Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայաստանի Մասին Արդարացի Մտահոգութիւն Մը

Դեկտեմբեր 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտահայերէնի վերածեց
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

27 Նոյեմբեր, 2019-ին Արտակ Յակոբեան է «Ժամ.ամ»-ի կայքէջին մէջ. «Այս խունվեյբինների ակտիւացումը պայմանաւորուած է Վանեցեանի՝ «Սորոս»-ի հասցէին, վերջին արձագանքով» խորագիրով յօդուածը գրած (1): Ստորեւ՝ առանց մեկնաբանութեան, կը ներկայացնեմ յօդուածին «թարգմանութիւնը» արեւմտահայերէնի, որուն խորագիրը կ՛ըլլայ. «Այս քաղաքական խմբակին աշխուժացումը պայմանաւորուած է Վանեցեանի՝ «Սորոս» -ի հասցէին, վերջին արձագանքով»: (խունվեյբին՝ Хунвейбин քաղաքական խմբակ, հարաւ ամերիկեան յեղափոխութիւններու խունթա իմաստով):

«Այսօր պետութիւնը, իբրեւ հաստատութիւն, հանրութեան մէջ ցաւօք մեծ վստահութիւն չի վայելեր: Պատճառը միայն այս իշխանութիւններուն գործելաոճը չէ: Դեռ աւելին, պատճառը նոյնիսկ վերջին 30 տարուայ հոլովոյթները չեն: Հայերը սեփական պետութեան չեն վստահիր, ո՛չ միայն իշխանութեան հանդէպ վստահութեան պակասի պատճառով: Մենք աւելի քան 600 տարի պետականութիւն չենք ունեցած եւ այդ իսկ պատճառով վաւերական պետական հաստատութիւն ճանչցած ենք առաւելապէս մեր երկրէն դուրս: ԽՍՀՄ-ի ժամանակ այդ Ռուսաստանն էր, այսօր ատոր աւելցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան: Այդ իսկ պատճառով, երբ այս կամ այն գործիչը Հայաստանի մէջ գրեթէ բացայայտ կերպով կը ներկայացնէ օտար պետութեան շահը, մենք ատիկա բնական կ՛ընկալենք: Դեռ աւելի՛ն, նոյնիսկ ակնածանք կը յառաջանայ այդ մարդոց հանդէպ, թեթեւ խանդ, որ անոնք կրցած են «կոնվերտացվել» (դարձի գալ, կրօնափոխ դառնալ) դուրսը:

«Սա ոչ միայն մարդկային թերագնահատումի հետեւանք է, այլեւ ազգային թերագնահատումի հետեւանք, որուն պատճառով Հայաստանի մէջ ստեղծուած է  իրավիճակ մը, երբ մարդիկ իրենց գովազդին մէջ ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ իրական «յենարան» ունին դուրսը:

«Օրինակ՝ տարիներ առաջ գործիչ մը կար, որ հրապարակաւ կը յայտարարէր, թէ ան «Փութինի ընկերն է», որպէսզի այսպիսով, իր կարծիքով, «աւելի ամուր կերպար ստանայ» հայ հանրութեան քով, եւ նոյնիսկ 2003-ի նախագահական ընտրութիւններուն, ատոր շնորհիւ, ստացաւ քուէներուն աւելի քան 5 տոկոսը:

Հետագային շատ կուսակցութիւններ եւ գործիչներ իրենց առօրեայ գործունէութեան ընթացքին առանցքային կը համարէին Միացեալ Նահանգներու, կամ Ռուսաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը:

Ոմանց գործունէութեան հիմնական առանցքը դարձած էր այս գործելաոճը, քանի որ անոնք այլ առանցք չունէին:

Յեղափոխութենէն ետք, այս ամէնը աւելի ցայտուն կերպով կ՛երեւի: Օրինակ՝ դուրսէն բացայայտ կերպով տնտեսուող հիմնադրամներէն, այսօր իշխող ուժի կազմին մէջ կան շատ մը Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, նախարարներ, փոխնախարարներ եւ այլն: Աւելին՝ այդ կը համարուի «յառաջադիմութեան» գլխաւոր ցուցանիշներէն մէկը այս կամ այն գործիչին համար:

«Ակնյայտ է, որ այդ հիմնադրամները Հայաստանի մէջ «բարեգործութեամբ» չեն զբաղիր: Զանոնք անոր մէջ կարելի չէ մեղադրել: Քանի որ այսօրուան աշխարհը  հիմնուած է շահերու վրայ: Սակայն եկուր տես, որ այսօր այդ շրջանակները իրենք զիրենք մեր երկրին մէջ իբրեւ տէրն ու տիրականը սկսած են զգալ:

«Ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ ի՛նչ երկիւղած կերպով Վանեցեանը խոստովանեցաւ, որ «Սորոսը երկրի համար վտանգ կը ներկայացնէ»: Այսինքն՝ նախկին ԱԱԾ պետը, որ հսկայական տեղեկութեան կը տիրապետէ՝ երկիւղած կերպով կը խոստովանի բան մը, իսկ յաջորդ օրը այդ հիմնադրամի ներկայացուցիչները կը սկսին համարձակօրէն ցոյցեր կատարել ԱԱԾ-ի ու Ոստիկանութեան շէնքերուն առջեւ:

«Պահ մը փորձենք կողմնակի կերպով քննել այս ամէնը եւ հասկնալ, թէ ինչ կը կատարուի մեր երկրին մէջ: Մէկ բառով, այս ամէնը կարելի է բնութագրել իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ:

«Եւ այդ, երկրի մը մասին է, որ կը գտնուի լրջագոյն աշխարհաքաղաքական քառուղիի մէջ: Որ չունի ելք դէպի ծով, իսկ չորս հարեւաններէն երկուքը իրեն դէմ թշնամաբար տրամադրուած են:

Այս ամէնը ցցուն կերպով ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ մթնոլորտ հաստատուած է երկրին մէջ, եւ ի՛նչ աստիճանի  վտանգուած է մեր ազգային անվտանգութիւնը:

Սա է իրականութիւնը»:

ԱՐՏԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

30 Նոյեմբեր 2019

(1) https://zham.am/?p=50121&l=am

Տես նաեւ՝ https://www.rt.com/news/451372-camp-yerevan-protests-us-money/

 

Նախորդը

Մոլորեցնող Թղթակցութեան Մը Առիթով («Հայերի Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 Թթ»)

Յաջորդը

Ցաւալի Է, Որ Մեր Երիտասարդ Ընկերներն Ընկել Են Այդ Ծուղակը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?