Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանի Հերթական Խուսանաւումը

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ 

Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շարքային քաղաքացի եւ որոշ չափով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական զարգացումներուն ու իրադարձութիւններուն հետեւող` պիտի ակնկալէի, որ պրն. Փաշինեան չվարակուէր իր գործընկերներու բառապաշարէն եւ երկրի բարձրագոյն պաշտօնեան աւելի պատշաճ ելոյթներով հանդէս գար, մանաւանդ` Ազգային ժողովի ամպիոնէն:

Այդ ամպիոնը կուսակցական ամպիոն չէ, այլ` քաղաքական եւ համազգային ամպիոն է, եւ երկրին վարչապետը պարտաւոր է հիմնաւորուած ու յստակ պատասխաններ ունենալ առանց խուսանաւելու, շրջանցելու եւ խեղաթիւրելու երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ էական խնդիրները, ըստ էութեան հարցադրումները, յատկապէս` այսօրուան հրատապ հարցերուն հետ կապուած, օրինակ` արցախեան բանակցութեանց օրակարգով Պրաթիսլաւայի մէջ հնչած ազրպէյճանական ծաւալապաշտական մօտեցումներուն եւ հայկական կողմը քաղաքական փակուղիի մատնող Հայաստանի Հանրապետութեան անորոշ արտաքին քաղաքականութեան, ներհայաստանեան քաղաքականութեան, հասարակութեան պառակտուածութեան, եւ վերջապէս` կրթական համակարգին հետ կապուած եւ ուսանողական արդար բողոքի ցոյցերուն հետ առնչուող հիմնախնդիրներուն կապակցաբար: Ակնարկութիւնը կը վերաբերի 3 դեկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ելոյթին:

Պրն. Փաշինեանը պէտք է լաւապէս ըմբռնած ըլլար մինչեւ այսօր, որ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ հատուածներ չկան, ինչպէս հաւանաբար խաբուսիկ եւ նորելուկ այլ կուսակցութիւններու մէջ: Դաշնակցութեան մէջ արտօնուած է բազմակարծութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը: Սակայն Դաշնակցութեան մէջ կան Ընդհանուր ժողովներ, Շրջանային ժողովներ եւ Ներկայացուցչական ժողովներ, ուր որոշումներ կը տրուին յետ  վերլուծումներու, ախտաճանաչումներու եւ ըստ էութեան քննարկումներու, որոնց լոյսին տակ տրուած որոշումները անյապաղ գործադրելի կը դառնան բոլոր մարմիններուն եւ կուսակցական ընկերներուն համար:

Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ դժուարութիւն կամ բարդոյթ ունի առերեսուելու իր ազգային, ընկերվարական եւ յեղափոխական արժանապատիւ ժառանգութեան ու քաղաքական անցեալի, ներկայի եւ ապագայի գործունէութեան հետ:

Դաշնակցութեան ծաւալած 130-ամեայ արժանապատիւ կենսափորձով եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումով սփիւռքը կազմակերպելու, հայեցի դիմագիծի պաշտպանութեան, Հայ դատի հետապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին դիրքերը ամրապնդող նախաձեռնութիւններով, եւ յատկապէս` իր վերջին  երեսունամեայ ներհայաստանեան գործունէութեամբ, ան արցախեան ազատագրական սրբազան պայքարի ամբողջ տեւողութեան ամէնէն թէժ ռազմաճակատները պաշտպանող զօրամիաւորը հանդիսացաւ եւ յառաջատար առաջամարտիկը դարձաւ ամբողջ պատերազմի ընթացքին: Դաշնակցութիւնը իր շարքերէն զոհաբերեց աւելի քան չորս հարիւր կուսակցական ընկերներ եւ բազմաթիւ համակիրներ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին ամբողջական նուիրումով ներդրեց կամ համահեղինակ հանդիսացաւ ներհայաստանեան քաղաքականութեան կայունութեան, կուսակցութիւններու միջեւ յարաբերութեանց մշակոյթի զարգացման, ինչպէս նաեւ ընդդիմութիւն- իշխանութիւն ներկայիս գործող սահմանադրութեան ձեւաչափին, սփիւռքի նախարարութեան կազմութեան, որ տապալուեցաւ ներկայ իշխանութեանց օրով, երկքաղաքացիութեան օրինագիծի որդեգրման, ընտրական աւելի արդիական օրինագիծի ընդունման, ինչպէս նաեւ օրին երջանկայիշատակ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի գլխաւորած` Ազգային ժողովի փտածութեան դէմ պայքարի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն, ընկերային առումով հայրենի մեր ժողովուրդի անմխիթար խաւի անհրաժեշտ պետական պաշտպանութեան, հայ-թրքական արձանագրութիւններու եւ ֆութպոլային պարտուողական դիւանագիտութեան տապալման, Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական վերականգնման, Արցախի վերաբնակեցման եւ միջազգային բանակցութեանց կապակցաբար: Յայտնի են նաեւ պետական բանակցային դիրքերը զօրացնող կուսակցութեան անզիջող դիրքորոշումները արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ, առաւել` հետեւողական պահանջը միջազգային հանրութենէն ազրպէյճանական իշխանութեան լուծին տակ գտնուող Շահումեանի, Մարտունաշէնի եւ Գետաշէնի ազատագրումին:

Ինչպէս նաեւ սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու մակարդակի որակական բարեփոխումներուն ու 100-ամեակի համապետական յուշագիրին կապակցաբար եւ այսպէս բազմաթիւ այլ խնդիրներու…

Իրականութիւններ, որոնք կարելի չէ խեղաթիւրել եւ ապատեղեկատուութեամբ զբաղիլ: Այսօր պէտք է արմատախիլ ընել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող վախի մթնոլորտը, այլամերժութիւնը, ատելութիւնը, Ազգային ժողովի ամպիոնը կուսակցականացնելը, պետական ուժային լծակները գործածելը` ի խնդիր ներկուսակցական հաշիւներու եւ հասարակութիւնը պառակտելը:

Պրն. Փաշինեանը, մեր համեստ կարծիքով, ի՛նք խնդիր ունի առերեսուելու իր անցած քաղաքական ուղիին եւ ներկայիս իր վարած քաղաքականութեան հետ, որոնց արմատները պէտք է փնտռել 90-ական թուականներու` յանձին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, քաղաքականութեան մօտ:

Պրն. Փաշինեանը ի՛նք պէտք է հանրութեան պատասխան տայ  90-ական թուականներէն իսկ իր քաղաքական պատկանելիութեան մասին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած ապազգային քաղաքականութեան, պարտուողականութեան, ատելութեան, արցախեան ազատագրական պայքարը քաղաքական շրջափակումի մատնող ձախաւեր ու ապազգային մարտավարութեան եւ այդ օրերուն երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու առկայութեան ու 90-ական թուականներու սեփականաշնորհման անհեթեթ քաղաքականութեան պատճառով երկիրը կազմաքանդող Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած ընդհանուր քաղաքականութեանց մէջ իր դերակատարութեան մասին:

Պրն. Փաշինեանը այսօր ի՛նք խնդիր ունի առերեսուելու ներկայիս վարած իր քաղաքականութեան հետ, ինչ կը վերաբերի 2018-ի միթինկային ամբոխավարական չիրականացած շռայլ խոստումներուն, երկրին մէջ տիրող վախի մթնոլորտին, անհանդուրժողականութեան, ատելութեան, ներդրումներու բացակայութեան եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներու:

Այնպէս որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Փաշինեանը թող աւելի մտահոգ ըլլայ իր անձնական վարկանիշով եւ Հայաստանի ճակատագիրով ու ապագայով, քան` Դաշնակցութեան, եւ փոխանակ իր «թանկագին» ժամանակը փճացնելու եւ միջամուխ ըլլալու ներկուսակցական խնդիրներու եւ կուսակցութեանց որոշ «հատուածներու» վերաբերող հարցերու, աւելի օգտաշատ կ՛ըլլար, որ ան զբաղէր օրինակ` Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ կողմէ մշակուած յարձակման ծրագիրով, Պրաթիսլաւայի մէջ հայկական կողմին ունեցած ձախողութեամբ, ներհայաստանեան կայունութեամբ, ներդրումային լուրջ ծրագիրներու իրականացումով, ազգը համախմբելով, հասարակութիւնը միաւորելով եւ համազգային սուր մարտահրաւէրները դիմակայելով:

7 դեկտեմբեր 2019

 

Նախորդը

Խմբագրական. Ժողովրդագրական Պատկերի Ճգնաժամի Յաղթահարման Համար (Երկրաշարժի 31-րդ Տարելից)

Յաջորդը

«Իրանը Պէտք Է Զրկել Այն Գործիքներէն, Որոնցմով Կը Սպառնայ Շրջանին Ու Աշխարհին» Կ՛ըսէ Ժուպէյր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?