Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդավառ Աւագ Քահանայ Գասպարեանի Յիշատակին (Մահուան քառասունքին առիթով)

Մայիս 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ Մարսէյի մէջ հողին յանձնուեցաւ Վարդավառ Աւագ քահանայ Գասպարեանը։

Ծնած է 6 նոյեմբեր 1929-ին, Պէյրութ, Քարանթինա՝ կեսարացի հօրմէ եւ մօրմէ։ Աւազանի անունով՝ Կարապետ։

Հայրը՝ Գալուստ, Հայոց ցեղասպանութենէն  մազապուրծ փրկուած է թուրք զարգացած անձի մը կողմէ, որ հոգատարութեամբ մեծցուցած էր՝ «Ահմետ» կոչելով զայն։ Կեանքի բոլոր դառնութիւնները համտեսելէ ետք ան կը վերամիանայ իր կորսնցուցած ընտանիքին եւ փուլ առ փուլ ծանր աշխատանքներու կը դիմէ, որպէսզի ընտանիքը ապրեցնէ, ինչպէս՝ բեռնակրութիւն, կառապանութիւն, շինարարութիւն… եւ այլն։

Քսաներկու տարեկանին կ՛ամուսնանայ  Լաթաքիա բնակող, հազիւ 15 տարեկան Ֆիլոր Թոգաթլեանին հետ։ Միասնաբար կը կառուցեն իրենց տունը Հայաշէն շրջանին մէջ, Պէյրութ։ Մաս կը կազմեն թաղի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ տիկնանց միութեան։ Անոր բարեսիրական ծառայութիւնները մեծ եղած են եկեղեցւոյ շինարարական գործընթացին մէջ։ Ան անձնուիրութեամբ կատարած է թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական պարտաւորութիւնները՝ ի շահ հայ եկեղեցւոյ եւ հայապահպանման։Այս համեստ եւ նուիրեալ ընտանիքէն կը ծնի Կարապետը (հետագային՝ Վարդավառ Աւագ քհնյ. Գասպարեան)։

Փոքր տարիքէն մեծ մօր ընկերակցութեամբ կը սկսի յաճախել եկեղեցի եւ շապիկ հագնիլ իր երկու փոքր եղբայրներուն հետ՝ Պետրոս, այժմ սարկաւագ եւ նախկին դպրապետ, Յակոբ`սարկաւագ եւ եկեղեցւոյ սպասարկող (մահացած)։ Տարիներու ընթացքին Տէր Յուսիկ քահանային ու դպրապետ պարոն Պօղոսին երգած շարականներու մեղեդիները կը լեցնեն անոր ականջները եւ փոքր տարիքին արդէն կը տիրապետէ շարականներու 8 ձայներուն։ Կը սկսի ձեռքով նոթագրել շարականները եւ մինչեւ 85 տարեկան տակաւին շարունակած է ձեռքով նոթագրութիւնը բոլոր շարականներուն. հազուագիւտ աշխատանք մը, որ ամիսներ եւ տարիներ խլած է իր ժամանակէն, բայց եւ այնպէս մեծ սիրով կատարած է։ 20 դեկտեմբեր 1953-ին, կ’ամուսնանայ Նունուֆար Օննիկ Քէշիշեանին հետ, որմէ կ’ունենայ երեք զաւակներ` Մարօ, Գէորգ (սարկաւագ, նոյնպէս հօրմէն ժառանգած է եկեղեցւոյ ծառայութիւնը) եւ Շաքէ։ Մարոն եւ Շաքէն ալ մինչեւ իրենց ամուսնանալն ու ընտանիք կազմելը եղած են դպրուհիներ։

18 յունուար 1966-ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի օրուան Լիբանանի առաջնորդ՝ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի ձեռամբ եւ կը ստանձնէ դպրապետութեան պաշտօն նախ՝ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ապա՝ 1967-ին, Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, մինչեւ Մարսէյ հաստատուիլը՝ 16 յուլիս 1984-ին։

Առաջին օրէն իսկ ան կը սկսի Մարսէյի տարբեր եկեղեցիներու մէջ ծառայել։ Անդամակցած է Ս. Սահակ- Մեսրոպ երգչախումբին՝ իր ժամերը տրամադրելով ազգօգուտ այս միջոցառումներուն, որոնց ընդմէջէն խումբը բարձր մակարդակի ելոյթներով հանդէս կու գար հանրութեան (մինչեւ օրս)։ Այդ միջոցին քանի մը տարի, Պոմոնի եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը կը ստանձնէ։

Մարսէյի մէջ կարիքը կը զգացուի նոր քահանայի մը. թաղականութիւնն ու Տարօն սրբազան Ճէրէճեանը կը համոզեն զինք. վերջինս, ընտանիքին քաջալերանքն ու համոզումը տեսնելով, կ’ընդունի ձեռնադրուիլ։

20 դեկտեմբեր 1992-ին, ձեռամբ հայրապետական պատուիրակ Գիւտ եպս. Նագգաշեանի, կ՛օծուի Վարդավառ քահանայ, Տէր Խաչատուր քահանայ Պօղոսեանին հետ, Մարսէյի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ։  Թէեւ Պոմոնի եկեղեցւոյ համար քահանայ կ’օծուի, սակայն St. Antoine շրջանի Սբ. Թադէոս Բարթողոմիոս եկեղեցւոյ մէջ իր ծառայութիւնը կը շարունակէ մինչեւ հանգստեան կոչուիլը՝ Դեկտեմբեր 2001 թուական։

Սակայն այդպիսով կանգ չ’առներ իր ծառայութիւնը. այլ, կիրակիները կը շրջի եկեղեցիները եւ ի հարկին պատարագներ կը մատուցէ Տօնական օրերուն, տարբեր քաղաքներու մէջ, ուր հայկական եկեղեցի չկայ։ Ազատ ժամերուն կը պատրաստէ փոքր գրքոյկներ եւ հսկումի արարողութիւններուն կը բաժնէ ժողովուրդին, որպէսզի հետեւին երգեցողութեան, կը կազմէ գործնական Ս. պատարագի տետրակներ՝ տարբեր յաւելումներով, ծէսերու գրքոյկներ, փոքր ժամագիրքեր, աղօթագիրքեր, տօնական մեղեդիներ եւ շարականներ, քահանաներու յատուկ աւետարաններ եւ գրքոյկներ եւ այլն։  Իր կարգախօսն էր կարծես, ինչպէս բոլորին կը յանձնարարէր. ,Աստուծմէ մի հեռանաք, միշտ աղօթեցէքե։ Իր շրջապատէն շատ յարգուած ու սիրուած էր, բոլորին ալ խրատական եւ աստուածահաճոյ խօսքեր կը փոխանցէր, Աստուածաշունչէն անպայման մէջբերումներ ընելով օրինակներ կու տար։

Իր կարեւորագոյն աշխատանքներէն մէկը եղած է նաեւ ,Հօրս եւ մօրս ոդիսականըե գրքոյկը, որուն մէջ կը պատմէ իր ընտանիքին կեանքի պատմութիւնը, հանգրուան առ հանգրուան ։ Կիսատ եւ անաւարտ թողեց իր անձնական կեանքի պատմութիւնը, սկսեալ իր ծնունդէն հասնելով մինչեւ նախակրթարանի աւարտելը։

Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայէ երկար ատեն, մինչեւ որ անհանգստութեան պատճառով ալ չի կրնար շարունակել եւ ակամայ կը դադրի Ս. պատարագ մատուցելէ։ 2007-ին կը ստանայ լանջախաչ կրելու իրաւունք, իսկ 2009-ին Աւագ քահանայութեան աստիճան։ Միշտ մօտ կը մնայ եկեղեցւոյ, տարբեր ձեւերով կը շարունակէ ծառայութիւնը։

Վերջին երկու տարիներուն արեան քաղցկեղը կամաց-կամաց կը հիւծէ զայն։ Բայց եւ այնպէս, ինքզինք զօրաւոր կը զգար եւ առիթ կը ստեղծէ իր ծննդավայրը`Լիբանան վերադառնալու, հարազատներուն, եղբօր, զաւակներուն եւ թոռներուն հետ ժամանակ անցընելու, անոնց կարօտը առնելու, եւ այդպէս կարծես կը վերակենդանանար։ Միշտ կը կրկնէր. ,Ես շատ լաւ եմ , դուք ձեզի նայեցէքե։

Մահուընէ մէկ ամիս առաջ կը փոխադրուի հիւանդանոց , ուր բուժումները ապարդիւն կ’անցնին։ Բարեբախտութիւն էր, որ ան իր աչքերը առյաւէտ փակեց իր շուրջ ունենալով իր երեք զաւակները, թոռները եւ հարսը, որոնք մնայուն կերպով իր օրհնութիւնը կը ստանային։  Վարդավառ Աւագ քահանան վախճանեցաւ 19 Մարտ 2020- ին։ Զգալով իր մահուան մօտալուտ ըլլալը, ան հիւանդանոցի մահիճին մէջ կը հաղորդուի քահանաներու ձեռամբ։ Քանի մը օր ետք կը պատուիրէ տղուն`Գէորգին, բազմագրել եւ քահանաներուն յանձնել  քահանայի թաղման կարգը, որ նոյնպէս ինքնիր աշխատութեամբ պատրաստած էր, որպէսզի դիւրացնէ քահանաներուն իր թաղման արարողութիւնը եւ օծման կարգը։

Իր վերջին օրուան բաժանման խօսքը կ’ըլլայ՝ ,Բարեւ ըրէք…ե։

Վերջին թաղման կարգն ու օծման արարողութիւնը, հակառակ տեղւոյն հայ համայնքի զաւակներուն ներկայ ըլլալու փափաքին, ,Քորոնաե ժահրին պատճառաւ տեղի ունեցաւ միայն հարազատներու եւ քահանաներու ներկայութեան։

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ տէր հայր, որ հանգչեցար աննման երէցկինին կողքին։

Խունկ եւ մոմ շիրիմիդ՝ Վարդավառ Աւագ քհնյ. Գասպարեան։

ՍԳԱԿԻՐ

Նախորդը

Ովքե՞ր Են Այս Ներողները…

Յաջորդը

Պէտք Չէ Վերադառնալ Բնականոն Կեանքի

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?