Բարեկենդանի Տօնը Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ
Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդութիւններուն եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով ուրբաթ, 21 փետրուար 2020-ին Ազգային Միացեալ վարժարանը իր յարկին տակ նշեց Բարեկենդանի տօնը: Շուրջ շաբթուան մը պատրաստութենէ ետք վարժարանի աշակերտութիւնը ուրբաթ առաւօտուն դպրոց ներկայացաւ սովորականէն աւելի բարձր տրամադրութեամբ, ժպիտերես եւ խանդավառ: Ակներեւ էր, որ աշակերտներ իրենց հետ բերած էին ծպտուելու յատուկ տարազներ եւ դիմակներ: Դպրոցական սովորական օրուան աւարտին բոլոր բաժանմունքները...


















