Յօդուածներ

Տեսակէտ. Ճակատագրակից Ժողովուրդներ, Մէկ Ոճրային Գաղափարախօսութիւն

Տեսակէտ. Ճակատագրակից Ժողովուրդներ, Մէկ Ոճրային Գաղափարախօսութիւն

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Մայիս 6-ը կ՛առնչուի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ օսմանեան պետութեան հալածանքներուն, արաբ ազգայնական մտաւորականութեան եւ գործիչներու հաշուեյարդարին: Արդարեւ, այդ օր 104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացուեցան ազատութեան եւ ինքնավարութեան կոչ ուղղող արաբ ընտրանին, թրքացման քաղաքականութեան դէմ պայքարի եւ արաբական զարթօնքի մունետիկները: Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան ազգայնական գաղափարախօսութիւնը իր չարիքէն զերծ չէր կացուցած Օսմանեան կայսրութեան գրեթէ բոլոր ոչ...

Տխուր Էր Յարութեան Տօնը…

Պատմութիւնը Կարելի Չէ Խեղաթիւրել (Մայիս 6-ի Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Լիբանանեան տօնացոյցով 6 մայիսը կը նշէ Լիբանանի մամլոյ նահատակաց տօնը: Պատմութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ հաւաքական յիշողութիւնը, սակայն կը յուշեն, իսկ «Քորոնա»-ն չի կրնար մոռցնել, որ 6 մայիսը երկար տարիներ եւ մինչեւ 2005 թուական, Լիբանանի մէջ ոգեկոչուած է իբրեւ Լիբանանի նահատակա՛ց տօն: Լիբանանցիներ պետութեամբ, մամուլով եւ ժողովրդային շրջանակներով, ամէն տարի 6 մայիսին յարգած են յիշատակը 1916 թուականին ջարդարար Ճեմալ փաշայի...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Բարեւեցի Ու Անցայ…

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Լիբանանի մէջ փտածութեան հարցը պետութեան մէջ պետութիւն դարձած է»: Հասսան Տիապ (Լիբանանի վարչապետ)   («Ազդակ», 1 մայիս 2020)  Առաւօտ կանուխ դէպի գործատեղի ճամբուս վրայ յանկարծ ինքզինք հրմշտկեց մտածում մը, որ տակաւ վերածուեցաւ հետաքրքրաշարժ հարցադրումի մը. արդեօք յուշարձանը դեռ հո՞ն է: Պէտք է ըսել, որ հարցադրումին դրդապատճառը անոր ֆիզիքական գոյութեան (տեղաշարժին) մասին չէր, որքան` խորհուրդին, կամ անկէ ցայտող հնչեղութեան,...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Շատը Գնաց, Քիչը Մնաց… (Կամ` «Պայ-Պա՜յ Պսակաձեւ»)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի տարածքին չկայ մարդ, որ զգուշաւոր գոհունակութեամբ չհետեւի Պսակաւոր ժահրին մասին տրուած նորագոյն տեղեկութիւններուն, որոնք կարելի է համախմբել մէկ խորագիրի տակ: Շատը գնաց, քիչը մնաց, պայմանով որ... Այն երկիրներուն մէջ, ուր ուշ կամ կանուխ զգուշացման միջոցներ որդեգրուեցան, պարտադրուեցան, մարդիկ սկսած են քաղել դառնանուշ պտուղները: Դառնը` զոհերուն տարողութիւնն է, անուշը` ալիքին աստիճանական բեկումը, կեանքը դէպի բնականին վերադարձնելու նախաքայլերը: Աւելի՛ն,...

Այս Ճգնաժամը Տեւելու Է Ոչ Թէ Մէկ Կամ Երկու Ամիս, Այլ Մէկ Տարուց Աւելի

Այս Ճգնաժամը Տեւելու Է Ոչ Թէ Մէկ Կամ Երկու Ամիս, Այլ Մէկ Տարուց Աւելի

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՅԱՍՄԻԿ ԲԱԼԵՅԵԱՆ  Մի փաստ եւս արձանագրենք․ արտակարգ դրութեան ընթացքում եւս մէկ անգամ հաստատուեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնում մենաշնորհները պահպանուել են եւ աւելի են ամրապնդել իրենց դիրքերը։ Ապրիլի 30-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքում ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հարցերի հետազօտութիւնների գրասենեակի պատասխանատու Սուրէն Պարսեանն անդրադարձել է գորոնավիրուսի հետեւանքով Հայաստանում առաջացած տնտեսական խնդիրներին եւ դրանց լուծմանը միտուած՝ կառավարութեան ձեռնարկած քայլերին։ – Պարո՛ն...

Քորոնա – Տասը Երգ – (2019-2020)

Քորոնա – Տասը Երգ – (2019-2020)

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՄԷԿ ***** Քորոնա ԵՐԿՈԻ ******* Առաջինը դուն ես, երկրորդը չկայ... ԵՐԵՔ ***** Ջուրը տունն է, կը հոսի Լոյսը տունն է, կը վառի Մարդը տունն է, բայց մարդ չէ... ՉՈՐՍ ***** Անծանօթ էիր՝ ծանօթներ դարձանք Յետոյ եղար միակ հարազատ... Բոլոր հարազատները հեռու քշեցիր Կը պառկինք-կ՛ելլենք միայն քեզ գրկած... ՀԻՆԳ ***** Հինգ ենք տունը, Մինչեւ գալդ մարդ էինք, Գործ ու...

Ուշացած   Շնորհակալութիւն

Խոնարհինք Վանի Հերոսամարտի Հերոսներուն Յիշատակին

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Ապրիլ  ամիս է  դարձեալ:  Յիշատակներու եւ յիշողութեան ամիս: Երիտթուրքերը Առաջին համաշխարհային պատերազմը  նկատեցին լաւագոյն առիթը՝  գործադրելու  Արեւմտահայութեան զանգուածային  բնաջնջումը եւ տեղահանութիւնը: Առաջին  համաշխարհային պատերազմին կովկասեան  ռազմաճակատին վրայ կռուող  թրքական  զօրագունդեր արշաւեցին Վան նահանգին վրայ, զանգուածային  ջարդի  ենթարկելով  անոր հայ բնակչութիւնը: Ռուսական բանակին դէմ  յաջորդական պարտութիւններ կրած  թրքական  զօրքերը, քիւրտ  հրոսակախումբեր ունենալով իրենց կողքին,  յարձակեցան Վան նահանգին վրայ՝ սպաննելով,...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական  Քանատայի Վարչապետին Ուղերձը Պատմակշիռ Եղելոյթ Էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթին Մէջ

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական Քանատայի Վարչապետին Ուղերձը Պատմակշիռ Եղելոյթ Էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հոլովոյթին Մէջ

Համաշխարհային համավարակի առթած ճգնաժամին պատճառով, 2020 թուականի ապրիլ 24-ի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տարբեր բնոյթ կրեց Քանատայի մէջ։ Չկային Օթթաուայի մէջ տողանցող պահանջատէը հայ երիտասարդութեան կուռ շարքերը, չէին լսուեր բարձրախօսներէ հնչող հայութեան արդար իրաւունքներու կոչերը։ Յիշատակումը այս անգամ կայացաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած յատուկ յայտագիրի առցանց սփռումով, որուն կիզակէտն էր Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի...

Հզօրանալ Է Պէտք

Հզօրանալ Է Պէտք

  ՎԱՀԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի յայտարարութեամբ ասուած է, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախ պետականութեան կարգավիճակը եւ տարածքային ամբողջականութիւնն անսակարկելի են։ Սակայն վերջերս մտահոգութեան առիթ են հանդիսացել ոչ միայն Ռուսաստանի արտգործ նախարարի կատարած յայտարարութիւնը՝ Արցախի կապակցութեամբ, այլեւ Հայաստանի իշխանութեան կողմից նշուած արտայայտութեանը լիարժէք պատասխան չտալու փաստը։ Հայ-ռուսական սրուած յարաբերութիւնները եւ կատարուած յայտարարութիւնները ցոյց են տալիս, որ Հայաստանի վրայ Արցախի հարցում...

Նինա Ճիտէճեան՝  Լիբանանի Պատմութեան Ժառանգորդը

Նինա Ճիտէճեան՝ Լիբանանի Պատմութեան Ժառանգորդը

ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ, ՄԷՅ ՄԱՔԱՐԷՄ Նինան այս աշխարհէն անաղմուկ մեկնեցաւ 95 տարեկանին: Ան հիմնադիր անդամներէն էր Պաալպէքի փառատօնի Կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նախագահը՝ 1991-ի Այնճարի փառատօնի յանձնախումբին: Պատմութիւնը արձանագրող, շուրջ 16 գիրքերու եւ  «Լ՛Օրիան Լը ժուր»  թերթին մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Նինա Ճիտէճեան կը խոստովանէր, որ ինք 100 տոկոս հայ է եւ ամբողջական լիբանանցի: Համեստ ու քնքուշ բնաւորութեան ետին՝ ան ունէր...

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմունքները

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմունքները

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ Ըստ (Հ.Յ.Դ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ) գրքոյկի էջ16-17ի «Դաշնակցութեան ծրագրի հիմը կը կազմեն հայ ժողովրդի ցանկութիւնները և այդ ժողովրդի յարատևումին կապուած բաղձանքները: Ու քանի որ փոփոխական են հայ ժողովրդի ցանկութիւնները, ապա փոփոխական է նաև Դաշնակցութեան Ծրագիրը: Բայց կան ոչ միայն փոփոխելի, այլ և անփոփոխելի արժէքներ: Եւ ինչպէս անփոփոխելի են հայ ժողովրդի որոշ ցանկութիւնները, ճիշտ նոյն ձևով անփոփոխելի են նաև Դաշնակցութեան ծրագրների...

Ակնարկ.  Պատասխանատու Մամուլն Ու Հեղինակաւոր Լրագրողները  (Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային Օրուան Առիթով)

Ակնարկ. Պատասխանատու Մամուլն Ու Հեղինակաւոր Լրագրողները (Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային Օրուան Առիթով)

  Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրուան նշումը վերաիմաստաւորումի կ՛ենթարկուի կարծէք: Դասական ընկալումով ազատ խօսքի, կարծիքի եւ այդ բոլորին համար սուղ գին վճարած լրագրողներու յիշատակի օրուան խորհուրդը ունի մամուլի ազատութեան օրը: Աշխարհի մէջ տակաւին շատ վայրերու մէջ լրագրողներ իրենց կեանքով կը վճարեն, ուրիշներ կը ձերբակալուին եւ երկարատեւ բանտարկութեան կը դատապարտուին: Մամուլի ձայնը լռեցնելու համար քաղաքական այլ միջավայրերու մէջ գումարներ կ՛առաջարկուին, ոմանք չեն...

Մինչեւ Ե՞րբ

Յիշեցի

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանի տնտեսական այս ճգնաժամային օրերուն, երբ օրը օրին լիբանանեան թղթոսկին կ՛արժեզրկուի եւ բոլորս ալ իրարանցումի մէջ ենք ու մտահոգ, յիշեցի օրինակելի եւ դաստիարակիչ պատկեր մը, որ մեծապէս հոգիս լեցուց, ուստի ուզեցի զգացումներս բաժնել բոլորիդ հետ: Ութսունականներուն, երբ Լիբանանը նոյնանման տագնապ մը կ՛անցընէր, պրն. Գրիգոր Շահինեան իր տասնեակ տարիներու հանգստեան թոշակը տրամադրեց Համազգայինին, որպէսզի յուսահատական եւ ժխտական մթնոլորտը ազնուացնող...

Բա՛ւ Է

Պէտք Չէ Վերադառնալ Բնականոն Կեանքի

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Քորոնա» Ժահրին ստեղծած խուճապը սկսած է աստիճանաբար նուազիլ եւ, պետութեան որոշումներուն լոյսին տակ (հանգրուանաբար դուրս գալ մեկուսացման արտակարգ դրութենէն), յաճախ կը լսենք` «Պիտի վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին» նախադասութիւնը: Նախադասութիւն մը, որ իրապէս յոյս կը ներշնչէ, կը հանգստացնէ մեր միտքերը եւ ձեւով մը կը փարատէ մեր մտահոգութիւններէն մաս մը: Բան մը, որուն այս օրերուն բոլորս ալ կարիք ունինք անխտիր:...

Վարդավառ Աւագ Քահանայ Գասպարեանի Յիշատակին (Մահուան քառասունքին առիթով)

Վարդավառ Աւագ Քահանայ Գասպարեանի Յիշատակին (Մահուան քառասունքին առիթով)

Քառասուն օրեր առաջ Մարսէյի մէջ հողին յանձնուեցաւ Վարդավառ Աւագ քահանայ Գասպարեանը։ Ծնած է 6 նոյեմբեր 1929-ին, Պէյրութ, Քարանթինա՝ կեսարացի հօրմէ եւ մօրմէ։ Աւազանի անունով՝ Կարապետ։ Հայրը՝ Գալուստ, Հայոց ցեղասպանութենէն  մազապուրծ փրկուած է թուրք զարգացած անձի մը կողմէ, որ հոգատարութեամբ մեծցուցած էր՝ «Ահմետ» կոչելով զայն։ Կեանքի բոլոր դառնութիւնները համտեսելէ ետք ան կը վերամիանայ իր կորսնցուցած ընտանիքին եւ փուլ առ փուլ ծանր...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ովքե՞ր Են Այս Ներողները…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ներելը քրիստոնէական -- եւ մարդկայի՛ն -- բարոյականի ամենէն նուիրական դրսեւորումն է, որուն լիովին ատակ պէտք է ըլլայ ամէն մարդկային էակ որպէսզի կարենայ հասնիլ ինքնանուաճման վերին եզրերուն եւ հոգիի իսկական խաղաղութեան։ Բայց նաեւ պայման է, որ լաւ հասկնանք, թէ ի՞նչ նժարի վրայ պէտք է չափուի ներման վեհագոյն այս արարքը։ Պէտք է յստակացնենք, թէ ի՞նչ չափանիշներ պիտի գործեն հոս, որպէսզի...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Այո’, Հիանալ Ու Հպարտանալ, Բայց…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Երէկ առտու արթննալուս, բջիջայինիս մէջ կարդացի ստացուած գրութիւն մը , Լիբանանի մտաւորական ընկերներէս՝ Համազգայինի վարիչ-տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանէ, որ ինձմէ կ'ուզէր նկարահանուած կենդանի խօսքով վկայութիւն մը՝ Լիբանանի հայօճախին մէջ տարուած ընդհանրական եւ յատկապէս մարդասիրական աշխատանքներու մասին: Խօսքիս համար կը սահմանէր կէս վայրկեանը, այսինքն աչքդ թարթելու չափ, ապա, երեւի բարեկամութեան ,խաթերսե համար կարկինը աւելի ,լայնե բանալով առատաձեռնութեամբ մը կ'աւելցնէր 15...

Ծննդեան 125-ամեակին Առիթով. Գրագէտ Բենիամին Նուրիկեանէն Յամեցող Տաքուկ Շունչ Մը… (Ե.)

Ծննդեան 125-ամեակին Առիթով. Գրագէտ Բենիամին Նուրիկեանէն Յամեցող Տաքուկ Շունչ Մը… (Ե.)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Գրեթէ հասած եմ  իմ յօդուածին աւարտին, երբ յանկարծ կը յիշեմ որ գրադարանիս մէջ ունիմ երկու գիրքեր, ուր արխիւային նամակներ կան տպուած՝ Բենիամին Նուրիկեանի առնչուող։ Պէտք է կարդալ զանո՛նք եւս։ Գրադարանէն վար կը բերեմ այդ երկու գիրքերը։ Առաջինը կը կոչուի «Համաստեղ – Նամականի», տպուած է Երեւան, 2003-ին, Լիբանանի «Կարպիս Լ. Նազարեան Հիմնադրամ»-ին նիւթական յատկացումով։ 504 էջ է։ Կը պարունակէ Համաստեղի...

«Հայերի Փրկութիւն Թուրքերի Կողմից Չի Եղել»

«Հայերի Փրկութիւն Թուրքերի Կողմից Չի Եղել»

Հարցազրոյց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտոիտի Տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի Հետ Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ Ստորեւ ներկայացնում ենք «Ասպարէզ»ի հարցազրոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի (հիմնարկի) տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի հետ.  ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը (ՀՑԹԻ) դիմատետրի հայ օգտատէրերին կոչ էր արել, որ Ապրիլի 24ին իրենց  լուսանկարները փոխարինեն յատուկ ստեղծուած յուշային շրջանակով, որտեղ ներկայացուած կը լինէին Ցեղասպանութեան զոհ դարձած կամ վերապրած հարազատների լուսանկարներ՝  «Ես Յիշում եմ» կամ...

2020, Քանզի Ապրիլ Է Դարձեալ

2020, Քանզի Ապրիլ Է Դարձեալ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Հայ ազգը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին յաճախ ենթարկուած է հալա­ծանք­նե­րու եւ վայրագութիւններու, սակայն 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը տարբեր էր իր բնոյթով եւ աննախադէպ՝ իր տարողութեամբ։ 2020, Ապրիլ է դարձեալ… Այս անգամ սարսափազդու եւ աննախադէպ դաժան օրեր կ՛ապրի համայն մարդկութիւնը: Պսակաձեւ ժահրը իր ոճով եւ տարողութեամբ կալանաւորած է երկրագունդը եւ առանց խտրականութեան ինքնա­մե­կուսացուցած է մարդ արարածը իր տան պատերէն...

Page 506 of 1112 1 … 505 506 507 … 1,112

Արխիւներ