Չինաստանի Ուհան շրջանի «Քորոնա» ժահրը չէ միայն, որ կը նկատուի վերջին օրերու կարեւորագոյն նիւթը:
Առողջապահական եւ բժշկական բեմահարթակէն հեռու, քաղաքական աշխարհն ալ կ՛ընթանայ բազմաթիւ անակնկալներով: Յատկապէս Միջին Արեւելքն է կիզակէտը, ուր չէին բաւեր Սուրիոյ Իտլիպի շրջանի մէջ վերջին յարձակումները, Լիպիոյ այլախոհ զօրավար Հաֆթարի արձանագրած յառաջխաղացքն ու Իրանի վրայ տնտեսական ճնշումները: Անոնց աւելցաւ այլ թնճուկ մը` Միջին Արեւելքի խաղաղութեան սպասուած ծրագիր` «Դարու գործարք»-ը, համեմելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող խառնիճաղանճ եւ համաճարակի բնոյթ ստացող իրավիճակը:
Այս պայմաններուն տակ է, որ, միեւնոյն օրերուն, Միջին Արեւելքէն ոչ շատ հեռու, Կովկասեան բարձրաւանդակի Արցախեան հիմնահարցը անգամ մը եւս սեղան բերուած էր` իր շուրջ համախմբելով խնդրոյ առարկայ կողմերն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի անդամ դիտորդ երկիրներու ներկայացուցիչները:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան «Դարու գործարք»-ին բաղդատած` տարբեր էր յունուար 28-29-ի Արցախեան գործարքը: Նկատի ունենալով վերոյիշեալ քաղաքական անցուդարձերը, համեմատաբար լուսանցքի վրայ մնացած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ` Զոհրապ Մնացականեան – Էլմար Մամետեարով հանդիպումը:
Հակառակ ասոր, նշմարելի եւ նշելի էր, թէ նիստերը ժամեր տեւած էին եւ դէմքերն ալ յոգնած կը թուէին ըլլալ, ինչ որ հաւանաբար հետեւանք է բուռն վիճաբանութիւններու, տարբեր մտածելակերպի եւ հակադարձ կարծիքներու մշակման:
Անցեալ դեկտեմբերին Պրաթիսլաւայի հանդիպումը տեւած էր չորս ժամ, մինչդեռ Ժընեւի մէջ հանդիպումները երկարեցան երկու օրուան վրայ, եւ տեւողութիւնը աւելի քան տասը ժամ էր:
Պրաթիսլաւայի հանդիպումէն ետք յիշատակելի էր Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, թէ` «եթէ նոյնիսկ պատերազմ տեղի ունենայ, անպայման պէտք է շարունակել բանակցութիւնները»: Նոյնինքն Մամետեարովի դէմքի արտայայտութիւններու ընդմէջէն կարելի է եզրակացնել, թէ ան դեռ տէրն է վերոյիշեալ այդ հաստատումին:
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներն ալ վերահաստատեցին իրենց լիակատար յանձնառութիւնը` կողմերուն օգնելու եւ խնդրի խաղաղ կարգաւորումին յանգելու, ինչպէս նաեւ շեշտեցին երկարատեւ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու գործընթացն ու փոխզիջումներու անհրաժեշտութիւնը:
Անգամ մը եւս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը շեշտեց Արցախի ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը: Դժբախտաբար, այս գծով համանախագահները ոչինչ յիշատակեցին, կրկնելով իրենց խուսափողական կեցուածքը:
Հուսկ, հաւանական է, որ Պաքու գէթ Արցախեան գործարքի քաղաքական բեմահարթակին վրայ, անգամ մը եւս ծայրայեղ եւ պատերազմական մթնոլորտ ստեղծող արտայայտութիւններ ունենայ:



