Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ` Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով. Հայ Գիրքէն Կը Հեռանանք Խինդ Ու Ժպիտով (19 Փետրուար)

Փետրուար 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     

Որքան ալ մենք մեզ արդարացնենք, որ գրքասէր ժողովուրդ ենք, մշակոյթի եւ գիր-գրականութեան հաւատաւոր ծառաներ ենք, հայ իրականութեան պատկերը, իր բոլոր արտայայտութիւններով,  տարբեր վիճակ կը պարզէ այս օրերուն` հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին:

Փաստօրէն, յարափոփոխ ժամանակներու առընթեր, մարդու միտքն ու հոգին կը փորձեն քայլ պահել ստեղծուած կացութիւններու եւ իրավիճակներու հետ: Անոնք շատ անգամ կը յաջողին ընտելանալ ու շաղկապուիլ նորարարութիւններու, կրել ու խանդավառուիլ անոնց ազդու ներկայութեամբ, պարզապէս յագուրդ տալու, այսպէս ըսած, ներքին համոզումի կամ հաւաքական կեանքի պարտադրանքներու:

Այլ խօսքով` արդի արհեստագիտութիւնը (համացանց ու այլ կարելիութիւններ), իր հզօր թաթն ու կամքն է տարածած մեր առօրեային վրայ, այլապէս ուղղորդելով մեզ դէպի անհակակշռելի ապագայ ու մեքենայացած մարդու տեսակի ընկալում:

Ըստ երեւոյթին, ա՛լ անիմաստ է խօսիլ սպառողի կեանք մը վարելու մասին, երբ արդէն իրերայաջորդ սերունդներ հազիւ թէ կարենան ձերբազատիլ «շուկայացած մարդու» տեսակէն եւ փրկուիլ ստոյգ անմարդկայնացումի «գործարք»-ներէ:

Ահաւասիկ նման արատաւոր երեւոյթներու մաս կը կազմէ ընթերցանութեան նուազումը, որ աւերներու կ՛ենթարկէ նորահաս սերունդը, այլապէս զգետնելով անոր հոգեմտային աշխարհը եւ ապագայակերտ ընթացքը: Բոլորս ականատես ենք գիրքի ու մատեանի նկատմամբ ցուցաբերուած  «թշնամական» վերաբերումներու:

Հայ գիրքը դադրած է մեր բարեկամը ըլլալէ, իսկ ընթերցանութիւնը այլեւս կորսնցուցած է իր հնչեղութիւնն ու գրաւչութիւնը, եւ մենք կը տուայտինք այս կամ այն հարցերու եւ մտահոգութիւններու ոլորապտոյտին մէջ:

Ինչո՞ւ այս տխուր վիճակը, հետաքրքրութեան պակասը, մտքի անկումն ու հոգիի դալկացումը: Շատ անգամ կը հանդիպինք արդարացումներու, որոնք գաւաթին դատարկ բաժինը ցոյց կու տան, փոխանակ ամրապնդելու եւ գովերգելու տպագիր գիրքին ունեցած անպարագծելի ազդուութիւնը` մարդու ներքին աշխարհին առաւել զարգացման եւ մտաւորական ունակութիւններու ամրապնդման վրայ:

Համակարգիչը, բջիջային հեռաձայնն ու արհեստագիտական արդի ճոխութիւններ ոչ միայն կլանած են մեր կեանքը, այլ նաեւ անոնք «յափշտակած են» մեր ուղեղները, ստրկացուցած մարդկային միտքը եւ փոխած են մեր ապրելակերպը:

Այդուհանդերձ, գիրքը, մատեանը, սպիտակ թուղթի վրայ արձանագրուած հրաշալի ու գեղեցիկ գրութիւններ կը շարունակեն իրենց պայքարը յանուն մարդու վերամարդկայնացման, վերահաստատման եւ յուզաշխարհի վերաթարմացման:

Փաստօրէն, որակական արժէքներու, վսեմ գաղափարներու եւ ստեղծագործ աշխատանքի շտեմարան գիրքը, որ իր վերջին շունչը կը փորձէ տարածել բոլորիս վրայ, արգելակելու մարդ արարածի թաւալգլոր ընթացքը, ունի նաեւ մօտեցման այլ երես մը, երբ ականատես ենք  շնորհակալ աշխատանքներու, ինչպէս` ստեղծագործ միտքի քաջալերանք, տպագրական աշխատանքի շարունակութիւն, մեկենասներ, հրատարակչատուներ, հիմնադրամներ եւ այլն:

Կրնայ առարկուիլ նաեւ, որ ընթերցանութեան նահանջը լոկ հայ կեանքի մէջ չէ, անիկա համաշխարհային ախտերէն մէկն է, որուն դէմ կը պայքարին հզօր մշակոյթ եւ կարելիութիւններ ունեցող պետութիւններ, երկիրներ, եւ բոլորով հազիւ թէ կարողութիւն կ՛ունենան պահպանելու լեզու, գիր, գրականութիւն եւ մշակոյթ:

Սփիւռքի պարագային, յետադարձ հայեացք մը նախորդող տասնամեակներու հայ կեանքի եռեւեփող իրականութեան, յստակ կը դարձնէ  ճշմարտութիւն մը, որ  երբեմնի գրական երեկոներ, թատերական ներկայացումներ, իրերայաջորդ գիրքի շնորհահանդէսներ, ձեռնարկներ ու հանդիսութիւններ արդէն բաւարար ազդակներ էին, օրին, առողջ հունի մէջ պահելու ընթերցանութիւնը, հայերէն գիրքի տարածումը:

Այսօր երիտասարդութիւնը գրեթէ բացակայ է հայ կեանքէն, մատի վրայ կը համրուին այն անհատները, որոնք սիրով կու գան նման ձեռնարկներու եւ կամ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն որեւէ ազգանուէր աշխատանքի: Պատճառները շատ ու այլազան են, իսկ քննարկումներու եւ գործնական քայլերու մասին մտածողները տակաւ կը նուազին, ամլութիւն կը տիրէ ամէնուրեք:

Յանդգնութիւն պէտք է ունենալ յայտնելու, թէ գաղութահայ կեանքը կ՛ապրի իր դժուարին պահերը: Փաստօրէն, հայապահպանութեան աշխատանքները ու անոնց հիմնաքար (դպրոց, միութիւն, եկեղեցի) իրենց կարգին կը դիմագրաւեն ահաւոր կացութիւն: Ներազգային անհանդուրժելի ախտերը` օտարամոլութիւն, տեղայնական մտայնութիւն, հատուածականութիւն, ինքնագոհութիւն, եսապաշտութիւն, անզիջող կեցուածք ու գաղափարական անհանդուրժողութիւն պատճառ կը դառնան առաւել տկարացումի, պաշտպանական համակարգի թուլացումի եւ ինքնութեան կորուստի:

Հայրենի հողէն, ջուրէն, օդէն եւ մշակոյթէն զրկուած հայկական գաղութներ կը գտնուին լուրջ մարտահրաւէրի մը դիմաց` վերաշխուժացնել ընթերցասիրութիւնը, որպէսզի հայ գիրքի տարածումը պատշաճօրէն հունաւորուի, մայրենին շնչաւորուի ու հայ գրականութիւնը փառաբանուի:

Համոզուած ենք, որ կը յաջողինք, գէթ որոշակի ընթերցանութեան մթնոլորտ ստեղծել, երբ զերծ մնանք տկլոր եւ տխեղծ մտմտուքներէ, քարոզաբոյր խօսքերէ եւ խոհանոցային բարբաջանքներէ:

Աւել՛ին. երբ նորահաս սերունդի դաստիարակութիւնը (ընտանիք թէ դպրոց) կը պարուրենք օրինակելի արարքներով եւ վեհափառ համոզումներով:

Բացակայողը նախաձեռնութեան ոգին է, իսկ պահանջուածը` քննական մտքի հաստատագրումը եւ ոչ թէ անկէ փախուստը:

Գիտակից հայը պիտի շարունակէ գիրք նուիրել եւ լուսաւորել անոր ճամբան:

 

 

Նախորդը

Լոյս Տեսած Է Կարօ Արսլանեանի «Եթէ» Բանաստեղծութիւններու Ժողովածուն

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?