Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանի Մշտադալար Ճանապարհը

Դեկտեմբեր 24, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Հոկտեմբեր 17-ին Լիբանան թեւակոխեց տագնապալի առօրեայով լեցուն անկիւնադարձային փուլ մը: Ժողովրդային արդար պահանջը, որ պոռթկում մըն էր, ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու հետեւանք էր, ետքը զանազան տեսակի վերնագրեր առնելով` սկսաւ փողոցի ցուցարարներու առօրեան դառնալ: Լիբանանի սահմանադրութեան համաձայն, պահանջատիրութիւնը եւ երկրին բոլոր տարածքներուն վրայ ազատօրէն շրջագայիլը ժողովրդավարական արդար իրաւունք է:

Այսօր, երբ ցուցարարները ճամբաները կը փակեն ժողովուրդի երեսին, խախտած կ՛ըլլան երկրին սահմանադրութիւնը եւ պատճառ կը դառնան իրենց արդար պահանջատիրութեան գործընթացի պղծումին: Երկրին պետական կառոյցը, որ սահմանադրութեամբ պահպանուած է, որեւէ սահմանադրական խախտումի իբրեւ հետեւանք` կրնայ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ երկրի հզօր կառոյցին վրայ: Ղեկավարութեան փոփոխութիւնը միայն ընտրութեամբ կարելի է, որպէսզի վնաս չհասնի 100 տարի առաջ ստեղծուած պետականութեան:

Այսօր ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ գաղափարաբանութեան հաւատալով գործող ամէն մէկ անհատ կամ միութիւն չի կրնար մասնակից չըլլալ այսօրուան արդար պահանջատիրութեան, բայց եւ այնպէս, երբ երկրի կառոյցը քանդուելու սեմին է, եւ փողոցը շեղած է իր արդար ուղիէն, պահ մը մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ դէպի ո՛ւր կ’երթանք: Ժողովուրդը տէրն ու տիրականն է երկրին, բայց արդեօք տէրն ու տիրականը իր տունը կը քանդէ՞:  Արդեօք տէրն ու տիրականը կը պղծէ՞ կամ առիթ կու տա՞յ օտարին, որ պղծէ իր երկրին տարածքը:

Շատ հարցումներ կան, որոնց բոլոր հաւանական պատասխանները  մեզ բոլորս կը զարմացնեն: Պահն է արթննալու այս գէշ երազէն եւ իրապաշտութեամբ մօտենալու այսօրուան հարցերուն, որոնց լուծումը խոհեմութեան կարիքը ունի: Վերադառնանք պետութեան կողմէ ժողովուրդին տրուած սահմանադրական իրաւունքներուն: Երբ կառոյցը քանդուի, մէկը պիտի չփրկուի անոր ահաւոր աղէտէն: Լիբանանցիները չեն նմանիր այլ երկրի քաղաքացիներու, հետեւաբար այսօրուան մեր տագնապը ճիշդ չէ նմանցնել ուրիշ պետութիւններու աղէտալի տագնապներուն. ուշադիր ըլլանք եւ իրենք զիրենք քաղաքագէտ սեպող անձնաւորութիւններուն վերլուծումներուն կամ անհիմն ենթադրութեան զոհը չերթանք: Երախտապարտ ենք այսօրուան մարդասիրական եւ ընկերա-ծառայողական հաստատութիւններու օժանդակութիւններուն, որոնք այս տագնապալի օրերուն բոլոր կարիքաւորներուն յոյս կը ներշնչեն: Մենք` լիբանանցիներս, իւրայատուկ ժողովուրդ ենք եւ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներուն դէմ դրած ենք ու միշտ կարողացած ենք յաղթական դուրս գալ: Չյուսահատինք եւ ըլլանք համբերատար. երբ այսօրուան մութ ամպերը անհետանան, վերստին արեւուն ճառագայթները պիտի ջերմացնեն մեր բոլորին սրտերը, մտքերը, եւ պիտի վերածաղկի Լիբանանի մշտադալար ճանապարհը:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Զրոյց. «Ստեղծել Ընթերցողի Կարծիք, Ընթերցո՛ղ Ստեղծել»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?