ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ
(Հոգեւոր Հովիւ Սելանիկի)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Նախնական եկեղեցին, ինչպէս գիտենք, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումէն եւ Հոգեգալուստէն ետք շարունակեց իր գոյութիւնը: Հաւատացեալները ամէն անգամ համախմբուելով աշակերտներուն շուրջ, միասին կ’աղօթէին, սաղմոսներ կ’երգէին, կը ճաշէին, Աստուծոյ անունը կը փառաւորէին եւ ողջ ժողովուրդին կողմէ յարգանք կը վայելէին: Այսպիսով, անոնք առաքեալներու ուսուցման` Ս. Հաղորդութեան, հացի բեկման ու աղօթքներուն մէջ կը յարատեւէին (Հմմտ Գրծ 2.42-47):
Այդ օրերուն տասներկու առաքեալները երբ տեսան, որ իրենք այլեւս չեն կրնար իրենց ծառայութիւնը բերել հաւատացեալներու բազմութեան, կանչեցին աշակերտները եւ ըսին. «Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ: Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան: Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք, իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք» (Գրծ 6.2-4):
Հաւատացեալները եօթը հոգիներ ընտրեցին. Ստեփանոսը, որ հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր, ինչպէս նաեւ Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանորը, Տիմոնը, Պարմենասն ու Նիկողայոսը: Անոնց առաքեալներուն առջեւ կանգնեցուցին եւ աղօթք ընելով` իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ (Հմմտ Գրծ 6.5-6): Փաստօրէն, այս մէկը Սարկաւագութեան ձեռնադրութեան առաջին օրինակն էր:
Քրիստոսի եկեղեցին կազմուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ երկու հիմնարար պատճառներով` մկրտութեամբ եւ մարտիրոսութեամբ: Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսէն ետք, Ս. Ստեփանոս առաջինը եղաւ մարդոց մէջ, որ Քրիստոսի նման, սեփական անձով օրինակ եղաւ բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն` իր հոգեւոր կոչման նկատմամբ պարտաճանաչութեամբ եւ ապրումի խոր գիտակցումով: Իսկապէս, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ իր մէջ կը բիւրեղացնէ թէ՛ անսակարկ հայրենասիրութեան, թէ՛ եկեղեցասիրութեան եւ թէ՛ նախանձախնդիր ու խոր հաւատքով ապրելու խորհուրդը: Պէտք է ապրիլ ազնիւ եւ կենդանի հաւատքով, այլապէս դատարկ է մեր հաւատքը, ի զուր է խաչելութիւնը, ու սին է փրկութեան յոյսը: Ահա այս է այսօր եկեղեցւոյ պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին Ս. Ստեփանոսի անձնական օրինակին ընդմէջէն:
Ս. Ստեփանոսը մեր մէջ այնքան սիրուած ու գնահատուած անուն եղած է: Անոր նուիրուած «Տաղ Սրբոյն Ստեփանոսի» երգը գրուած է, ուր Քրիստոսի ճշմարիտ եւ անյաղթ Վկան կը համեմատուի վարդի ու մանուշակի հետ, որ թէեւ մարմին ունի, սակայն հրեշտակ է: Ահաւասիկ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի քաջ նահատակին ու առաջին Սարկաւագին կեանքը: Ս. Ստեփանոս բոլորանուէր կերպով ծառայեց քրիստոնէութեան ու հաւատքի զօրագլուխը եղող Քրիստոսին` իսկապէս դառնալով Տիրոջ Սպասաւորը, Մարտիրոսն ու Նախավկան: Ան անմնացորդ իր անձը ծառայեցուց Քրիստոսի` ի շինութիւն եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն հաւատացեալներուն:
Եկեղեցւոյ հայրերը Ս. Ստեփանոսին անուանած են «Արեւելեան արեգակի ճառագայթ» (Ս. Մեծն Ներսէս), «Անդրանիկ որդի» (Ս. Գրիգոր Նարեկացի), «Վայելչութեան պսակ եւ Աստուծոյ ձեռքին արքայական թագ» (Ս. Բարսեղ), «Պանծալի եւ անյաղթ վկայ» (Ս. Աթանաս) եւ «Վկաներու գլուխ» (Ս. Եւսեբիոս) եւ այլն:
Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին, պահելու համար Ս. Ստեփանոսի անմահ յիշատակը եւ ի յարգանք Սուրբին, տօն սահմանած է: Ս. Ստեփանոսի տօնը կը համարուի նաեւ Սարկաւագներու տօն: Ս. Ստեփանոս մեզի համար նուիրական անուն է, մեր եկեղեցւոյ չորս գլխաւոր բարեխօսներէն մէկը, որ իր վարքով եւ նկարագրով որպէս Քրիստոնեայ Նահատակ, անցած է ընդհանրական եկեղեցւոյ սուրբերուն կարգը:
Եկեղեցին կը գործէ զինք խնամող ընտրեալներու միջոցաւ: Այդ ընտրեալներու շարքին կը պատկանին նաեւ եկեղեցւոյ աւելի խոնարհ կարգի սպասարկուները, որոնք կը կոչուին սարկաւագներ: Գիտենք, որ կեանքը շատ ծանր պայմաններ կը դնէ իւրաքանչիւրիս դիմաց: Սակայն, այդ ամէնը կը նպաստեն ո՛չ միայն սեփական անձի բարձրացումին ու ամրապնդումին, այլեւ մեր բարձրացումով, ու տոկունութեամբ մենք օրինակ պէտք է հանդիսանանք ուրիշներուն, որոնք ,տեսնելով մեր կրած դժուարութիւնները եւ անոնց դէմ մղած մեր պայքարը, կը քաջալերուին եւ իրենք եւս կը դիմեն նոյն քայլին` գիտակցելով որ անոր մէջ կայ ընդհանուրին շահն ու երջանկութիւնը:
Սարկաւագներ կոչուած են առաքելութեան մը, որ կը պահանջէ անաչառ նուիրում եւ աշխատանք, որոնց միակ նպատակը ամբողջ ազգի ապահովագրումն է այս աշխարհի յոռի բարքերուն դէմ եւ փրկութեան յոյսի ներշնչումը հաւատքի գետնին վրայ: Չի՛ բաւեր սքեմը հագնիլ ու պարծենալ անոր փայլքով, այլ` հարկ է, որ անոր փայլքը շողացնէ այգի խաւարած դասին վրայ: Այլապէս ի՞նչ կ’արժէ սքեմը կամ զայն կրողը, եթէ անոր մէջ կը պակսին գիտակցութիւնը, նուիրումը, նպատակի հետապնդումն ու կատարեալ խոհեմութիւնը:
Ի վերջոյ, կ’ուզեմ խօսքս աւարտել մէջբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր եւ ազգընտիր Գահակալ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ծառայութեան վերաբերեալ հայրական մտածումը.- «Ինծի համար արժէք է ա՛յն մարդը, որ կը ծառայէ: Մարդու արժեչափը իր ծառայութեան մէջն է, եւ ո՛չ թէ իր ունեցածին մէջ: Մեր ունեցած մտքի պաշարը կամ հոգեկան հարստութիւնը եւ կամ նիւթական առաւելութիւնը մերը միայն կը մնայ, մեր անձի նեղ պարունակին մէջ կը պարփակուի, երբ չբացուի ուրիշին եւ չերթայ ուրիշին: Հո՛ս է ծառայութեան իմաստն ու արժէքը` մեր ունեցածը մեզի չպահել, այլ` զայն բաժնել ուրիշին: Հո՛ս է արժէքը կեանքին: Ջուրը արժէք կը դառնայ, երբ հոսի, այլապէս կը ճահճանայ»:
Թող Ամենակարողն ու Ամենաբարին Աստուած հարիւրապատիկ եւ հազարապատիկ շնորհքներով աւելցնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատքը: Թող Աստուած մեր սարկաւագ եղբայրներու հոգիներուն մէջ մշտապէս անսասան պահէ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի անկոտրում ոգին եւ անկորնչելի պատգամը, որպէսզի յանձնառութեան եւ ծառայութեան ոգին, Ս. Ստեփանոսի անշահախնդիր հաւատքի լոյսն ու կեանքը անդադրում հետեւողականութեամբ առաջնորդեն մեր սարկաւագներուն դէպի ծառայութիւն, դէպի ժողովուրդ, դէպի Ս. Սեղան, ուրկէ ամէն անգամ օծեալ հոգեւորականի շրթներով մեզի հետ կը հաղորդակցի մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս եւ ամէն անգամ Ս. Ստեփանոսի շունչն ու հոգին կը տեսնենք, կը վայելենք, կ’ապրինք ու կ’ապրեցնենք մեր ժողովուրդի կեանքը առաւել եւս հոգեւոր արժէքներով հրապուրելու մատակարարումով: