Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Եւ Ուժեղ Ընդդիմութեան Հրամայականը

Փետրուար 1, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՒՐԱՏ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2018 թուականի մայիսեան հանրայայտ քաղաքական իրադարձութիւններուն յաջորդող խորհրդարանական ընտրութիւններուն, տիրանալէ ետք քուէներու աւելի քան 70% տոկոսին եւ ինքնահռչակուելով որպէս ժողովուրդի «միա՛կ եւ  իրա՛ւ»  ներկայացուցիչ, «Իմ քայլը» քաղաքական դաշինքով ներկայացուած հայաստանեան իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն որդեգրեցին դասական ամբոխահաճութեան ընձեռած բոլոր միջոցները` արդարացնելու համար իրենց իսկ կողմէ ժողովուրդին շռայլուած խոստումներուն անկատար մնացած ըլլալու հանգամանքը: Անոնք առիթ չեն կորսնցներ բացայայտօրէն մերժելու եւ կամ արհամարհելու ոչ միայն ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններն ու անոնց կողմէ ներկայացուած երկրի բարգաւաճման առնչուող տեսակէտներն ու առաջարկները, այլ  կը մերժեն նաեւ ժողովուրդի այն հատուածը, որ կը համարձակի տարակարծիք ըլլալ իշխանութեան բռնած ուղիին հետ:

2018 թուականի մայիսեան իշխանափոխութիւնէն անցած են 20 երկար ամիսներ, բայց իշխանութեան գործելաոճին մէջ տիրողը տակաւին (ըստ երեւոյթին նաեւ` շարունակելի,  որովհետեւ առայժմ փոփոխութեան նշոյլներ չեն նշմարուիր) ամբոխահաճութիւնն է արդէն բոլորիս յայտնի պատճառներով: Իշխանութիւն մը, որ արտաքուստ ներկայանալով ժողովրդավար` սակայն կանխամտածուած ձեւով կը միտի յաւերժացնել ինքզինք որպէս ժողովուրդի  «միա՛կ իրաւ» ներկայացուցիչ, պետական այրերու անյարիր բառապաշարով վարկաբեկելով եւ մինչեւ անգամ դաւաճանութեամբ մեղադրելով ու մերժելով իրմէ դուրս ամէն տեսակի այլակարծութիւն ու բազմակարծութիւն` ընդհանրապէս: Իշխող քաղաքական ուժի անպատասխանատու քայլերուն պատճառով սկսած է անհետանալ կառավարման երեք ճիւղերու` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական, սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած տարանջատումն ու օրէնսդիրի եւ դատականի անկախութիւնը` իշխող քաղաքական ուժի քմայքներէն: Ասոր վրայ եթէ աւելցնենք իշխանութեան այլեւս անթաքոյց փորձերը` իրեն հպատակեցնելու ոստիկանութիւնն ու ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնները, ժողովրդավար կարգերէն արագընթաց հեռանալու եւ ժողովրդավարութիւնը մենատիրութեամբ փոխարինելու վտանգաւոր պատկերը աւելի եւս կը յստականայ:

Այսօրուան հասարակութեան մէջ առկայ եւ իշխանական թեւին կողմէ մէջտեղ նետուած «սեւ-ճերմակ»-ի, «յեղափոխական-հակայեղափոխական»-ի տարանջատումները կանխամտածուած են եւ դիտաւորեալ:  Դիտաւորեալ է նաեւ անդադար անցեալին նշումներ ընելու եւ անցեալի յոռի դէպքերն ու դէմքերը ժողովուրդի ուշադրութեան կիզակէտին պահելու իշխանութեան ընթացքը, որպէսզի պետական այրերը կարենան սահուն ձեւով իրենց ձախողումներն ու բացթողումները արդարացնել` պատրուակելով անցեալէն եկած եւ իբր թէ շարունակուող «մութ ձեռքերու» եւ «դաւադրական գործարքներու» ներգործութիւն, առանց հանրութեան առջեւ պատասխանատուութիւն զգալու, գէթ` փորձելու յստակացնել այդ մութ ձեռքերու ինքնութիւնն ու դաւադրական գործարքներու հասցէատէրերը:

Այս պարունակին եւ իրողութեան շրջագիծին մէջ ինչպէ՞ս կրնան գործել եւ ստեղծուած այս անբնական իրավիճակին դէմ ի հարկին պայքարիլ, ազգային առողջ ընդդիմութեան դաշտի մը գոյութիւնը պետականութեան յառաջընթացին ու երկրի բարգաւաճման համար անհրաժեշտութիւն նկատող եւ այդ դաշտին մէջ գործելու պատրաստ քաղաքական ուժերը:

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս:

Ամբոխահաճութեան դէմ պայքարի եւ իշխանութեան աշխատելաոճը ուղղելու (չըսելու համար` իշխանութեան իսկական դիմագիծը բացայայտելու)  միջոցներէն ամենահատու եւ ազդու միջոցը ՄԻԱՑԵԱԼ, ուժեղ ընդդիմութիւնն է: Մանրուքներէ հեռու` այն ընդդիմութիւնը, որ լուսարձակի տակ կը պահէ երկրէն ներս արդարութեան եւ հաւասարութեան օրէնքներու կիրարկումը անխտիր բոլորին համար եւ իր պետականամէտ ծրագիրներով եւ նախագիծերով կը փորձէ հասարակութիւնը միախմբել երկիրն ու ազգը յուզող ազգային (կարդալ նաեւ` համազգային), ընկերային եւ քաղաքական իրա՛ւ օրակարգերու (ազգային հայեցակարգ, ազգային տնտեսական քաղաքականութիւն, արցախեան յստակ քաղաքականութիւն, համահայկական քաղաքականութիւն եւ այլն) շուրջ` ուղղակիօրէն հակադրուելով իշխանութեան կողմէ վարուած ամէն ըդդիմութիւն վարկաբեկելու, մերժելու, հասարակութեան ուշադրութիւնը արհեստական օրակարգերով շեղելու երկրին առջեւ ծառացող իրա՛ւ օրակարգերէն եւ  հասարակութիւնը մասնատելու «բաժնէ՛, որ տիրես»-ի քաղաքականութեան:

Ընդդիմութիւն մը, որ ձեւաւորուած ըլլայ վերոյիշեալ օրակարգերու շուրջ կազմուած քաղաքական խմբակցութիւններու համախմբումով` առաջնային նպատակ ունենալով ժողովրդավար կարգով ստիպել իշխանութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու իր բռնած ուղին, ի պահանջել հարկին նաեւ` արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններով դէմն առնելու հասարակութեան մէջ ազգային, բարոյական արժէքներու տակաւ առ տակաւ աղաւաղման, ժողովրդավարութեան հիմնական դրոյթներու ոտնահարման  եւ հասարակութեան մէջ վերահաստատէ բարոյահոգեբանական առողջ մթնոլորտ, որ նախապայման է իւրաքանչիւր երկրի զարգացման եւ բարգաւաճման:

Այսօրինակ ընդդիմութեան մը կազմութեան սկզբնական քայլերն է, որ կ՛առնէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ամիսներ առաջ երբ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խորհրդակցութիւններ կը ձեռնարկեր քաղաքական դաշտին մէջ գործող խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ամենատարբեր ուժերու հետ` նպատակադրելով դառնալ այն առանցքը, որուն շուրջ պիտի համախմբուին ընդդիմադիր այդ  ուժերը: Յարատեւութիւն եւ համբերութիւն ենթադրող աշխատանք, որ անպայման պիտի տայ իր արդիւնքը:

Ժամանակն է, որ մեր երկրին մէջ տեղի ունենան լուրջ եւ համակարգային բարեփոխումներ` կասեցնելու համար գործող իշխանութեան կողմէ երկրի ժողովրդավար դիմագիծը (եւ ոչ միայն) հետզհետէ աւելի աղաւաղող քայլերը: Քաղաքական կուսակցութիւնները միասնաբար ժողովուրդի այն հատուածին հետ, որ կը հաւատայ այդ բարեփոխումներու անյետաձգելիութեան եւ չ՛ուզեր իրերու ընթացքը ձգել իր ճակատագրին, կոչուած են անսալու ՄԻԱՑԵԱԼ ընդդիմութիւն մը ձեւաւորելու հրամայականին:

ՄԻԱՑԵԱԼ եւ ուժեղ ընդդիմութիւնն է միայն, որ այս փուլին կրնայ վճռական եւ դրական ազդեցութիւն ունենալ քաղաքական գործընթացներուն վրայ:

Ուոթըրթաուն-Մասաչուսեց

Նախորդը

Լռութեամբ Եւ Հաւատարմութեամբ Գործած Գրիգոր Աբրահամեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Գրականութեան Լուսաւոր Ուղիներու Վրայ. Օլկա Թոկարչուկ. 2018-ի Նոպէլեան Դափնեկիր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?