ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«Քորոնա» Ժահրին ստեղծած խուճապը սկսած է աստիճանաբար նուազիլ եւ, պետութեան որոշումներուն լոյսին տակ (հանգրուանաբար դուրս գալ մեկուսացման արտակարգ դրութենէն), յաճախ կը լսենք` «Պիտի վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին» նախադասութիւնը:
Նախադասութիւն մը, որ իրապէս յոյս կը ներշնչէ, կը հանգստացնէ մեր միտքերը եւ ձեւով մը կը փարատէ մեր մտահոգութիւններէն մաս մը:
Բան մը, որուն այս օրերուն բոլորս ալ կարիք ունինք անխտիր:
«Պիտի վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին». սակայն ո՞ր բնականոն կեանքին:
Այդ կեանքին, երբ բոլորս ուրախ էինք, հանգիստ էինք, ազատ էինք… տան մէջ բանտարկուած չէինք: Երբ բոլորս մեր գործերուն կ’երթայինք, մեր դասերուն բնականոն ձեւով կը հետեւէինք, մեր ընկերներուն կը տեսնէինք…
Երբ հանգիստ կը մօտենայինք իրարու, իրարու ձեռք կը սեղմէինք, կը համբուրուէինք, կը հաւաքուէինք…
Երբ կը ճամբորդէինք, կը զբօսնէինք, կեանքը կը վայելէինք:
Երբ կը դժգոհէինք, ծանրաբեռնուած էինք, հանգիստի պէտք ունէինք…. Թերեւս:
Այս բոլորը ժամանակի ընթացքին պիտի վերադառնան: Սակայն խնդիրը հոս չէ:
Խնդիրը այս բոլորին զուգահեռ, մեր բնականոն կեանքին միւս երեսն է: Այդ կեանքը, ուր կորսնցուցած էինք մարդկային շատ մը արժէքներ: Երբ մոռցած էինք, տուն, ընտանիք եւ հարազատ, մոռցած էինք օգնութիւն, առողջութիւն եւ մաքրութիւն, մոռցած էինք ամէն տեսակի լաւ եւ բարի մտածում եւ զգացում, մոռցած էինք բնութիւնը, մոռցած էինք աղօթքը, երբ կը կարծէինք, թէ ամէն ինչ մերն է եւ ամէն բան մերը կը մնայ:
Ամէն բան դիւրամատչելի կը թուէր, ոչինչ կը գնահատէինք, ոչ մէկ ճիգ ի գործ կը դնէինք պահպանելու մեր ունեցածը, արժեւորելու մեզի տրուած բարիքները:
Կեանքը տարբեր էր, ճիշդ է, բայց ճիշդ այդ տարբերութեան մէջ էր սխալ ընթացքը:
«Քորոնա»-ն իրապէս շատ բան սորվեցուց բոլորիս:
Դասեր, որոնք պարտադրուեցան մեզի` մեր կեանքն ու առողջութիւնը վտանգելով եւ շատ անգամ «Երանի՜» ըսինք, մտածեցինք, թէ ինչ կրնայինք ըրած ըլլալ… Շատ ափսոսացինք մեր կատարած եւ չկատարածներուն համար: Բնական է… Կորսնցնելէ ետք է, որ ամէն ինչի արժէքը կը գիտնաս:
Սակայն այլեւս չենք կրնար «երանի՜» ըսել: Անցած է այդ փուլը: «Քորոնա»-ն անկիւնադարձային փուլ մըն էր մեր բոլորին կեանքին մէջ:
Եւ հիմա հանգրուանաբար դուրս պիտի գանք, եւ պիտի մտնենք նոր հանգրուան: Կը մնայ գիտնալ ինչպէս դուրս գալ:
Պէտք չէ վերադառնալ մեր բնականոն կեանքին, որովհետեւ մեր բնականոն կեանքն էր հարցը: Աւելի ճիշդը, բնականոն կեանքի երկրորդ երեսը:
Առիթը պիտի տրուի մեզի, պէտք է լաւապէս օգտագործել զայն եւ ստեղծել նորը, նոր բնականոնը, նոր բնականը:
Նոր դասեր` հին արժէքներով: Նոր պայմաններ` հին կարիքներով, նոր սովորութիւններ` հին արժանիքներու պահպանումով:
Ճի՛շդ է, շատ բան պիտի փոխուի եւ սկզբնական շրջանին տարօրինակ եւ դժուար պիտի թուի, սակայն աւելի ուշ կը վարժուինք:
Պէ՛տք է վարժուինք եւ պիտի վարժուինք` առանց յուսահատելու, պատասխանատու մօտեցումով եւ հաւաքական գիտակցութեամբ:
Երբ դուրս գանք այս բոլորէն, գնահատենք, պահենք եւ պահպանենք մեզի տրուած կեանքը, այդ կեանքի իւրաքանչիւր վարկեանը, իւրաքանչիւր աննշան պահը, որպէսզի օր մը նորէն չստիպուինք «երանի՜» ըսել, ափսոսալ, զղջալ եւ տխրիլ:
Այդ օրը կրնայ ուշ ըլլալ…
Չկորսնցնենք այս առիթը, որովհետեւ ամէնէն ցաւցնող կորուստներէն մէկը կորսուած պատեհ առիթն է: