Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեկենդանի Տօնը Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

February 24, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդութիւններուն եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով ուրբաթ, 21 փետրուար 2020-ին Ազգային Միացեալ վարժարանը  իր յարկին տակ նշեց Բարեկենդանի տօնը:

Շուրջ շաբթուան մը պատրաստութենէ ետք վարժարանի աշակերտութիւնը ուրբաթ  առաւօտուն դպրոց ներկայացաւ սովորականէն աւելի բարձր տրամադրութեամբ, ժպիտերես եւ խանդավառ: Ակներեւ էր, որ  աշակերտներ իրենց հետ բերած էին ծպտուելու յատուկ տարազներ եւ դիմակներ:

Դպրոցական սովորական օրուան աւարտին բոլոր բաժանմունքները հերթաբար տօնեցին Բարեկենդանը:

Ուրախութեան մթնոլորտը սկսաւ մանկապարտէզէն, ուր աշակերտներ ձեռային աշխատանքներով ծպտուած` իրենց ծնողներուն հետ համախմբուեցան վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, ուր երգեցին ու պարեցին: Հանդիսավարութիւնը կատարեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Անոնք հաճելի մթնոլորտի մէջ, մանուկի անմեղութեամբ նշեցին ուրախութեան տօնը: Տեղի ունեցաւ լաւագոյն ծպտուողի մրցում:

Զուարճալի մթնոլորտը կը տիրէր նաեւ նախակրթարանի դասարաններուն մէջ, ուր ուսուցչուհիներուն հսկողութեամբ, իւրաքանչիւր դասարան ունեցաւ իրեն յատուկ ձեռային աշխատանքներու պատրաստութիւնը` Բարեկենդանի դիմակներու ձեւաւորում, գունաւորում,  խաղեր եւ  հայկական ճաշերու համտեսում:

Միջնակարգի դասարանները  հայոց հին եւ տարածուած տօնը  նշեցին  իրենց ձեւով: Դաստիարակ ուսուցչուհիները տօնին խորհուրդը բացատրեցին աշակերտներուն, ապա  անոնք ծպտուեցան իրենց պատրաստած դիմակներով, կատարեցին ներկայացումներ եւ համտեսեցին աւանդական ճաշեր ու քաղցրեղէններ:

Տօնախմբութեան ձեւը տարբեր էր, սակայն, երկրորդականի աշակերտներուն համար, որոնք  նոյն օրը երեկոյեան կազմակերպած էին իւրայատուկ խրախճանք մը: Պատանիի հետաքրքրութեամբ եւ իր աւանդութիւններուն պահապան հայ աշակերտի բծախնդրութեամբ անոնք տօնեցին Բարեկենդանի տօնը` հայկական երգերու եւ պարեղանակներու  կշռոյթին տակ:

Այսպէս ուրեմն, Բարեկենդանը` հայկական աւանդական տօնը, անգամ մը եւս նշուեցաւ հայկական վարժարանէ ներս, ուրկէ բարձրացան զուարճութեան, անհոգութեան ճիչեր, հայ աշակերտներ ապրեցան հաճելի պահեր եւ հայկական բարի սովորութիւնը փոխանցեցին իրարու:

Շնորհաւո՛ր Բարեկենդան:

Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1970)

Յաջորդը

Ի՞նչ Կը Պատահի Հայոց Բանակին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.