Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարին Կը Փակուի Տագնապին Չփակուող Թղթածրարով

Դեկտեմբեր 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2019-ն յատկանշուեցաւ սուրիական տագնապին վրայ ազդեցութիւն ունեցող արտաքին ուժերու շահերուն բախումով:

Սուրիական պատերազմին շիջումը աւետող տարեմուտէն քանի մը շաբաթ անց բացասական զարգացումներ գլուխ ցցեցին: Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարտադրուած տնտեսական շրջափակման հետեւանքով սուրիական դրամանիշը նկատառելի անկում կրեց, որուն պատճառով ալ աճ արձանագրեցին անգործութեան եւ սղաճի տոկոսները:

Թրքական ուժերուն ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ` կրկին տեղահանութեան ենթարկեց շրջանի բնակչութիւնն ու վերաշխուժացուց ահաբեկչական խումբերու գործունէութիւնը:

Միջազգային ընտանիքը ամենայն սառնասրտութեամբ հետեւեցաւ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային օրէնքները խախտող Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան եւ ապօրինի ընթացքին` առանց դոյզն դատապարտում մը հրապարակելու: Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ 30 քմ խորութեամբ ապահովական գօտի ստեղծելու թուրք-ռուսական համաձայնութեան զգուշութեամբ հետեւեցաւ Սուրիան` հրապարակաւ դատապարտելով զայն եւ սուրիական բանակը երկրին ու անոր ժողովուրդին ապահովութեան միակ երաշխիքը համարելով: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քանիցս հանդէս գալով` յայտարարեց, որ Սուրիա ներխուժած բոլոր ուժերը, ուշ կամ կանուխ, դուրս պիտի ելլեն սուրիական տարածքներէն, իսկ սուրիական բանակը պիտի շարունակէ իր կռիւը` մինչեւ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը:

Քրտական գործօնը անհետացնելու Թուրքիոյ նկրտումը իրականութեան մէջ թրքական իշխանութիւններուն միակ հեռանկարը չէր, ու կարելի չէ հաւատալ այդ թեզին: Թուրքիան ունի սուրիական հողեր գրաւելու եւ այնտեղ իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու ընդգծուած նպատակներ, որոնց իրականացման պարագային, կը վտանգուի Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս հայութեան ու քրիստոնէութեան գոյութիւնը, միեւնոյն ատեն` Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Գերպետութիւններուն կռուախնձորը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի քարիւղն էր, անկէ առաւելագոյնս օգտուելու նկրտումներուն պատճառով օտար ուժեր մուտք գործեցին Սուրիա ու տարբեր պատրուակներով, տարբեր լծակներով պաշարել փորձեցին Սուրիոյ քարիւղի հորերը, որուն պատճառով ալ Սուրիոյ բնակչութիւնը վառելանիւթի տագնապ ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ:

Հակառակ այս բոլորին, սուրիական բանակը նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրեց` հասնելով մինչեւ Իտլիպի արուարձաններ եւ թոյլ չտալով, որ ապահովական գօտիէն մէկ մղոն իսկ դէպի հարաւ թափանցեն թրքական բռնագրաւեալ ուժերը: Սուրիական դրօշը, երկար տարիներու բացակայութենէն ետք, քրտական ուժեր-սուրիական բանակ համակարգուած ծրագրի մը կենդանացումով ու սուրիական բանակին յառաջխաղացքով կրկին ծածանեցաւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ:

Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման նպաստող քայլ մըն էր տարեվերջին սահմանադրութեան վերանայման յանձնախումբին կազմութիւնը, որուն մաս կազմեցին իշխանամէտ, ընդդիմադիր շրջանակներէ անհատներ եւ անկախ քաղաքացիներ:

Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի եւ Հալէպի ապահովական վիճակը կը մնայ անկայուն, իսկ թրքական թափանցումներուն լոյսին տակ` առաւել անորոշ:

Միւս կողմէ` վճռականօրէն յառաջ կը մղուի երկրի վերակառուցման ծրագիրը` համայնքներու եւ պետութեան մակարդակներով: Վարժարաններ, եկեղեցիներ, մզկիթներ, հիւանդանոցներ, զբօսաշրջական կեդրոններ, շուկաներ եւ արդիւնաբերական շրջաններ կը վերանորոգուին ու աստիճանաբար կը զգենուն իրենց երբեմնի աշխուժութիւնը:

Մէկէ աւելի երկիրներ, աւելի քան տասը տարի փակ պահելէ ետք իրենց դեսպանատուները, այս տարի աստիճանաբար կը վերաբանան Սուրիոյ մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:

Սուրիան տնտեսական գործակցութեան եւ վերականգնումի ծրագիրներու համաձայնագիրներ կը ստորագրէ զանազան երկիրներու հետ:

Տնտեսական տագնապը կը մնայ երկրին բնակչութիւնը անել կացութեան մատնող հիմնական ազդակը:

Լիբանանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումն ու անոր պատճառով յառաջացած տնտեսական սուր տագնապը եւս կու գան իրենց ազդեցութիւնը թողելու Սուրիոյ տնտեսական կեանքին վրայ:

Այս բոլորին լոյսին տակ, տարեմուտին, Սուրիոյ ժողովուրդը իր երկիրն ու անոր տարբեր բաղադրիչները կ՛ուզէ տեսնել միասնական, զերծ` ծայրայեղական բոլոր դրսեւորումներէ, քաղաքացիական հասարակութեան վերաձեւաւորումով եւ տնտեսական ու ապահովական տագնապի դիմագրաւման կառավարութեան յստակ ու արդիւնաւէտ ծրագիրներով:

Մաղթենք, որ Նոր տարին ըլլայ բանակցութիւններու տարի, ու վերջ գտնեն զինուորական բոլոր գործողութիւնները, որոնք պիտի երկարաձգեն Սուրիոյ տագնապն ու առիթ հանդիսանան օտար երկիրներու միջամտութեան:

Թող սուրիացի մայրերը չողբան իրենց նահատակ զաւակներուն կորուստը, թող խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը Սուրիոյ երկնակամարը գունաւորող յոյսի ծիածաններ դառնան, ու մեր ժողովուրդը, Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ, Նոր տարին դիմաւորէ ցնծութեամբ եւ բարեբեր օրերու սպասումով:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

«Գ.»

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Առցանց Եւ Անցանց Բարեկամներ

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?