Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայոց Բանակը Խաղաղութեան Երաշխիք

Փետրուար 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 յունուարին հայոց բանակին 28-ամեակը կը յիշատակենք:

Հայոց բանակը մեր պետութեան եւ ժողովուրդին ապահովութեան երաշխիքը ըլլալուն կողքին, խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան գրաւականը հանդիսացաւ:

Երկրի ու պետութեան կերտման ճամբուն հայկական բանակին կազմաւորումը հիմնական քայլ համարած ու հայոց բանակը կազմաւորած էին 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները:

Հայաստանի վերանկախացումով, 1992-ին, վերստին ոտքի կանգնեցաւ մեր անկախ պետութիւնը ու կերտեց իր զինուած ուժերը` հայոց բանակը: Բանակ, որ անցաւ Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի ազատագրական փուլերէն ու, տարուէ տարի հզօրանալով, ոչ միայն իր երկրի սահմանները պաշտպանեց, այլեւ առաքելութիւն ստանձնեց այլ երկիրներու մէջ, այնտեղ եւս ծառայելով խաղաղութեան հաստատումին:

Մինչ դրացի երկիրներու բանակներ պատերազմ կը հրահրէին ու այլ երկիրներու սահմաններ թափանցելու բռնատիրական քաղաքականութեան գերին կը դառնային, հայոց բանակը, միշտ պատրաստ ըլլալով պատերազմով իսկ պահպանելու իր երկիրը, խաղաղութիւն տարածելու առաքելութիւնը ի կատար կ՛ածէր:

Ազրպէյճանական յարձակողապաշտ, իսկ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մասին վկայութիւններ բերելը աւելորդ է: Վերջին 20 տարիներուն Հարաւային Կովկասի թէ Միջին Արեւելքի մէջ ակներեւ են յիշեալ երկիրներու զինուած ուժերուն սանձարձակութիւնները:

Նմանօրինակ սանձարձակումներուն դէմ հայոց բանակն է կանգնած իր ամրակուռ շարքերով, նուիրեալ զինուորներով եւ զինուորական մասնագիտական նուաճումներով:

Հայոց բանակի զինուորներն ու մասնագէտները Սուրիոյ մէջ ականազերծման իրենց աշխատանքներով փաստեցին, որ խաղաղութեան համար ալ կը պայքարին ու պատրաստ են ներդրում բերելու այլ երկիրներու խաղաղութեան հաստատման մարդասիրական գործընթացին:

Հայոց բանակը ժողովրդավարութեան պահպանման երաշխիքն էր նաեւ, որովհետեւ իր զէնքը ուղղեց թշնամիին, իսկ թիկունքով, մէկէ աւելի առիթներով, տէր կանգնեցաւ ժողովուրդին, պաշտպանելու զայն ներքին բախումներէ եւ նպաստելու ժողովրդավարութեան հաստատման անոր արդար պահանջքին իրականացման:

Հայոց բանակը համահայկական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ անոր շարքերուն ծառայած են, կը ծառայեն ու պիտի ծառայեն ոչ միայն Հայաստանի բնակիչները, այլ ի հարկին նաեւ` սփիւռքահայ երիտասարդները: Հայաստանի սահմանները պաշտպանողը կը պաշտպանէ ողջ հայութիւնը, այդ սահմանին ապահովութիւնը համայն հայութեան ապահովութիւնը կը խորհրդանշէ: Իսկ երկիրներն ու ժողովուրդները միայն խաղաղ պայմաններու մէջ կրնան զարգանալ ու բարգաւաճիլ:

«Գ.»

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Գործարքը… Ժընեւի Մէջ

Յաջորդը

Վանականներու «Տենչը»

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?