ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Անդրկովկասի հայութեան համար փորձութիւններով լեցուն ժամանակաշրջան սկսաւ 1905 թուականին, երբ Պաքուի մէջ սկիզբ առին հայ-թաթարական ընդհարումները: Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է նշել, որ սկիզբ առած հայ-թաթարական ընդհարումներու նախօրեակին արդէն տարբեր շրջաններու մէջ որոշ բախումներ արձանագրուած էին երկու հատուածներու մէջ, օրինակ` 1904 թուականի նոյեմբերին բաւական արիւնալի ընդհարումներ տեղի ունեցած էին Գանձակի եւ Շամխորի մէջ, ինչպէս նաեւ 1905 յունուար 4-ին Ղազախի շրջանի (այժմ` Իջեւան) թաթարաբնակ Փոլատ-Այրի (1) գիւղին վրայ, հայերու կողմէ իրագործուած էր փոխվրէժի պատժական արշաւանք մը:
Արդարեւ, 1905-1907 թուականներու ռուսական յեղափոխութեան ժամանակ տեղի ունեցած ռազմական բախումները, յայտնի էին նաեւ հայ-թաթարական պատերազմ անուանումով: 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու սկիզբը «կովկասցի թաթարներ» կը կոչուէին ժամանակակից ազրպէյճանցիները: Վերոնշեալ ընդհարումները կոչուած են նաեւ հայ-թուրք կռիւներ կամ պատերազմ:
Այստեղ խիստ կարեւոր կը նկատենք նախ ընդգծել, որ հայ-թաթարական ընդհարումներու սադայէլական ծրագրի իրականացումը ունէր գլխաւոր քանի մը գործօններ կամ դրդապատճառներ:
Ա.- 9 յունուար 1905 թուականին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը գնդակահարեն խաղաղ ցոյցի ելած բանուորները: Այդ օրը յայտնի դարձած է, իբրեւ «Արիւնոտ կիրակի»: Այդպիսով, սկիզբ առաւ Ռուսիոյ մէջ դրամատիրական-ժողովրդավարական առաջին յեղափոխութիւնը: Ան նպատակ ունէր տապալել ցարիզմը եւ երկրին մէջ հաստատել ժողովրդավարական կարգեր: Պայքարի մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ Անդրկովկասը. սկիզբ առին գործադուլներ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ:
Բ.- 1905 թուականի ռուս-ճափոնական պատերազմի ժամանակաշրջանին Ռուսիա զբաղած էր Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, եւ իրարու յաջորդող պարտութիւնները տկարացուցած էին զայն: Հարուած հասցուցած էին մանաւանդ անոր հմայքին: Ներկայացած էր այն յարմար առիթը, որուն կը սպասէին թաթարները երկար արտենէ ի վեր:
Գ.- Թաթարները խանդավառուած սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի հայկական կոտորածներու քաղաքականութենէն եւ ղեկավարուելով համաիսլամական եւ համաթրքութեան (փանթուրքիզմ) գաղափարախօսութեամբ, Անդրկովկասի մէջ կը կազմակերպեն հայկական կոտորածներ:
Վերոնշեալ երեք պատճառները, միաձուլուած, պատճառ պիտի հանդիսանային, որ Անդրկովկասի մէջ սկիզբ առնէր տարբեր անուանումներու տակ կրօնական եւ ազգային թշնամանք բորբոքող տարբեր ժողովուրդներու միջեւ:
Հայ-թաթարական ընդհարումներու մասին Գալուստ Գալոյեան կը գրէ. «Մեր կողմից հրապարակուած արխիւային բազմաթիւ փաստաթուղթերը կասկած չեն թողնում, որ այդ կոտորածները հրահրել էին ցարական իշխանութիւնները եւ անձամբ Նիքոլայ Երկրորդը» (2):
Ուստի, Անդրկովկասի մէջ այդ քաղաքականութիւնը ուղղուած էր հայերու եւ կովկասեան թաթարներու (Կովկասի մահմետական ազգաբնակչութիւն) դէմ: Առաջին ընդհանրումները տեղի ունեցան 1905 թուականի փետրուար 6-ին, Պաքուի մէջ, նահանգապետ Միխայիլ Նակաշիձէի հրահրումով: Ռուս գաղտնի ոստիկանութիւնը` Օխրանան, գաղտնաբար կը զինէ թուրք-թաթար ժողովուրդը` անոնց մէջ հրահրելով համաիսլամութեան եւ համաթուրանական տրամադրութիւններ եւ զանոնք կը մղէ հայութեան դէմ գրգռիչ նախաձեռնութիւններու: Թուրք ղեկավարներ հայերու ջարդին համար ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի թաթարներու շիա եւ սիւննի հատուածները համիսլամութեան դրօշին ներքեւ համախմբեն: Թէեւ այս մէկը անյաջող եղաւ:
Մեծ գործին յառաջաբանն էր հայերու ջարդը: «Թուրք հողը» կը մաքրէին անոր վրայ իրաւունք ունենալ յաւակնող եւ իրենց համատարրութիւնը խանգարող հայէն:
Ահաւասիկ հայութեան դարձեալ կը սպասեն ծանր քննութիւներ:
Միքայէլ Վարանդեան կը գրէ. «Մօտ քառասուն ժամ թշնամին անարգել ու անպատիժ կը կատարէր իր արիւնոտ խրախճանքները» (3):
Հետեւաբար, ո՛չ փետրուար 6-ին, ո՛չ ալ 7-ին ջարդարարները դիմադրութեան հանդիպեցան: Ինչպէս միշտ, հայերը յոյս ունէին, որ կառավարական զօրքերը կը միջամտեն ու կը դադրեցնեն թաթարներու արիւնալի խրախճանքը, կամ ալ արեամբ յագեցած թաթարները կը հանդարտին: Այդ իսկ պատճառով հայերը պաշտպանուելու համար ստիպուած` փակուած էին իրենց տուներուն մէջ: Սակայն վայրագ թշնամին կատաղած կրակի կու տար տասնեակ հայկական տուներ` իրենց տէրերու հետ միասին: Իրենց հրդեհուած տան մէջ մահացան մեծահարուստ արդիւնաբերող Լալայեանը` իր ընտանիքով, մեծահարուստ արդիւնաբերող Ադամեանը` իր կնոջ եւ երեխայի հետ եւ շատ մը ուրիշներ: Թաթարները շատ դիւրին կ՛իրականացնէին նախօրօք կազմակերպուած ջարդը, քանի որ հայերը անզէն էին եւ ինքնապաշտպանութեան ոչ պատրաստ: Քանի մը օր շարունակուեցաւ այդ սպանդը, որուն պատճառով Պաքուի փողոցները լեցուեցան սպաննուած եւ բռնաբարուած հայերու դիակներով:
Արդարեւ, արեւելահայութեան գոյապայքարը, առանց կազմակերպուած ուժերու, հնարաւոր չէր կազմակերպել, իսկ հայութեան կազմակերպուած ուժերը հայ քաղաքական կուսակցութիւններն էին անկասկած: Բայց ո՞վ եւ ո՞ր քաղաքական կազմակերպութիւնը իր վրայ պիտի վերցնէր հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու պատասխանատուութիւնը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը, որ ստեղծուած էր արեւմտահայութեան ինքնապաշտպանութեան համար, 20-րդ դարու սկիզբը պիտի ստանձնէր, զուգահեռաբար արեւմտահայ դատին, արեւելահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը եւս:
Եկեղեցական գոյքերու գրաւման (1903) հրամանագիրին դէմ արեւելահայութեան շարժումը գլխաւորելէ շատ չանցած` ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս անգամ իր մարտական ուժերը պիտի տրամադրէր արեւելահայութեան ֆիզիքական պաշտպանութեան:
Պաքուի մէջ հայերու դէմ կատարուած կոտորածները մօտ քառասուն ժամ կը տեւեն, երբ փետրուար 8-ին այլեւս ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛որոշէ կրակի դաշտ նետուիլ իր տրամադրութեան տակ ունեցած փոքրաթիւ զէնքերով ու փամփուշտներով: ՀՅ Դաշնակցութեան Պաքուի «Ոսկանապատ» Կեդրոնական կոմիտէն կը դիմէ ՀՅԴ-ի անդամ, նշանաւոր հայդուկապետ, մարտական տիտան Նիկոլ Դումանին (Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան), որ անյապաղ մեկնի Պաքու եւ ստանձնէ հայութեան ինքնապաշտպանութեան ղեկավարութիւնը: Դուման Պաքուի մօտ, Պալախանի մէջ Արշակ Ղուկասեանի նաւթահանքերու կառավարիչն էր:
Նիկոլ Դուման անմիջապէս կը մեկնի Պաքու եւ կը կազմակերպէ ինքնապաշտպանութիւնը: Առաջին օրը ընդամէնը վեց մարտիկներ կային Դումանի կողքին` Մարտիրոս Չարուխեանը, Մկրտիչ Աղամալեանը (Սարհատ), Աբրահամ Գիւլխանդանեանը, Հմայեակ Ջանփոլատեանը (Համօ), Համբարձում Պալայեանը (Համբի), Փոքրիկ Ղազարը (Ղազօ) եւ Շամխեցի Իւանը (4): Իր առաջին քայլերէն մէկը կ՛ըլլայ չորս ընկերներով նետուիլ դէպի հեռաւոր թրքական թաղի ծայրը գտնուող Դաշնակցութեան գաղտնի պահեստը` բերելու անկէ 10-12 հրացաններ ու անոնցմով հիմը դնելու հայկական ինքնապաշտպանութեան: Իրենց թանկագին աջակցութիւնը կը բերեն նաեւ ռուսական բանակին ծառայող քանի մը հայ զինուորներ` պետական զօրանոցէն զէնք ու փամփուշտ հայթայթելով խումբերուն:
«Դրօշակ»-ի թղթակիցը այդ օրերու մասին այսպէս կ՛արձանագրէր. «…Յայտնուեցաւ մեր առջեւ հայ մարդ մը` գունատ, սարսափահար, դողդոջուն: Պատմեց, որ թուրքերը պաշարեր են իր տունը, որ` հրդեհը ընկեր է բնակարանը եւ երեխաները բարձրացած հարեւան տան կտուրը` պիտի վառուին շուտով: Խումբ մը իսկոյն կ՛երթայ պաշարուածներուն օգնութեան: Եւ ահռելի տեսարան մը կը պատկերանայ անոնց աչքին: Այրուող տուներու բոցը կը լուսաւորէր շրջապատը: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, մէկտեղ հաւաքուած, վայրկեան առ վայրկեան կը սպասէին մահուան: Ծուխը լեցրեր էր սենեակները, կը խեղդէր: Դուրս գալ չէին ուզեր, դուրսը կը սպասէր գազանացած խուժանը… Բայց ահա կ՛որոտան մերիններուն հրացանները. քանի մը զալպ (5), եւ թուրքերը խառն ի խուռն կը փախչին եւ փողոցը կը մաքրուի, եւ հոն այլ եւս թուրք չ՛երթար: Տղաները կը հաւաքեն այդ ամբողջ բազմութիւնը` շուրջ 100 հոգի, կին, ծեր, երեխայ, եւ կը փոխադրեն դէպի աւելի ապահով վայր: Աննկարագրելի էր ժողովուրդի ցնծութիւնը, յուզիչ էին անոր երախտագիտութեան ցոյցերը ազատարար խումբերու հանդէպ: Ամէնէն մոլի հակայեղափոխականը հիացումով ծունկ կը չոքէր Դաշնակցութեան զինուորներուն առջեւ: Նշանաւոր քահանայ մը, կղերական ստրկամիտ բանակէն, որ միշտ միայն պարսաւանքով խօսած էր մեր կռուող երիտասարդութեան մասին, հետեւեալ տողերը կը գրէր կոմիտէին. «Համբուրում եմ հայ քաջերին. արտասուքս չեմ կարող պահել, երբ յիշում եմ նրանց անձնազոհութիւնը: Աղօթում եմ, որ Ամենաբարձրեալը ուժ ու կարողութիւն պարգեւէ նրանց»…
Այսպէս, փոքրաթիւ զէնքերով ու կռուողներով կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւնը անմիջապէս եւ ուժգնօրէն կ՛անդրադառնայ դէպքերու ընթացքին վրայ:
Հայ մարտիկները Պաքուի մէջ շտապ կը հասնէին այդտեղ, ուր հայ ազգի զաւակները օգնութեան կարիքը ունէին, անոնք հասան ու ջարդերէն մազապուրծ հայերը տեղափոխեցին հայկական թաղամասեր: Այսպէս կարելի եղաւ փրկել տասնեակ եւ հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ:
Այդ օրերուն հայերը կը շարունակէին ուժեր կուտակել երկարատեւ մարտերու համար: Պարտութեան դուռը հասած թշնամին, երեք օր (փետրուար 6-9) տեւող բուռն հակահարուածներէ ետք «պարըշլըք» (խաղաղութիւն) խնդրեց, որուն հայերը համաձայնեցան:
ՀՅԴ-ի նշանաւոր գործիչ եւ գաղափարախօսներէն Միքայէլ Վարանդեանի «Հայ-թաթարական պատերազմը» յօդուածաշարը, որ տեղ գտած է անոր «Հ Յ Դաշնակցութեան պատմութիւն» առաջին հատորին մէջ, հետեւեալը կը գրէ. «Աւելորդ է ըսել, որ Դաշնակցութիւնը ուրախութեամբ ընդառաջ գնաց «բարըշլըղի»` հաշտութեան կոչերուն: Չորս օր տեւող ահռելի մղձաւանջը փարատեցաւ… Եւ երկուստեք համրեցին զոհերը… Հայերէն սպաննուած էին 205, թուրքերէն` 111 հոգի: Հայերն ունեցան 121 վիրաւոր, թուրքերը` 128:
«Ահա քաղուածօրէն այն թռուցիկը` ուղղուած թուրք ժողովուրդին, որ փետրուարեան անցքերէն յետոյ հրապարակեց մեր Կ. կոմիտէն, նաեւ` ռուսերէն լեզուով.
«Պաքուի թուրքերին,
«Մեր քաղաքը արիւնալի, ամօթաբեր գործողութիւնների ասպարէզ էր դարձել: Չորս օր ականատես եւ ակամայ մեղսակից էինք անմիտ, զզուելի եղբայրասպանութեան: Թափուեց շատ անմեղ արիւն, ընկան բազմաթիւ մարդկային զոհեր:
«Թէ ո՛ւմ վրայ է ընկնում այդ սարսափելի օրերի պատասխանատութիւնը, մենք դեռ յետոյ կը վերադառնանք դրան: Այժմ անկեղծ սրտով ողջունում ենք վերականգնած խաղաղութիւնը… Մենք այդ արիւնին ծարաւի չէինք… Մեծ զզուանքով ենք յիշում դեռ նոր անցած օրերը եւ ի գործ կը դնենք մեր բոլոր ուժերը, որ նրանք այլեւս չկրկնուեն: Նոյն հաշտութեանն ենք հրաւիրում ձեզ, մահմետականնե՛ր, մի՛ փնտռէք թշնամուն այնտեղ, ուր նա չկայ»:
14 փետրուար 1905թ (6):
Հայ-թաթարական բախումները, որոնք կայծ առած էին Պաքուէն, շուտով պիտի տարածուէին Անդրկովկասի հայաբնակ գրեթէ բոլոր շրջանները` Նախիջեւան, Արարատեան դաշտ, Զանգեզուր, Գանձակ (Ելիզաւետպոլ) (7), Թիֆլիս, Շարուր-Դարլագեազ եւ Արցախ (մասնաւորապէս Շուշի):
Պաքու կը հասնին անմիջապէս Ն. Դումանի ջոկատի մարտական զինակից անդամները` Առիւծ Աւագ, Ղաչաղ Ասլան, Թադէոս Պետրոսեան (Թադէ), Չոփուռ Արսէն, Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան) եւ Մոկացի Գրիգոր:
Այնուհետեւ, Ն. Դումանի կը վստահուի լայնատարած Երեւանի զինուորական գերագոյն հրամանատարութիւնը:
ՀՅԴաշնակցութիւնը, շնորհիւ իր մարտական կորիզներուն, շատ արագ կը կազմակերպէ վերոյիշեալ շրջաններու հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութիւնը եւ անխնայ կը հակադարձէ:
Թաթարները իրենց այս խիզախ ձեռնարկին մէջ օգնութիւն կ՛ակնկալէին Թուրքիայէն: Կը սպասէին, որ ան եթէ ոչ պաշտօնապէս, գէթ ձեռքի տակէ օգնէր իրենց: Եւ տարակոյս չկայ, որ Պոլսոյ մէջ հաստատուած համաիսլամական մարմիններ, նոյնինքն պաշտօնական շրջաններու գիտութեամբ եւ աջակցութեամբ, զէնք ու դրամ հասցուցին Կովկաս, որովհետեւ բոլոր տեղերու մէջ ղեկավար թուրք տարրը համակուած էր համաթուրանական գաղափարաբանութեամբ:
Պաքուն էր գործին նախաձեռնողը, ղեկավարն ու մատակարարը: Անոնք համակարգուած (սիսթեմաթիք) կերպով կազմակերպած էին մասնաւորապէս թուրք եւ շիի ազգաբնակութիւնը, դուրս ձգելով, կամայ թէ ակամայ, ոչ թուրք սիւննիները: Օգնութիւն ապահոված էին մինչեւ անգամ պարսկական Ատրպատականէն:
Հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակաշրջանին թաթարները հիմնեցին երկու ահաբեկչական կազմակերպութիւններ:
Առաջինը Կովկասի փոխարքայի հովանաւորութեամբ Ելիզաւետպոլի եւ Պաքուի նահանգներուն մէջ Ահմետ պէյ Աղաօղլուի հիմնադրութեամբ ստեղծուեցաւ «Տիֆաա»-ի (ազրպ.` «Difai», «Պաշտպանութիւն») կազմակերպութիւնը, որ ահաբեկչութիւններ կ՛իրականացնէր, մահասարսուռ թռուցիկներ կը տարածէր, լուսնի վրայ խաչուող 2 դաշոյնի պատկերով: «Տիֆաա»-ի նպատակը նաեւ Պաքուի մահմետական մեծահարուստներու օգնութեամբ Արցախի հողերը գնելն էր բացառապէս իրենց դաւանակիցներով զայն բնակեցնելու համար: Սակայն անոնք չյաջողեցան երկրամասը դարձնել թաթարական տարածք, ոչ մէկ հայ համաձայն եղաւ լքելու իր բնօրրանը:
Իսկ Արարատեան աշխարհին մէջ եւս լրջօրէն կը պատրաստուէին կոտորածներու կազմակերպումին: Այստեղ թաթարական խուժանը կը ղեկավարէին յետադէմ խաներն ու պէկերը: Երեւանի նահանգին մէջ ստեղծուեցաւ թաթարներու «Ճանպեզար»-ներու (ազրպ.` «Canbezar» կամ «Can-bezar» (8) ) զինուած կազմակերպութիւնը, որ կը կատարէր ահաբեկչութիւն, սպանութիւններ եւ կոտորածներ: Թաթարական խուժանի պարագլուխները կը կրէին ֆես, կարմիր թեւքեր եւ մարգարէի սեւ դրօշը, որուն վրայ «Ճիհատ» («սրբազան պատերազմ«) բառը գրուած էր: Անոնք նոյնպէս թռուցիկներ կը տարածէին, որոնց մէջ սրբազան պատերազմի կոչ կ՛ընէին անհաւատ (կեաւուր), դաւաճան հայերու դէմ: Թաթար աւազակապետները կը փորձէին հայերու դէմ համիսլամական դրօշի ներքեւ միաւորել շիա եւ սիւննի մահմետականները, սակայն յաջողութիւններ չունեցան, սիւննի մահմետականները հանդէս եկան զսպուածութեամբ եւ պահպանեցին չէզոքութիւն:
(Շար. 1)
(1).- Այժմ Խաչարձան, կոչուած է նաեւ Փոլաթ գիւղ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսը` Իջեւանի շրջանը, Փոլաթ գետաբերանին մօտ, շրջկեդրոնէն 18 քլմ հարաւ-արեւմուտք, անտառային շրջան է:
(2).- Գալոյեան Գալուստ, «Պատմութեան քառուղիներում: Ազատագրուած ժողովուրդի վերածնունդը», Երեւան, Հայաստան, 1982, էջ 137:
(3).- Վարանդեան Միքայէլ, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն», Առաջին հատոր, Պարիզ, 1932, էջ 364:
(4).- «Հայրենիք» ամսագիր, 1932, թիւ 10, էջ 144-146:
(5).- Ռուս. համազարկ:
(6).- Վարանդեան Միքայէլ, «Հ Յ Դաշնակցութեան պատմութիւն», առաջին հատոր, Փարիզ, 1932, էջ 367:
(7).- Վերնագրաւուած Գանձակ (ազրպ.` Gəncə, որմէ ալ` թրքական Կենճէ կամ Կեանճա ձեւերը), մեծութեամբ երկրորդ քաղաքը Ազրպէյճանի մէջ, պատմական Հայաստանի Ուտիք նահանգին մէջ: Օսմանեան զօրքերու կողմէ բռնագրաւուելու (1918) եւ «Ազրպէյճան» անունով թրքական նոր պետութիւն ստեղծելու պահուն քաղաքը կը կոչուէր Ելիզաւետպոլ, ապա (1920 թուականին) վերականգնուած է քաղաքի նախկին անունը, որ նորէն անուանափոխուած էր 1935 թուականին` Կիրովապատ: 1991 թուականին քաղաքը Պաքուի ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ անուանուեցաւ Կեանճա (Գեանջա), որ հնչիւնային առումով հայկական Գանձակ անուանման խեղաթիւրուած տարբերակն է:
(8).- Բազմաթիւ իմաստներ ունի` յոգնաբեկ, պարտասուն, կեանքէն ձանձրացած` յոգնած եւ անձնազոհ ապստամբ` փարթիզան:




