ՊԵՏԻԿ
Այո՛, այս յօդուածիս վերնագիրը ճիշդ կարդացէք, «Հա՞յը, թէ՞ մարդը Բ.», որովհետեւ մօտ երկու տարի առաջ գրած էի առաջինը` յստակօրէն «հայը» նախապատիւ նկատելով մարդէն, բարձրաձայն ըսելու համար, որ հայուն ներելի չէ այն, ինչ որ ընդունելի է սովորական ոեւէ մարդու, եթէ ան կը պատկանի ուրիշ որեւէ ազգութեան:
Մենք հայ ենք եւ մեզի համար ունինք կեանքի հոսանքները սահմանող հատու սահմաններ, որոնք պէտք չէ, ներելի չէ, որ անցնինք. սահմաններուն գլխաւորը կը մնայ մեր երիտասարդութեան եւ խառն ամուսնութիւններուն մէջ: Հայուն համար խառն ամուսնութիւն` կը նշանակէ անհաւասարակշիռ ընտանիքի մը հիմնադրութիւնը: Եթէ մէկը ընդունի այդպիսի քայլ մը առնել, կրնա՞յ ըսել, թէ զաւակներուն անունները ի՛նչ կրնան ըլլալ, անոնք ի՛նչ դպրոց պիտի երթան ու հասակ պիտի առնեն ու մեծնան իբր ի՞նչ…
Աւելի՛ն. հայը ունի «մարդ» բառին յստակ սահմանումներ, ու այն, ինչ որ ներելի է մարդուն, այդ կրնայ բացարձակօրէն անընդունելի ըլլալ «հայ»-ուն:
Աւելի պարզ ըսեմ. մենք հայ ենք եւ ունինք մեր ազգին հանդէպ պարտաւորութիւններ, չըսելու համար` միայն պարտականութիւններ: Այսինքն մեզի արտօնուած չէ մեր «հայ» ըլլալը երբեմն, ըստ անձնական հաճոյքներու կամ քմահաճոյքներու, մոռնալ կամ նախապատիւ չնկատել ու յանձնուիլ կեանքի աշխարհիկ հոսանքներուն:
Խօսքս կ՛ուղղեմ «հայ» ծնողներուն, որոնք պարտաւորութիւնը ունին իրենց զաւակները դաստիարակել` պատրաստելով հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք գիտակցօրէն եւ ճակատաբաց կը յայտարարեն եւ չեն զիջիր իրենց հայութիւնը` ի՛նչ ալ ըլլան աշխարհիկ հրապոյրները: Եթէ մեր զաւակները այս հաւատքը ոտնակոխ ըրած` նետուին ոչ հայկական հոսանքի թեւերուն մէջ, մեղադրելի եւ պատասխանատու ենք մենք` իբրեւ ծնողք, իբրեւ «հա՛յ» ծնողք:
Մենք իբրեւ սփիւռքահայութիւն, մեր բոլոր գաղութներուն մէջ ունինք մեր մարզամշակութային թէ կուսակցական ակումբները, որոնք մեր զաւակներուն կու տան հպարտ հայու հիմնաւորումը եւ անզիջող ըլլալու հաւատամքը: Մեր ակումբները նոր սերունդի դաստիարակութեան անհրաժեշտ մէկ հանգրուանն են. հոն է, որ մեր ազգային գիտակցութեան կարեւորութեան հիմը կը դրուի, հետեւաբար, ինչպէս դպրոցական փուլերը մեր զաւակներուն տարիքի յառաջացումի զուգահեռ կ՛ընթանան, նոյնպէս պէտք է ընդունինք մեր ակումբներուն անդամակցութեան կարեւորութիւնը` պատանութեան շրջանէն սկսեալ:


