Յօդուածներ

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին

 Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ Ո՞վ էր Կոմիտաս եւ ո՞վ կրնայ ըլլալ անոր յաջորդը... Ընդհանրապէս, երբ որեւէ բանի մասին մտածենք, մեր միտքերուն մէջ կը պատկերացնենք այն բանը, որուն մասին մտածեցինք: Այս մասին քննարկած են բազմաթիւ փիլիսոփաներ, որոնցմէ են Արիստոտէլն ու Պղատոնը: Հոգեբաններ կը բացատրեն, որ մտածելու եւ մտային պատկերացումի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը անհրաժեշտ է ընկալելու համար որեւէ միտք: Փիլիսոփայութիւններ պիտի չընեմ, այլ...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Կոմիտասի 150-Ամեակ

ՆԺԴԵՀ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ 2019 թուականը հայ ժողովուրդին համար յատկանշական եղաւ, որովհետեւ Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը ամբողջացաւ: Ամբողջ տարուան ընթացքին լիբանանահայ զանազան միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ աշխատեցան տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպել` ի յիշատակ Կոմիտաս վարդապետին: Այս ձեռնարկներուն շարքին էր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին տուած համերգը, որ տեղի ունեցաւ յունիս ամսուն վերջաւորութեան: Կ՛արժէ յիշել, որ  Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը շարունակութիւնն է նոյնինքն Կոմիտասի կազմած «Գուսան» երգչախումբին, որ...

Զրոյց. «Ստեղծել Ընթերցողի Կարծիք, Ընթերցո՛ղ Ստեղծել»

Զրոյց. «Ստեղծել Ընթերցողի Կարծիք, Ընթերցո՛ղ Ստեղծել»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ.- Ահա արդէն կ՛ակնարկես այն չափորոշիչներուն, որոնք օտար մամուլի ամէնէն սովորական երեւոյթներն են: Անշուշտ կան բազմաթիւ այլ յատկանիշներ, որոնք թերթ մը թերթ կ՛ընեն, իւրայատկութի՛ւն կ՛ընծայեն անոր, ընթերցող կը հրապուրեն: Քանի որ պատրաստութեամբ ճարտարապետ եմ, բովանդակութեան չափ ինծի համար նոյնքան կարեւոր է թերթի մը տեսքը` էջադրութիւնը, տառատեսակը, տառաչափը, վերնագրելու արուեստը, նկարազարդումը, նաեւ` նիւթերու տեսականին: Եթէ այս բաներուն կարեւորութիւն չտրուի, իրաւունք չենք...

Առցանց Եւ Անցանց Բարեկամներ

Առցանց Եւ Անցանց Բարեկամներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մենք բոլորս ալ առցանց բարեկամներ եւ իրական կեանքի` անցանց բարեկամներ ունինք: Անշուշտ երկու պարագային ալ կան առաւելութիւններ եւ անպատեհութիւններ, որոնց երբեմն չենք անդրադառնար: Մէկ բան յստակ է, որ քայլ պահելով արհեստագիտութեան շատ արագ զարգացումին հետ` մարդիկ կը սկսին իրական կեանքի արժէքներէն երբեմն խզուիլ: Առցանց կամ անցանց բարեկամութիւնը արժէք կ՛ունենայ, երբ հարազատ եւ մնայուն ըլլայ: Ծանօթանանք այլ կարծիքներու:...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Տարին Կը Փակուի Տագնապին Չփակուող Թղթածրարով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարին Կը Փակուի Տագնապին Չփակուող Թղթածրարով

2019-ն յատկանշուեցաւ սուրիական տագնապին վրայ ազդեցութիւն ունեցող արտաքին ուժերու շահերուն բախումով: Սուրիական պատերազմին շիջումը աւետող տարեմուտէն քանի մը շաբաթ անց բացասական զարգացումներ գլուխ ցցեցին: Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարտադրուած տնտեսական շրջափակման հետեւանքով սուրիական դրամանիշը նկատառելի անկում կրեց, որուն պատճառով ալ աճ արձանագրեցին անգործութեան եւ սղաճի տոկոսները: Թրքական ուժերուն ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ` կրկին տեղահանութեան ենթարկեց շրջանի բնակչութիւնն ու վերաշխուժացուց ահաբեկչական խումբերու...

Ակնարկ.  Գաղտնաբառի Աւանդական  Ոճն Ու Իրաւական Պետութիւնը

Ակնարկ. Թէ՛ Մասնագէտ, Թէ՛ Քաղաքագէտ

Վարչապետի նշանակումը կամ նախատօնական փուլը տակաւին լաւատեսութիւն չեն հաղորդած լիբանանցի ժողովուրդին, որ ընդամէնը ճգնաժամի ընթացքի մէջ դադարի (թայմ աութ) իրականութեան առջեւ գտնուելու համոզումը ունի: Նշանակուած վարչապետը ճիգի մէջ է սեղմ ժամանակի մէջ սեղմ կազմով կառավարութիւն ձեւաւորելու: Իր պատկերացումին համաձայն անիկա պիտի ըլլայ փոքրաթիւ եւ անկախ: Եթէ փոքրաթիւի սահմանները կարելի է պատկերացնել, ապա անկախ բնութագիրի ընկալումն ու իրականացումը նոյնքան պարզ չեն:...

Արցախը Պէտք Է Մնայ Կայուն, Համախմբուած Եւ ՀՅԴ Գաղափարներով Տոգորուած Առաջ Շարժուի. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Արցախը Պէտք Է Մնայ Կայուն, Համախմբուած Եւ ՀՅԴ Գաղափարներով Տոգորուած Առաջ Շարժուի. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Հարցազրոյցը` ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆԻ Դեկտեմբերի 15-ին կայացած ՀՅԴ Արցախի արտակարգ Շրջանային ժողովին մասնակցելու նպատակով Արցախում էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ժողովից յետոյ «Ապառաժ»-ը զրուցել է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչի հետ` Դաշնակցութեան անելիքների, ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրների, կայացած ժողովի եւ այլ հարցերի շուրջ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէիք արտակարգ Շրջանային ժողովի ընթացքը եւ ընդունուած որոշումները: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պատմական ժողով էր, ընտրութիւններն էլ լինելու...

Սուրբ Ծնունդի Պատգամ.  Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ  Շնորհքը  Յայտնուեցաւ

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Ան Ճշմա՛րտապէս Աշխարհ Եկաւ Եւ Մարդացաւ` Անկեալ Մարդը Վերականգնելու Ու Փրկելու

«Հրեշտակը ըսաւ հովիւներուն. Մի՛ վախնաք, ահա մեծ ուրախութիւն մը կ՛աւետեմ ձեզի. Փրկի՛չ մը ծնաւ այսօր ձեզի» (Ղկ 2, 11) Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, Համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը հռչակէ այսօր մեծագոյն եղելութիւնը, որ տեղի ունեցած է աստուածային արարչագործութենէն ետք, երբ հրեշտակները հռչակեցին, թէ աշխարհ եկած է աշխարհի Փրկիչը, Բեթղեհէմ կոչուած անծանօթ գիւղի մը մէջ, մինչ բուռ մը հովիւներ, գիշերանց, հեռու աշխարհի...

Անդրադարձ.  «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

Ապրի՛ Լիբանանահայութիւնը

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան յայտարարութիւնը եղած էր արդէն: Ինչքան ալ հաւատքը մեծ էր այդ հսկայ գործին յաջողութեան, այնուամենայնիւ կը մնար այն փոքր մտավախութիւնը, որ մէկ-մէկ ալ տարբեր հարցադրումներով կը փորձէր պղտորել միտքերը: Այո՛, նման նախաձեռնութիւն նորութիւն չէր լիբանանահայ գաղութին համար, բայց տնտեսական վատ պայմաններու սարսափելի հարուածէն անմաս չէին մնացած հայ ընտանիքները եւ հայկական...

Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի

Անաչառութեան եւ Ներքին Դիւանագիտութեան Բացը

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ Դեկտ. 19, 2019 Գաղտնիք չէ, որ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս չէ կարողացած քաղաքական միասնակամութիւն ցուցաբերել։ Տխո՛ւր իրողութիւն է, որ անցած դարուն, իբրեւ ազգ, մեզ միաւորող գլխաւոր եւ մնայուն ազդակը եղած է Ցեղասպանութիւնը։ Ատկէ դուրս, հազուադէպ եւ կարճատեւ եղած են պատմական այն ժամանակամիջոցները երբ հայ ժողովուրդը կրցած է միանալ, եւ նոյնիսկ այդ բացառութիւնները պատահած են, երբ մենք մեզ գտած ենք...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիպեցաւ  Երկու Ազգային Վարժարաններու Տնօրէնութիւններուն  Եւ Խնամակալութիւններուն Հետ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիպեցաւ Երկու Ազգային Վարժարաններու Տնօրէնութիւններուն Եւ Խնամակալութիւններուն Հետ

Երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս յաջորդաբար ընդունեց Ազգային Միացեալ վարժարանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւններն ու խնամակալութիւնները: Աշխատանքային հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ ներկաները քննարկեն մեր վարժարաններուն կրթական-ուսումնական կեանքն ու տնտեսական վիճակը: Հանդիպման աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հայեցի...

Ողջերթի Հաւաք Դանիէլ Քհնյ. Մանճիկեանի`  Միացեալ Նահանգներ Մեկնումին Առթիւ

Ողջերթի Հաւաք Դանիէլ Քհնյ. Մանճիկեանի` Միացեալ Նահանգներ Մեկնումին Առթիւ

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու թաղական խորհուրդը ողջերթի մտերմիկ ընթրիք մը կազմակերպեցին եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեանի եւ երէցկին Վանայի Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելուն առթիւ: Ընթրիքի ընթացքին սրտի խօսք ուղղեցին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներն ու Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը:...

Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալներուն Տօնին Ընդառաջ

Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալներուն Տօնին Ընդառաջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Այս տարի Հայ առաքելական եկեղեցին Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն յիշատակի օրը կը տօնէ հինգշաբթի, 26 դեկտեմբերին: Գեղեցիկ աւանդութիւն եւ առիթ մըն է` շնորհաւորելու բոլոր անոնք, որոնք այս երկու ականաւոր սուրբերուն անունները կը կրեն, եւ` յիշելու անոնց օրինակելի կեանքերը: Յաճախ, երբ սուրբերու մասին խօսինք, կը կեդրոնանանք անոնց կեանքի այն դէպքերուն, իրագործումներուն եւ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ակնարկ. Թրամփ Յանցապարտ. Յետոյ Ի՞նչ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ու պատահեցաւ... սպասելին. չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերի երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց երկու բանաձեւ, որոնց հիմամբ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ պաշտօնապէս ամբաստանուեցաւ իր պաշտօնը անձնական շահերու ծառայեցնելու եւ անոնց շուրջ խորհրդարանական քննութիւնները խափանելու յանցանքներով: Այսպիսով, Սպիտակ տան պետը պատմութեան կ՛անցնի իբրեւ ամենալուրջ սխալները գործող` յանցապարտ նախագահ, անկախ այն հարցումէն, թէ յառաջիկայ յունուարին ծերակոյտը իր ձայնը պիտի միացնէ՞ Ներկայացուցիչներու տան,...

Նաւասարդ Ճեպել Մուսայի Լերան Լանջին

Նաւասարդ Ճեպել Մուսայի Լերան Լանջին

ՊՕՂՈՍ ԱՐՄԵՆԱԿ ԼԱԳԻՍԵԱՆ «Միտքդ պահէ, որ դուն ճեպելմուսացի ես, այսինքն ապառաժներու առասպելատիպ լեռնաշխարհէն ծնած ես հողի մը վրայ, որ վերելք էր միայն ու շքեղութիւն, որ պայքար էր լոկ ու խանդավառ խոյանք, կռիւ էր Եւ ազատ ապրելու անբեկանելի վճիռ»                                                                                                                                                        ԷԴՈՒԱՐԴ  ՊՈՅԱՃԵԱՆ Նաւասարդ, հուր հրացայտ Նաւասարդ, աշխարհական մարդիկ Նաւասարդ են տօնախմբում:  Իրենց  աշխարհի լեռների քարայծների մորթուց պատած թմբուկներն են որոտում, փողեր...

Զրոյց. «Ստեղծել Ընթերցողի Կարծիք, Ընթերցո՛ղ Ստեղծել»

Զրոյց. «Ստեղծել Ընթերցողի Կարծիք, Ընթերցո՛ղ Ստեղծել»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019-ն հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»: Զանազան առիթներ եղան, որպէսզի արտայայտուինք մեր մամուլի վիճակին մասին: Փափաքեցայ, տարին չաւարտած, նաեւ այդ մասին զրուցել Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայ գիր ու գրականութիւն կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանին մէջ (Գերմանիա) եւ, իր այլազան մտաւորական աշխատանքներուն կողքին, ահա երեքուկէս տարիէն աւելի է խմբագիրն ու վարիչն է Հայերէն blog գրական բեղուն...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Յաջող Հայ Երիտասարդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանի Մշտադալար Ճանապարհը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Հոկտեմբեր 17-ին Լիբանան թեւակոխեց տագնապալի առօրեայով լեցուն անկիւնադարձային փուլ մը: Ժողովրդային արդար պահանջը, որ պոռթկում մըն էր, ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու հետեւանք էր, ետքը զանազան տեսակի վերնագրեր առնելով` սկսաւ փողոցի ցուցարարներու առօրեան դառնալ: Լիբանանի սահմանադրութեան համաձայն, պահանջատիրութիւնը եւ երկրին բոլոր տարածքներուն վրայ ազատօրէն շրջագայիլը ժողովրդավարական արդար իրաւունք է: Այսօր, երբ ցուցարարները ճամբաները կը փակեն ժողովուրդի երեսին,...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մնայունը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն, քիչ մը ցոյցերու մթնոլորտէն ազդուած, քիչ մը տօնական օրերէն խանդավառուած, քիչ մը ժողովուրդ սիրաշահելու նպատակներ ունենալով, Լիբանանի տարածքին լսատեսողական լրատուամիջոցներու, բարեսիրական, քաղաքական, կրօնական թէ ընկերային կազմակերպութիւններու կողմէ օգնութիւններ բաժնելու փառատօն մը տեղի կ՛ունենայ: Փառատօն կ՛ըսեմ, որովհետեւ բաժնողներուն համար բաժնելու, նկարուելու, օգնութեան ձեռք երկարելը ընկերային ցանցերով տարածելու աքթը աւելի կարեւոր կը նկատուի, քան լուռ, առանց ձայնի եւ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Չանհետացող Արժէքներ. Դար Մը Կեանքէ Դէպի Դարերու Անմահութիւն Ժագ Ս. Յակոբեանի Յիշատակին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «...Ու կնքողս Նա ինքն եղաւ, որ սահմանեց ինձ պոէտ»: Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Աւելի քան 80 տարի առաջ հայ գրականութեան պարտէզին մէջ ծլարձակուեցաւ բանաստեղծ մը, որ 2019-ի նոյեմբերի առաջին օրերուն կնքեց աւելի քան մէկդարեան իր կեանքը եւ թեւակոխեց դարերու անմահութեան փուլը: Անունն էր Ժագ Ս. Յակոբեան, որ աւելի քան 40 հատորներու գրական վաստակով մը կերտեց վիթխարի կոթող մը եւ իր...

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ  Եւ Առաջին Մարտիրոս

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ Եւ Առաջին Մարտիրոս

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ (Հոգեւոր Հովիւ Սելանիկի) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն Նախնական եկեղեցին, ինչպէս գիտենք, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումէն եւ Հոգեգալուստէն ետք շարունակեց իր գոյութիւնը: Հաւատացեալները ամէն անգամ համախմբուելով աշակերտներուն շուրջ, միասին կ’աղօթէին, սաղմոսներ կ’երգէին, կը ճաշէին, Աստուծոյ անունը կը փառաւորէին եւ ողջ ժողովուրդին կողմէ յարգանք կը վայելէին: Այսպիսով, անոնք առաքեալներու ուսուցման` Ս. Հաղորդութեան, հացի բեկման ու աղօթքներուն մէջ կը...

Page 541 of 1112 1 … 540 541 542 … 1,112

Արխիւներ