Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշեցի

Մայիս 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանի տնտեսական այս ճգնաժամային օրերուն, երբ օրը օրին լիբանանեան թղթոսկին կ՛արժեզրկուի եւ բոլորս ալ իրարանցումի մէջ ենք ու մտահոգ, յիշեցի օրինակելի եւ դաստիարակիչ պատկեր մը, որ մեծապէս հոգիս լեցուց, ուստի ուզեցի զգացումներս բաժնել բոլորիդ հետ:

Ութսունականներուն, երբ Լիբանանը նոյնանման տագնապ մը կ՛անցընէր, պրն. Գրիգոր Շահինեան իր տասնեակ տարիներու հանգստեան թոշակը տրամադրեց Համազգայինին, որպէսզի յուսահատական եւ ժխտական մթնոլորտը ազնուացնող ծրագիրի մը հիմը դրուի: Պուրճ Համուտի մէջ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը հիմնուի, եւ երաժշտանոց ու պարի դպրոց հիմնելով` ժողովրդային հանրակրթարան մը ստեղծուի:

Կ՛երեւակայէք նուիրումի եւ վեհանձնութեան զօրութիւնը: Համազգայինի առաքելութեան նկատմամբ հաւատքը, տեսիլք ունենալու հարստութիւնը եւ մանաւանդ` անոր անաձնական ու լուռ նուիրումը:

Լիբանանի ամէնէն յուսահատական օրերուն ինք` իր օրինակով, եւ իր «խենթ» ընկերները` Զոհրապ Թորիկեանը, Վարանդ Ալեքսանտրեանը, Գեղանի Էթիէմէզեան, Ալիս Գազանճեանը, Սեդրակ Պալեանը, Գէորգ Գանտահարեանը, Արփի Չպուքճեանը եւ Սարգիս Չոլոյեանը բոլորը իրենց ներդրումը ունեցան եւ գործին մասնակցութիւն բերին, որպէսզի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը հիմնուի:

Երեսուն տարիներ ետք, երբ Լիբանան նոյնանան տագնապ մը կը դիմագրաւէ, անշուշտ կրնայ ըլլալ այսօրուան պայմանները աւելի ծանր, բայց խորքին մէջ նոյն տագնապները, դրամի արժեզրկում, այդ ատեն` անապահովական, հիմա` «Քորոնա» ժահր, անգործութիւն, ազգային կառոյցներու լինել չլինելու հարցը, թշուառութիւն, հիւանդութիւն…

Յիշեցի պրն. Գրիգոր Շահինեանին` գլխագիր մարդուն պահուածքը: Յետոյ մինչեւ օրս բարիքը վայելեցինք եւ կը վայելենք տակաւին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի գոյութեամբ:

Այսօր ալ այս ճգնաժամի օրերուն, երբ մեր հոգիները մերկացած են եւ տեղ-տեղ դժուարութիւններու ծանրութեան տակ մնալու եւ յուսահատելու ակնթարթներ կ՛անցընենք, նման մարդոց օրինակը յիշելով մենք մեզ կ՛ամրապնդենք եւ կը զօրանանք, որովհետեւ հաւատքը եւ յոյսը պէտք չէ թուլնան` նախ մեր մէջ եւ յետոյ այդ նոյն հաւատքը եւ յոյսը ճառագայթելու ուժը ունենալով` փոխանցելու բոլորին անխտիր:

Այդ սերունդը ձեռք-ձեռքի, կողք-կողքի կրցաւ յաղթահարել փոթորիկը: Մենք ալ պէտք է ձեռք-ձեռքի տալու, անվերապահօրէն կողքի-կողքի մնալու քաջութիւնը ունենանք, որպէսզի մեր կարգին յաղթահարենք մարտահրաւէրը:

Որքան որ դժուար եւ յուսահատական ըլլան մեր տեսածները եւ լսածները, պէտք է քաջութիւնը ունենանք իրապաշտ եւ արդար լուծումներով դիմագրաւելու, մանաւանդ` հանդուրժող եւ զօրակցող մթնոլորտի մէջ յառաջ ընթանալու:

 

 

 

Նախորդը

Պէտք Չէ Վերադառնալ Բնականոն Կեանքի

Յաջորդը

Հարաւային Եւ Հիւսիսային Քորէաներու Միջեւ` Փոխադարձ Կրակոց

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?