Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համաշխարհային Հանրութեանը Պէտք Է Ներկայացնել Պատմական Ճշմարտութիւնը», Վ. Բալայեան

Փետրուար 22, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան «Թերթ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Միւնիխի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին մասին`  նշելով, որ ստեղծուած է այնպիսի տպաւորութիւն, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ պաշտպանել իր առաւելապաշտական ցանկութիւնները, եւ անոր հետ բանակցութիւններ վարելը եւ հարցին լուծում գտնելը ներկայիս անկարելի է:

Հռիփսիմէ Յովհաննիսեանի վարած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսաւ հետեւեալը. «Ալիեւը նորից խօսեց Երեւանի մասին, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին եւ այլն: Տպաւորութիւն էր, որ այս տարածքներն իրենց պապական հողերն էին, մենք էլ վարձով ապրողներ ենք»:

Ըստ անոր, այս քննարկումէն ետք ինք դարձեալ համոզուեցաւ, որ հայութիւնը պէտք է հզօրանայ եւ ուժեղի դիրքերէ հանդէս գայ: «Մենք Արցախի հարցը մէկընդմիշտ ճիշդ ճանապարհով լուծել ենք, պարզապէս պէտք է մեր պետականութիւնը պահպանենք», շեշտեց Բալայեան:

Անդրադառնալով Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին, արձագանգներուն եւ հակափաստարկներուն` Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահը նշեց, թէ լաւ պիտի ըլլար, որ վարչապետը իր խօսքին մէջ օգտագործէր «Արցախի Հանրապետութիւն» եզրը: «Նա պէտք էր շեշտէր դա եւ ներկայացնէր համաշխարհային հանրութեանը, որ գոյութիւն ունի Արցախի Հանրապետութիւն»:

Ալիեւի ներկայացուցած պատմական իրադարձութիւններուն Փաշինեան համարժէք կերպով չարձագանգեց: Ըստ Վահրամ Բալայեանի, երբ Ալիեւ կը խօսէր Խոջալուի մասին, Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին պէտք էր խօսէր Սումկայիթի եւ Պաքուի մասին: «Պէտք էր միջազգային հանրութիւնն իմանար, որ եթէ Խոջալուի դէպքերը տեղի են ունեցել պատերազմի ժամանակ, ապա Պաքուինը, Սումկայիթինը տեղի են ունեցել իշխանութիւնների կազմակերպման եւ թողտուութեան պայմաններում: Ցեղասպանութիւն էր: Բայց տպաւորութիւն էր ստեղծուել, որ հայերն են ցեղասպանութիւն իրագործել: Այսպիսի բան չկայ», ըսաւ ան` նոյն ժամանակ նկատել տալով, որ տեղին էր Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Մութալիպովի խոստովանութիւնները յիշեցնելը:

Վահրամ Բալայեան նշեց, որ քննարկումէն ետք ինք համոզուեցաւ, որ Հայաստանի կառավարութեան այն մօտեցումը, որ հայոց պատմութեան դասաւանդումը պարտադիր պէտք չէ ըլլայ, սխալ է: «Ես կարծում եմ, որ իսկապէս այն պարտադիր պէտք է լինի, որովհետեւ բազում հարցեր կան, որտեղ պատմագիտութիւնը նաեւ քաղաքագիտութիւն է դառնում», յայտնեց ան:

Բալայեան նկատել տուաւ, որ հակառակ անոր որ Ալիեւ անընդհատ պատմութիւնը կը վկայակոչէր, բայց եւ այնպէս, լաւ պատմութիւն գիտնալու պարագային, կարելի էր հակադարձել, քանի որ չկայ պատմական փաստ մը, որ խօսի յօգուտ իրենց:

«Պէտք էր նրան հարցնել, թէ կարելի՞ է գտնել մի 20-րդ դարի քարտէս, որտեղ Ազրպէյճան հասկացութիւն լինի: Կամ վերջ ի վերջոյ, մենք 1917 թուականի սեպտեմբերի 24-ին հայկական պետականութիւն ձեւաւորեցինք, որը Ազրպէյճանի հետ ընդհանրապէս կապ չունէր, եւ այն մնաց մինչեւ 1920-ը` մինչեւ խորհրդայնացումը: Նման փաստեր պէտք էր ներկայացուէին», ըսաւ ան` նշելով, որ չի կրնար ըսել, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ղեկավարը թերացած է պատմական հակափաստեր ներկայացնելու ատեն. «Գուցէ վարչապետը անակնկալի եկաւ: Անընդհատ խօսւում է, որ պէտք է առաջ նայել: Ի հարկէ, պէտք է առաջ նայել, բայց միւս կողմից էլ չենք կարող մեր պատմական փաստերը ճիշդ չներկայացնել»:

Անդրադառնալով քննարկման երկու երկիրներու ղեկավարներուն խօսքէն բանակցային գործընթացին մասին տեղեկատուութեան բացայայտման` փոխնախագահը նկատել տուաւ, որ Ալիեւ կը խօսէր կարգաւորման փուլային տարբերակին մասին, իսկ Փաշինեան, կարծես, փաթեթայինի: «Ես ընդհանրապէս կողմ եմ, որ Արցախի կարգավիճակը յստակեցուի սահմանադրութեամբ հռչակուած իր տարածքներով», ըսաւ ան` նշելով, որ սխալ էին նաեւ Ալիեւի այն պնդումները, որ ազատագրուած տարածքներուն մէջ հայեր չեն ապրած. «Եթէ չեն ապրել, ապա Դադիվանքը ո՞վ է կառուցել: Թող գայ, մէկ անգամ տեսնի, թէ այնտեղ որոնք են ապրել. ամբողջ տարածքը խաչքարեր են»:

Լրագրողը ըսաւ, որ պարզ է, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ կ՛ուզէ, իսկ հայկական կողմին պահանջը պարզ դարձա՞ւ, Վահրամ Բալայեան պատասխանեց. «Յստակ է այն տեսանկիւնից, որ խօսուեց, որ Արցախում ապրող հայ մարդու ապրելու իրաւունքը պէտք է պաշտպանուի, եւ այդ խօսքն ուղղուած էր ոչ միայն Ազրպէյճանին, այլ նաեւ` համաշխարհային հանրութեանը»:

Մէկ այլ դիտարկման, թէ ի՛նչ կարծիք ունի վարչապետին այն յայտարարութեան մասին, որ Արցախի պարագային չկան տարածքներ, կայ անվտանգութիւն, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահը պատասխանեց. «Ես համաձայն չեմ դրա հետ: Հնարաւոր է, որ պատերազմի սկզբից այդպէս է եղել, բայց իրականում մենք ազատագրել ենք մեր պատմական տարածքները, որտեղ հայերը դարեր շարունակ ապրել են, եկեղեցի են կառուցել: Ի՞նչ անենք, որ ինչ-որ մի պահի իրենք ուժեղ են եղել, նուաճել են այդ տարածքները: Հիմա եկել է ժամանակը, որ այդ տարածքներին մենք տիրութիւն անենք»:

Այնուամենայնիւ, այս իրավիճակին մէջ եւս, երբ Ազրպէյճան առաւելապաշտական քաղաքականութիւն կը վարէ, ըստ Վահրամ Բալայեանի, պէտք է խօսիլ, պէտք է կապեր ունենալ, բայց պէտք է այդ մէկը ընել Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: «Պէտք է բանակցել, դրա այլընտրանքը պատերազմն է լինելու: Պէտք է նաեւ համաշխարհային հանրութեանը ներկայացնել, թէ ո՛րն է պատմական ճշմարտութիւնը»:

Նախորդը

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Յաջորդը

Կոմիտասի Երաժշտական Ժառանգութիւնը Կը Հանդիսանայ Այն Կռուանը, Որուն Վրայ Կ՛ամրանայ Պատմական Մեր Յիշողութիւնը, Մեր Ազգային Կորուստը Վերականգնելու Բաղձանքն Ու Անոր Տէր Կանգնելու Վճռականութիւնը

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?