ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Հաւաքուած ենք փոքրածաւալ հրատարակութեան մը շնորհահանդէսին առիթով, խօսելու եւ մտածելու մեծածաւալ կարեւորութիւն ներկայացնող աշխատանքի մը մասին: Բայց մանաւանդ` կարելի եղածին չափ արդար եւ մասնագիտական մօտեցումով անդրադառնալու սոյն աշխատանքին առանցքը հանդիսացող մեծանուն եւ մեծարժէք Կոմիտասի ներկայութեան անհրաժեշտութեանը` մեր առօրեայ կեանքէն ներս:
Երգահան, երաժշտագէտ, բանահաւաք, խմբավար եւ մանկավարժ Կոմիտասի եւ անոր գործին մասին հանգամանօրէն խօսիլը լուրջ եւ պատասխանատու աշխատանք է. բան մը, որուն յաւակնութիւնը երբեք չունիմ, եւ որուն լիիրաւ արժէքը կրնան ներկայացնել երաժշտագէտներն ու այս մարզը խորաթափանց վերլուծումի ենթարկած հեղինակաւոր ուսումնասիրողներ միայն:
Այսօրուան խօսքը կը վերաբերի սոյն աշխատանքի կարեւորութեան գնահատման եւ բացատրութեան` առաջնորդուելով մանկավարժական հոգեբանութեան տեսութիւններով: Այլ խօսքով, այս շնորհահանդէսը առիթ մըն է միասնաբար խորհրդածելու, թէ նման հրատարակութեան մը ընդմէջէն մեզի ներկայացող եւ մեր առօրեայ ընկերակիցը դառնալու ձգտող Կոմիտասն ու իր գործը ինչպիսի՛ դրական եւ բարերար ազդեցութիւն կրնան ունենալ հայ պատանիին ու երիտասարդին հոգե-ընկերային առողջ կազմաւորման եւ անհատական թէ հաւաքական ինքնութեան պահպանման վրայ:
Առաջին հերթին, անդրադառնանք ընդհանրապէս երաժշտութեան ունեցած անփոխարինելի դերին` մարդ անհատի կազմաւորման գործընթացին մէջ: Իւրաքանչիւր անհատի կեանքին տարբեր փուլերուն, երաժշտութիւնը ունի հոգե-ընկերային որոշիչ ազդեցութիւն եւ իմաստ. մանկութեան շրջանին մօր երգած օրօրը, ուրախ պահերու երգն ու պարը, արուեստագէտի մը կատարումներուն արտայայտութիւնը, ունկնդիրի մը ներքին աշխարհը, ընկերային հաւաքոյթի մը մթնոլորտը եւ կամ տարբեր տեսակի արարողութիւններու խորհրդաւոր պահերը` այս բոլորը իրենց դրոշմը կը ձգեն մարդկային կեանքի համայնապատկերին վրայ: Պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն մանաւանդ, ժամանակ եւ նիւթական աղբիւրներ կը սպառին երաժշտութիւն մտիկ ընելու համար, իսկ ժամանակակից առումով, արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւններու սպառիչ օգտագործումով երաժշտութիւնը մեզի հետ է, ո՛ւր որ ըլլանք:
Վերոնշեալ հաստատումը եւ հետզհետէ առաւել եւս ինքզինք պարտադրող երեւոյթի առկայութիւնը հոգեբանները մղած է կատարելու մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ փորձարկումներ, որոնց արդիւնքները յանգած են հետեւեալ եզրակացութիւններուն.
Առաջին` երաժշտութիւնը ունի ազդեցութիւն մարդ անհատի բնախօսական կազմաւորման վրայ: Եղափոխութեան օրէնքներէ առաջնորդուած` ան նկատուած է գոյատեւելու եւ հանգիստ զգալու յարմարագոյն միջոցներէն մէկը. ան իր ստեղծած մթնոլորտով եւ դրական տրամադրութիւններով սատար կը հանդիսանայ ընկերային համերաշխութեան, հարցերու լուծման եւ ապահով ժամանցի ու նաեւ կը դառնայ ինքնակառավարման միջոց` զգացումներու հակակշռումով եւ տրամադրութիւններու առողջ ղեկավարումով: Իսկ բժշկագիտական յայտնաբերումները կը հաստատեն, որ երաժշտութիւնը կ՛ազդէ մարդու ուղեղին վրայ` բարելաւելով անձկութեան եւ գերճնշուածութեան իրավիճակները, հոգեկան խանգարումները եւ ամոքիչ ու հանդարտեցուցիչ դեր կը խաղայ ֆիզիքական ցաւի պարագային նոյնիսկ:
Երկրորդ` երաժշտութիւնը ունի հոգեբանական ազդեցութիւն, որովհետեւ, ըստ մարդոց մեծամասնութեան ընկալումին եւ վկայութեան, անիկա առաւելաբար զգացական փորձառութիւն մըն է: Օքսֆորտ անգլերէնի բառարանը հետեւեալ ձեւով կը սահմանէ երաժշտութիւն եզրը. գեղարուեստի այն մարզը, որ առնչուած է ձայներու համադրումին, ձեւաչափի գեղեցկութեամբ եւ զգացումի արտայայտութեամբ: Ինչպէս արդէն իսկ յստակ է, զգացումը էական բաղադրիչ մըն է երաժշտութեան սահմանումին, եւ տրամաբանական հետեւողութեամբ ան կարեւոր դեր կը խաղայ մեր զգացական աշխարհի կարգաւորումին մէջ:
Երրորդ` ընկերային մարզէն ներս երաժշտութիւնը կը հալեցնէ սառոյցները, կը համախմբէ նոյնանման նախասիրութիւններ եւ ճաշակ ունեցողները, կը ստեղծէ կապուածութիւն, միջմշակութային ծանօթացում եւ հանդուրժող վերաբերում: Տակաւին, երաժշտութիւնը կը սրէ ու կ՛ամրապնդէ մարդու ճանաչողական եւ գեղեցկագիտական հմտութիւնները եւ ստեղծագործական ոգին. ան դրական մղումի պատեհ առիթ կը ստեղծէ եւ որակաւոր գործի ճիշդ որոնումի դատողութիւն կը զարգացնէ: Այլ խօսքով, կ՛երաշխաւորէ զգացական եւ հոգե-ընկերային առողջութիւն եւ դրական մօտեցումի որդեգրում:
Եթէ այս բոլորը ճիշդ են ընդհանրապէս երաժշտութեան մասին, ապա ի՞նչ է դերը եւ իմաստաւորուած կարեւորութիւնը` ազգային երաժշտութեան: Եւ աւելի՛ն. ի՞նչ է անոր առնչութիւնը ինքնութեան կազմաւորման եւ պահպանման հետ` անհատական թէ հաւաքական մարզերէն ներս:
Անհատի մը ինքնութեան կազմաւորումը ընթացք կ՛առնէ պատանեկան փուլին եւ իր լրումին կը հասնի երիտասարդութեան հասունացման տարիներուն: Այս շրջանին է, որ երաժշտութիւնը կ՛ընկերակցի անհատին ընկերային ինքնապատկերի փնտռտուքի փորձերուն, կը նպաստէ անոր սահմանումին եւ կը դառնայ կարեւոր տարր մը` ինքզինք փնտռելու եւ ինքզինք ճանչնալու ճիգերուն օժանդակող:
Անհատի մօտ կազմաւորուող ինքնութեան յղացքը եւ անկէ մեկնած մտակառուցուածքը հիմնական շեշտադրումը կը դնեն մշակութային պատկանելիութեան, արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն վրայ: Ընկերային գիտութիւններու մարզէն ներս ազգային ինքնութեան հիմնաքարը կը կազմուի խումբին հետ նոյնացած զգալու, անոր պատկանելու, դրական տրամադրութեամբ խումբի կեանքի առնչուելու եւ մշակութային ճանաչողութիւն ու գործօն դերակատարութիւն ունենալու նախապայմաններով: Ինքնութեան ժամանակակից տեսութիւնները կը խօսին ազգային ինքնութեան չորս չափորոշիչներու մասին.
ա) Ճանաչողութիւն` ուրոյն մշակոյթի, պատմութեան, լեզուի եւ ազգը սահմանող այլ տուեալներու,
բ) Արժեւորում եւ դրական զգացողութիւն` այդ ինքնութեան եւ անձին համար անոր ներկայացուցած կարեւորութեան,
գ) Կապուածութիւն եւ
դ) Գործի լծուելու եւ հաւաքական կեանքին մասնակցելու պատրաստակամութիւն:
Այս վերջինը կ՛երաշխաւորուի մանաւանդ ազգի անցեալին ու ներկային իրազեկութեամբ եւ մշակութային առանձնայատկութիւններու լաւատեղեակութեամբ: Եւ հոս է, որ կ՛առանձնանայ բոլորին համար մատչելի եւ դիւրաւ հասանելի ազգային երաժշտութիւնը:
Երաժշտութիւնը որեւէ մշակոյթի ամէնէն խորունկ եւ նոյն ատեն ցցուն արտայայտութիւնն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ անհատական եւ հաւաքական կեանքերու մաս կազմող տարբեր առիթներու եւ բազմաբնոյթ փորձառութիւններու ընթացքին: Իր այլազան դրսեւորումներուն ընդմէջէն ան մարդ անհատի կեանքին մէջ բանալի դեր կը խաղայ, որովհետեւ առիթ կ՛ընծայէ, որպէսզի մարդիկ իրենք զիրենք ճանչնան, խումբի մը պատկանին եւ ընկերութեան անդամներուն հետ զգացական հաղորդակցութեան մէջ մտնեն: Երաժշտութիւնը նոյնիսկ քաղաքական նպատակներ եւ ազգային դատեր զօրաշարժի կ՛ենթարկէ, մարդիկ կը համախմբէ գաղափարախօսական թեմաներով եւ իր դրոշմը կը ձգէ անհատական ու ընկերային յարաբերութիւններու վրայ եւ խումբի ինքնութեան վրայ:
Տարբեր ժողովուրդներու սփիւռքներու պարտադիր իրավիճակը եւ նման կացութեան մէջ ստեղծուած կենսաձեւը հետազօտողները մղած է ուսումնասիրելու ազգային ինքնութիւն եւ մշակոյթ փոխներգործօն կապը: Այս ոլորտէն ներս փաստուած իրողութիւն է, որ ազգային երաժշտութիւնը սերունդէ սերունդ ինքնութեան եւ մշակոյթի փոխանցման եւ պահպանման կռուաններէն մէկն է: Սփիւռքի բազմամշակոյթ իրականութիւնը կրնայ յարաբերաբար ապահով եւ նուազ կործանարար պայմաններ ունենալ միա՛յն այն պարագային, երբ տուեալ հաւաքականութեան անդամները իրենց մշակութային ժառանգութեան հետ սերտօրէն առնչուած են եւ իրենց խումբի ինքնութիւնը խարսխած են անոր վրայ: Մշակութային արմատներու հետ ստեղծուած եւ ամրօրէն հիմնադրուած կապուածութիւնը երբեք չի նշանակեր ինքզինք մեկուսացնել եւ այլամերժութեամբ պատել. այլ կը նշանակէ ունենալ ճշգրտօրէն գործող կողմնացոյց` կարենալ ազգայնօրէն ապրելու այլազանութեամբ յատկանշուող, բայց եւ անո՛վ իսկ վտանգուած շրջապատի մը մէջ:
Համաշխարհայնացման այս օրերուն անհատը յարատեւօրէն պարտադրանքի տակ է հակազդելու նոր երեւոյթներու եւ պատահարներու. իրողութիւն մը, որ երբեմն կը սպառնայ ազգային իւրայատուկ ինքնութեան, եւ որուն փրկութեան կրնայ հասնիլ բոլորին կողմէ ընդունուած, սիրելի եւ յարգելի ազգային երաժշտութիւնը: Այս օրերուն ինքնադրոշմ եւ եզակիօրէն ազգային մշակոյթներու մասին խօսիլը հետզհետէ կը բարդանայ, որովհետեւ մեր շուրջ տարածուող երաժշտական տարբեր ոճերը եւ տեսակները, musicalhybridity մը կը ստեղծեն եւ իբր այդպիսին` կը վտանգեն մեր պատկանելիութեան եւ ինքնութեան զգացումները: Այս սպառնալիքին դէմ օգտագործելի վստահելի զէնք մը կարելի է նկատել ազգային երաժշտութիւնը, որուն ազդեցութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները ստեղծած են «musicking» եզրը: Musicking-ը կ՛ընդգրկէ երաժշտական որեւէ վարուելակերպ` ունկնդրութենէն մինչեւ յօրինում տարածուող, որ անհատներու միջեւկը ստեղծէ զգացական, ընկերային եւ ճանաչողական կապեր. ասոր կը հետեւի ընկերութեան մաս կազմելու եւ հաւաքական յիշողութեան կառուցումի գործընթացը, որուն ընդմէջէն անհատը կը կապուի իր համայնքին, ընկերութեան ու ազգին:
Ազգային երաժշտութիւնը ազգի ներքին կապերը կ՛ամրապնդէ, կը հաստատէ զանոնք ամրօրէն եւ միաժամանակ, այլ ազգերու երաժշտութիւններէն զանազանուելով, սահմանագիծեր կը ճշդէ ուրո՛յնը ունենալու, զայն պահելու եւ վայելելու առաջադրանքով: Օտարներէն տարբերող եւ խորհրդանշականօրէն ազգին ճանաչումին հետ նոյնացած ազգային երաժշտութիւնը նախ կը դառնայ միջոց` հայրենիքի հետ կապ պահելու եւ միացնող ուժի վերածուելով` ան կը յատկանշէ ազգը ու նաեւ կը համախմբէ անոր զանազան մասնիկները:
Այս մէկն է, որ անվիճելիօրէն կը կատարէ մեծն Կոմիտաս, որ իր ստեղծագործական եւ գիտական գործունէութեամբ նոր էջ բացաւ հայ երաժշտական մշակոյթի պատմութեան մէջ եւ համախմբեց բոլո՛րս իր պատմամշակութային յայտնագործութիւններով: Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը կը հանդիսանայ այն կռուանը, որուն վրայ կու գայ ամրանալու պատմական մեր յիշողութիւնը, բայց նաեւ` մեր ազգային կորուստը վերագտնելու բաղձանքն ու անոր տէր կանգնելու վճռակամութիւնը: Մեր հաւաքական յիշողութեան յարատեւումին մէջ մե՛ծ է ներդրումը Կոմիտասի վերարտադրած, ստեղծագործած եւ պահպանած աւանդին: Անոր երգերը կրնան` պատմութիւն մը պատմել, հաւաքական փորձառութիւններու անդրադառնալ, հայ կեանքին մասին խօսիլ, հայու զգացումներն ու մտածումները հայօրէ՛ն արտայայտել եւ ստեղծել տարածք մը, ուր կ՛ապրինք մեր ինքնութեամբ եւ հպարտօրէն կը գիտակցինք անոր արժէքին:
Անդրադառնալ այս արժէքին` կ՛ենթադրէ նաեւ նուիրուած ըլլալ անոր, հպարտութիւն զգալ եւ նախանձախնդրօրէն պահպանել զայն: Այս իմաստով, հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան վերաբերողԿոմիտասի գիտական ուսումնասիրութիւնները ոստում արձանագրեցին ազգայինէն դէպի միջազգային ոլորտ` աշխարհին ներկայացնելով հայկական հարուստ մշակոյթին աւանդները եւ վաւերականօրէն հաստատեցին անոնց ինքնուրոյնութիւնը: Նպատակայարմար է մէջբերել Հրաչեայ Աճառեանի վկայութիւնը. «Կոմիտաս, Պերլին գտուած միջոցին, հայ ժողովրդական երգերու համերգէն ետք, Պերլինի օփերայի տնօրէնը անձամբ կը հրաւիրէ զինք` իբրեւ օփերայի գլխաւոր երգիչ եւ կը խոստանայ բացառիկ վճարում: Կոմիտաս կը պատասխանէ. «Իմ երգիչի կարողութիւնները մէ՛կ նպատակի միայն կը ծառայեն` մե՛ծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտոթիւնը ծանօթացնել աշխարհին եւ ապացուցնել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը սկզբնական դարերէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը»: Եւ ինչպէս չհպարտանալնման սկզբունքներով եւ ոգիով առաջնորդուող Կոմիտասով եւ իր աշխատանքով եւ զայն առօրեայ ապրումի եւ գիտակցական սեփականութեան չվերածել: Այսպէ՛ս, Աւետիք Իսահակեան իրաւամբ կ՛ըսէ, որ` «Կոմիտաս` ժողովուրդի հպարտութիւնն է, իսկ իր գործը` ազգային անսպառ հարստութիւն»:
Ահա այս հարստութենէն բաժին մը ճաշակելու առիթը ունինք մենք Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի առիթով հրատարակուած եւ մեր տրամադրութեան տակ դրուած այս գրքոյկին ընդմէջէն: Գրքոյկ մը, որ կոչուած է մեր ինքնութեան առօրեայ յուշարարը դառնալու, եւ որուն տէրն ու պահապանը կոչուած ենք ըլլալու իւրաքանչիւրս:
Ստեղծագործ ձեւաւորումով եւ գեղեցիկ տպագրութեամբ, մեզի կը հրամցուի այս գրքոյկը, որուն ծաւալն ու բովանդակութիւնը յարմար եւ ձեռնտու կարելիութիւն կը ստեղծեն առօրեայ գործածութեան: 12 ամսուան համար նախատեսուած, յաջորդականօրէն մեզի կը մատուցուին Կոմիտասի ամէնէն սիրուած եւ ժողովրդականութիւն վայելող երգերէն փունջ մը: Գրքոյկը կ՛ընդգրկէ նաեւ Կոմիտասի զանազան լուսանկարները, որոնք հարազատ բնութագրումն են անոր կեանքի տարբեր փուլերուն: Բծախնդրօրէն ընտրուած այս երգերը պէտք է վայելել, սորվիլ, կրկնել եւ տարածել, որպէսզի իւրացնենք ա՛յն, ինչ որ մերն է բացարձակապէս եւ լիարժէքօրէն: Իսկ մեծ ազգագրագէտին եւ գիտնական-երաժիշտին նկարներուն պէտք է յարատեւօրէն ուղղել մեր նայուածքները` հոն տեսնելով մեր ժողովուրդին ցաւը, հպարտութիւնը, իղձերը, յոյզերը ու նաեւ Դատը: Դատը, որուն արդարացիութեան անպայմա՛ն պիտի հաւատար այս մեծ հայը, որուն համար մեծագոյն արժէքը իր ժողովուրդն էր, անոր համար իր մշակած պատարագը, անոր ինքնուրոյնութիւնը եւ հայեցիութիւնը: Միջազգային երաժշտական ընկերութեան առաջին ոչ եւրոպացի այս հսկան պատճառ դարձաւ, որ հայը ճանչնայ իր ոգին, իր հոգեկան ինքնութիւնը, ինչպէս կը հաստատէր Վազգէն Ա. կաթողիկոս եւ կ՛աւելցնէր. «Կոմիտաս վարդապետը սկիզբ է, որ վախճան չունի: Ան պիտի ապրի ի՛ր ժողովուրդով, հայ ժողովուրդը պիտի ապրի իրմո՛վ, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ յաւիտեան»:
Հետեւաբար, մեր անհատական թէ հաւաքական ինքնութեան անխաթար պահպանման ի խնդիր, այս հրատարակութեան գործածութեամբ թէ այլ միջոցներով, բայց մանաւա՛նդ մեր առօրեայ գիտակից ու յանձնառու մօտեցումով ապրեցնե՛նք Կոմիտասը, որպէսզի մե՛նք եւս ապրինք, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ յաւիտեան:
* Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեանի արտասանած խօսքը Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին