Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագիր 100-ամեակ` 1920-2020. Ամերիկացի Ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին Մօտ Արդէն Զարգացած Էր Ազատ, Անկախ Հայաստանի Գաղափարը 1895-ին

Փետրուար 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն իրագործումներէն է, իսկ միջազգային իրաւական առումով` կարեւորագոյնը:

Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ 1800 թուականին, երբ իբրեւ առաջին քայլ` Ճորճ Ուաշինկթըն մարտանաւը Կոստանդնուպոլիս այցելեց: Ծիծաղելիօրէն, կարգ մը թուրք պատմաբաններ, շփոթելով համանուն մարտանաւը Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահին հետ (1732-1799), որ բնա՛ւ երկրէն դուրս չէր ելած ու 1800-ին արդէն մահացած էր, կը գրեն, թէ ան էր Թուրքիա այցելողը:

1. Ճորճ Ուաշինկթըն մարտանաւին գծագրութիւնը                                                                 2. Մերլ Քուրթի

Թէ ինչպէ՛ս սկսաւ ամերիկացի ժողովուրդին, եկեղեցիներուն եւ կառավարութեան խորացած ահազանգային եւ լո՛ւրջ հետաքրքրութիւնը` մտահոգութիւնը հայերուն նկատմամբ, թարգմանաբար կը ներկայացնեմ օրուան մամուլէն եւ Փուլիցըր մրցանակակիր, ընկերային-մտաւորական հարցերու պատմաբան, համալսարաններու դասախօս եւ իր անունով պատմութեան մրցանակ հաստատուած Մերլ Քուրթիի (1897-1996) (1) «Ամերիկեան արտերկիրի մարդասիրութեան պատմութիւնը» 670 էջ գիրքէն (2): Ստորեւ հատուածներ` այս գիրքէն, որ պատրաստուած է արխիւային բազմաթիւ աղբիւրներէ:

Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ ընդհանրապէս հեղինակը, մամուլը, ամերիկացի ժողովուրդը եւ կարգ մը ծերակուտականներ ի՛ր անունով` «Հայաստան» կ՛անուանեն Արեւմտեան Հայաստանը եւ ոմանք` «թրքական Հայաստան» ոչ թէ Անատոլու եւ այլն:

« … 1897-ին երաշտի եւ սովի մէջ գտնուող Ռուսիոյ կարիքներուն` ամերիկացիներուն կողմէ յաւելեալ օժանդակութիւն չկարենալ հասցնելը սերտօրէն կապուած էր ա՛յլ շրջաններու օգնութեան պահանջներուն հետ, որ ներկայացուած էր ամերիկացիներու փոքր, սակայն ազդեցիկ խումբի մը կողմէ, յուզական եւ աւելի մեծ կոչ-պահանջներով: Արդարեւ, Ռուսիոյ հարաւէն անդին, Ասիական Թուրքիոյ սիրտին մէջ (Արեւմտեան Հայաստան*) կային հարիւրաւոր հայկական քաղաքներ եւ գիւղեր, որոնք դարձան ամերիկեան բարեգործութեան ուշադրութեան կեդրոնը, ռուսական սովին օժանդակութեան ընդարձակումէն երկու տարի ետք, երբ լայնածաւալ օժանդակութիւնը հասած էր առաւելագոյնին:

3. Վերապատուելի Սայրըս Հէմլին                                                                  4. Ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլ

«Կայսրութիւնը միաւորելու ձգտումով թուրք սուլթան Ապտիւլ Համիտը որոշ ժամանակէ ի վեր կը քաջալերէր հողերու «անօթի» եւ մոլեռանդ քիւրտերը` բնաջնջելու քրիստոնեայ հայութեան բոլոր գիւղերը, որոնք կը մերժէին իսլամանալ: Սակայն 1895-ի օգոստոսին Սասունի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի կոտորածը գերազանցեց այն տարողութիւնն ու սարսափը, որ ցարդ պատահած էր: Հայ զոհերուն տուները, խանութները եւ անասունները կը գրաւէին քիւրտերը կամ թուրք պաշտօնեաները, իսկ փրկուած հայերը` մերկ եւ սոված, ապաստան կը փնտռէին ամերիկեան միսիոնարական գործունէութեան կեդրոններուն մէջ (4):

«Նիւ Եորք Թրիպիւն» թերթը կը յայտնէ, որ Պոլսոյ ամերիկեան պատուիրակին (դեսպան*) համաձայն, երեսուն օրուան ընթացքին 10 հազար հայ սպաննուած է: Ամերիկացի ժողովուրդը շաբաթ առ շաբաթ, շարունակ օրաթերթերուն մէջ կը կարդար խեղուած երեխաներու, բռնաբարուած կիներու եւ յաւելեալ կոտորածներու մասին:

«Այդ ժամանակ ամերիկացիները կը տիրապետէին Թուրքիոյ մէջ բողոքական առաքելութիւններուն, որովհետեւ Արտաքին առաքելութիւններով զբաղող պաշտօնատարներու ամերիկեան խորհուրդը (American Board of Commissioners for Foreign Missions (5)*) աւելի կանուխ նախաձեռնած էր աշխատանքի եւ, ըստ երեւոյթին, Բարձր դուռը (օսմանեան կառավարութիւն*) աւելի նուազ մտահոգ էր ամերիկեան միսիոնարական ներխուժումին միջոցով կայսրութեան մէջ ամերիկեան ծրագիրներէն ու` մտադրութենէն, քան` եւրոպական առաքելութիւններու պարագային:

«Ամերիկեան քոլեճներ կային` Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Սկիւտարի, Խարբերդի, Մարզովանի, Պէյրութի եւ Այնթապի մէջ, ուր նաեւ կար հիւանդանոց (ցարդ կանգուն*), նմանապէս` Մարտինի եւ Կեսարիոյ մէջ, եւ տղոց ու աղջկանց դպրոցներ` Պուրսայի, Աֆանայի, Տրապիզոնի, Սեբաստիոյ, Մուսուլի ու Վանի մէջ եւ այլուր (Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող*): Շուրջ 150 ամերիկեան առաքելութիւնները կը պնդէին, որ իրենք չէզոք դիրքորոշում ունէին ազգայնական լարուածութեան հանդէպ եւ կը յորդորէին հայերուն իշխանութեան հնազանդիլ: Սակայն թուրքերը կը կասկածէին, որ միսիոնարները քաղաքական անհանդարտութիւն կը հրահրէին:

5. «Նիւ Եորք Թրիպիւն» օրաթերթին 13 Նոյեմբեր 1895-ի հայերուն օգնելու կոչը: Նոյնպիսի կոչեր ամիսներով լոյս տեսան ամերիկեան եւ բրիտանական օրաթերթերուն մէջ, շուրջ 10 հազար անգամէն աւելի 1800 թուականէն սկսեալ (3)

«1893-ին իսլամ ամբոխ մը հրոյ ճարակ դարձուց Մարզովանի միսիոնարական աղջկանց դպրոցը: Երեք տարուան ընթացքին շուրջ մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ ամերիկեան հաստատութիւններ քանդուեցան: Աճող ու տարածուող այս քաոսին մէջ, որ կ՛ընկերակցէր հայերուն ջարդին, միսիոնարները յաճախ սարսափահար կը բանտարկուէին իրենց շրջափակերուն մէջ: Սակայն անոնք կրնային եւ կրցան դուրսի աշխարհը տեղեակ պահել կատարուածէն: Այս մէկը անշուշտ միայն աւելցուց թուրքերուն զայրոյթը:

««Տի Աութլուք»-ի (Նիւ Եորք հրատարակուող ամսաթերթ*) 7 դեկտեմբեր 1895-ի թիւին մէջ վերապատուելի Սայրըս Համլին` Կոստանդնուպոլսոյ Ռոպերթ քոլեճի հիմնադիրը եւ առաջին նախագահը («Հայկական ջարդերը» խորագիրով յօդուածին միջոցով), հայթայթեց բնագիրը` աւելի լաւ հասկնալու այն ահռելի վայրագութիւնները, որոնք կը սպառնային ժողովուրդ մը ոչնչացնել, որ գրգռեց ամերիկացիներուն կրկնապատկուող վրդովմունքը: Համլինը նշած է եւրոպական ուժերուն կողմէ միջամտութեան դժկամութիւնը, կամ` հրաժարիլը, հակառակ այն խոստումներուն, որոնք նախապէս ապահոված էին Թուրքիայէն` հայ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հանդէպ արդար վերաբերմունք ցուցաբերելու համար:

6. «Նիւ Եորք Թրիպիւն» օրաթերթի 17 Նոյեմբեր 1895-ի առաջին էջի գլխաւոր լուրը

«Ան յստակ կերպով կ՛ըսէ, որ սուլթանին` հայերու ջարդերուն մէջ իր պատասխանատուութեան ուրացումը շատ սնամիտ է եւ լուրջի չի կրնար առնուիլ: Առնուազն 250 հազար հայեր մեռնելու ենթակայ էին ձմեռուան աւարտէն առաջ` մի՛այն ցուրտէն, անօթութենէն, թիֆոյիտէն եւ այլ հիւանդութիւններէ, բացի եթէ մեծածաւալ օժանդակութիւն հասնի Հայաստան եւ տնօրինուի վստահելի ամերիկացի ողորմաբաշխներու կողմէ: Եզրակացնելով` ան կ՛ըսէ, որ եթէ Ամերիկայի կառավարութիւնը յօժար չէ միջամտելու եւ եւրոպական ուժերուն դերը վերցնելու` պաշտպանելու համար հայերը յաւելեալ բռնութեան դէմ, առնուազն ամերիկացի ժողովուրդը իր ունեցած առատութենէն պէտք է 1 միլիոն տոլար իբրեւ նպաստ յատկացնէ (հայերուն*)»:

Այլ օրինակ մը` վերի նկար թիւ 6. «Նիւ Եորք Թրիպիւն» օրաթերթի 17 նոյեմբեր 1895-ի առաջին էջի գլխաւոր լրատուութիւնը` «Սարսափը կը տիրէ Հայաստանի մէջ» խորագիրով եւ «Կրակն ու սուրը գործի լծուած», «Խարբերդի մէջ` քրիստոնէական առաքելութիւններ կողոպտուած եւ հրկիզուած», «500 մարդ մորթուած», «Քիւրտերը կը խնայեն միսիոնարներուն կեանքերը» ենթավերնագիրերով: Գլխագիր վերտառութեամբ կը գրէ. «Թուրքերն էին նախայարձակը, քանի որ անոնցմէ միայն տասն սպաննուեցաւ Սվազի մէջ, մինչ 4000 սովահար հայեր ջարդուեցան…»: Այսպիսի յօդուածներ ընդվզում յառաջացուցին արդարամիտ ու մարդկայնական զգացումներով տոգորուած ամերիկացի ժողովուրդին, ներկայացուցիչներուն եւ ծերակուտականներուն մօտ:

7. Շէլպի Մուր Քալըմ                                                8.Նիութըն Քրէյն Պլանշարտ                                       9. Ուիլիէմ Ֆրայ

Ուստի, 10 դեկտեմբեր 1895-ին Ֆլորիտայէն դեմոկրատ ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլ (1834-1910, որ կը պատկանէր քաղաքական պաշտօններով նշանաւոր ընտանիքի մը*) ներկայացուց երկու կուսակցութիւններուն անունով համատեղ բանաձեւ մը (S.R. 107*), որով կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, կամ անհրաժեշտութեան պարագայի` զէնքի միջոցով, կանխել հայերուն հասցուած դաժանութիւնները: Ան բանաձեւը ներկայացուց հռչակելով զայն` յանուն կրօնի, մարդկութեան եւ այն սկզբունքներուն, որոնց վրայ քաղաքակրթութիւնը հիմնուած է: Իր մտադրութեան ազդեցութիւն տալու համար ան բանաձեւին մէջ ներառեց անկախ Հայկական պետութիւն հիմնելու առաջադրանքը, որուն գոյատեւումը պիտի երաշխաւորէին աշխարհի քաղաքակիրթ պետութիւնները»: Ներկայացուցիչներու տունը համաձայն գտնուեցաւ եւ բանաձեւը յղեց Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին:

«Այս մէկը չափազանց մտահոգիչ բանաձեւ էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին համար, որուն յղուած էր: 24 յունուար 1896-ին յանձնաժողովի նախագահը` Իլինոյ նահանգի հանրապետական ծերակուտական Շելպի Մուր Քալըմ (1829-1914*) Քոնկրեսին ներկայացուց երկու կուսակցութիւններուն անունով համատեղ բանաձեւ մը, որ նախագահին կը հաւաստէր Քոնկրեսին աջակցութիւնը որեւէ քայլի, որուն միջոցով ան կրնար ստիպել եւրոպական ուժերուն` յարգելու հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց դաշնագիրով ճշդուած պարտաւորութիւնները` համապատասխան ճնշում բանեցնելու օսմանեան կառավարութեան վրայ: Զօրավիգ կանգնելով այս բանաձեւերուն` ծերակուտական Քալըմ,  ընդունելով հանդերձ Միացեալ Նահանգներուն չէզոքութիւնը` չմիջամտելու Եւրոպայի գործերուն, պնդեց, որ երկիրը մարդկութեան հանդէպ պարտաւորութեան տակ է եւ չի կրնար կոյր ձեւանալ:

10. Քլարա Պարթըն                                       11. Ճորճ Հօր                                                            12. Չարլզ Հ. Կրոսվենոր

«Ներկայացուցիչներու տան մէջ ճառախօսութիւնը  ցոյց տուաւ, որ առնուազն, բոլոր անոնց կողմէ, որոնք խօսք առին, բանաձեւը բաւարար չէր: Այս էր տեսակէտը Լուիզիանայի ծերակուտական Նիութըն Պլանշարտի եւ Ֆլորիտայի ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլի: Քոլ պնդեց, որ Քալըմի բանաձեւը մեղկ եւ աննշան էր, որ (հայերուն*) ո՛չ ամոքում, ո՛չ ալ ապահովութիւն կու տար: Մէյնի հանրապետական ծերակուտական Ուիլիըմ Ֆրայ (1830-1911) նկատել տուաւ, որ Ամերիկայի ժողովուրդը 6 միլիոն տոլար ներդրում կատարած էր Թուրքիոյ մէջ` միակ նպատակ ունենալով բարելաւել ժողովուրդին վիճակը: Այդ հրաշալի բարեգործութեան աշխատանք մըն էր, որ այժմ հասած է բացարձակ անելի: Կառավարութիւնը ոչի՞նչ պիտի ընէր` բացի յորդորելէ եւրոպական պետութիւնները կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները:

«Միակ այլախոհ տեսակէտը յայտնեց Մասաչուսեցի ծերակուտական Ճորճ Ֆրիզպի Հորը (1826-1904), որ համակրելով հանդերձ պաշտօնակիցներուն տեսակէտներուն եւ զգացումներուն, յայտնեց, որ անխոհեմութիւն

պիտի ըլլար Թուրքիոյ երեսին ծանր խօսքեր շպրտել, մինչ Քլարա Պարթընը (1821-1912, հիմնադիրը Ամերիկայի Կարմիր Խաչին*) օգնութիւն պիտի մատակարարէր եւ տակաւին յստակ չէր, թէ` Բ. դուռէն արտօնութիւն պիտի ստանա՞ր այս բարեսիրական առաքելութեան համար, թէ՞ ոչ: Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւը եւ Քոնկրեսին յղեց:

«Քոնկրեսին մէջ չորս ժամ տեւած ոգեւորուած ճառախօսութիւններով զանազան կարծիքներ յայտնուեցան: Օհայոյէն Չարլզ Հենրի Կրոսվենըր (1833-1917) նկատեց, որ բանաձեւը ամէնէն անզօր եւ ամերիկացի ժողովուրդին անվայել արտայայտութիւնն է: «Անոնք մեզմէ հաց խնդրեցին, եւ մենք անոնց քար կու տանք: Անոնք մեզմէ ձուկ խնդրեցին քրիստոնեայ ժողովուրդի մը հզօր բողոքով, եւ մենք անոնց կու տանք օձաբարոյ գձուձ ներողամտութիւնով` թրքական կառավարութեան ոտքերուն»: Ինչո՞ւ, պահանջեց ան, Միացեալ Նահանգները այլ ժողովուրդներէն պիտի խնդրէ ընել այն, ինչ որ մենք կատարեա՛լ իրաւունքը ունինք կատարելու: «Նիւ Եորք Թրիպիւն»-ի թղթակիցը, որ ներկայ էր, կ՛ըսէ, թէ առնուազն ներկաներուն 8-էն 7-ն համաձայն էր բանաձեւին, եւ ի վերջոյ 143 թեր եւ 26 դէմ ձայնով, որոնց մեծամասնութիւնը դեմոկրատներ էին, բանաձեւը անցաւ»:

«Այս ճառախօսութիւններուն եւ Քոնկրեսին համատեղ ընդունուած բանաձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով շեշտը դրուեցաւ պետական, կառավարական քաղաքական ճնշումի վրայ, հարցին տուն տուող պատճառները վերցնելու, քան թէ իբրեւ առժամեայ դարման` նպաստ բաժնելու»:

Հայկական հարցին նկատմամբ շատ աւելի գործնական ու մարդկային արժէքներու եւ արդարութեան վրայ հիմնուած տեսակէտեր դրսեւորուեցան 1895-ի Ներկայացուցիչներու տան եւ Քոնկրեսին մէջ: Այսօր, վերջապէս, նոյնը կրնանք ըսել 2019-ի Ներկայացուցիչներու տան եւ Քոնկրեսին մասին:

——————–

* Լուսաբանութիւնները իմս (1) https://en.wikipedia.org/wiki/Merle_Curti_Award

(2)  American Philanthropy Abroad: A History, Merle Curti, Rutgers University Press,1963, New Brunswick, New Jersey, 670 pp, Library of Congress Catalogue Card Number:

62-18950: «Ամերիկեան արտերկիրի մարդասիրութեան պատմութիւնը»:

(3) https://www.newspapers.com/image/78946844

(4)  Contemporary American accounts-include Edwin M. Bliss, «Turkey and the Armenian Atrocities» (London: T. Fisher Unwin, 1896); H. Allen Tapper, Jr., «Armenia:

Its Present Crisis and Past History» (Baltimore and New York: John Murphy, 1896) and Frederick D. Greene, «The Armenian Crisis in Turkey» (New York; G. P. Putnam,1895:

(5)  Ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութիւն, հիմնուած 1810-ին: https://en.wikipedia. org/ wiki/American_ Board_ of_ Commissioners_ for_Foreign_Missions

Նախորդը

Ո՞ւմ Գնդակահարենք 2040 Թուականին

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի Հետ Լիարժէք Առեւտրական Գործարքի Կնքումէն Ետք Իրենց Ուշադրութիւնը Պիտի Ուղղեն Եւրոպային» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?