Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Որոշումը` Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորական Կազմը Հանրաքուէով Գործէ Արձակելու

Փետրուար 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Սահմանադրական իրաւունքի բնագաւառին մէջ հիմնական սկզբունք է երեք տարանջատ իշխանութիւններու փոխյարաբերութեանց կայունութեան պահպանումը: Եւ այդ կայունութեան երաշխաւորը Սահմանադրական դատարանն է, որուն որոշումները անվերաքննելի են:

Ժողովրդավարական համակարգը պարտադիր կը դարձնէ, որ երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները գործեն իրենց սահմանադրական իրաւասութիւններու նախատեսուած սահմաններուն մէջ: Անոնք հարկադրուած են յարգելու երրորդ իշխանութեան, այսինքն դատակա՛ն իշխանութեան անկախութիւնը: Եւ հետեւաբար պարտաւորուած են ընդունելու դատական համակարգի տնօրինումները` ԱՌԱՆՑ ԴՈՅԶՆ ԻՍԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԵԱՆ: Ո՛Չ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ, Ո՛Չ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՍ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ, Ո՛Չ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ Ո՛Չ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԷՆ ՈԵՒԷ ՄԷԿԸ ԱՐՏՕՆՈՒԱԾ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ ԽՌՈՎԱՐԿԵԼՈՒ ՀՀ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՁԱՆՑ ԴԷՄ: ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՈՐԵՒԷ ՔԱՅԼ ՔՐԷԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ Է ՀՀ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԽՍՏՕՐԷՆ ՊԱՏԺԵԼԻ:

Իսկ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց որոշումներու եւ պահուածքի (conduct) սահմանադրականութիւնը հաստատող միակ իրաւասու ատեանը Հայաստանի Սահմանադրական դատարանն է, որուն վրայ որեւէ գերիշխանութիւն չունին եւ չեն կրնար ունենալ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց իշխանաւորները: Եթէ դատական համակարգի գործիչներէն ոեւէ մէկը մեղաւոր է փտախտով եւ զեղծարարութեամբ (ինչպէս մեծահագագ կը պնդեն ներկայ իշխանութեան համակիրներն ու ջատագովները), այդ ամբաստանութիւնը պէտք է մանրամասնօրէն հիմնաւորուի պետութեան համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ, եւ  հարցը լուծում գտնէ Հայաստանի սահմանադրութեան նախատեսած գործընթացներով միայն: Եւ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ գործընթացները աղմկարարութեամբ նախապաշարելու: ԴԱՐՁԵԱԼ` ՆՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒՆ ԸՍԵԼԻՔ ՉՈՒՆԻՆ ՕՐԷՆՍԴԻՐ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ` ՊՐ. ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ` Ի՛ՆՔ: ԲԱՅՑ ՈՒՆԻՆ ԸՆԵԼԻՔ: ԱՆՈՆՔ ԱՄԷՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՔԱՅԼ ՊԻՏԻ ԱՌՆԵՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՊԱՀՈՒԻ ԽԱՂԱՂ ԵՒ ԱՆԽԱԹԱՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ԵՒ ՀԵՌՈ՛Ւ ՈՐԵՒԷ ԱՄԲՈԽԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷ:

Այս բոլորէն կը հետեւի, որ ՀՀ Ազգային ժողովի որոշումը Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի դատաւորական կազմը հանրաքուէով լուծարելու յարիր չէ Հայաստանի սահմանադրութեան սկզբունքներու էութեան: Ան յստակօրէն կը ցոլացնէ քաղաքական մեծամասնութեան նեղ օրակարգը եւ երկրի սահմանադրական գործընթացը կը քաղաքականացնէ: Առաւել եւս` անընդունելի, որ այդ քաղաքականացումը տեղի կ՛ունենայ մեծամասնութեան ուժի չարաշահումով եւ առանց համազգային խորհրդակցութեան: Որոշումը նաեւ կը խախտէ հիմնական օրինականութիւն մը: Եթէ «մեղքեր» կան գործուած, այդ մեղքերուն հետ առնչուող մեղադրանքները, յետին մանրամասնութեամբ,  պէտք է ուղղուած ըլլան իւրաքանչիւր ԱՆՀԱՏ դատաւորի, մինչդեռ որոշումը «կը լուայ բոլորն ալ նոյն ջուրով»… Եւ մանաւանդ ան ոտնակոխ կ՛ընէ իւրաքանչիւր դատաւորի անմեղութեան կանխավարկածը: Դատաւորական այս կազմի դատաւորներէն ամէն մէկը, ներառեալ` Սահմանադրական դատարանի ներկայ նախագահը, ԱՆՄԵՂ է, մինչեւ որ Հայաստանի սահմանադրութեան նախատեսած գործընթացով ապացուցուի անոնցմէ ամէն մէկուն կարծեցեալ մեղքը: Ո՞ւր է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Եւ ո՞ւր կը մնայ մեծարգոյ պր. վարչապետին հաւաստիացումը, թէ իր իշխանութեան օրով մարդու իրաւունքները տառացիօրէն պիտի յարգուին…

Ես տակաւին ըստ էութեան չխօսեցայ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին դէմ շղթայազերծուած այս խաչակրութեան մասին: Այդ մէկը` ուրիշ առթիւ: Մէկ բան կ՛ուզեմ յանձնել բոլորին ուշադրութեան: Պատկերացուցէ՛ք, որ ամէն նոր իշխանութիւն, որ այս կամ այն ձեւով խորհրդարանական մեծամասնութիւն կը ձեւաւորէ եւ կը յայտնուի պետութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ, ինքզինքին իրաւունքը տայ նոր հանրաքուէի միջոցով Սահմանադրական դատարան փոխելու… Այսինքն` փոխելու այն իսկ մարմինը, որ յանուն հանրութեան` պարտականութիւնը ունի իր վրայ հսկելու… Խնդրեմ` ըսէք, թէ իսկապէս ի՞նչ կը ստացուի այս ընթացքով: Ըսէք, թէ ինչպիսի՞ ծաղրանկարի կը վերածենք մեր երկրի տնօրէն օրէնքը, օրէնքներու օրէնքը, մեր ազգային միասնականութիւնը օրինագրող միակ փաստաղուղթը, մեր հաւաքական ինքնութեան վկա՛ն: Վե՛րջ տուէք, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք: Վե՛րջ տուէք այս երթուդարձին: Եւ կամ ըսէք հանրութեան, որ ի վիճակի չէք այս երկիրը իր սահմանադրութեամբ կառավարելու:

13 փետրուար 2020

 

Նախորդը

Հրէշ Զեքին. Հայ Դիւանագէտը Բացայայտել Է Հայոց Ցեղասպանութեան Կազմակերպիչներից Ամենադաժանի Առեղծուածը

Յաջորդը

Լոյս Տեսած Է Կարօ Արսլանեանի «Եթէ» Բանաստեղծութիւններու Ժողովածուն

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?