դպրոցի յանձանձումի ընկերակցութեան նախագահ Համբիկ Յովսէփեանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ապագայ կրթական օճախին մանկավարժական ծրագիրը` շեշտը դնելով ուսման գերազանցութեան, աշակերտութեան ծաղկումին եւ բազմալեզուութեան վրայ:

Ռոմանի եւ շրջանի Հայոց բարեկամական ընկերակցութեան նախագահ Պեռնար Չաքըճըն իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց ապագայ վարժարանին` նշելով, որ Ռոմանի հայ համայնքը միշտ պիտի ըլլայ հաստատութեան կողքին:

Երեկոյթի ընթացքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 25 հազար եւրօ:

Յիշեցնենք, որ դպրոցը պիտի կառուցուի Վալանսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կից համալիրին մէջ: Նշենք, որ լիբանանահայ բարերար Գէորգ Արապեանը արդէն կատարած է 700 հազար եւրոյի նուիրատուութիւն մը, եւ դպրոցական համալիրը պիտի կրէ անոր անունը:

Անգլիա

Անգլիոյ Տարպի Քաղաքը Դարձաւ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Անգլիոյ Առաջին Քաղաքը

Անգլիոյ Տարպի քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկելով պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` դառնալով պատմական այդ իրողութիւնը ընդունող Անգլիոյ առաջին քաղաքը:

Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդին եւ մասնաւորաբար Ռասըլ Փոլարտին, որ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր այս իրագործումին մէջ:

Թուրքիա, իր կարգին, ճնշում բանեցուցած էր քաղաքապետական խորհուրդին եւ քաղաքապետին վրայ` բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով, սակայն ձախողած էր:

Անգլիոյ Տարպի քաղաքը մօտաւորապէս 250 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն է, որ  հետաքրքրականօրէն հայ համայնք չունի:

Նշենք, որ Փոլարտ Հրէական ողջակիզման յիշատակութեան կազմակերպութեան մը գործօն անդամներէն մէկն է: Ան իր ջանքերուն մասին գրած է, որ 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ կամաւորներու խմբակի մը, որ աշխատանք կը տանի, որպէսզի ճանչցուին Հրէական ողջակիզման եւ անկէ առաջ կամ ետք կատարուած ցեղասպանութիւնները:

Կիպրոս

Իրանի Նոր Նշանակուած Դեսպանին Այցելութիւնը Առաջնորդարան

20 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Հուսէյն Ամինեանը:

Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն  արք. Տողրամաճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այս առաջին այցելութեան համար եւ կրօնական դասուն ու կիպրահայութեան անունով բարեմաղթութիւններ կատարեց դեսպանին նոր ստանձնած պաշտօնին եւ առաքելութեան համար:

Հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը եւ դեսպանը արծարծեցին հոգեւոր, կրօնական, կրթական, ընկերային, համայնքային հարցեր, ինչպէս նաեւ` իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան եւ այդ ուղղութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տարած աշխատանքներուն մասին: Դեսպանը շեշտեց Կիպրոսի հայ եկեղեցւոյ եւ դեսպանատան սերտ յարաբերութիւնները անցեալին ու գնահատելով այդ մէկը յայտնեց, որ նոյնը պիտի շարունակուի իր օրով ալ: Խօսելով հայ ժողովուրդի ու յատկապէս պարսկահայերուն մասին, ան մեծ հիացմունքով արտայայտուեցաւ ու ամէնէն բարձր արժեւորումները կատարեց անոնց հաւատարմութեան, վստահելիութեան, աշխատունակութեան ու միասնականութեան մասին: Սրբազան հայրը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալէն ի վեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղած ջերմ յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ որպէս եկեղեցի եւ դեսպանատուն տարիներ շարունակ ունեցած կապին, յարգանքին եւ դրացիութեան: Երկու կողմերը վստահեցուցին, որ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին եւ աւելի ամրանալով` ծնունդ պիտի տան նորանոր գործունէութեանց:

Աւարտին, դեսպանը Նոր Ջուղայի յախճապակիէ շինուած յիշատակի նուէր մը յանձնեց սրբազան հօր:

Նախորդը

Քարանթինա

Յաջորդը

«Համազգային». 90-ամեակէն Դէպի 100-ամեակ Եւ Անդին. Հիմնադիր Սերունդի Տեսլականով Առաջնորդուելու Կամքով

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?