Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրի՛ Լիբանանահայութիւնը

Դեկտեմբեր 24, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան յայտարարութիւնը եղած էր արդէն: Ինչքան ալ հաւատքը մեծ էր այդ հսկայ գործին յաջողութեան, այնուամենայնիւ կը մնար այն փոքր մտավախութիւնը, որ մէկ-մէկ ալ տարբեր հարցադրումներով կը փորձէր պղտորել միտքերը: Այո՛, նման նախաձեռնութիւն նորութիւն չէր լիբանանահայ գաղութին համար, բայց տնտեսական վատ պայմաններու սարսափելի հարուածէն անմաս չէին մնացած հայ ընտանիքները եւ հայկական բոլոր հաստատութիւնները, հետեւաբար, բնական էր, որ բացասաբար ազդուէր «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութիւնը: Միւս կողմէն կար այն կենդանի եւ ուժեղ փաստը, որ տագնապները ինչքա՛ն ալ նոր դիմակներով հանդէս գան, երբեք ալ նորութիւն պիտի չըլլան աւելի քան 15 տարի պատերազմ տեսած ու ապրած լիբանանահայուն համար, որ կրցած էր պատերազմի ահաւորութիւնը յաղթահարել ու գոյատեւել, հետեւաբար պէտք էր հեռու վանել բոլոր կասկածները եւ առաջ անցնիլ յանուն իրարօգնութեան հաւաքական ծրագիրի յաջողութեան:

Սպասուած օրը հասաւ. 18 դեկտեբեր 2019-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնը տօնական եռուզեռի մէջ էր:  Ոտքի էր գաղութը իր ազգային ու միութենական բոլոր կառոյցներով: Ոտքի էին հայ հասարակութեան բոլոր խաւերը: Ոտքի էր բարւոք կեանք ապրող մարդն ու ինքնաբաւը, ոտքի էր նաեւ համեստ պայմաններով եւ մանաւանդ օրուան հացը հազիւ ապահովող մարդը: Ինչքան յուզիչ էր տեսնել խումբ առ խումբ եկած հայ դպրոցի աշակերտները, որոնք իրենց ամէնօրեայ ծախսէն բաժին հանելով եկած էին հաստատելու, որ կը զօրակցին հայ ընտանիքին, հայ կարիքաւորին, հայ երիտասարդին: Այդ օր անոնք սորվեցան ամէնէն կարեւոր մարդկային դասը իրենց ուսումնառութեան ընթացքին,  որ պիտի ուղեկցի իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին ու պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ:

Եւ սիրով յագեցած այդ օրուան արդի՞ւնքը… Արդի՜ւնքը… 137.573.000 լիբանանեան ոսկի, որ ոչ թէ անսպասելի էր, այլ անակնկալելի: Արդիւնքը յուզիչ, բայց  ոգեւորող եւ գօտեպնդող էր: Արդիւնքը նոր յաղթանակ մըն էր ամէնէն վատ պայմաններուն մէջ: Արդիւնքը խրախուսիչ էր ու հաստատող , որ հայը ունի ապրելու կամք, վճռակամութիւն եւ մարդկային վեհ արժանապատուութիւն: Արդիւնքը փաստ մըն էր, որ լիբանանահայը հարուստ է իր առաքինութեամբ, իր խրոխտ կեցուածքով, հարուստ է իր բարի կամեցողութեամբ, եղբօր նկատմամբ իր ունեցած մեծ սիրով ու հոգածութեամբ: Արդիւնքը այն ճշմարիտ եւ գեղեցիկ իրականութիւնն էր, որ լիբանանահայը կրնայ ամոքել իր ցաւերը, կրնայ դիմագրաւել իր դժուարութիւնները` հակառակ ամէն կողմէ փչող հողմերուն, որ լիբանանահայը վեր է այն բոլոր ճղճիմ մանրուքներէն, որոնք կու գան պղտորելու միտքերը եւ խանգարելու կեանքի անդորրը:  Եւ վերջապէս, արդիւնքը աչքի փուշ էր բոլոր անոնց, որոնք պահ մը նոյնիսկ կասկածեցան պատմութիւն կերտած հաստատութեան մը վրայ, կասկածեցան այն յանձնառու անձնակազմին վրայ, որ տիւ եւ գիշեր կ՛ապրի ու կը տագնապի գաղութին հոգերով եւ ամէն գնով օգտակար կը դառնայ բոլորին անխտիր, նոյնիսկ անոնց, որոնք երբեմն քարերով կը հարուածեն իրենց ձեռք երկարած կողմին:

Մարդկային ամէնէն վեհ զգացողութիւնը այն է, երբ մարդ իր լաւ ու վատ պայմաններու մէջ օգտակար կը դառնայ դիմացինին: Իսկական ուրախութիւնը տալու մէջն է: Իսկական օգնութիւնը այն է, երբ մարդ ոչ թէ իր ունեցածին աւելցածը կու տայ, այլ երբ իր ունեցածը կը կիսէ իր բարեկամին հետ: Ուրախ ու հոգեպէս խաղաղ կ’ապրի ան, երբ առանց սակարկութեան, առանց ակնկալութեան ձեռք կ’երկարէ դիմացինին: Ինչքան ալ մեծ ըլլայ մարդուն կատարած նուէրը, երբ փոխադարձ ակնկալութեան մը համար կը կատարէ զայն, բնական է, որ հոգեկան գոհացում չստանայ:

Այսօր լիբանանահայուն կը մնայ ամէն բանէ աւելի իր ուժին ու կարողութեան վստահելով շարունակել պայքարը` ներկայ ու գալիք բոլոր տագնապները յաղթահարելու եւ նոր սերունդներուն արժանավայել կեանք ապահովելու համար:

Ապրի՛ լիբանանահայ գաղութը իր բոլոր կառոյցներով ու հատուածներով, իր ծերով ու պատանիով, մանուկով ու երիտասարդով: Ապրի՛ն բոլոր նուիրատուները, որոնք դժուար պայմաններու մէջ անսացին Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին ու իրենց քսակները բացին հայ ընտանիքին կողքին կանգնելու: Ապրի՛ն բոլոր անոնք, որոնք քաջալերեցին ու բարի մաղթանքներով զօրակցեցան այս պատասխանատու աշխատանքին: Ապրի՛ն բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին ու կը շարունակեն հաւատալ լիբանանահայու այն տեսակին, որ քաջ կը գիտակցի իր առաքելութեան, ինքնութեան եւ կառչած է իր մարդկային ու ազգային բոլոր արժէքներուն:

 

 

 

Նախորդը

Անաչառութեան եւ Ներքին Դիւանագիտութեան Բացը

Յաջորդը

Էրտողան Յայտնած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Պայքարին Մէջ Նոր Խումբի Ձեւաւորման Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?