Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

18 Տարիքը Չամբողջացուցած Աղջիկները Բռնաբարող Եւ Անոնց Հետ Ամուսնացող Տղամարդոց Կրնան Ներում Շնորհել Թուրքիոյ Մէջ

Փետրուար 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը հրապարակեց անհաւատալի յօդուած մը` «Ամուսնացիր քեզ բռնաբարողին հետ» օրինագիծը օրէնսդիրներու կողմէ կը ներկայացուի Թուրքիոյ մէջ» վերնագիրով:

Կարծես միջնադարէն հնչող նիւթ մը ըլլայ այս: Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատէ զայն, սպասուող օրէնքը` «Թոյլ պիտի տայ, որ տղամարդիկ, որոնք կը մեղադրուին 18 տարիքը չամբողջացուցած աղջիկներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու յանցանքով, խուսափին պատիժէ, եթէ անոնք ամուսնանան իրենց զոհերուն հետ», կը յայտնէ «Ինտիփենտընթ»-ը:

Թուրք կիներու իրաւունքներու պաշտպանները զայրացած են, որ այսպիսի ամօթալի օրինագիծ մը կրնայ օրէնքի վերածուիլ «արդի» Թուրքիոյ մէջ: Քննադատները կը պնդեն, որ նախատեսուած օրէնքը` «Ոչ միայն կ՛օրինականացնէ մանուկներու ամուսնութիւնը եւ բռնաբարութիւնները, այլեւ ճամբայ կը բանայ փոքրերու նկատմամբ բռնութիւններու եւ սեռային շահագործման», կը գրէ «Ինտիփենտընթ»-ը: Ընդդիմադիր քրտամէտ  Ժողովուրդներու ժողովրավարական կուսակցութիւնը (HDP) դէմ է այս օրինագիծին:

«Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գործակալութիւնները մտավախութիւն յայտնեցին, որ այս օրինագիծին հիման վրայ լայն կարելիութիւններ կը ստեղծուին մանուկներու նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու, իսկ զոհերը կը դառնան առաւել եւս խոցելի` իրենց վրայ յարձակողներուն կողմէ լրացուցիչ բռնութեան եւ տառապանքներու ենթարկուելու իմաստով», կը տեղեկացնէ «Ինտիփենտընթ»-ը:

2016-ին ներկայացուած նման օրինագիծ մը մերժուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ` ամբողջ աշխարհի կիներու իրաւունքներու պաշտպաններու քննադատութիւններուն ենթարկուելէ ետք: Այդ օրէնքը ներում կը շնորհէր միայն այն տղամարդոց, որոնք երիտասարդ աղջիկներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցած են «առանց ուժի կամ սպառնալիքի»:

Քանի մը երկիրներու մէջ ընդունուած են նման օրէնքներ` «ընտանիքին պատիւը» պաշտպանելու եւ ապահովելու նպատակով: Սակայն, շարք մը այլ երկիրներ, ինչպէս` Եգիպտոս, Յորդանան, Լիբանան, Մարոք, Թունուզ եւ Պաղեստին, որոնք ունէին նման առարկելի օրէնքներ, վերջին տարիներուն չեղեալ յայտարարեցին զանոնք:

«Ինտիփենտընթ»-ը կը մէջբերէ կիներու իրաւունքներու պաշտպան Սուատ Ապու Տայայի «ցնցող» խօսքերը, ըստ որոնց, քաղաքական գործիչները կը փորձեն ընդունիլ օրինագիծ մը, որ` «Անպատժելիութիւն կ՛ապահովէ մեղաւորներուն` մանուկներու սեռային շահագործման գծով»:

«Ես կ՛ողջունեմ կիներու իրաւունքներու պաշտպաններուն խիզախ աշխատանքը Թուրքիոյ մէջ. անոնք կ՛ընդդիմանան այս խտրական օրինագիծին եւ հանդէս կու գան ընդդէմ յետադիմական ուժերու, որոնք կը ձգտին ջնջել ներկայի իրաւական պաշտպանութիւնը աղջիկներու: Նման` «Ամուսնացիր քեզ բռնաբարողին հետ» իրաւական դրոյթներ եղած են Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու օրէնսգիրքերուն մէջ: Եգիպտոսի, Յորդանանի, Լիբանանի, Մարոքի, Թունուզի եւ Պաղեստինի մէջ կիներու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ օրէնսդիրներու կողմէ տարիներ շարունակ տարուող քարոզարշաւներու շնորհիւ` վերջին տարիներուն բոլորն ալ հեռացուցին այդ սողանցքները: Կիներու իրաւունքներու եւ անոնց պաշտպանութեան վնաս հասցնող օրէնսդրութիւնը ընդունելու փոխարէն` թուրք օրէնսդիրները պէտք է նկատի առնեն նշեալ յառաջընթացները` սեռային խտրական օրէնքները ջնջելու գծով»,  «Ինտիփենտընթ»-ին ըսաւ Սուատ Ապու Տայա:

Թէեւ Թուրքիոյ մէջ ամուսնութեան օրինական տարիքը 18-ն է, սակայն թրքական «Տէյլի Նիուզ»-ը կը մէջբերէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան (CHP) անդամ Թեքին Պինկէօլի հետեւեալ խօսքը. «Վերջին տասը տարիներուն ընդհանուր հաշուով 482 հազար 908 անչափահաս կիներ ամուսնացած են: Թուրքիոյ մէջ կիներուն 26 տոկոսը ամուսնացած է մինչեւ 18 տարեկան հասնիլը: Անոնց տասը տոկոսը ծննդաբերած է մինչեւ 18 տարեկան ըլլալը, իսկ վերջին վեց տարիներուն 142 հազար 298 անչափահաս մայրեր արձանագրուած են: Այդ աղջնակներուն մեծ մասը ամուսնացած է կրօնական արարողութեամբ: 2002-էն ի վեր անչափահաս աղջիկները ծնած են ընդհանուր առմամբ 440 հազար մանուկ: Թիւը` մինչեւ 15 տարեկան կիներու, որոնք ծննդաբերած են սեռային բռնութեան ենթարկուելէ ետք, եղած է 15 հազար 937»:

«Ինտիփենտընթ»-ը կը յայտնէ, որ` «Թուրքիոյ մէջ տարածուած է կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ բռնութիւնը. ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, թուրք կիներուն 38 տոկոսը իր զուգընկերոջ կողմէ ենթարկուած է ֆիզիքական կամ սեռային բռնութեան: «Մենք կը դադրեցնենք կնասպանդը» անունով քարոզչական խումբին հաշիւներով,  2017-ին 409 կիներ սպաննուած են իրենց զուգընկերներուն կամ ընտանիքի անդամի մը կողմէ, բան մը, որ կտրուկ աճած է չորս տարի առաջ եղած 237 թիւին հետ համեմատած:

Այդ ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիներու իրաւունքները պաշտպանելու փոխարէն, հանդէս եկած է կիներուն դերը թերագնահատող յայտարարութիւններով: 2014-ին տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին Էրտողան ներկաներուն ըսած էր հետեւեալը. «Դուք չէք կրնար հաւասարութեան նշան դնել կիներուն եւ տղամարդոց միջեւ: Այդ կը հակասէ բնութեան»: 2016-ին Էրտողան նաեւ յորդորած էր կիները, որ առնուազն երեք երեխայ ունենան, եւ պնդած է, որ կնոջ կեանքը «թերի» է, եթէ ան չի վերարտադրեր: «Այն կինը, որ կ՛ըսէ «քանի որ ես կ՛աշխատիմ, մայր պիտի չըլլամ», իրականութեան մէջ կը հերքէ իր կանացիութիւնը», ըսած էր Էրտողան` աւելցնելով. «Մայրութիւնը մերժող կինը, որ հեռու կը մնայ տունէն, որքան ալ յաջողակ ըլլայ իր աշխատանքի կեանքին մէջ, թերի է»:

Յոյս ունիմ, որ անչափահաս աղջիկները բռնաբարելէ ետք անոնց հետ ամուսնացող տղամարդոց ներում շնորհող օրէնքը կը մերժուի: Որովհետեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութիւնը կապ ունի նախագահ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ (AKP), հետեւաբար նախագահը կրնայ դիւրութեամբ կանգնեցնել այս օրինագիծին ներկայացումը խորհրդարանին: Սակայն յայտնի չէ, թէ նախագահը ի՛նչ պիտի ընէ, որովհետեւ ան ներքին եւ արտաքին հարցերու գծով որդեգրած է բազմաթիւ դիրքորոշումներ, որոնք կը հակասեն Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի շահերուն:

Ինչպէս բազմաթիւ առիթներով ականատես եղած ենք, այս հարցով եւս կը նկատենք, որ Էրտողան կը նախընտրէ սիրաշահիլ իր արմատական հետեւորդները, քան` ճիշդ վարուիլը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Վանականներու «Տենչը»

Յաջորդը

Ո՞ւմ Գնդակահարենք 2040 Թուականին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?