Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտասեան Ժառանգութիւնը Եւ Հարստութիւնը Պէտք Է Պահել Ու Մատղաշ Սերունդին Մէջ Դարբնել Անոր Ոգին

Փետրուար 22, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին կողմէ Կոմիտասի նուիրուած այս երեկոն խորիմաստ թելադրականութեամբ ու պատգամներով կը ներկայանայ մեզի: Կոմիտասեան ժառանգութիւնը, հարստութիւնը եւ հայատրոփ երգն ու երաժշտութիւնը յաւերժական պահելու եւ նորահաս սերունդին մէջ անոր ոգին ամրօրէն դարբնելու համար ահաւասիկ նաեւ այդ մատղաշ սերունդին մասնակցութիւնը կու գայ հարազատ արտայայտիչը դառնալու անզուգական երաժիշտին հանդէպ հայութեան տածած սիրոյն, յարգանքին ու երկիւղածութեան: Կոմիտասի արժէքին եւ առաքելութեան մասին շատ բան գրուած ու խօսուած է:Հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը, անոր հանդէպ գործադրուած ցեղասպանական անմարդկային ու վայրագ մոլուցքը եւ այդ ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած իր կեանքով, գործով ու խելագարութեամբ Կոմիտաս վարդապետ անաւարտ ու իսկական կեանքի վէպ մըն է, որ տակաւին իրերայաջորդ սերունդներ պիտի շարունակեն կարդալ, անոր մէջ խորասուզուիլ ու անով անմիջականօրէն առնչուած մնալ իրենց հայկական ակունքներուն եւ պատկանելիութեան:

Այս առիթով, սակայն, կ՛արժէ՛ անդրադառնալ կոմիտասեան երգն ու երաժշտութիւնը անմահացնող, անոր հանդէպ գուրգուրանք տածող եւ մեր ապրած ներկայ ժամանակներուն մէջ անոր երաժշտութինը ժողովրդականացնող հայ մշակոյթի սպասաւորներէն Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, որ հայկական զուլալ աղբիւրէն հոսող երաժշտութեան մի՛շտ հաղորդ կը պահէ մեր ժողովուրդը` անոր պարգեւելով վայելքի անփոխարինելի պահեր: Երեւոյթը կը ստանայ յաւելեալ արժէք, երբ նուիրեալ խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի շուրջ համախմբուած է մեծ թիւով երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մշակոյթի կամաւոր բանակ մը, որուն անդամները իրենց ամէնօրեայ մտահոգութիւններն ու հոգերը մէկդի դրած եւ իրենց անհատական հանգիստը զոհելով` հետեւողական դրութեամբ ու մեծ հաճոյքով կը համախմբուին «Լ. Շանթ» կեդրոնի երդիքին տակ եւ երգելով կը կենսաւորեն ու կը գեղեցկացնեն մեր հաւաքական կեանքը:

Այո՛, կամաւորական այս գիտակցութեան վրայ խարսխուած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան դերն ու նշանակութիւնը մեր մշակոյթի անդաստանին մէջ: Համազգայինը իր անցած ուղիով ու կերտած պատմութեամբ, իր համազգային դերակատարութեամբ,«Մէկ ազգ ու մէկ մշակոյթ» դաւանող առաքելութեամբ, մշակութային եւ կրթական միութիւն մը ըլլալէ անդին, գաղափարական շարժում է եւ հայրենասիրութեան, հայապահպանման ու մեր հաւաքական երթը հունաւորող  մեծ կազմակերպութիւն: Այդ դերակատարութեան մէջ իր կեդրոնական դերն ու նշանակութիւնը ունի լիբանանահայ գաղութը, ուր Համազգայինի գործը միշտ ալ դուրս կու գայ լիբանանեան սահմաններէն ու կը տարածուի աշխարհով մէկ` դառնալով նաե՛ւ մշակոյթի անզուգական կամուրջ մը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու սերտաճման ու զարգացման հոլովոյթին մէջ: Այսօր Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը իր Շրջանային վարչութեամբ, գեղարուեստի դպրոցներով, մասնաճիւղերով ու պարի, երգչախումբի, թատրոնի, գրականութեան, երիտասարդական մասնագիտացած մասնաճիւղերով կը ծաւալէ բազմերես ու մեծածաւալ գործունէութիւն: Աւելի քան 125 կամաւորներ մասնակից են վարչական ու կազմակերպչական բոլոր աշխատանքներուն: Շուրջ 1250 պատանի ու երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու մէջ գործող անդամներ համախմբուած են գեղարուեստի դպրոցներու, մասնաճիւղերու ու մասնագիտացած մասնաճիւղերու շուրջ եւ հայ մշակոյթով սնանելու ու այդ մշակոյթը մեր ժողովուրդին փոխանցելու հաճոյքը, վայելքը եւ  հպարտանքը կ՛ապրին:

Ուրախ ենք յայտնելու նաեւ, որ համայնքը միշտ ալ քաջալեր ու նեցուկ կը հանդիսանայ Համազգայինի կրթամշակութային եւ հրատարակչական բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որովհետեւ կը հաւատայ անոր առաքելութեան անփոխարինելիութեան եւ անոր ունեցած  մեծ ներդրումին` նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման ծիրին մէջ:

Լիբանանի ապրած այսօրուան ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին մէջ, բոլոր ժամանակներէն աւելի, այդ նեցուկն ու զօրակցութիւնը անհրաժեշտ են եւ շեշտադրուած կարեւորութեամբ կը դրուին մեր դիմաց: Համազգայինի ջահը  անմար պահելու եւ անոր գործունէութեան բոլոր մարզերուն ճառագայթումը երաշխաւորող գործօնները չտկարացնելու առումով, բոլորս պարտաւո՛ր ենք մեր նիւթաբարոյական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերելու այս մեծ կազմակերպութեան բոլոր աշխատանքներուն: Պէտք է գիտակցինք, որ այս զօրակցութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ մեր գոյերթը շարունակելու ու սփիւռքի այլասերող պայմաններուն մէջ հայկականութիւնը միշտ ներմուծելու` հաւատքով ու յանձնառութեամբ կատարուած գործի մը զօրակցութիւն եւ ապագայատեսիլ ընթացքի մը ամբողջական երաշխաւորումն է: Պիտի շարունակէ Համազգայինը իր երգով, պարով, թատրոնով, գրականութեամբ, կրթական ու հրատարակչական հաստատութիւններով գործել անխափան, գործել իբրեւ հայ մշակոյթի նուիրեալ եւ «Մէկ ազգ ու մէկ մշակոյթ» գաղափարական ըմբռնողութեան հաւատաւոր պաշտպան:

Կը խոնարհինք յիշատակին դիմաց անցնող տարիներու համազգայնական բոլոր նուիրեալներուն, որոնց վաստակին, քրտինքին ու գործին արգասիքն է, զոր մենք այսօր կը վայելենք: Վարձքը կատա՛ր կ՛ըսենք նաե՛ւ այսօրուան համազգայնական նուիրեալ սերունդին, որ գիտակից է իր նախորդներուն ձգած ժառանգութեան ու համազգայնականի լիիրաւ առաքելութեան:

Այս առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Կոմիտասի 150-ամեակի գրքոյկի հրատարակութեան մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեաններուն եւ տիար Սարգիս Ճապաղջուրեանին:

 

 * Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի արտասանած խօսքը Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին

Նախորդը

Կոմիտասի Երաժշտական Ժառանգութիւնը Կը Հանդիսանայ Այն Կռուանը, Որուն Վրայ Կ՛ամրանայ Պատմական Մեր Յիշողութիւնը, Մեր Ազգային Կորուստը Վերականգնելու Բաղձանքն Ու Անոր Տէր Կանգնելու Վճռականութիւնը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Անուանի Դերասան, Բեմադրիչ Երուանդ Մանարեանը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?