ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ձմրան ցուրտին ժպիտդ քու
Մեր թաղն այսօր բերաւ գարուն:
Նայուածքդ քու վառ,շողշողուն`
Տաքցուց սիրտս իմ դողդոջուն:
Խօսքերովդ քու մի քանի
Երազներուս թռիչք տուիր:
Անձրեւները իմ երկնքիս
Տեղատարափ`դադար առին:
Մութ գիշերը սեւ ամպերուս
Ցայքը տեսաւ իմ յոյսերուս:
Ժամադրութիւնն մեր հանդիպման
Նորոգեցինք մենք անպայման:
Մեր թաղն այսօր վարդեր բուսան,
Երբ դուն անցար քայլերուդ տակ: