Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Դարուս (Նորագոյն) Անարդարութի՛ւնը

Յունուար 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այն, ինչ որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաղեստինիցիներուն եւ աշխարհին «պարգեւեց» իբրեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման «լաւագոյն ծրագիր», ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` դարուս նորագոյն անարդարութիւնը:

Չ՛արժեր երկար կանգ առնել այն սխալ ու մոլորեցնող մանրամասնութեանց վրայ, որոնց մասին խօսեցաւ Թրամփ. օրինակի համար, մէկ կողմէ Երուսաղէմը որդեգրեց իբրեւ Իսրայէլի վերջնական ու անբաժանելի մայրաքաղաք, իսկ միւս կողմէ` ընդունեց, որ Արեւելեան Երուսաղէմի մէկ փոքր մասը կրնայ ըլլալ պաղեստինեան առաջադրեալ անկախ միաւորին (հոս ալ` անորոշութիւն ու շփոթեցնող արտայայտութիւններ) մայրաքաղաքը: Պաղեստինցիներու ղեկավար Մահմուտ Ապպաս, առանց բառերը, ծամծմելու «դաւադրութիւն» որակեց եւ անընդունելի գտաւ առաջարկը, իսկ Թրամփի դաւակից Նաթանիահու աւելի ուշ բացատրեց, որ պաղեստինցիներու համար իբրեւ մայրաքաղաք նկատի առնուած վայրը Երուսաղէմի արեւելեան ծայրամասին գտնուող Ապու Ապս անունով գիւղ մըն է…

Թրամփի ծրագիրին մանրամասնութիւնները արդէն ծանօթ են. ան միանգամընդմիշտ կը թաղէ այն բոլոր ընտրանքները, որոնք կը նախատեսէին պաղեստինեան անկախ պետութեան մը սահմանները, պաղեստինցիներուն վերապահուած հողամասը «կը զարդարէ» հարսանէթով վարակուած մարմինի մը նշաններով, որովհետեւ պաղեստինեան հողերու վրայ տասնամեակներէ ի վեր կառուցուած` թէ՛ արաբներուն եւ թէ՛ աշխարհին կողմէ ապօրինի հռչակուած հրէական բնակեցման վայրերը վերջնականապէս կը հռչակուին իսրայէլեան հող, այլ խօսքով, կ՛օրինականացուին յաւելեալ հողերու բռնակցումը, իսկ «անաչառ իրաւարար»-ը բարի կ՛ըլլայ կողմերուն առաջարկելու չորս տարուան «փոխանցման շրջան մը», որուն ընթացքին պէտք է անորոշ մանրամասնութեանց շուրջ բանակցին ու համաձայնութեան գան: Պաղեստինցիք պէ՞տք է ուրախանան, թէ՞ «հարցը կը փակուի» միայն բնակեցման վայրերուն վրայ իսրայէլեան գերիշխանութեան հաստատումով, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ տկար դիրքէ ընտրապայքարի մտած Նաթանիահու կը յոխորտար, որ յաղթելու պարագային, Յորդանանի հովիտը պիտի կցէ Իսրայէլի: «Անաչառ միջնորդը» ի՞նչ երաշխիք կրնայ տալ, որ Իսրայէլ պիտի չբազմապատկէ պաղեստինեան հողերու վրայ բնակեցման վայրերու կառուցումը, ինչպէս ըրած է նախընթաց  բանակցութիւններու բոլոր փուլերուն ու թողուած է սանձարձակ…

Իսրայէլ-Պաղեստին տագնապին ամէնէն մակերեսային կերպով հետեւող անձն իսկ դժուարութիւն չ՛ունենար տեսնելու, թէ Թրամփի առաջարկած ծրագիրը ո՛չ միայն աղաղակող կերպով կողմնակալ է եւ ի նպաստ Իսրայէլի է (պաղեստինցիներու կարծիքն իսկ չէ առնուած նախօրօք, ո՛չ ալ պաղեստինցի ներկայացուցիչ հրաւիրուած էր ծրագիրին հրապարակման, անկախ անկէ, որ հրաւիրուելու պարագային, արդարօրէն պիտի մերժէր որեւէ ներկայութիւն), այլ վարագոյր մը եւս վար կը բերէ 1948-էն ի վեր անիրաւուած ժողովուրդի մը դատը ի նպաստ իրաւազրկողին լուծելու բեմադրութեան նորագոյն արարին վրայ: Փաստօրէն, արաբ-իսրայէլեան պատերազմներուն յաջորդած` խաղաղութեան բանակցութիւններու բոլոր փուլերուն, սկսելով Քեմփ Տէյվիտէն մինչեւ Օսլօ եւ այլ, ամերիկեան իրերայաջորդ վարչամեքենաներ փորձած են անաչառ միջնորդի ու խաղաղարարի դեր խաղալ` քայլ առ քայլ պաղեստինցիները մղելով նահանջներու. թրամփեան վարչակարգը խորքին մէջ գլեց անցաւ նախորդներուն բոլոր խաղերը, երբ շուրջ երեք տարի առաջ Երուսաղէմը որդեգրեց իբրեւ Իսրայէլի վերջնական մայրաքաղաք, ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրեց Երուսաղէմ: Իսրայէլի գոյութիւնը մերժելու արաբական նախկին կեցուածքին բարեշրջումէն ետք իսկ, պաղեստինցիներուն նահանջներ պարտադրելու խաղը` Եասէր Արաֆաթէն մինչեւ Մահմուտ Ապպաս ու «Համաս», ահա կը նուաճէ նոր «իրագործում» մը: Իսկ խաղը պէտք չէ դիտել լոկ պաղեստինեան օղակին մէջ, որովհետեւ Սուրիոյ Կոլանն ալ, Ալեքսանտրեթին նման, մէկ այլ խորքը կը կազմէ նոյն` տարածուն խաղին, ուր դերերու բացայայտ բաժանում կայ իբր թէ իրարու հակադրուած Իսրայէլի ու Թուրքիոյ միջեւ: Կարելի չէ անտեսել նաեւ խաղին իրանեան եւ այլ տարածքները…

Իրաւազրկեալ որեւէ ժողովուրդի, եւ ո՛չ միայն պաղեստինցիներու համար, նման խաղեր բնականաբար անընդունելի են: Ողբերգութեան մէկ այլ երեսն ալ արաբական աշխարհին կրած պարտուողական ու բաժանուածութեան իրավիճակն է, որուն արմատները կ՛երկարին մինչեւ Քեմփ Տէյվիտի նախընթաց տարիները: Այսօր ո՞վ կը յիշէ այն «դարաշրջանը», երբ պաղեստինցիներու իրաւունքներու դրօշը մէկ առաջնորդն էր արաբական պայքարին, ո՞վ կը յիշէ Ալճերիոյ կամ այլ երկիրներու անկախական պայքարներուն դրօշները, որոնք կը տարածուէին Մարոքէն մինչեւ Եգիպտոս, Սուրիա, Իրաք եւ Ծոցի երկիրներ… Վաղը, երբ պաղեստինցիք իրենց կոկորդը սեղմող, զիրենք հեղձամահ ընելու ձգտող ձեռքերուն դէմ ընդվզում արտայայտեն բողոքի նոր ալիքներով, զինեալ պայքարը աւելի՛ եւս սաստկացնեն, աշխարհը լուռ հանդիսատես պիտի մնայ ու պիտի նախընտրէ յարիլ զանոնք «վայրենիներ» ու «ահաբեկիչներ» որակելու Իսրայէլի պարսաւանքներուն:

… Մենք` հայերս, հաւանաբար որեւէ այլ իրաւազրկեալէ աւելի՛ լաւ կը հասկնանք նման «անաչառ» ծրագիրներու  իմաստը: Չէ՞ որ մեր Արցախին համար ալ կը փորձեն մեզի հրամցնել «շրջանը Ազրպէյճանի կազմին մէջ պահելու» ընտրանքը: Չէ՞ որ ամէն գնով կը փորձուի պատմութեան գզրոցներուն մէջ կղպուած պահել Արեւմտեան Հայաստանի մասին մեր արդար պահանջատիրութիւնը:

Աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու յաւակնութիւնները չեն կրնար իրականութիւն դառնալ` դարաւոր անարդարութիւններու վրայ նորեր բարդելով:

29 յունուար 2020

Նախորդը

Թրամփի «Դարի Գործարք»-ը Ձախողւում Է. Սուրբ Հողերը Դեռ Երկար Ժամանակ Չեն Տեսնի Խաղաղութիւն

Յաջորդը

Յունուար 29-ը Արամ Մանուկեանի Յիշատակի Օրն Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?