Հայրիկի Շինարարութիւնները Եւ
Շրջագայութիւնները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Կալիցինի Գաղտնի Զեկոյցը Նիկոլայ Բ. Կայսրին` Ճնշելու Հայ Հոգեւորականութիւնը Եւ Մամուլը
Հայոց Հայրիկ ամենայն հայոց վեհափառը շինարարական լայն գործունէութիւն ծաւալեց Էջմիածնի մայրավանքին մէջ, ինչպէս նաեւ նորոգել տուաւ պատմական վանքեր ու եկեղեցիներ: Ծախսերը կը հայթայթուէին հարուստներէ եւ Էջմիածնի գանձարանէն:
Մայրավանքի պարիսպներէն ներս, վեհարանի կողքին բարձրացաւ Հայրիկեան թանգարանը, ուր հաւաքուեցան ու դասաւորուեցան պատմական, հնագիտական, ազգագրական ու գեղարուեստական արժէք ներկայացնող իրեր, արձանագրութիւններ, նկարներ, զարդեր, հին դրամներ, պատմական դրօշակներ, ամաններ, զէնքեր, արծաթ եւ ոսկի զարդարանքներ եւ տարազներ:
Հայրիկ Էջմիածնի մէջ կառուցել տուաւ նաեւ սինոտի նոր շէնքը, փուռ, սառցատուն, բաղնիք եւ խոհանոց: Վանքը օժտուեցաւ ելեկտրական մեքենաշարժով: Գիւղատնտեսական մեքենաներ բերուեցան, որոնք զարկ տուին վանքի տնտեսութեան զարգացման: Ներսիսեան անտառին մէկ մասը յատկացուեցաւ թթենիներու մշակութեան. տնկուեցան շուրջ քսան հազար թթենիներ, շերամապահութեան համար: Անտառին մէջ Հայրիկ շերամատուն շինել տուաւ:
Մասնագէտներու հետ խորհրդակցելէ ետք Հայրիկ որոշեց մայր տաճարին փճացած ծեփերը վար առնել տալ եւ անոնց փոխարէն նոր ծեփով ճերմկցնել պատերը:
Մասնագէտներու հսկողութեամբ հին ծեփերը վար առնուեցան պատերէն: Ծեփերու նկարազարդ մեծ կտորները խնամքով փոխադրուեցան թանգարան: Սակայն ներքնամասի, կամարներու մէջի եւ քանի մը տեղերու ամուր ծեփերն ու անաղարտ ծաղկանկարները նոյնութեամբ պահուեցան իբրեւ պատմական եւ գեղարուեստական արժէքներ:
***

Հայրիկ 2 փետրուար 1902-ին մեկնեցաւ Ալեքսանդրապոլ եւ հոնկէ ալ անցաւ Թիֆլիս:
Թիֆլիսի մէջ, 16 փետրուարին Հայրիկ այցելեց Վրաստանի էքզարխ Ալեքսէյ եպիսկոպոսին: Վրաց եկեղեցին անցեալին, մինչեւ Է. դար կապուած էր հայ եկեղեցւոյ, իսկ վրաց կաթողիկոս պատրիարքութիւնը հիմնուած էր 1010-ին: Ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն (1801) ետք Անտոն Բ. կաթողիկոս պատրիարք 1811-ին գահընկէց եղած էր, որմէ ետք վրաց եկեղեցին ռուս եկեղեցւոյ միացուած էր եւ ռուս էքզարխով մը կը կառավարուէր (վրաց եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարքութիւնը վերահաստատուեցաւ 1917-ին):
Հայրիկ փետրուար 19-ին այցելեց փոխարքայ իշխան Կալիցինի:
Յաջորդ օր փոխարքան փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ հայոց կաթողիկոսին եւ սիրալիր խօսքեր փոխանակեց անոր հետ:
Հայրիկ փետրուար 24-ին ներկայ գտնուեցաւ պատմաբան ու հնագէտ Ալեքսանդր Երիցեանի յուղարկաւորութեան:
Թիֆլիսի «Մշակ» թերթը 26 փետրուար 1902-ի թիւին մէջ կը գրէր.
«Մեծ բազմութիւն հաւաքուել էր Վանքի եկեղեցում եւ գաւթում` հանգուցեալին գրական եւ անձնական յարգողներից եւ բարեկամներից: Օտարական յուղարկաւորների մէջ մենք նկատեցինք Սուլթան Կրիմ-Գիրէյին, գեներեալ Պօտտօին, Վեյբենբաումին. վրաց գիտնական Կիւրոն եպիսկոպոսը, որ հոգեհանգստին էլ ներկայ էր շաբաթ երեկոյ` եկել էր նաեւ եկեղեցի, որին պատուով ընդունեցին եւ դասը հրաւիրեցին կանգնելու: Պատարագի ժամանակ եկաւ եւ վեհափառ կաթողիկոսը, որ բանախօսութիւն անելով Ալեքսանդր Երիցեանի յիշատակին` մատնանիշ եղաւ հայ գրագէտների անապահով նիւթական դրութեան վրայ»:
Թաղումը տեղի ունեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ:

Հայրիկ Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ, անցաւ Շիրակի դաշտի գիւղերէն եւ մարտ 10-ին հասաւ Էջմիածին:
***
Հայրիկ 4 յուլիս 1902-ին գնաց Օշական, ուր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբի շիրիմին վրայ հոգեհանգիստ կատարեց, իսկ Վահան Ամատունիի գերեզմանին վրայ քարաշէն յուշարձան մը կանգնել տուաւ:
Օշականէն Հայրիկ ուղղուեցաւ Բիւրական, ուրկէ յուլիս 21-ին ձիով ճամբայ ելաւ դէպի Դիլիջան, Հաղարծին, ապա` Եղուարդ, եւ յետոյ նորէն գնաց Դիլիջան եւ Հաղարծին: Յուլիս 28-ին այցելեց Ծաղկունք, ապա անցաւ Դարաչիչակ (այժմ` Ծաղկաձոր), Ալափարս, Բջնի եւ օգոստոս 2-ին վերադարձաւ Էջմիածին:
Հայրիկ օգոստոս 17-ին գնաց Ալեքսանդրապոլ, երկու օր ետք անցաւ Ղարաքիլիսա (այժմ` Վանաձոր), ապա գնաց Դիլիջան, Հաղարծին, Սեւան, Երեւան եւ օգոստոս 27-ին վերադարձաւ Էջմիածին:
Հայրիկ սեպտեմբեր 2-ին կրկին գնաց Ալեքսանդրապոլ, ուրկէ յետոյ անցաւ Թիֆլիս, եւ շարք մը գործեր կարգադրելէ ետք սեպտեմբեր 21-ին վերադարձաւ Էջմիածին:
Վրաստանի էքզարխ Ալեքսէյ, ընկերակցութեան Երեւանի նահանգապետ Տիզէնհաուզէնի եւ անոր օգնական իշխան Նակաշիձէի, հոկտեմբեր 2-ին այցելեց Էջմիածին` հայոց կաթողիկոսին:
Հայրիկ նոյեմբեր 16-ին գնաց Երեւան, երկու օր ետք անցաւ Ալեքսանդրապոլ, իսկ նոյեմբեր 22-ին հասաւ Թիֆլիս:
Հայրիկ նոյեմբեր 26-ին այցելեց փոխարքայ իշխան Կալիցինի: Նոյն օրը Կալիցին փոխադարձ այցելութիւն տուաւ կաթողիկոսին եւ 45 վայրկեան տեւողութեամբ խօսակցութիւն ունեցաւ Էջմիածնի եւ Կովկասի հայութեան մասին:
Հայրիկ դեկտեմբեր 13-ին Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ եւ դեկտեմբեր 16-ին հասաւ Էջմիածին:
***

Ցուրտ ու ձիւնոտ օր մը, 18 յունուար 1903-ին Հայրիկ Էջմիածինէն ճամբայ ելաւ դէպի Երեւան, յաջորդ օր ուղղուեցաւ դէպի Սեւան, ապա գնաց Հաղարծին, հոնկէ` Ալեքսանդրապոլ եւ շոգեկառքով վերադարձաւ Էջմիածին:
Փետրուար 13-ին Հայրիկ կրկին գնաց Երեւան, ուրկէ յետոյ այցելութեան ելաւ Շիրակի դաշտի գիւղերը, Ալեքսանդրապոլ, ապա անցաւ Թիֆլիս, ուրկէ յետոյ վերադարձաւ Էջմիածին:
***
Նորին գերազանցութիւն իշխան Գրիգորի Կալիցինի համար ատելի եւ անհանդուրժելի էր ամէն ինչ, որ հայկական էր: Կը պատմուի, որ ան լսել անգամ չէր ուզեր «տերմոմետր» բառը, որովհետեւ անոր սկիզբի վանկը հայկական նմանահնչիւն Տէր ազգանունը կը յիշեցնէր, ան պահանջեց «տերմոմետր» բառին տեղ «գրադուսնիկ» բառը գործածել: «Ես այնպէս կ՛ընես, որ քառասուն¬յիսուն տարի անցնելէն ետք Կովկասի մէջ հայ կարելի է տեսնել միայն թանգարանի մէջ», իր մերձաւորներուն ըսած էր ան:
Նիկոլայ Բ. կայսրին ներկայացուած գաղտնի զեկուցումին մէջ Կալիցին կ՛ըսէր.
«Հայկական շարԺումը նպատակ ունի վերականգնել անցեալ Հայաստանի անկախութիւնը: Այդ շարժումը սահմանափակուած է քաղաքներուն մէջ, զարգացած դասակարգի եւ հայ կղերի մէջ միայն: Գիւղական ժողովուրդը դեռ չէ վարակուած: Խառնակութեան առաջին ղեկավարները եղած են հայոց հոգեւորականութիւնը, հայոց մամուլը եւ արտասահմանի հայ յեղափոխական կոմիտէները: Այս վիճակը պարտք կը դնէ բարձրագոյն իշխանութեան վրայ` հաստատել աւելի կանոնաւոր վիճակ, պաշտպանելու երկրի ժողովուրդի մնացեալ մասը` հայերու շահագործող ձգտումներէն եւ վնասակար միտումներէն: Անդրկովկասի հայերու թիւը բաղդատմամբ միւս ազգերու այնքան փոքր է, որ մեծ վտանգ չի սպառնար երկրի անդորրութեան եւ տեղական իշխանութիւնը բաւականաչափ ուժ ունի անմիջապէս խեղդելու հայկական խառնակութեան փորձը:
«… Հայոց կաթողիկոսը, իր ծերութեան պատճառով, հարկաւոր չափով անկախօրէն չի դատեր եւ կը գտնուի իր այն կղերական խորհրդականներու ազդեցութեան տակ, որոնք իրենց անձնական նպատակները ունին: Անոնց իտէալն է մեծ եւ միացեալ Հայաստանը: Անոնք իրենց հայրենակիցները կը դրդեն դէպի անջատողական ձգտումներ եւ խորհուրդ կու տան կաթողիկոսին` չհամակրիլ մեր օրէնքներուն եւ գերադասել իր կրօնական հեղինակութիւնը: Այսպիսով կը մղուի բռնել ընթացք մը, որ համաձայն չէ կառավարութեան տեսակէտներուն: Բացատրեցի նորին սրբութեան, թէ Էջմիածնի սինոտի իրաւասութեան պատկանող խնդիրներու վերաբերեալ իր տուած անձնական հրամանները կրնան մեծ շփոթութիւններ առաջ բերել իր հօտի գործերու եւ յարաբերութեան մէջ եւ վեր հանեցի այն կէտը, թէ հարկ է, որ իր հրամանները համակերպին օրէնքներու պահանջներուն:
«Ուսումնասիրելով խնդիրը, եկայ այն համոզումին, որ այս ձգտումը, որ կը փափաքին պետական հեղինակութեան ազդեցութեան շրջանակէն դուրս դիրք մը տալ կաթողիկոսին, ժողովուրդի միտքին մէջ այն սխալ գաղափարը պիտի մտցնէ, թէ կաթողիկոսը բացառիկ դիրք եւ հանգամանք ունի, եւ իբրեւ հետեւանք, տգէտ միտքերու մէջ ծնունդ պիտի տայ այն սխալ համոզումին, թէ կաթողիկոսը ոչ միայն հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր գլուխն է, այլեւ Անդրկովկասի եւ դրացի փոքրասիական նահանգներու հայերու քաղաքական միացման ներկայացուցիչը: Ուստի իմ կարծիքն է, որ ռուս կառավարութիւնը պէտք է ազդու կերպով պնդէ, թէ կաթողիկոսը եւ Էջմիածնի սինոտը պարտաւոր են կէտ առ կէտ գործադրել օրէնքը:
«Իբրեւ ազդարարութիւն, եւ իբրեւ Էջմիածնի սինոտի մէջ անկանոնութիւններու առաջքը առնեմ, պատուիրեցի, որ պաշտօնանկ ըլլան սինոտի անդամներէն երկու վարպետներ, որոնց անունն է` Վահան Տէր Գրիգորեանց եւ Նահապետ Նահապետեանց. այս երկրորդը անձնական քարտուղար կաթողիկոսի: Խորհուրդ տուի, որ անոնք դուրս դրուին Կովկասի սահմաններէն եւ Ձեր Մեծութիւնը վաւերացուց այս տնօրինութիւնը:
«Կովկասի հայոց ծխական դպրոցները լուսաւորութեան նախարարութեան յանձնելը` համաձայն Ձեր Մեծութեան 13 յունիս 1897¬ի հրամանագիրի` վերջին ծայր կարեւոր է իբրեւ միջոց` պահպանելու նոր սերունդը հայ կղերի վնասաբեր ազդեցութեան դէմ: Հայ կրօնաւորները չուզեցին համակերպիլ նոր կանոններուն: Ուստի եւ Կովկասի բարձրագոյն իշխանութեան հրամանով 1897¬ին փակուեցան 320 դպրոցներ: 31 դպրոց միայն բաց մնաց, որոնցմէ մէկ քանին ալ յետոյ փակուեցան` կամ ուսուցիչներու անձեռնհասութեան պատճառով եւ կամ անոր համար, որ կղերը կաթողիկոսին տուած հրահանգներուն համաձայն գործելով, չուզեց տալ այդ դպրոցներու պահպանութեան համար հարկաւոր դրամը:
«Իրաւ է, կայսերական հրամանագիրի մէջ բան չէ ըսուած հայ ծխական վարժարաններու սեփականութեան փոխանցման մասին, բայց այդ կէտը լռելեայն կը հասկցուի եւ որովհետեւ բացուելիք նոր դպրոցները անօգուտ պիտի ըլլան` առանց անոնց պահպանութեան համար կարեւոր միջոցներու: Ահա թէ ինչու Ձեր Մեծութեան վաւերացումը խնդրեցի` փակուած դպրոցներու սեփականութիւնը ժողովրդական լուսաւորութեան նախարարութեան փոխանցելու մասին եւ կը սպասեմ նոր հրամանի»:
Նիկոլայ Բ. կայսր զեկուցումին տակ ստորագրեց. «Այդպէս ընել»:
Հայ մամուլի մասին Կալիցին կ՛ըսէր.
«Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսնող հայոց պարբերական հրատարակութիւնները փոխանակ աշխատելու, որ հայերը ձուլուին ռուսերուն հետ, կը ձգտին աւելի ընդարձակել անոնց մէջ բացուած վէճը: Էջմիածնի պաշտօնական թերթը` «Արարատ», պէտք է ենթարկել Թիֆլիսի մամուլի ընդհանուր գրաքննութեան, որովհետեւ դիմադրած է դպրոցական նոր կարգադրութեան եւ չէ աշխատած, ինչպէս խոստացուած էր, մերձեցում առաջ բերել հայերու եւ ռուսերու միջեւ: Նոյն հակառուսական ոգին եւ վնասակար ձգտումները երեւան կու գան այն թերթերուն մէջ, որոնք կը հրատարակուին հայերու ձեռքով եւ ռուսերէն լեզուով»:
Իշխան Կալիցին կայսրէն խնդրեց արտօնութիւն տալ իրեն` հայերու հրատարակած բոլոր հանդէսներն ու օրաթերթերը, ինչ լեզուով ալ ըլլան, ենթարկել յատուկ դրութեան, իր անձնական հսկողութեան տակ: Այդ նպատակով ան առաջարկեց հայոց մամուլը որոշ ծրագիրի մը պահանջներուն ենթարկել, որ պատրաստուած ըլլայ իր դիւանին մէջ: