Տեսակէտ. Քիչ Մը Ազնուութիւն
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի ամէն մարդ իր ազնուութեան թելը պէտք է աւելի ամրացնէ: Շատ դժուար օրեր անցուցինք եւ տակաւին «Քորոնա»-էն ետք մեզի կը սպասեն մեծ մարտահրաւէրներ: Բոլորս միասին նոյն նաւուն մէջ նոյն դժուարութիւնները դիմագրաւելու պատրաստութիւնը կը տեսնենք: Մեր հոգիները ազնուացնելու, համբերատար, հանդուրժող եւ մանաւանդ բոլորին վիճակները հասկնալու ճկունութիւնը ունենալու պահն է: Այդ ատեն միայն ամէն մարդ կը տեսնէ...



















