Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դարու Գործա՞րք», Թէ՞ «Դարու Կեղծիք»

January 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Տեղէն շարժելու մեծ յոյսեր չունեցող ինքնաշարժ մը իբրեւ նորագոյն արտադրութիւն վաճառելու փորձերուն կը նմանի «Դարու գործարք»-ը միջազգային հանրութեան ծախելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փորձը: Իբրեւ պաղեստինեան հարցին լաւագոյն լուծումը ծանուցուող այս ծրագիրը իրականութեան մէջ ծնունդ առած է ոչ թէ անիրաւուած պաղեստինցիներուն արդար հատուցում ապահովելու մտահոգութիւններէն, այլ` Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի ներքին տագնապներէն:

Ամէն գնով վերընտրուելու եւ ուշադրութիւնը զինք պաշտօնազրկելու ծերակոյտի դատավարութենէն շեղելու պայքար տանող Թրամփ այս անգամ օգնական մը գտած է իրեն նման զեղծարարութիւններով ամբաստանուող այլ ղեկավարի մը` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մէջ, որ իր կարգին կը յուսայ հրեաներու եւ ամերիկացիներու հեղինակած եւ պաղեստինեան դատը վերջնականապէս թաղելու նպատակ ունեցող այս համաձայնութիւնը շահագործել` անգամ մը եւս իշխանութեան հասնելու իր ջանքերուն մէջ:

Մեծ բան կարելի չէ ակնկալել 28 յունուարին հրապարկուած եւ Թրամփի բնութագրումով` «հոյակապ» այս գործարքէն, պարզապէս որովհետեւ հոն նկատի չեն առնուած անոր գլխաւոր երկու կողմերէն մէկուն` պաղեստինեան իշխանութեան ոչ միայն շահերը, այլ նոյնիսկ` կարծիքները: Անիկա պարզապէս Իսրայէլի բռնագրաւումը արդարացնելու սին փորձ մըն է, որ դատապարտուած է իր սաղմին մէջ մահանալու` քարոզչական աղմուկին անհետացումին հետ:

Յատկանշական է, որ հակառակ ապակողմնորոշող այս ջանքին` Ուաշինկթընի մէջ կան կողմեր, որոնք կը շարունակեն շեշտը դնել բանակցութեան ճամբով համաձայնութեան մը վրայ, որ առնուազն մասնակիօրէն արդար լուծում մը կրնայ բերել պաղեստինեան հարցին: Արդարեւ,  Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերուն ատենապետները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով` յորդորեցին Թրամփը` վերականգնելու երկու կողմերը բանակցութեանց սեղան վերադարձնելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը:

 

Նախորդը

Համացանցի Մոլութեան Հարցեր

Յաջորդը

Թրամփի «Դարի Գործարք»-ը Ձախողւում Է. Սուրբ Հողերը Դեռ Երկար Ժամանակ Չեն Տեսնի Խաղաղութիւն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.