Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիան Հայոց Ցեղասպանութեան Վկայարանն Է

Փետրուար 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 13 փետրուարին Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովին ներկայացուցած բանաձեւը` ճանչնալով ու դատապարտելով 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտելով նաեւ անոր ուրացումն ու խեղաթիւրումը եւ համայն աշխարհի խորհրդարաններուն ու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով ճանչնալու եւ դատապարտելու զայն:

Պէտք է հաստատել, որ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը հիմնական վկաներն էին Հայոց ցեղասպանութեան: Սուրիական անապատներուն մէջ ողջակիզուեցան պատմական իրենց հայրենիքէն բռնագաղթի ենթարկուած ստեղծագործ ու խաղաղասէր ժողովուրդի մը զաւակները: Տէր Զօրը, Ռաս Ուլ Այնը, Շետետէն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու աճիւններով ու արիւնով 20-րդ դարու մեծագոյն սպանդին ողբերգութիւնը հիւսեցին: Միեւնոյն ատեն, սակայն, Տէր Զօրը խորհրդանիշը դարձաւ Եղեռնէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն յարութեան:

Այդ տարիներու սուրիական մամուլը, պետական արխիւները եւ գրականութիւնը հարուստ են փաստագրական վկայութիւններով, իսկ ժողովուրդն ու հողը կենդանի վկաներն են հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ քաղաքական, իրաւական եւ մարդկային ինքնուրոյն արժէք կը ներկայացնէ Սուրիոյ խորհրդարանին այս որոշումը:

Սուրիոյ ժողովուրդը հիւրընկալեց ու իր հասարակութեան անքակտելի մէկ մասնիկը դարձուց հայութեան բեկորները, իսկ հայութիւնը նոր կեանքի տեսիլքով աշխատեցաւ ու նպաստեց Սուրիոյ բարգաւաճման, ապրեցաւ նոյն տագնապները, դիմագրաւեց նոյն դժուարութիւնները եւ համահաւասար կերպով վայելեց նոյն բարիքները այս երկրին` որպէս լիիրաւ քաղաքացի: Ան իր արիւնն ու քրտինքը խառնեց սուրիական հողին ու պահելով իր ինքնութիւնը` սատարեց սուրիական ինքնութեան պայծառացման եւս:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կոչ մըն է համայն մարդկութեան` անպատիժ չթողելու դահիճը, որովհետեւ անպատիժ մնացած ոճիրները կը կրկնուին նոյն ոճրածին մտայնութեամբ սնանող Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ: Այս իրողութիւնը կը հաստատէ Սուրիոյ վերջին տարիներու պատերազմը, որուն ընթացքին Սուրիոյ ժողովուրդը, իր բոլոր բաղադրիչներով, ականատեսը եղաւ նոյն ծայրայեղներու անմարդկային արարքներուն:

Սուրիոյ խորհրդարանը մէկէ աւելի անգամներ արծարծած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, յարգանքի տուրք մատուցած` հայ ժողովուրդի նահատակներուն: Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբերը տարիներ շարունակ զանազան հրատարակութիւններով, խորհրդարանին ուղղուած Ցեղասպանութեան թղթածրարներով լուսարձակի տակ պահած էին Հայոց ցեղասպանութեան ծալքերն ու անոր հետեւանքները ոչ միայն հայ, այլեւ տարածաշրջանի ողջ ժողովուրդին վրայ: Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխանները երախտարժան աշխատանք տարին ու կը տանին պատմական ճշմարտութիւններու վերահաստատման համար: Նոյնանման աշխատանք տարին սուրիահայ համայնքի զաւակները տարբեր հարթակներու վրայ:

Մեծագոյն երախտիքը, սակայն, պէտք է ուղղել Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին, որ արդար ու յանդուգն ղեկավարի յատկանիշներով օժտուած` միշտ պայքարեցաւ յանուն արդարութեան, յանուն Սուրիոյ, անոր ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչներուն եւ յանուն ժողովուրդներու արդար դատին:

Կը հաւատանք, որ յատկապէս Սուրիոյ խորհրդարանի ճանաչումով արաբական աշխարհը եւս պիտի հետեւի յանուն մարդկութեան ու մարդկայնութեան թափուող այս ճիգերուն, հաւաքական ջանքերով կանխելու ցեղասպանական արարքներուն կրկնութիւնը եւ վերջ տալու տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական շարժումներ հրահրող Թուրքիոյ կործանարար քաղաքականութեան:

Յարգա՛նք ու պատիւ արդարութեան համար պայքարող Սուրիոյ ժողովուրդին:

«Գ.»

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Մեծերը»

RelatedPosts

Հռչակագիրն Ու Սահմանադրութիւնը Հիմք`  Իսկական Անկախութեան Վերականգնումին
Անդրադարձ

Հռչակագիրն Ու Սահմանադրութիւնը Հիմք` Իսկական Անկախութեան Վերականգնումին

Սեպտեմբեր 20, 2025
Անկախութեան Հռչակագիրէն Հանրաքուէ Եւ Անկախութեան Հռչակում
Անդրադարձ

Անկախութեան Հռչակագիրէն Հանրաքուէ Եւ Անկախութեան Հռչակում

Սեպտեմբեր 20, 2025
Օրախնդիրը Համազգային Կարողութիւններու  Միաւորումն Է
Անդրադարձ

Օրախնդիրը Համազգային Կարողութիւններու Միաւորումն Է

Սեպտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?