Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Շանթ (Սեղբոսեան) (1869-1951) Մեր Գրականութեան Թատերական Սեռի Նահապետը

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ տարի, վերամուտին, Հալէպի Ազգային ճեմարանի նորեկ աշակերտներէն էի, ու գեղեցիկ զուգադիպութեան մը իբրեւ արդար հետեւանք` շրջանի Համազգայինն ալ կը պատրաստուէր յառաջիկայ գարնան մշակութասէր հանրութեան ներկայացնել Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ կը փնտռէր թէ՛ տարիքով եւ թէ՛ հասակով յարմար «դերասանցու» տղաք:

Եւ ահա իմ բարի բախտէս, հայոց լեզուի ուսուցիչս` Զուլալ Գազանճեան, իբրեւ յարմարագոյն դերասան` անունս ալ առաջարկած էր:

Դարձեալ իմ բարի բախտէս, այս անգամ ուսուցիչս էր, որ ինծի «պայման» կը դնէր, որ պէտք էր ես նախ մօտէն «ծանօթանայի» Շանթին եւ իր թատերական վաստակին:

Թէեւ երկար ժամերս պիտի խլէին, սակայն թատրոնին մաս կազմելու մարմաջէն մղուած, առանց վարանելու, ընդունեցի ուսուցիչիս այս նախապայմանը: Շաբաթ մը վերջ Համազգայինը, ինծի հասակակից քանի մը «դերասաններ» ալ գտած էր ու հինգ ամիս ետք, չեմ յիշեր` ո՞ր դերով,  բեմ բարձրացայ:

Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց էր: Իսկ հիմա… մեր Շանթը, Լեւոն Շանթը:

Տարիներ առաջ ինծի բաւական «ծանօթ» եղած էր այս անունը: Ու գրեթէ «գոց» գիտէի, որ հայ ստեղծագործ այս միտքը Պոլիս ծնած էր եւ ապա Գերմանիա ուսանած եւ իբրեւ «պաշար»` Եւրոպան իր հետ բերած էր մինչեւ Կովկաս, յետոյ ալ ապրած եւ ստեղծագործած` Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ ու վերջը, քաղաքական պայմաններու բերումով, Միջին Արեւելք անցած եւ հոն ալ իր մահկանացուն կնքած էր:

Ահա իր պատմութիւնը, որ ինծի համար հայոց պատմութիւն ալ էր:

Ահա նաեւ` յարատեւ աշխատանքի հաւատացող մեծ հայ տաղանդ մը, որուն շնորհիւ իր գրականութիւնը հասցուցած էր նախանձելի բարձրութեան:

Աշակերտական առաջին տարիներու դասագիրքիս` «Մանկական աշխարհ»-ի հեղինակ Լեւոն Շանթի կեանքին եւ գործերուն վերեւ յիշած գեղեցիկ պատահականութեան շնորհիւ էր, որ փոքր տարիքէս հարստացուած էր միտքս: Ուրախ էի եւ հպարտ:

Անոր համար, եթէ փորձեմ Շանթի ստեղծագործութիւնները մասնաւորել, կրնամ յստակօրէն ըսել, թէ խորքին մէջ գրող եւ քաղաքական գործիչ Շանթի գրիչէն արտացոլացած էին գրական երեք իրարմէ տարբեր սեռեր` բանաստեղծութիւն, վէպ եւ թատրերգութիւն:

Իբրեւ բանաստեղծ` ան արուեստագէտ հեղինակ մըն էր, իրական եւ անմիջական, առանց զարդարանքի բառերու շարքով եւ տողերով:

Իբրեւ վիպագիր` մեր կեանքի գաղափարներու արձագանգողն էր: Հայելի մը, գրական նկարներով եւ մարդկային ապրումներով եւ մտահոգութիւններով լեցուն:

Եւ վերջապէս` իբրեւ մեծ թատերագիր մը, ան ազգային եւ համահարդկային պիտակով իր նիւթերը վերցուցած էր մեր պատմական անցեալի փառքերէն:

Ահա, թէ ո՛վ էր բանաստեղծ, վիպագիր եւ թատերագիր Շանթը եւ մանկութեանս հայոց լեզուի դասագիրքիս եւ այլ դասագիրքերու հեղինակը եւ տակաւին` «Եսի մարդը»-ուն, «Շղթայուած»-ին, «Հին աստուածներ»-ուն, «Կայսրը»-ին, «Օշին Պայլ»-ին եւ «Հոգիները ծարաւի»-ին հեղինակը:

Ու տակաւին շարքը կ՛երկարի:

Իր ստեղծագործութիւններու գլխաւոր կիզակէտը կամ, աւելի ճիշդ, գլխաւոր նպատակը եղած էր թատերագրական իր նորութիւնով եւ մանաւանդ հզօր ելոյթներով վերականգնել ազգային մեր ոգին եւ շունչը:

Թղթատեցէք իր էջերը: Կարդացէ՛ք Շանթի հատորները` բանաստեղծութիւն, վէպ եւ կամ թատրերգութիւն, որ մէկը որ կ՛ուզէք… եւ պիտի հաստատէ՛ք:

Վերջապէս իր այս պատկառելի վաստակով, ան` իբրեւ մեծ երազող գրող մը, խորանալով մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան ծիրերէն ներս, հաստատօրէն դարձաւ մեր գրականութեան թատերական սեռի արժանի նահապետը:

Հպարտ երեւոյթ:

Իբրեւ Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն»-ի յարգելի անդամներէն մէկը` ան իր անուրանալի տաղանդով, գրեթէ իր բոլոր ստեղծագործած վէպերուն մէջ իսկ յայտնած էր թատերագիրի իր շունչն ու գրիչը:

Պէտք է անպայման յիշեմ, որ Սեղբոսեան Լեւոն` այս ուսուցիչն ու մանկավարժը, իր կեանքի վերջին տարիներուն նաեւ վարած էր Պէյրութի Հայ ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը: Անկասկած, որ իր բոլոր կենսագրական գիծերը կամ նկարագրականները ունեցած էին որոշ եւ յստակ ձիրք եւ շնորհ:

Թատերագիր եւ ան ալ` նահապետ, շեշտեցի, որովհետեւ ինքն էր, իր հանճարեղ մտածողութեամբ օրին եւ պատշաճօրէն ճանչցած էր թատրոնի պահանջները եւ անոր զուգահեռ` առատօրէն «արտադրած»: Պատմական եւ ռոմանթիկ վիպագրի գրիչով եւ ոճով ան` իբրեւ իրապաշտ ստեղծագործական շինանիւթ, կողք-կողքի շարած էր մեր կեանքն ու պատմութիւնը, մեր պատմական շարժումներն ու անոնց հետաքրքրական ընթացքն ու մանաւանդ այս բոլորով իր էջերը գեղեցկացուցած էր իր խոհուն եւ հայրենասիրական վրձինով:

Լեւոն Շանթ: Մեծ մը, հայ գրիչի մեծերէն:

Վերջապէս գրիչ մը, որ ամէն առիթով ոչ միայն գրեց, այլ նաեւ կազմեց համաձայն իր տեսիլքներուն եւ լուսաւորեց իր բոլոր ընթերցողներուն միտքերը: Բայց այսքանով չգոհանալով` ան մեր պատմութեան տագնապները ներկայացուց իր լեզուով, որ տիրական արժանիք մըն էր:

Մեսրոպեան սքանչելի հանճարին եւ տեսիլքին արդիւնք եղող եւ մեր տառերուն մեծ սքանչացողն ու ծափահարողն էր նուիրական այս հայ ուսուցիչն ու հայերէնի զանազան դասագիրքերու հեղինակը, որ Կովկասէն մինչեւ Պոլիս, մինչեւ Եգիպտոս ու Պէյրութ վայելած էր հայու մեծ ու անկեղծ զմայլանքն ու գնահատանքը` ամէն ատեն:

Ուստի ինք ուրիշ մըն էր: Տարբեր մէկը: Ուրիշ մը: Միւսներէն` իր շրջապատի մեր գրական պարտէզի միւս մշակներէն տարբեր, որ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին համբերութեամբ դիտեց, սիրեց, զննեց եւ վերլուծեց իւրաքանչիւր երեւոյթ, դէպք եւ դէմք ու պատահար ու այս բոլորը իբրեւ իր մէջ իմացականութեան նոր ալիք` մեզի հրամցուց իր հազարաւոր ստեղծագործ էջերով:

Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ այս մարդը, սովորական եւ անսովոր այս հայը, հանդարտ ուսուցիչը, որուն անսովոր ակնոցին ետին լողացող հլուն աչքերովը ամբողջ տեսանելի կեանք մը պահած էր: Կեանք մը, որ ամբողջութեամբ մաս կազմած էր իր ժողովուրդին եւ մանաւանդ դաստիարակած նոյն այս ժողովուրդի նոր սերունդի զաւակները` համեստօրէն եւ նոյնքան ալ անսակարկ:

Քիչ մը պոլսեցի քիչ մըն ալ կովկասահայ, բայց վերջապէս` սփիւռքահայ, նուրբ եւ ամփոփ գիծերով այս հայ գրողը մեր գրականութեան պատմութեան լայն պողոտան առաջնորդող այն վիպագիրն է, որուն այս տարի ծննդեան մէկուկէս դարու յոբելեանը պիտի տօնակատարուի ամէն տեղ` պատշաճօրէն եւ յարգալիր:

Բիւր յարգանք իր գրիչին ու անոր ընկերացող գրական իր վաստակին եւ խոնջէնքին:

 

 

Նախորդը

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Նոր Համայնքներ` Նոր Մարտահարւէրներ, Որոնք Կարելի Չէ Անտեսել

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (14). Ճշգրիտ Թարգմանութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?