Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց. «Ստեղծել Ընթերցողի Կարծիք, Ընթերցո՛ղ Ստեղծել»

Դեկտեմբեր 27, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ.- Ահա արդէն կ՛ակնարկես այն չափորոշիչներուն, որոնք օտար մամուլի ամէնէն սովորական երեւոյթներն են: Անշուշտ կան բազմաթիւ այլ յատկանիշներ, որոնք թերթ մը թերթ կ՛ընեն, իւրայատկութի՛ւն կ՛ընծայեն անոր, ընթերցող կը հրապուրեն: Քանի որ պատրաստութեամբ ճարտարապետ եմ, բովանդակութեան չափ ինծի համար նոյնքան կարեւոր է թերթի մը տեսքը` էջադրութիւնը, տառատեսակը, տառաչափը, վերնագրելու արուեստը, նկարազարդումը, նաեւ` նիւթերու տեսականին: Եթէ այս բաներուն կարեւորութիւն չտրուի, իրաւունք չենք ունենար ընթերցողի պակասին մասին խօսելու եւ այդ պակասը արտաքին ազդակներու վերագրելու:

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Համաձայն եմ արտաքին տեսքին կարեւորութեան, սակայն հարցերը շատ աւելի հեռու կ՛երթան: Քսան տարի առաջ գունաւոր, փայլփլուն ու արդիաճաշակ հանդէսներ սկսան լոյս տեսնել Պէյրութի մէջ, ուր ծանուցումներ յատուկ առաքելութիւն ունէին. կանացի կիսաբաց սրունք ու կուրծք յատուկ դեր ունէին հոն: Մօտեցումը տեղ մը հասկնալի է ու թերեւս ալ` օգտակար, բայց` ոչ բաւարար: Անոր միանալու է բովանդակութիւնը: Բովանդակութեան հոգ տանիլը հասունութիւն եւ աշխատանք կ՛ենթադրէ, ինքնաբերաբար տեղի չ՛ունենար բովանդակութեան որակափոխումը:

Վ. Ա.- Այդ մասին չեմ կրնար 100% համաձայն չըլլալ քեզի:

Ի. Չ.- Ուրեմն, բովանդակութեան մասին ալ աս մէկ օրինակը տամ. մէկս դուն կրնաս բազմապատկել` քանի մը ձեւերով. առիթով մը նշմարեցի, որ հայ մամուլի ու ազգային կեանքի մէջ «նուիրականացած» անուններ, հայոց հողի իրականութենէն գինովցած, նոր իմն թուաբանութեամբ մը, 900 տարուան անկախութեան բացակայութենէ ետք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման վրայ շեշտ կը դնէին. աս բոլորին մէջ սխալ բան մը չկայ. հոգ չէ, թէ մենք մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ գիտենք, որ առաջին հանրապետութեամբ «Հինգ դարերի սուգ, տառապանք մի քիչ մեղմացան»: Կարծեմ հասկնալի է, որ կիլիկեան ամբողջ ժամանակաշրջանը հաշուի չէին առներ այդ իմաստունները, որովհետեւ Կիլիկիան «հայրենի հող» չէ, հայկականացած օտար հող է: Այդ իմաստուն տգէտները չեն գիտեր, որ Կիլիկիան ամբողջ շրջանի քրիստոնեաներուն հովանաւորութիւնը իր վրայ առնելէ անկախ` բերած էր հայութեան քաղաքական, մշակութային ու աստուածաբանական նոր դիմագիծ, իր բոլոր անպատեհութիւններով ու առաւելութիւններով: Հետեւաբար կիլիկեան անկախ թագաւորութիւնը հայրենի հողի վրայ չըլլալուն համար չյիշատակելը, հայ քաղաքական կեանքի բացակայութիւնը 600-էն 900-ի բարձրացնելը պատմութեան հանդէպ ոճիր մըն է:

Վ. Ա.- Եւ ամօ՛թ մը. կարծես հպարտութիւն մը, բարենիշ մը ըլլար 300 յաւելեալ տարիներ առանց անկախ պետականութեան մնացած ըլլալը:

Ի. Չ.- Քանի որ հայ մամուլին մէջ կ’արտայայտուին այս եւ նման տգիտութիւններ, հարկ է որ հոն իրենց վիճարկումը տեղի ունենայ, ինչ որ սակայն անկարելի է, որովհետեւ ո՛չ վիճարկումի գետին կայ, ո՛չ ալ մենք ազգովի միջնադարեան մտածողութենէն դուրս եկած ենք:

Հեքիաթի պէս պատմեմ նաեւ հետեւեալը, որ անշուշտ իրականութիւն է: Թերթ մը կը կատարէ ծանուցումը երկու հատորներու լոյս ընծայման, առաջինը կը պատկանի Վարդգէս Ահարոնեանի գրչին, իսկ երկրորդը` ոչ: Սակայն քանի որ երկու հատորներուն լոյս ընծայումը միաժամանակ տեղի ունեցած է, լուրը ընդօրինակող այլ մամուլ մը, «առանց խելքը աշխատցնելու», ինչպէս կ’ըսենք, երկու հատորներն ալ Ահարոնեանին կը վերագրէ, ինքն իրեն որոշում կու տայ եւ Ահարոնեանը կը դարձնէ, մէկի տեղ, երկու հատորի հեղինակ…

Այս ալ պատահական է, պիտի ըսես հարկաւ, ինչպէս` մեր գոյութիւնը, եթէ ուզես, սակայն այս երեւոյթները ցոյց կու տան, որ մենք մեզ ամէն օր լրջութենէ կը հեռացնենք:

Արտաշէս Չիլինկիրեան եւ Պօղոս Սնապեան երկարաշունչ խմբագիրներ եղած են, եւ մասամբ նաեւ իրենց հետապնդող շունչին արդիւնքն են իրենց հրատարակած հանդէսները: «Հայրենիք»-ի եւ «Բագին»-ի ծանօթ ընթերցողները գիտեն, թէ ինչի՛ մասին կը խօսիմ: Ռուբէն Դարբինեանի նամակները զիս ապշեցուցած են, թէ մարդը ինչպիսի՛ հետեւողականութեամբ աշխատակից հրաւիրած է: Ինծի ծանօթ են անձնական նամականիէդ նաեւ քո՛ւ խմբագիրի նախանձախնդրութիւնդ, հետեւողականութիւնդ, աշխատակիցներուդ հետ անձնական կապերդ: Ես կը խորհիմ, որ մամուլ-ընթերցող կապ մը ներկայիս կը բացակայի, այսինքն` հիմնական հարց մը: «Անկոխ արահետ»-ի դեռ չմօտեցանք, առաջարկս է պարզապէս ստեղծել ընթերցողի կարծիք եւ անկէ առաջ ալ` ընթերցող: Թութակի ու փրոփականտիստի մասին չէ խօսքս հարկաւ:

… Բայց ես քեզի հարցում մը ունիմ. այսքան լրջութիւն շատ չէ՞ մեր մամուլին համար, ուր յաճախ ձաբռտուք կը կարդամ` իբրեւ յօդուած: «Ձախ» ձեռքով, հապճեպ գրուած յօդուած մը «եղածին պէս» լոյս կը տեսնէ այս կամ այն թերթին մէջ: Ստացողը յաճախ չէ իսկ կարդացած յօդուածը: Ասիկա համատարած անփութութիւն մըն է, որ շատ բնական դարձած է, եւ ասոր մասին խօսող ոչ թէ չկայ, համաժողովները ազգային, արժեհամակարգային եւ չեմ-գիտեր-ինչային հարցերով զբաղած են,  այլ ըսուածը տգէտ արհամարհանքի իսկ չ՛արժանանար: Մենք կ՛ապրինք տարբեր կղզիներու վրայ եւ կապ չունինք իրարու հետ: Դեռ քանի մը օր առաջ կը կարդայի յօդուած մը, ուր քանի մը նախադասութեան մէջ նոյն բառը կը կրկնուէր չորս անգամ, չորս անգամ ալ` սխալ ուղղագրութեամբ: Յօդուածագիրը հայերէնի ուսուցիչ է: Պատահական է, պիտի ըսես: Համաձայն կ՛ըլլայի այդ տեսակ պատահականութեան, եթէ ոչ թէ չորս, այլ նման քառասուն օրինակներ մեր աչքին առջեւ չտողանցէին ամէն օր, ամէն տեղ, ամէն ժամ: Ես անձամբ ո՛չ այդ պատահականութեան լուռ վկան, ո՛չ ալ այդ «կղզի»-ին բնակիչը կը դառնամ:

Մեր ազգային գործիչները, քառասուն տարի առաջ, միաժամանակ մտաւորականներ էին: Մեր քաղաքական կեանքի հիմը դնողները յատկապէս ուսանողական շարժումները եղած են անցեալ դարերուն: Այսօրուան ազգային գործիչներէն ոչ թէ մտաւորական, այլ հայերէնիմաց ակնկալելը շռայլութիւն է: Պիտի գոհանա՞նք ափ մը մարդոց ներկայութեամբ: Պիտի գոհանա՞նք հայ մամուլի ներկայ վիճակով:

Յ. Օշական առիթով մը, իսլամացած հայու մը պարագան պատմուածքով ներկայացնելէ ետք, եզրափակիչ եւ հռետորական հարցում մը կ՛ընէ. «Բայց ինչպէ՞ս թաղել, ո՞ր հողքին ներքեւ տաճկութիւնը մեր հոգիներուն, Մեր, այսօրուան հոգիներուն, որոնք աւելի սեւ եղան, քան հաւատք փոխողներունը»: Հոգիներու տաճկացումը Օշականէն ասդին թափով կը շարունակուի մեր մէջ, գրեթէ ամէն ճակատի վրայ (մամուլը անոնցմէ մէկն է), եւ անոր թաղման աշխատանքը արագացնելու առաքելութիւնը սրբազան է ինծի համար:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Առցանց Եւ Անցանց Բարեկամներ

Յաջորդը

Կոմիտասի 150-Ամեակ

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?