Յօդուածներ

Յետ Այսու Գիւմրիէն Կարելի Է Անին Տեսնել Առանց Արգելքի.   Նորշէնի Միակ Բնակչուհին Ստացաւ Վարչապետին Շնորհակալագիրը Եւ Դրամական Պարգեւ

Յետ Այսու Գիւմրիէն Կարելի Է Անին Տեսնել Առանց Արգելքի. Նորշէնի Միակ Բնակչուհին Ստացաւ Վարչապետին Շնորհակալագիրը Եւ Դրամական Պարգեւ

Հայաստանի Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան մարզպետական խորհուրդի տարեվերջի նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ` հայրենի հողին անմնացորդ նուիրումին եւ երկարամեայ անխոնջ աշխատանքին համար, Շիրակի մարզի Նորշէն (նախկին` Խարկով, Անիի ամէնէն մօտիկը գտնուող շրջան) գիւղի բնակչուհի Վահանդուխտ Մխիթարի Մելքոնեանին յանձնեց շնորհակալագիր եւ 500 հազար դրամի պարգեւ: Շնորհակալութիւն յայտնելով` Վահանդուխտ տատիկը խնդրեց բարեկարգել դէպի գիւղ տանող ճամբան` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը: Պարգեւը...

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

Արցախի Սահմանների Պատմական Շարժընթացը

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Արցախի Հանրապետութեան վաստակաւոր իրաւաբան «Քաջերի սահմանը նրանց զէնքն է, որքան կտրում է, այնքան էլ տիրում է»:                                                                            ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ Չնայած պատմահայրը չի պարզաբանել մեր նախնիների պատգամը, բայց պատմութիւնը յուշում է, որ զէնքով յաջողութեան հասնելու համար զէնքին տիրապետելու ունակութիւնը բաւարար չէ. դրա հետ մէկտեղ զինակիրը պէտք է ունենայ ազգային ոգի եւ կեանքը հայրենիքին զոհաբերելու պատրաստակամութիւն, իսկ երկիրը` հմուտ եւ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Տ. ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը ունէր ի սկզբանէ քաղաքական դրդապատճառ: Տագնապը նոր չէ, ատիկա երկար ատենէ ի վեր կը խմորուէր ու առիթ մը կը փնտռէր պոռթկալու համար: Թաէֆի համաձայնութիւնն ու անոր յաջորդած սահմանադրական փոփոխութիւնները ծնունդ տուին ինքնուրոյն վարչաձեւի մը, որ յատուկ է միայն Լիբանանին: Համախոհական ժողովրդավարութեան պիտակով, համայնքներու պատասխանատուներ եւ քաղաքական հեղինակութիւններ ստեղծեցին տնտեսական բաժնեկցութեան ուրոյն միջավայր մը, ուր...

Անդրադարձ.  «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

Անդրադարձ. «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հակառակ Լիբանանը բոլոր մակարդակներու վրայ հարուածող ներկայ ծանր տագնապին ու անոր ստեղծած բարոյահոգեբանական ժխտական մթնոլորտին` լիբանանահայութիւնը ընդառաջեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին եւ խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիոթոնին: Ռատիոթոնի ժամկէտը պաշտօնապէս աւարտած է, սակայն անիկա կը շարունակուի, անկէ գոյացած 137.573.000 լ.ո. պատուաբեր գումարը կը շարունակէ աճիլ: Բոլորը շտապեցին ու կը շտապեն մաս կազմել այս...

Չարաբաստիկ Նորացուած Մատրիտեան Սկզբունքները

Փաշինեանի Մտահոգիչ Յայտարարութիւնները

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ «... կատարուող բոլոր յաջողութիւնները  եւ փոփոխութիւնները կը կատարուին` ի հեճուկս պետական համակարգի կառավարման»: Ն. ՓԱՇԻՆԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ըստ իր սովորութեան, հերթական անգամ անակնկալի բերաւ բոլորը` թէ՛ իր քաղաքական ընդդիմադիրները, թէ՛ հայ ժողովուրդը եւ թէ՛ ալ իր կառավարութեան անդամները, երբ վերջերս կառավարութեան ընթացիկ նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ երկրին «կատարուող բոլոր յաջողութիւնները եւ փոփոխութիւնները կը կատարուին`...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մինչեւ Ե՞րբ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցնող շաբաթներուն բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական մարմինները հաւաքուեցան` օգնութեան կարիքները ի մի բերելու եւ գիտնալու, որ եթէ նոյն ճգնաժամը շարունակուի, մեր համայնքի զաւակներուն կարիքները, բոլոր բնագաւառներու մէջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի հասնինք: Ներկայ դրութեամբ կրթական, առողջապահական, դեղորայքի, ուտեստեղէնի, վարձքի, ընթացիկ ծախսերու եւ անհրաժեշտ կարիքներու համար 2500 ընտանիքի համար ամսական նուազագոյնը 1 միլիոն տոլար պէտք է: Չափազանցուած չէ...

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

Նշմար. Արցախ Ի՛նք Կը Նուիրաբերէ…

 ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Նախատօնական օրերը այս տարի պայծառ չեն Լիբանանի ու լիբանանահայութեան համար: Քաղաքատնտեսական ճգնաժամը յաղթահարելու համար , ինչպէս անցեալին, այսօր ալ հաւաքական ճիգեր ի գործ կը դրուին նաեւ նուիրահաւաքի համար` նպաստելու կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ` մեր  ազգային կառոյցներու անխափան գործունէութեան ապահովման: Վեհափառ հօր կատարած ներդրումին յաջորդեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ անհատ ձեռնհաս հայորդիներու գիտակից ու նպատակասլաց նուիրատուութիւնները: Դեռ քանի...

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցած` «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» հանրային հաւաքը խանգարելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբ մը համակիրներուն արարքը խստօրէն դատապարտուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, որոնք նկատել տուին, որ հաւաքին ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը սպասէին Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման: Յիշեցնենք, որ հաւաքին նպատակն էր դրուատել Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու...

«Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը` Վերագտնել Հաւատք, Յոյս Եւ Անձը» Գիրքի Ներկայացում-Քննարկում

«Աստուածաշունչի Յանձնառութիւնը` Վերագտնել Հաւատք, Յոյս Եւ Անձը» Գիրքի Ներկայացում-Քննարկում

Երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2019-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ եւ իրենց կեդրոնատեղիի մէջ` Ժընեւ, Զուիցերիա, տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի անգլերէն լեզուով աստուածաբանական-աստուածաշնչական գիրքի` «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը` վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» գիրքին ներկայացում-քննարկումը: Դոկտ. Ճէպէճեանի այս հատորը յունիս 2019-ին եւ Աթէնքի մէջ կայացած Աստուածաշունչի միացեալ ընկերակցութիւններու միջազգային մէկ համագումարին արժանացած է լաւագոյն մրցանակին` մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար...

Վահագն Գրիգորեանի Ժամանակի Գետը

Պայքար, Բրտութիւն Եւ Իշխանութեան Ձգտում` Լ. Շանթի Թատերախաղերուն Մէջ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, անկախ կարգ մը յոբելենական հանդիսութիւններէն, առիթն է անդրադառնալու անոր ձգած ժառանգութեան կարգ մը երեսներուն, յատկապէս` թատերական վաստակին, որ մասնաւոր տեղ կը գրաւէ հայ գրականութեան մէջ: Հոս գլխաւորաբար պայքարի, իշխանատենչութեան եւ անոր առնչուած բրտութեան հարցերը պիտի քննարկուին Շանթի թատերախաղերուն մէջ: Բրտութիւնը հետաքրքրականօրէն կը դրսեւորուի Շանթի առաջին իսկ փորձին` 1901-ին գրուած «Եսի մարդը» (1)թատերակին մէջ:...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը` Ծերակոյտին Մէջ. Արձագանգները Եւ Հետագայ Անհրաժեշտ Քայլերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 1915-ի Ցեղասպանութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը, առաջին անգամ ըլլալով, 12 դեկտեմբեր 2019-ին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ` հանրապետական տարբեր ծերակուտականներու կողմէ, երեք շաբաթ անընդմէջ Սպիտակ տան պահանջով զայն արգելափակելէ ետք: Այդ ժամանակէն սկսեալ ես անթիւ հեռաձայններ եւ ելեկտրոնային նամակներ ստացած եմ հայերէ, որոնք կը հարցնեն, թէ այս բանաձեւը իր ուղեկից...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Կոստանդնուպոլսոյ Նորընտիր Պատրիարքի Խօսքի Դժուար Լեռնանցքները, Բայց…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Անոնք, որոնք կ՛ընտրեն չարեաց փոքրագոյնը, կը ձգտին մոռնալու, որ ընտրած են չարիքը: ՀԱՆՆԱ ԱՐԵՆՏ Վերջապէս հայկական Կոստանդնուպոլիսը յաջողեցաւ ընտրել իր պատրիարքը, որուն անվերապահօրէն յաջողութիւն կարելի է մաղթել, որպէս հովիւ մնացորդացի: Միաժամանակ մաղթել`որ հասկնալի դժուար եւ անբաղձալի պայմաններու մէջ գործող պատրիարքը իր դիւանագիտական ընտրանքներուն մէջ չընէ բաներ եւ չըսէ խօսքեր, որոնք հայ ժողովուրդի պատմական եւ ընդհանուր շահերուն եւ ըմբռնումներուն...

Լիբանանահայուն Բարի Աւանդութեան  Շարունակութիւնը…

Լիբանանահայուն Բարի Աւանդութեան Շարունակութիւնը…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Նախակրթարանի առաջին տարիներու աշակերտ էի հաւանաբար, խաղի ու անմեղութեան աշխարհիս փոքր պատուհանէն սկսած էի դիտել կեանքի իրական աշխարհը, ուր երեւոյթները բաւական տարբեր էին իմ ընկալմանս կարելիութենէն: Այդ օրերու յիշատակները բազմաթիւ են, սակայն յատկանշականները` սակաւաթիւ: Լաւ կը յիշեմ, որ ամէն օր հայրս իր առօրեայ ուտելիքներուն կողքին, մօրս կողմէ գուրգուրանքով պատրաստուած փոքրիկ տոպրակ մը ձեռքին` կ՛ուղղուէր Տորայի իր կօշկակարի խանութը:...

Լիբանանահայ Թատրոնի Ծառան` Թորոս Հելվաճեան (40 Տարուան Գործունէութեան Առիթով)

Լիբանանահայ Թատրոնի Ծառան` Թորոս Հելվաճեան (40 Տարուան Գործունէութեան Առիթով)

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Սփիւռքի պայմաններու մէջ փոփ մշակոյթի ստեղծումը ապացոյց է մշակոյթին եւ երիտասարդութեան երկխօսութեան մէջ մտնելուն: Պուրճ Համուտ իր իւրայատուկ փոփ մշակոյթը ունեցած է, որ, ծուռ նստինք` շիտակ խօսինք, շատեր այդ կը համարեն ստորակարգեալ` մոռնալով, որ Պուրճ Համուտ եղած է մեր հայկական մշակոյթին բննօրանը` իր վարժարաններով, եկեղեցիներով, ակումբներով, մշակութային կեդրոնով, թատերասրահներով, պատկերասրահներով, եւ, ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ կօշկակարներու եւ ոսկերիչներու եւ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Սպիտակ Տունը Հայոց Ցեղասպանութեան Օրէնսդրական Ճանաչման Հակադրելու Փորձը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հայ դատի ճակատի վրայ մեր արձանագրած նուաճումները ճիշդ արժեւորելու գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը լաւագոյն ապացոյցն են մեր քաղաքական հասունութեան: Որոշ շրջանակներու մէջ, միամտաբար թէ չարամտութեամբ, կը բացակայի այդպիսի գիտակցութիւն` ի դէմ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան միաձայնութեամբ որդեգրած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող օրէնսդրական զոյգ աքթերուն: Ոմանք կը փորձեն այս քաղաքական կրկնակ նուաճումները վերագրել վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ...

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ, Վարիչ Առաջնորդս` Սագօ Սարգիսեանը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ, Վարիչ Առաջնորդս` Սագօ Սարգիսեանը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Եղբայր Սագոն կը յիշեմ իբրեւ անսպառ կորովի տէր, սրտա՛նց աշխատող եւ «բարոյական յաղթանակներ»-ուն բնա՛ւ հաւատք չընծայող ղեկավար: Թուլութեան, մեղկութեան, կրաւորականութեան, անգործունէութեան, միջակութեան, Ձախէն աջ Սագօ Սարգիսեան, ----, Յակոբ Եափուճեան, Յարութ Չէքիճեան, նստած` Մովսէս Պարսումեան, Ճօճօ եւ Էլի Գրիգորեան, Դպրեվանք, Պիքֆայա, 1964: Չքմեղանքներու եւ պատճառաբանութիւններու թշնամին էր ան: Որեւէ ծրագիր կատարեա՛լ պէտք էր ըլլար, եւ իւրաքանչիւրը իր գերագոյն ճիգը...

Աւելի Քան 2,2 Միլիոն Տոլար Գոյացաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին

Աւելի Քան 2,2 Միլիոն Տոլար Գոյացաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ձեռնարկին

Կիրակի, դեկտեմբեր 8-ին Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ կայացած Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնին տարեկան 2-րդ ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ աւելի քան 2,2 միլիոն տոլար գոյացնել: Թանգարանին գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան արտայայտուեցաւ թանգարանի ծրագիրին կարեւորութեան մասին` շեշտելով, որ անիկա պիտի նպաստէ հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը պահպանելու եւ անոնց բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն` հանդիսանալով նուէր մը յաջորդող սերունդներուն: Իր կարգին, թանգարանի...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Տխուր Երգիծանք. «Ականջ Տուէք Նոր Աշխարհի Պահանջներուն»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին վաւերացուց օրինագիծ մը, որ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ Ռուսիայէն դէպի Գերմանիա երկարող կազատար խողովակի մը կառուցման մասնակցող ընկերութիւններուն դէմ: Նախագիծը շաբաթ մը առաջ շահած էր Ներկայացուցիչներու տան վաւերացումը եւ կը սպասուի, որ նախագահ Թրամփ շուտով ստորագրէ զայն: Օրինագիծը ունի երկար պատմութիւն, եւ եթէ անմիջականօրէն բախման գիծի վրայ կը դնէ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգները...

Ինչո՞ւ Ցեղապաշտութիւնը Միտքի՛ Եւ Ոչ Մորթի Գոյնի Մասին Է

Ինչո՞ւ Ցեղապաշտութիւնը Միտքի՛ Եւ Ոչ Մորթի Գոյնի Մասին Է

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ցեղը բնական է, ցեղապաշտութիւնը` ոչ Առաջին անգամ երբ տղաս հանդիպեցաւ ափրիկեան ծագումով ամերիկացի երեխայի մը, ցնցուեցաւ: «Արեւը չափազանց տաք է հոս: Նայէ՛ այդ տղուն մորթին», ըսաւ ան: Հինգ տարեկան տղաս ժամեր շարունակ կը խաղար այս տղուն հետ, որուն ան հանդիպեցաւ Փուէրթօ Ռիքոյի լողափին վրայ: Ատիկա տղուս առաջին հանդիպումն էր սեւ մորթ ունեցող մէկու մը: Մենք նոր տեղափոխուած...

Մանուկին Ճաշարանը

Հարիւր Տարիներու Պատերազմը…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Նախակրթարանի եւ երկրորդականի դպրոցական տարիներուն` Պէյրութ, մեր կրթական ծրագրին մէջ նաեւ ներմուծուած էին պատմութեան դասապահերը` թէ՛ հայոց պատմութիւն, թէ արաբերէն լեզուով «թարիխ», որ մէկ մասն էր պետական քննութիւններու ծրագրին: Իսկ պետական քննութիւնները մեր ժամանակ պիտի սկսէին նախակրթարանի հինգերորդ դասարանի սերթֆիքայի քննութիւններէն հասնելու համար իններրորդ դասարանի պըրըվէի քննութիւններուն, ապա պաքալորէայի քննութիւններուն` առաջին եւ երկրորդ մասերով: Բայց պատմութեան դասապահերուն...

Page 542 of 1112 1 … 541 542 543 … 1,112

Արխիւներ