Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսած Է Կարօ Արսլանեանի «Եթէ» Բանաստեղծութիւններու Ժողովածուն

Փետրուար 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

2019-ին «Անտարես» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Կարօ Արսլանեանի «Եթէ» խորագիրը կրող բանաստեղծութիւններու հատորը, որ կը բաղկանայ 96 էջէ եւ բաժնուած է 5 բաժիններու` «Եթէ սիրես», «Եթէ պայքարիս», «Եթէ աղօթես», «Եթէ հաւատաս», «Եթէ յուսաս»:

Կան գիրքեր, որոնց ընթերցանութեան ընթացքին հեղինակը ինք կ՛առաջնորդէ ընթերցողը, եւ կան գիրքեր, ուր հեղինակը իր ներկայութիւնը բնաւ չի պարտադրեր եւ իր գծած պատկերներով առիթ կու տայ ընթերցողին` ինքնուրոյն թափանցելու հոգեկան եւ զգացական աշխարհի բոլոր ծալքերը: Այսպիսի գիրք մըն է Կարօ Արսլանեանին «Եթէ»-էն, ուր կ՛իշխեն գեղեցիկ ու մաքուր սէրն ու երազը, բարիքն ու հաւատքը, յոյսն ու լոյսը: Սէրը միջոց մըն է հեղինակին համար դիմակայելու կեանքի դժուարութիւնները, օտարութիւնը, միօրինակ տարիները եւ առօրեայ տագնապները: Սէրն ու հաւատքը հեղինակին համար ոչ միայն գեղեցիկ զգացումներ են, այլ` պայքարելու եւ յաղթելու լաւագոյն միջոց:

Այսօր սուրճիս մրուրով կ՛ուզեմ քեզ հետ քաղցրանալ
Ու դառնացած օրերս ժպիտովդ շաղախել:

Ես այս գիշեր սէրս գրկած կ՛երթամ աղբիւրը լոյսի,
Եթէ ունիս նոյնքան հաւատք ու նոյնքան սէր ապրելու
Պայքարելու, յաղթելու… Ե՛կ, միացի՛ր արշաւիս:

Ուշագրաւ է հեղինակին լաւատեսութիւնը վաղուան եւ անոր յոյսը` հակառակ կրած բոլոր ցաւերուն եւ տառապանքին.

Եւ կը մնաս հորիզոնիս միակ արեւն փայլփլուն,
Որուն շողին տակ պայծառ կը ծնի երգս անհուն,
Անոր լոյսով կը սուրայ երկինքներով ասմազուն,
Ու կարմիրին մէջ անմահ կը ննջէ վէրքն անանուն:

Որքան ալ հեղինակը տագնապած է կեանքի դժուարութիւններուն պատճառով, բայց իր ներքին մարդ բանաստեղծի հոգին մնացած է ու կը շարունակէ մնալ խաղաղ ու հանգիստ: Ներքնապէս պահած է ան իր անդորրը եւ հաշտ է կեանքին հետ.

Կեա՛նք, քեզի հետ հաշտ եմ, համոզուած եմ քալելու
Ու հեռուներն միասին անվախօրէն հատելու:
Թէկուզ տանիս ինձ մահուան գիրկին մէջ լուռ խեղդելու,
Միեւնոյնն է, միշտ սիրով քեզ կը ստեղծեմ` ապրելու:

Հեղինակը կը յորդորէ հաւատք ունենալ եւ վստահիլ սեփական բազուկի ուժին: Ըստ անոր, կեանքի սկզբունքները կարեւոր են, որպէսզի մարդ կարենայ ժառանգել սէր եւ խաղաղութիւն:

Եթէ կերտես հոգիիդ մէջ հաւատամքի սիւն մ՛ամուր,
Եւ անոր շուրջ բարձրացնես սկզբունքներ ամրակուռ,
Հաստատ պիտի ժառանգես սէրը ազնիւ ծաղկաբոյր:

Ան կ՛ուզէ, որ մարդիկ իրենց լոյսն ու յոյսը սփռեն ամէն տեղ, սէրն ու բարիքը տարածեն ամէն տեղ, որովհետեւ սէրն է միայն, որ կը յաղթէ չարիքին ու վատութեան, մութին ու ցաւին:

Ամէն անէ՛ծք, ո՛խ ու արցո՛ւնք մէկդի դրէ՛ք այս գիշեր,
Ձեր բարութեան լուցկիներով լո՜յս սփռեցէ՛ք ամէն տեղ
Եւ գոհունակ սրտով միայն վարդ ցանեցէ՛ք, ո՛չ փուշեր,
Այս գիշեր սէ՜ր , կապոյտ յոյսե՜ր, աւետեցէ՛ք ամէն տեղ:

Հեղինակին տողերէն ի յայտ կու գայ, որ ան կը բաղձայ իր կեանքը ապրիլ առողջ կենսունակութեամբ ու սիրով լեցուն.

Անցեալին մէջ մի՛ փնտռեր երազներուդ պատասխան,
Կեանքդ ի զուր մի՛ վատներ ըղձանքներով անսահման,
Միեւնոյնն է, ճանապարհիդ աւարտին կայ գերեզման,
Քանի դեռ շունչ կայ վրադ` վայլէ սէրեր բազմազան:

Անոր սէրը խոնարհ է, ոչ պարզունակ իմաստով, այլ կը վկայէ խոր արժանապատուութեան մասին:

Հաւատալով, որ միայն սիրով կրնամ ես ապրիլ,
Պիտի անվերջ ես մերժեմ սին հաճոյքներն աշխարհի,
Պիտի ջանամ անցեալս քեզի համար լուռ այրել,
Ամէն մեղքէ ազատուած հոգիս պահել միշտ բարի:

Կարօ Արսլանեանի լաւագոյն բանաստեղծութիւններուն մաս կը կազմէ ստորեւ նշեալը, որ կը պարունակէ բանաստեղծական եւ հոգեբանական գեղեցիկ նրբութիւններ.

Ու կարօտի հասցէները գիշերներով իմ անքուն,
Որոնեցի, բայց չգտայ ես իմ ճամբան դէպի ԴՈՒՆ.
Հեքիաթային քարտէսները թերթատեցի օրն ի բուն,
Բայց շատ աւաղ, ես մնացի առանց սիրոյ, առանց տուն:

Անոր տողերուն գոյնը կապոյտն է, որ յաճախ կրկնուած է, եւ որ կը պարզէ ընթերցողին հեղինակին խաղաղ ներաշխարհը ու կը տանի դէպի ապահովութիւն ու հանգստութիւն.

«Ծաղիկ ու լոյս եւ կապոյտ յոյս
Ձեր սրտերուն մէջ զետեղուած»:

«Աչքերուս մէջ վերադարձի՛ր, կապոյտիդ հետ երկնածոր…»:

«Քիչ մը կապոյտ աչքիս մէջ խոշոր կարօտ կուրծքիս տակ»:

Վերջապէս, Կարօ Արսլանեանի «Եթէ»-ն յագեցած է սիրով ու բարութեամբ, գեղեցիկ երազով եւ յոյսով: Կ՛արժէ զայն մերթընթմերթ կարդալ եւ ըմբոշխնել անոր տողերուն մէջ տեղադրւած սիրոյ բոյրը` բաժնեկցելով հեղինակին ապրումներն ու զգացումները:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Որոշումը` Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորական Կազմը Հանրաքուէով Գործէ Արձակելու

Յաջորդը

Մտորումներ` Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով. Հայ Գիրքէն Կը Հեռանանք Խինդ Ու Ժպիտով (19 Փետրուար)

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?