Ակնարկ. «Դարու Գործարք»-ի Թիրախները.՛ Լիբանանեան Եւ Հայկական Հայեցակէտեր
«Դարու գործարք»-ի քաղաքական թայմինկը վերլուծաբանական առումով որոշակի հունաւորումի կ՛առաջնորդէ: Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Իսրայէլի ղեկավարները վերընտրութեան խնդիր կը դիմագրաւեն: Եթէ առաջինը պէտք ունի հրէական լոպիիստական խումբերու ամբողջական զօրակցութեան, ապա երկրորդը պէտք ունի անբաժանելի Երուսաղէմի ամրագրումը կատարող ամերիկեան որոշումի մը` ներքին ընտրական շուկային վրայ իբրեւ կարեւոր պահանջարկ կայանալու: Գործարքը երկկողմանիօրէն իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ անպայման, եւ այս առումով Ուաշինկթընի եւ Թել...


















