Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Կը Գտնուի «Գիւմրի, Իմ Սէր» Խորագիրով Համերգին
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող «Նախագահական համերգաշարի» ծիրին մէջ, դեկտեմբեր 6-ի երեկոյեան նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Գիւմրիին նուիրուած` «Գիւմրի, իմ սէր» խորագիրով համերգը, որուն ներկայ գտնուած են` նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, պետական, հասարակական, գիտական եւ մշակութային գործիչներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, հրաւիրեալներ` հանրապետութեան մարզերէն:
Համերգը, Գիւմրիի երաժշտարուեստը ներկայացնելէ անկախ, նաեւ յարգանքի տուրք էր 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին. մինչեւ համերգը սկսիլը` ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգած են անոնց յիշատակը:
Գիւմրիի երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներու սաներու կատարումով հնչած են դասական, գուսանական եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւններ:
Համերգի աւարտին նախագահ Սարգսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով երկրաշարժի տարելիցի նախօրէին այս իւրայատուկ եւ գեղեցիկ օրուան համար` ըսած է. «Գեղեցիկ օր է, որովհետեւ մէկ անգամ եւս մեր փոքրիկները, անոնց ծնողները, մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը ապացուցեցին, որ սէրը, նուիրումը, աշխատասիրութիւնը, դրական վերաբերումը շատ աւելի զօրաւոր են, քան` անտարբերութիւնը, ծուլութիւնը եւ թուլութիւնը: Մէկ անգամ եւս ապացուցեցին, որ կեանքը աւելի զօրաւոր է, քան` մահը: Գլուխ կը խոնարհեմ անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ, որ ասկէ 31 տարի առաջ իրենց կեանքը աւարտեցին Կիրովականի, Սպիտակի եւ Լենինականի մէջ ու նաեւ` այն բոլոր մայրերու, հայրերու, եղբայրներու եւ քոյրերու առջեւ, որոնք չվհատեցան եւ հաւատացին, որ կեանքը աւելի զօրաւոր է, քան` մահը, եւ իրենց նուիրումը բերին իրենց զաւակներուն, թոռներուն, որպէսզի կրկին ապացուցեն, որ Վանաձորը, Սպիտակը եւ Գիւմրին ընդմիշտ են»: Այս մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Յաջողութիւն մաղթելով համերգի մասնակից գիւմրեցի տաղանդաւոր փոքրիկներուն` նախագահ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ անոնք կը շարունակեն իրենց ծնողներու աշխատանքը` պահպանելով իրենց հոգեւոր եւ ազգային արժէքները, մշակութային ժառանգութիւնը. «Վստահ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը հպարտ գիւմրեցիի սիրտ ունի, եւ կ՛ուզեմ այդ հպարտութիւնն ու սէրը ձեր քաղաքի, ձեր մարզի, ձեր հաւատքի, ձեր հայրենիքի ու ժողովուրդի նկատմամբ կրէք ձեր ամբողջ կեանքի ընթացքին»:
Հաղորդենք, որ համերգի աւարտէն ետք ներկաները կարելիութիւն ունեցած են դիտելու նաեւ նախագահական նստավայրին մէջ բացուած` գիւմրեցի արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու ցուցադրութիւնը:
ՀՕՄ-ը Պարգեւատրեց Հայրենիքի Պաշտպանները
Հայ օգնութեան միութիւնը 1993-էն ի վեր կ՛իրականացնէ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը` ամէն տարի խրախուսելով 55 ուսանող: Պարգեւատրման գումարը կը գոյանայ աշխարհի 27 երկիրներու մէջ ապրող եւ գործող ՀՕՄ-ականներուն միջոցով:
2 տարիէ ի վեր որոշուած է փոխել ծրագիրին ձեւը եւ պարգեւատրել ո՛չ միայն յառաջադէմ աշակերտները, այլեւ` հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին վիրաւորուածները:
Այս տարի, կազմակերպութեան յատուկ որոշումով, պարգեւատրուեցան հայրենիքի պաշտպան ուսանողները, որոնք հայրենիքի նկատմամբ իրենց պարտքը կատարելու ընթացքին վիրաւորուած են կամ ունին առողջական հարցեր:
«Կը շնորհաւորենք բոլոր պարգեւատրուած ուսանողները եւ կ՛ակնկալենք, որ ուսման մէջ անոնք արձանագրեն նոյնքան վճռակամութիւն եւ կամք` հասնելու իրենց երազանքներուն եւ նպատակներուն», նշեց ՀՕՄ-ը:
Արցախի Պատմամշակութային Ոլորտին Համար Պիտի Յատկացուի Շուրջ 122 Միլիոն Դրամ
Արցախի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու ու ելեւմտական եւ տնտեսական կառավարման հարցերու մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Արցախի պատմամշակութային ոլորտին համար պիտի յատկացուի շուրջ 122 միլիոն դրամ:
Նախարարին համաձայն, ոլորտի կարգաւորման եւ զարգացման համար պետական պիւտճէով նախատեսուած ֆինանսաւորման հիմնական նպատակն է Արցախի մէջ պահպանուած պատմամշակութային յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնը եւ պահպանումը` վկայագրման, պահպանական գօտիներու կազմութեան, օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման, յուշարձաններու տարածքներու մաքրութեան եւ հանրահռչակման միջոցով:
2020 թուականին Գտչավանքի վանական համալիրի տարածքին մէջ կը նախատեսուի աշխատանքներ իրականացնել եկեղեցւոյ ներսի պատերուն վրայ: Վերջիններուն վրայ առկայ են բազմաթիւ փորագրութիւններ, որոնք, ըստ նախարարին, կատարուած են յուշարձանի անբարեխիղճ այցելուներուն կողմէ: Շուշիի շրջանի Հունոտի քարէ կամուրջի վերականգնման աշխատանքներու իրականացմամբ կը նախատեսուի շարունակել 2019-ին մեկնարկած կամուրջի վերականգնման աշխատանքները: Ասկերանի ամրոցի օգտագործման, տարածքի բարեկարգման եւ երկայնական պատերու վերականգնման աշխատանքները հիմնականին մէջ պիտի իրականացուին երկայնական պատերու վերականգնման ուղղութեամբ: Շուշիի պարսպապատերու եւ աշտարակներու վերականգնման աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը կապուած է Շուշիի պարսպապատերու աշտարակներէն մէկուն վթարային վիճակին: Յուշարձաններու տարածքներու բարեկարգման եւ կազմակերպման աշխատանքներ նախատեսուած են իրականացնել Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի տարածքին մէջ գտնուող «Վահան Բէյ» կոչուող կամուրջի ամրակայման եւ վերականգնման աշխատանքներ ու Շուշի քաղաքի Գարեգին Նժդեհ եւ Զօրավար Անդրանիկ փողոցներու քառուղիին վրայ գտնուող նախկին թեմական դպրոցի վթարային պատի քանդման եւ վերաշարման աշխատանքները:
«Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանը Իւրօրինակ Կամուրջ Է Հայաստանի Եւ Հնդկաստանի Միջեւ». Գարեգին Բ.
3 դեկտեմբերին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալին:
Ողջունելով դեսպանը` Գարեգին Բ. անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատմական յարաբերութիւններուն` ընդգծելով, որ այս մէկուն լաւագոյն վկայութիւնը Հնդկաստանի մէջ առկայ հայկական եկեղեցիներն են եւ, թէեւ փոքրաթիւ, սակայն աշխուժ հայ համայնքը: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մեծապէս կարեւորեց նաեւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը` նշելով, որ անիկա իւրօրինակ կամուրջ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման առումով: Ան նաեւ գնահատեց բոլոր այն ջանքերը, զորս երկու երկիրները գործադրած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով:
Դեսպանը իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած պատմական առնչութիւններուն, Հնդկաստանի մէջ հայերու պատմական ներկայութեան եւ անոնց ձգած ազդեցութեան, յատկապէս` Հնդկաստանի կրթական ոլորտին վրայ, որ կը շարունակուի մինչ այսօր: Ան խօսեցաւ նաեւ հայ-հնդկական քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Զրոյցին ընթացքին վեհափառը հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի մէջ հնդկական համայնքին կեանքով, մասնաւորաբար` Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող հնդիկ երիտասարդներով: Անդրադարձ կատարուեցաւ դեսպանատան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ, Կալկաթայի մէջ իրականացուող հայրենիքի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին հաշմանդամ դարձած զինուորականները արհեստական անդամներով օժտելու եւ բուժելու ծրագիրին:
Նոր Դրոշմաթուղթ` Նուիրուած Կոմիտասի 150-ամեակին
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ 1 դեկտեմբերին հրապարակուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ դրոշմաթուղթ մը` նուիրուած «Մեծանուն հայեր. Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակ»-ին:
Դրոշմաթուղթը տպագրուած է Ֆրանսայի «Քարթոր» տպագրատան մէջ` 20.000 տպաքանակով: Անոր վրայ պատկերուած է հայ վարդապետ, երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ եւ ուսուցիչ Կոմիտասը (1869-1935)` Սողոմոն Սողոմոնեանը: Տեղադրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լոկոն, քանի որ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2018-2019-ի օրացոյցին մէջ:
Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարը եւ Կոմիտասի ստորագրութիւնը:
Արցախի Պետական Պատմական Երկրագիտական Թանգարանը 80 Տարեկան Է
Արցախի պետական պատմական երկրագիտական թանգարանի նախաձեռնութեամբ եւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Արցախի պատմութիւնը եւ մշակոյթը. աշխարհի թանգարանները» խորագրով միջշրջանային պրէյ-ռինկ:
Ըստ «Արցախփրէս»-ին, խաղին մասնակցած են Ստեփանակերտի, Հադրութի, Մարտունիի, Մարտակերտի, Շուշիի եւ Ասկերանի Նորագիւղ համայնքներու 6 խումբեր: Խաղը բաղկացած է երեք փուլէ. իւրաքանչիւր փուլի հնչած է 12 հարցում:
Արցախի պետական պատմական երկրագիտական թանգարանի աւագ գիտաշխատող Գոհար Աբրահամեան տեղեկացուցած է, որ թանգարանին հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով կազմակերպուած է շարք մը ձեռնարկներ. պրէյ-ռինկը կը հանդիսանայ անոնց ամփոփումը:
«Խաղը իր մէջ կ՛ամբողջացնէ երկու կարեւոր նպատակ: Առաջինը` հանրութեան լայն շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի պատմութեան լուսաբանման վրայ: Վստահ ենք, որ Արցախի պատմութեան, մշակոյթի ուսումնասիրութիւնը եւ հայրենաճանաչութիւնը կը հանդիսանան մեր ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն երաշխիքը` նպաստելով երիտասարդներուն մէջ ազգային արժէքներուն, գաղափարներուն պահպանութեան եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ գիտելիքներու խորացման եւ խելացութեան մակարդակի բարձրացման: Երկրորդ կարեւոր կէտը` շեշտել թանգարանային գործունէութեան էութիւնը, բարձրացնել հետաքրքրութիւնը թանգարաններու նկատմամբ եւ խրախուսել հանրութեան մէջ «թանգարան այցելելու մշակոյթին» ձեւաւորումը», մասնաւորապէս նշած է Գ. Աբրահամեան:
Ան յայտնած է նաեւ, որ թանգարանի ստեղծման 80 տարիներու ընթացքին ունեցած են շարք մը ձեռքբերումներ, մեծ թիւով օտար եւ տեղացի այցելուներ: 2018 թուականի համեմատ, 2019 թուականին թանգարանի այցելուներուն թիւը աճած է 7000-ով:
Հայկական Զարդանախշերով Ասեղնագործութեան Եւ Փայտագործութեան Ցուցահանդէս
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ իրականացած «Հայկական զարդանախշերով ասեղնագործութեան եւ փայտագործութեան դասընթացք» ծրագրի մասնակիցներուն աշխատանքներուն ցուցահանդէսը նուիրուած է հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց միջազգային օրուան:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ այս ծրագրին նպատակն է նպաստել հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդներուն գործնական ուսուցման եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ծանոօթանալու միջոցով` ազատ ժամանցի եւ ընկերային կազմակերպման:
Ծրագրին մասնակից 15 երիտասարդներ գիտելիքներ ձեռք բերած են ասեղնագործութեան եւ փայտի գեղարուեստական փորագրութեան արուեստին մասին, սորված են նաեւ ասեղնագործութեան եւ փորագրութեան տարբեր տեսակներու միջոցով պատրաստել եւ ձեւաւորել ձեւաւորման-կիրարկման առարկաներ:
«Հայկական զարդանախշերով ասեղնագործութեան եւ փայտագործութեան դասընթացք» ծրագիրը շարունակութիւնն է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած «Կաւի արհեստանոց` հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց համար» 2017 թուականին եւ «Զարդատառերով փայտէ իրերու պատրաստման արհեստանոց` հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց համար» 2018 թուականի ծրագիրներուն:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 5-ին, Յովհաննէս Շարամպէեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ եւ պիտի շարունակուի ներկայացուիլ հանրութեան մինչեւ դեկտեմբեր 25:
Ամերիկեան «Conde Nast Traveler»-ը Հայաստանը Ներառած Է 2020-ի Զբօսաշրջային Ուղղութիւններու Ցանկին Մէջ
Ամերիկեան «Conde Nast Traveler» ճամբորդական ամսագիրը ներկայացուցած է 2020 թուականի այցելութիւններուն համար լաւագոյն 20 երկիրներու ցանկը, զոր կը գլխաւորէ Հայաստանը:
«Նոր երկիրներու ընտրութիւններու համար ոգեշնչման կարիք ունի՞ք: Դիտարկեցէք մեր կողմէ երաշխաւորուած տարածքները յունուարին այցելելու համար: Ամէն ինչէ զատ` Նոր տարուան լաւագոյն սկիզբը ճամբորդներուն համար անվերջ զբօսաշրջային կարելիութիւններն են, թէ ո՛ւր կ՛երթաք, որո՛ւ հետ եւ թէ ինչպէ՛ս, կարեւորը այն է, որ այդ այցելութիւնը փոխէ ձեր հայեացքները», նշուած է յօդուածին մէջ:
Թերթին համաձայն, Հայաստան այն երկիրներէն է, որ յաջորդ տարի կը դառնայ ամէնէն աւելի ուշադրութիւն գրաւողներէն: Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ Քիմ Քարտաշեանի Հայաստան այցելութիւններուն, «Ryanair» օդանաւային ընկերութեան հայաստանեան շուկայ մուտք գործելուն, ճամբորդելու առումով յարմար կարելիութիւններուն` շեշտելով, որ Հայաստան «գրպանի համար բարենպաստ» երկիր է:
Առաջին անգամ Հայաստան այցելողներուն խորհուրդ կը տրուի մնալ Երեւան` վարդագոյն քաղաք: Պանդոկին մէջ տեղաւորուելէ ետք յօդուածագիրը կ՛առաջարկէ այցելել քաղաքի հիմնական տեսարժան վայրերը` Հանրապետութեան հրապարակ, Կասկատ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, որ նուիրուած է 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան:
Քաղաքէն դուրս Հայաստանի զբօսաշրջութեան հիմնաքարը կը հանդիսանան հայկական եկեղեցիները, յատկապէս` Խոր Վիրապը, Նորավանքը, Գեղարդը, հեթանոսական Գառնիի տաճարը: Հայաստանի ճարտարապետութեան գլխաւոր զարդը Էջմիածինն է, ուր կը գտնուի աշխարհի հնագոյն տաճարներէն մէկը:
Յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Սեւանայ լիճին, Դիլիջան ազգային փարքին եւ այլ տեսարժան վայրերու: