Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալներուն Տօնին Ընդառաջ

Դեկտեմբեր 24, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Այս տարի Հայ առաքելական եկեղեցին Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն յիշատակի օրը կը տօնէ հինգշաբթի, 26 դեկտեմբերին: Գեղեցիկ աւանդութիւն եւ առիթ մըն է` շնորհաւորելու բոլոր անոնք, որոնք այս երկու ականաւոր սուրբերուն անունները կը կրեն, եւ` յիշելու անոնց օրինակելի կեանքերը:

Յաճախ, երբ սուրբերու մասին խօսինք, կը կեդրոնանանք անոնց կեանքի այն դէպքերուն, իրագործումներուն եւ կամ բացառիկ շնորհքներուն վրայ, որոնք աստուածային են եւ` մարդկային ուժերէ վեր: Բնականաբար աստուածային կողմերը մեզի կը ներշնչեն մեր հոգեւոր կեանքի մէջ առաւել ձգտելու, իրենց նմանելու համար եւ աստուածային շնորհքը ապրելու այս երկրի վրայ: Սակայն նոյնքան եւ աւելի ներշնչող պիտի ըլլայ, եթէ անդրադառնանք սուրբերուն անցեալի տկարութիւններուն եւ յանցանքներուն մասին, որովհետեւ պահ մը մենք մեզ պիտի նոյնացնենք անոնց հետ եւ պիտի հաւատանք, որ մենք ալ կրնանք ընել աստուածայինը` Աստուծոյ օրհնութեամբ: Պահ մը կը մոռնանք այն իրականութիւնը, որ անոնք ալ ունեցած են մեղքեր, սխալներ, թերութիւններ ու տկարութիւններ, եւ կը համոզուինք, որ իրենց պէս կատարեալ ըլլալը կարելի չէ: Հետեւաբար, երբ այսօր կ’անդրադառնանք Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն կեանքին եւ կ’ուզենք նաեւ դիտել տալ, թէ անցեալին անոնք ինչպիսի՛ տկարութիւններ ունեցած են եւ սակայն` յաղթահարած, արժանանալով սրբութեան դափնեպսակին: Ի վերջոյ, պէտք է յիշել, թէ միա՛յն Քրիստոսի սրբութիւնն ու արդարութիւնն է, որ մեր մեղքերը կը սրբեն ու կը սրբացնեն:

Սուրբ Պետրոս Առաքեալ

Ս. Պետրոս այն Սիմոն ձկնորսն էր, երբ Յիսուս զինք եւ եղբայրը` Անդրէասը կանչեց առաքեալ ըլլալու (Մտ 4.18-19, Մկ 1.16-17): Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, Պետրոս կամ Կեփաս (արամերէնով) կը նշանակէ ժայռ: Ս. Պետրոս առաքեալ Յիսուսի համբարձումէն ետք կը դառնայ առաջին դարու եկեղեցւոյ առաջնորդներէն մէկը, կը քարոզէ Երուսաղէմի մէջ, կը յիշուի, որ եղած է Անտիոքի եւ Կորնթոսի մէջ, որմէ ետք կ’անցնի Հռոմ, ուր նաեւ կը նահատակուի` գլխիվայր խաչուելով, որովհետեւ ինքզինք արժանի չի տեսներ իր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսին պէս խաչուելու:

Երբ կարդանք Աւետարանը, յատկապէս` Պետրոս Առաքեալի մասին, զգալիօրէն կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս ան եղած է համարձակ եւ քաջ: Յատկապէս երբ Քրիստոսի հետեւելու եւ դաւանելու մէջ բարձրաձայնող եւ յառաջադէմ եղած է: Օրինակ, երբ Յիսուս առիթով մը հարցուց իր աշակերտներուն, թէ «Մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես», Պետրոս միակն էր, որ ըսաւ ի՛ր կարծիքը (եւ ոչ` ուրիշին խօսքը)` դաւանելով եւ ըսելով. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.15-17): Յիսուսի Վերջին ընթրիքի ժամանակ Պետրոս մերժեց, որ Յիսուս իր ոտքերը լուայ, որովհետեւ կը ճանչնար Անոր մեծութիւնը: Նոյն ընթրիքին Յիսուս կ’ըսէր, որ աշակերտները պիտի չկարենային գալ իրեն հետ (ակնարկելով խաչելութեան), սակայն Պետրոս բարձրաձայն եւ քաջութեամբ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար հետեւիլ քեզի: Կեանքս անգամ կը զոհեմ քեզի համար» (Յհ 13.36-38): Իսկ աւելի՛ն, երբ եկան Յիսուսին ձերբակալելու, Պետրոս այն համարձակը եղաւ, որ սուրը առնելով` Յիսուսը պաշտպանեց խիստ հակառակ Յիսուսին կամքին (Յհ 18.10-11): Այս արտայայտութիւններէն կը զգանք Պետրոս առաքեալի հաւատքի դրսեւորումը:

Հակառակ Պետրոս առաքեալի հաւատքի դրսեւորման ակնառու նկարագրին, Աւետարանէն կը կարդանք նաեւ անոր տկարացած վայրկեանները,  մանաւանդ` Յիսուսը ուրանալը: Երբ Պետրոս առաքեալ տեսաւ Յիսուս ջուրերուն վրայէն քալելով նաւակին կը մօտենար, Պետրոս հաւատալով Յիսուսին զօրութեան` հրամանն ու շնորհքը ուզեց, որպէսզի ինքն ալ քալէ ջուրերուն վրայէն եւ Յիսուսին մօտենայ: Յիսուս կանչեց: Պետրոս առաքեալ սկսաւ քալել ջուրերուն վրայէն, սակայն քիչ անց ընկղմելու սկսաւ, որովհետեւ կասկածած էր Յիսուսին հանդէպ իր ունեցած հաւատքին վրայ: Յիսուս զինք կը փրկէ ընկղմելէն` ձեռքէն բռնելով եւ վեր հանելով (Մտ 14.28-31): Իսկ ամէնէն տանջալի մեղքը Պետրոսին համար այն էր, երբ ան հակառակ այն իրականութեան, որ բարձրաձայն իր բոլոր ընկերներուն առջեւ Վերջին ընթրիքին ըսաւ, որ մինչեւ իսկ իր կեանքը կու տայ Յիսուսին հետեւելու համար, սակայն իր Տէրը ուրացաւ երեք անգամ, մինչ Ան անօրինաբար կը դատապարտուէր մահուան հրէական ատեանին առջեւ (Յհ 18.15-27):

Մենք մեզ ալ կը տեսնենք Պետրոս առաքեալին տիպարին ընդմէջէն, թէ ինչպէ՛ս յաճախ կ’երկմտինք մեր հաւատքին մէջ, կը տկարանանք եւ նոյնիսկ կրնանք ուրանալ մեր Տէրը` մեր արարքներով կամ խօսքերով, սակայն փոխադարձը` կ’արժանանանք Աստուծոյ ներողամտութեան ու սիրոյն: Միայն մենք մեզ տեսնելով Պետրոսի տիպարին ընդմէջէն, պէտք չէ բաւարարուինք մխիթարուելով, այլ պէտք է ձգտինք դառնալ այն Պետրոս առաքեալը, որ իր կեանքը փոխելով` սրբութեան հասաւ եւ քրիստոնէութեան տիպարներէն մէկը դարձաւ: Մեր մեղքերն ու տկարութիւնները մեզ պէտք է մղեն մօտենալու Քրիստոսի, որովհետեւ Ան ներողամիտ, գթառատ եւ սիրող հայր է: Ինքն է, որ մեզ իր շնորհքով կը մաքրէ ու կը սրբացնէ մեր անձերը:

Սուրբ Պօղոս Առաքեալ

Սուրբ Պօղոս առաքեալ ծնած է Տարսոն, Կիլիկիա: Ան այն Սօղոսն է, որուն մասին կը կարդանք «Գործք առաքելոց» գիրքին մէջ, թէ քրիստոնեաները կը հալածէր եւ սպաննել կու տար: Ի՛նքն էր, որ առաջին մարտիրոս քրիստոնեային` Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին մահուան պատճառ դարձաւ` քարկոծելով, տակաւին, ան կ’ուզէր հասնիլ Երուսաղէմէն դուրս` Դամասկոսի քրիստոնեաներուն, որպէսզի զանոնք ալ ձերբակալէ եւ Երուսաղէմ բերէ: Սակայն ա՛յդ ճամբուն վրայ է, որ Յիսուս կը յայտնուի Սօղոսին` ըսելով. «Ինչո՞ւ կը հալածես զիս»: Պօղոս առաքեալ իսկոյն իր տեսողութիւնը կը կորսնցնէ: Տիրոջ պատուէրով երեք օր կը մնայ կոյր, մինչեւ որ Անանիա անունով մարդ մը կու գայ եւ իր աչքերը կը բանայ (Գրծ 9.1-19): Այսպիսով, Սօղոս կը դառնայ նոր մարդ` Պօղոս կոչուելով, եւ փոխանակ քրիստոնեաները հալածելու` կը դառնայ քրիստոնէութեան մեծ ջահակիր` դարձի բերելով բազմաթիւ հեթանոսներ եւ հրեաներ: Իր քարոզութիւնը կը հասնի Հռոմէական կայսրութեան բազմաթիւ քաղաքներ, եւ որոնց ուղղուած նամակները` իբրեւ հարուստ աստուածային յայտնութիւններով գրութիւններ եւ պատգամներ, ներառուած են Նոր կտակարանի գիրքին մէջ, եւ որոնք կը կշռեն գիրքին նշանակալի բաժինը: Անկախ իր գրած եկեղեցիներուն նամակներէն` «Գործք առաքելոց»-էն կը սորվինք, որ ան կ’ունենայ չորս առաքելութիւններ` բազմաթիւ շրջաններու մէջ, Անտիոքէն սկսեալ, ամբողջ Հռոմի կայսրութեան տակ գտնուող քաղաքներուն մէջ, հասնելով մինչեւ կեդրոնական քաղաք` Հռոմ, ուր նաեւ կը նահատակուի` գլխատմամբ, Նեռ կայսրին հրամանով, 68 թուականին:

Պօղոս առաքեալի կեանքը, գործն ու քարոզութիւնները ուսումնասիրելը հատորներ արժած են եւ տակաւին կը գրուին: Ամէնէն յատկանշական իրականութիւնը այն է, որ ան իբրեւ քրիստոնեաները հալածող եւ սպաննել տուող առաջնորդ` անկարելի էր պատկերացնել, որ պիտի դառնար քրիստոնէութեան ամէնէն մեծ քարոզիչներէն եւ առաքեալներէն մէկը: Այս մէկը մեզի` հաւատացեալներուս կը յիշեցնէ, թէ կարեւոր չէ ինչպիսի՛ անցեալ ունեցած ենք եւ կամ ինչպիսի՛ տկարութիւններ ու մոլութիւններ ունինք. Աստուած եթէ հողէն մարդը ստեղծեց, ապա ուրեմն նաեւ Ան կրնայ ամենամեծ մեղաւորը օրինակելի սուրբ դարձնել: Յիսուս յատուկ նպատակով մը մեզ պատմեց ցորենին եւ որոմին առակը, թէ ինչպէ՛ս Տէրը կ’ուզէ երկուքը միասին աճին ու մեծնան (Մտ 13.24-30), որովհետեւ կ’ուզէ որոմին ցորենի վերածուիլը տեսնել: Աստուած երբեք չի յուսալքուիր իր զաւակներէն եւ վայրկեան առ վայրկեան կը սպասէ անոնց դարձն ու փրկութիւնը: Այն հողին մէջ, ուր ցորեն ցանուիլը անհնար կը նկատուի, Աստուած հոնկէ ցորեններու արտեր դուրս կը բերէ:

Հետեւաբար, երբ կը տեսնենք Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն անցեալը, յոյսով կը լեցուինք, որովհետեւ մենք ալ մեղքերով լեցուն անցեալ եւ ներկայ ունինք, որոնք մեզ կը յուսալքեն Աստուծոյ առաւել մօտենալէն: Սակայն այս օրինակները ցոյց կու տան, որ պէտք չէ որեւէ պատճառ ունենանք Աստուծմէ հեռաւորութիւն պահելու: Յիսուս եկաւ աշխարհ` հիւանդը բժշկելու, մեղաւորը սրբելու եւ փրկելու, անկարը կարողութիւններով ու շնորհքներով լեցնելու, լքուածն ու անտեսուածը բարձրացնելու: Յիսուս միայն հաւատացեալին համար չէ, այլ բոլորիս համար` անխտիր: Սուրբ ըլլալու կոչումը միայն եկեղեցականներուն կամ հոգեւոր կեանք ապրողներուն համար չէ, այլ` բոլորիս: Միայն պէտք է հաւատալ, որ Յիսուս մեր անձին միջոցով, իր շնորհքով կրնայ մեզի աստուածային փառքի ճրագ մը դարձնել: Թոյլ տալ, որ ինք մեր մեղաւոր անձերը օգտագործէ իր բարի նպատակին եւ սրբութեան համար, որովհետեւ, այդպիսով, մենք մեզ կը գտնենք մեր մարդկային ճիշդ կոչումին մէջ` իմաստ տալով մեր երկրաւոր կեանքին: Սոյն ականաւոր առաքեալներուն տօնը յիշատակելով` միմիայն զիրենք մեծարած չենք ըլլար, այլ իրենց սրբութեան օրինակը կը վերյիշենք, կը ներշնչուինք, օրինակ կ’առնենք, կը փորձենք անոնց քրիստոսավայել առաքինութիւնները ընդօրինակել եւ ի վերջոյ անոնց բարեխօսութիւնը խնդրել: Ապա թէ ոչ անոնց կեանքն ու նահատակութիւնը կը մնան սոսկ յիշատակ: Ճիշդ է, որ մենք կ’ապրինք բոլորովին տարբեր դարու պայմաններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ, սակայն անոնց սրբակենցաղ կեանքի նկարագիրը, կամքը, հասկացողութիւնը եւ Աստուծոյ հանդէպ սէրը, որքա՜ն օգտակար են մեր այսօրուան պայմաններու մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար: Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու սէրն է, որ զիրենք իրենց անցեալի տկարութիւններէն բարձրացուցին եւ դարձուցին սրբութեան օրինակներ: Նոյն սէրն ու հաւատքն է, որ այսօր մեզ ալ, մեր տկարութիւններէն բարձրացնելով` կը դարձնեն այսօրուան օրինակելի տիպարը: Եթէ անոնք կրցան այնքան զօրանալ, որ մահն անգամ չէր կրնար զիրենք զսպել Աստուծոյ սէրը տարածելէն, ուրեմն մենք ալ կրնանք, իրենց շունչով եւ նոյն նախանձախնդիր հաւատքով, մեր այսօրուան մարտահրաւէրները ոտնակոխել ու բարձրանալ:

Թող Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն յիշատակը վարակիչ օրինակ ըլլայ մեզի` առաւել զօրանալու մեր հաւատքին մէջ, Աստուծոյ փառքին համար` անոնց բարեխօսութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Թրամփ Յանցապարտ. Յետոյ Ի՞նչ

Յաջորդը

Ողջերթի Հաւաք Դանիէլ Քհնյ. Մանճիկեանի` Միացեալ Նահանգներ Մեկնումին Առթիւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?